ՀՀ ԳԱԱ 2. ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ԻՆՍՏԻՏՈԻՏ
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԱԻՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻԻՆ
(կանոնակարգ եւ խնդիրներ)
ԵՐԵԻԱՆ - 2016
ՀՏԴ 811.19
ԳՄԴ 81.22
Չ 730
Ուսումնասիրութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորուած է 22
ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի գիտական
խորհուրդին կողմէ:
Լոյս կը տեսնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան
ԲՍԿԶՈՇՅԾ ծՕԶ Հայկական բաժնի աջակցութեամբ
ԵՅՅԵ ՇճԼՕՍՏՄԷ ՕՍԼՑՔԽՎՃՆ |
ՇՕԽՍԻԱԾՃԾԵՏ /ՔԽՔԻԱՏ |
Չոլաքեան Յակոբ
Չ 730 Աւանդական Ուղղագրութիւն: Կանոնակարգ եւ խնդիրներ.-
Երեւան: Հեղ. հրատ., 2016.-168 էջ:
Գիրքը կը ներկայացնէ հայերէնի աւանդական ուղղագրութեան
կանոնակարգին արդի պատկերը՝ կանոնական ու զարտուղի պարա-
գաները, կը նշէ գրութեան երկձեւութիւնները, կը հաստատէ ընդու-
նելի տարբերակները, քննութեան առարկայ կը դարձնէ ուղղագրա-
կան կանոնակարգին հակասող պարագաները: Ուղղագրական ուղե-
ցոյց ըլլալու կողքին` համաապարփակ պատկերն է աւանդական
ուղղագրութեան բոլոր երեսներուն:
Նախատեսուած է լեզուաբաններուն, աւանդական ուղղագրութ-
եամբ գրողներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտութեան եւ ուսանողութ-
եան, հայերէնի տարրական քերականութեան ծանօթ բոլոր հետա-
քրքրուողներուն համար:
ՀՏԴ 811.19
ԳՄԴ 81.22
|ՏՑԻ| 978-9939-0-2049-5 Փ Չոլաքեան Յակոբ, 2016
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհաբար հայերէնը գլխաւորաբար ժառանգեց գրա-
բարի ուղղագրութիւնը (դասական), այսինքն` բառը արտաբե-
րեց նոր հայերէնի հնչիւնական համակարգին համաձայն, բայց
զայն արձանագրեց իր պատմական տարազով, իսկ որոշ պա-
րագաներու մշակեց նոր հայերէնի յարմարող գրելաձեւ: Ասիկա
աւանդական ուղղագրութիւնեն է:
Ի դէպ, ուղղագրութեան կապակցութեամբ յաճախ իբրեւ
նոյնանիշ բառեր կ'ընկալուին մեսրոպեան, դասական եւ աւան-
դական բառերը: Մինչդեռ այդպէս չէ: Բառացի ըլլալով` մես-
րոպեան ուղղագրութեան ինչպիսին ըլլալը չենք գիտեր, որով-
հետեւ մեր գրականութեան առաջին դարերէն հասած բաւա-
կանաչափ ձեռագիրներ չունինք: Դասական կը կոչենք մեր
հնագոյն վիմական արձանագրութիւններուն եւ մատեաննե-
րուն, ձեռագիրներուն ու վերընդօրինակուած մատեաններուն
գրութեան պատկերը: Աւանդականը առաջինը չէր կրնար ըլլալ,
ոչ ալ երկրորդը, որովհետեւ դասականը ոչ թէ տառացիօրէն
որդեգրուեցաւ աշխարհաբարի կողմէ, այլ անոր հիման վրայ
ձեւաւորուեցաւ, չկարենալ ձերբազատուելէ դասականէն եկող
երկձեւութիւններէ ու միջին հայերէնեան գրելաձեւերէ, երբեմն
ալ աշխարհաբարի երեւոյթները իւրովի տարազել է:
Ահաւասիկ այս վերջինն է, որ իբրեւ աշխարհաբար հա-
յերէնի երկու ճիւղերուն միասնական ուղղագրութիւն` գործեց
մինչեւ 1922-ի ուղղագրական ռեֆորմը, որով դատապարտուե-
ցաւ ի գործ դրուելու արտաքին Սփիւռքի մէջ միայն: Խորհրդա-
յին Հայաստանի մէջ 1940-ին ձեւաւորուած նոր ուղղագրութիւ-
նը չկրցաւ հայերէնի համար ընդհանրական դառնալ եւ պայ-
մանակնօրէն կոչուեցաւ հայաստանեան ուղղագրութիւն:
Ճիշդ չէ մեր ուղղագրելու երկու կերպերը կոչել արեւ-
մտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ուղղագրութիւններ, ան-
կախ այն փաստէն, որ աւանդական ուղղագրութիւնը առա-
ւելաբար արեւմտահայերէնի համար կիրարկելի է ներկայիպ
3
իսկ նոր ուղղագրութիւնը՝ արեւելահայերէնի: Աւանդականը կը
փորձէ մատչելի դառնալ, նորը կը ստեղծէ իր աւանդութիւն-
ները. անջրպետը աւելի կը լայննայ, որովհետեւ ուղղագրութ-
եան կանոնակարգերու տարբերութիւնը բնականաբար ազդած
է ու պիտի ազդէ գրական երկու լեզուներուն զարգացման մի-
տումները տարբեր ուղղութեամբ ուղղորդելու իրավիճակին
վրայ: Գրական լեզուի երկու տարբերակներուն ինքնաբեր մեր-
ձեցման, բնական փոխներգործման ու համընթաց զարգացման
հիմքը ուղղագրութեան նոյնացումն է: Ասիկա ազգային գեր-
խնդիր է:
Աւանդական ուղղագրութեան կանոնակարգը, հասկնալի
է, չի կրնար հիմնուիլ միայն գիր-հնչիւն համապատասխա-
նութեան օրէնքին, այսինքն` արտասանութեան եւ գրութեան
նոյնութեան վրայ (աման, խաղաղ, մինակ, աշխատիլ): Հոն
նկատի կ'առնուին տարբեր օրէնքներ եւս, որոշելու համար, թէ
տուեալ պարագային որ գիրը կամ տառակապակցութիւնը
պէտք է գործածել տուեալ բառի գրաւոր աւանդական պատկե-
ըը ճիշդ տալու համար: Այսպէս
- Դիրքային օրէնքներ. կարեւոր է գիտնալ, թէ ի նչ հնչիւ-
նական շղթայի մէջ կը գտնուի տուեալ հնչինը եւ բառի ո՛ր
վանկին մէջ. օրինակ` «վ» հնչիւնը ա եւ ե ձայնաւորներէն ետք
միշտ ւ է նաւ սաւան, սեւ, բեւեռ. Ճայնաւորներէն առաջ ու
է՝ Աստուած, ստուեր, նուէր, կռուիլ. ո ճայնաւորէն ետք վ է՝ ով,
ովկիանոս, կով, իսկ բառասկզբի «վօ» ձայնային կապակցու-
թիւնը ռ է՝ ոզնի, որդի, որ: Գերեզման բառին մէջ «է» հնչիւնը ե
է, որովհետեւ արմատական բառերու նախաշեշտ դիրքին միշտ
ե կը գրուի եւ ոչ է, իսկ բազէ բառին մէջ է է, որովհետեւ բառա-
վերջին միշտ է կը գրուի: յ
- Հնչիւնափոխական օրէնքներ. օրինակ ինչպէ ս որոշել
շեշտակիր փակ դիրքի է-ն եւ ե-ը. ածանցումի եւ բարդումի ա-
տեն «է» հնչիւնը ի դառնալու պարագային է է՝ գիտուն, գիտնա-
կան, գիտնալ, ուրեմն` գէտ, իսկ չհնչիւնափոխուելու պարա-
գային ե է՝ գետակ, գետահուն, գետաձի, ուրեմն՝ գետ:
գ
- Ձեւաբանական օրէնքներ. օրինակ, երբ բացառականի հո-
լովամասնիկ է, ուրեմն է է՝ ծառէն, ծառէս, ծառէդ. երբ բայի
անկատար ձեւ է, ուրեմն է է՝ կր գրէի, պիտի գրէիր, գրէր:
- Բառակազմական օրէնքներ. օրինակ վազվզել բառի
երկրորդ վ-ն կը բացատրուի բառին կրկնաւոր ըլլալու հանգա-
մանքով` վազ-վազել, չէզոք բառի գրութիւնը` չէ զ-ոք կապակ-
ցութեան կցումով եւ այլն:
- Իմաստաբանական օրէնքներ, օրինակ` մռմռալ ու մրմը-
ռալ, հօտ ու հոտ, գետ ու գէտ նմանաձայն զոյգերուն եւ անոնց-
մէ կազմուած բաղադրեալ բառերուն գրութիւնը կ՛որոշուի
խօսքին մէջ իրենց արտայայտած իմաստով միայն:
- Ծագումնաբանական օրէնքներ. օրինակ` բառասկիզբին
հ-ի փոխարէն շատ բառերու պարագային յ, մասամբ իբրեւ
գրաբարի ի»յ նախդիրի քարացում՝ յառաջ, յանձնել, յետին. բա-
ռին մէջ շատ բառերու պարագային ո-ի տեղ օ, իբրեւ գրաբարի
աւ երկբարբառի պարզացում՝ ւուր-օր, տաւն-տօն:
Աւանդական ուղղագրութիւնը զերծ չէ թերութիւններէ,
որոնք կու գան ինչպէս հին լեզուէն, այդպէս ալ լեզուական նոր
երեւոյթները ուղղագրելու որդեգրուած կերպերէն: Զարտու-
ղութիւններ, հակասութիւններ, բազմաձեւութիւններ, ուսուց-
ման ու իւրացման չափազանց դժուար պարագաներ կը խան-
գարեն կանոնակարգումը: Սփիւռքահայ քերականներ եւ ուսու-
ցիչներ խուսափած են համակարգային բարեփոխութիւններ
առաջարկելէ ու կիրարկելէ, այն համոզումով, որ լեզուական
գերատեսչութեան մը բացակայութեան պայմաններուն տակ
որեւէ առաջարկ կրնայ նոր երկձեւութիւն մը ստեղծել: Հայ
մամուլը, բառարանները, լեզուական ձեռնարկները, ուղղա-
գրական ուղեցոյցները բաւարարուած են առանձին պարագա-
ներու կապակցութեամբ ցոյց տալ թիւրն ու թերին եւ միօրի-
նակացման ուղին հարթել, միշտ առաջնորդուելով աւանդա-
կանը պահելու հրամայականով, որովհետեւ ան ամէնէն ապա-
հով կռուանն է լեզուի տարբեր որակներու մերձեցման, լեզուա-
կան միութեան, լեզուի նախկին որակներուն հետ կապ հաս-
5
տատելու ու բազմաձեւութիւններու յորձանուտին մէջ չիյնալու
համար:
Այս աշխատանքին նպատակն է.
ա.- Վերաշարադրել աւանդական ուղղագրութեան կանո-
նակարգի այն պարագաները, որ խնդիր չունին եւ իրենց գրու-
թիւնը աներկբայօրէն կը բացատրուի հնչիւնական, հնչիւնա-
փոխական, բառակազմական, ձեւաբանական, դիրքային, ի-
մաստաբանական եւ ստուգաբանական գործօններով:
բ.- Նշել ուղղագրական հին ու նոր երկձեւութիւնները եւ
հաստատել շատերու կողմէ ընդունելի տարբերակը: Որոշ պա-
րագաներ պահանջած են լայն քննութիւն: Ոճական ու իմաս-
տային իւրայատկութիւններով պայմանաւորուած որոշ երկ-
ձեւութիւններ նկատած ենք բնական եւ ընդունելի:
գ- Քննել աւանդական ուղղագրութեան կանոնակարգը
խանգարող զարտուղութիւնները, հակասութիւնները, ոչ մէկ
օրինաչափութեամբ բացատրուող, ուսուցման ու իւրացման չա-
փազանց դժուար պարագաները, որոնց մասին յաձախ գրուած
է մամուլին մէջ, խօսուած է ուսուցչանոցներու մէջ, իսկ որոշ
պարագաներու անցած նախընտրելի ձեւի մը կիրարկումին:
Այս հարցերուն մօտեցած ենք երկու ձեւով.
- Հաստատած ենք որոշ առաջարկներ, որոնք գոյութիւն
ունեցող գրելաձեւը հայերէնի դասական ուղղագրութեան խորթ
համարելով` անհրաժեշտաբար կը փոխարինեն զայն համա-
կարգի մէջ մտնող ուրիշ գրութեամբ: Ասոնք որոշ ընդունելու-
թիւն ունեցած են գրական առօրեային մէջ, ինչպէս` բարբառա-
յին եւ օտար բառերու մէջի է-ն՝ ե-ով կամ բառավերջի օ-ն ո-ով
փոխարինելու պարագաները:
- Բաւարարուած ենք ոչ մէկ օրինաչափութեամբ բացա-
տրուող գրելաձեւերը օրինաչափութեան մը տակ դնելու կամ
ուղղագրական հակասութիւնները վերացնելու առաջարկները
ներկայացնելով ու քննութիւն կատարելով, ինչպէս է»ի հնչիւ-
նափոխութեան ոլորտէն բոլորովին դուրս մնացած շեշտակիր
փակ դիրքի է-ն ե-ով փոխարինելու, կամ բազմավանկ բա-
6
ռերու աւարտին արտասանուող յ-ի թուաքանակի աճի պայ-
մաններուն տակ` անձայն յ-ն զեղչելու առաջարկները: Ասոնք
քննարկման արժէք ունին ու հաւանաբար մտածել տան միաս-
նական ուղղագրութեան մը ճանապարհը հարթելու մասին:
Այստեղ բնականաբար խօսք կը բացուի այն զուգաձե-
ւութիւններուն մասին, որ կան աւանդական եւ նոր ուղղա-
գրութեանց միջեւ` առանց կապ ունենալու նոր ուղղագրութիւ-
նը աւանդականէն զատորոշող կանոնակարգին հետ, ինչպէս`
արձագանգ-արձագանք, փետռել-փնտրել, փափաք-իափազ,
բամպակ-բամբակ, ձիշդ-ճիշտ, փուճ-փուչ, ծղրիթ-ծղրիդ, գձուձ-
գծուծ, վոնհմակ-ռհմակ եւ այլն: Սփիւռքի մէջ գոնէ այս բառերը
միօրինակացնելու փորձերը նոր զուգաձեւութիւններով ծան-
րաբեռնած է աւանդական ուղղագրութիւնը, անգամ մը եւս շեշ-
տելով, որ ամէն տեսակի միօրինականացում կարելի է ապա-
հովել միասնական ուղղագրութեան մը կանոնակարգով միայն:
Խուսափած ենք հարցի պատմութիւն կատարելէ ու յղում-
ներով աշխատանքը ծանրաբեռնելէ: Մեր հիմնական յղումնե-
րը, տուեալ բառը իբրեւ գլխաբառ կամ գլխաբառի տարբերակ
ներկայացնելով, եղած են բառարանները (Հայկազեան, Աճառ-
եան, Ջահուկեան, Ղազարեան, Կռանեան, Աղայեան եւ այլն),
որոնց մատենագրական ցանկը ներկայացուած է աշխատանքի
վերջաւորութեան:
ել ել
Աւանդական ուղղագրութեան մէջ Այբուբենը 38 տառ է, եւ
տառերը կը ճանչցուին իրենց անուններով՝ այբ, բեն, գիմ... եւ ոչ
թէ հնչիւններով, որովհետեւ մէկ հնչիւնի դիմաց մէկէ աւելի
գրաւոր նշաններ (տառ կամ տառակապակցութիւն), իսկ մէկ
գրաւոր նշանի դիմաց մէկէ աւելի հնչիւններ կան. ատոր կը
նպաստէ նաեւ արեւմտահայերէնի գերազանցապէս խլազուրկ
համակարգ ունենալու փաստն ալ. աշխատութեան մէջ տառա-
7
նշանը գիր կամ տառ որոշեալը ունենալու կամ պարզապէս
իբրեւ տառ վկայակոչուելու պարագային` կարդալ անունով,
ինչպէս ա գիրը այբ գիրը, եին բառասկիզբի դիրքը եչին
բառասկիզբի դիրքը, բայց ա հնչիւեր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք միեւնոյն հնչիւնը արտայայտող
տառերն ու տառակապակցութիւները եւ կարգ մը հնչիւններու
գրաւոր արտայայտութեան առանձին պարագաները.
Ձայնաւորներ.
ա (այ, ը, է (ե), ի, օ(ո ոյ) իւ ու, էօ.
Կիսաձայններ.
յեխն
Երկենչիւններ.
այ
եպ, (յեա, եայ, յա, իա, յիա, իայ, էա)
եօ (եռ, յո, յօ, իո, իոյ, իօ, էռ)
իւ՝ «յու»
ոյ (ույ)
ոյ (օյ)
ե «եէ»
ո՝ «վո»
Հնչիւնապէս նոյնացած բաղաձայններ.
ռ-ը
հ-յ
վ-ո-ու-ւ:
Խլազուրկ բաղաձայնական համակարգ կրողներուն հա-
մար նոյնն են նաեւ բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ զոյգերը:
Ա.- ՁԱՅՆԱԻՈՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԿԲԱՐԲԱՌՆԵՐՈՒ
ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒԻՆԸ
1.- Ա ձայնաւորը եւ անոր գրութիւնը իբրեւ ա եւ այ
Ա հնչիւնը հին հայերէնի մէջ արտայայտուած է միայն ա
գիրով, նոյնպէս նոր հայերէնի նոր ուղղագրութեան մէջ, իսկ
աւանդական ուղղագրութեան համակարգ պահող նոր հայերէ-
նի մէջ կ'՛արտայայտուի ագիրով եւ այ կապակցութեամբ:
Այ կապակցութիւնը կը հանդիպի բառի բոլոր դիրքերուն եւ
ունի երկու արժէք երկհնչիւն (այր, գայլ, հայ) եւ պարզ ա
(քահանայ, կր կարդայ):
2.- Ա ձայնաւորը բառին սկիզբը եւ մէջը
Ա ձայնաւորը բառին սկիզբը եւ մէջը անշփռոթելի է, կ'ար-
տասանուի ա, կը գրուի ա, ինչպէս` Արամ. Արարատ, առաւօտ,
աղբիւր, գաղափար, հիւանդանոց, մարդահամար:
Գրուող ու չարտասանուող ա-ի պարագայ չէ նկատուած
նոր հայերէնի մէջ:
Ա-ը յօդակապ է, ունի բառակազմական արժէք եւ հանդէս
կու գայ բարդ բառերու կազմութեան մէջ` քար-ա-կոյտ` քարա-
կոյտ, գիր-ա-դարան գրադարան, տուն-ա-մերձ` տնամերձ,
գոյն-ա-զարդ գունազարդ: Ունինք անյօդակապ բարդութիւն-
ներ եւս` փողկապ, խաչբուռ, ջրվէժ, երշէջ, շքերթ եւ այլն: Վան
նաեւ յօդակապով եւ առանց յօդակապի տարբերակներ` հօրա-
քոյր/նօրքոյր, մօրաքոյր/մօրքոյր. երկրորդները` խօսակցական:
Արեւելահայերը կը գործածեն քեռակին, իսկ արեւմտահայերը
քեռկին ձեւերը:
Ամէն բառի միջոցով ածականի գերադրական աստիճանը
կը կազմուի երկու ձեւով. ամէն բառի բացառական հոլովի մի-
ջոցով ամէնէն մեծ, ամէնէն գէշ, կամ ա յօդակապի միջոցով
կազմուած բարդութեամբ՝ ամենամեծ, ամենագէշ: Գրաւտոր լեզ-
ուին մէջ կը հանդիպինք ամենայ մեծ, ամենայ գէշ նխալագրու-
թիւններուն:
Մեծ մասամբ (կարելի է ըսել մեծաւ մասամբ) կապակ-
ցութեան փոխարէն ոմանք կը գործածեն մեծամասամբ կազ-
մութիւնը, որ ընթացիկ դարձած է:
Անձեռնեմխելի բառը անյօդակապ է, սխալ ձեւ է անձեռ-
նամխելի:
3.- Այօդակապին տեղ ե
Ա յօդակապը կրնայ փոխարինուիլ ե գիրով: Այդ բառերը
երկու խումբի մէջ կը մտնեն.
ա.- Բառեր, ուր ա յօդակապն ու առաջին բաղադրիչի վեր-
ջայանգ ի ձայնաւորը միաձուլուելով կու տան ե. ինչպէս՝ բարի-
ա-գործ բարեգործ, բարեդէպ, բարեսէր, բարեմիտ, գարի-ա-
ջուր` գարեջուր, գարետուե, գարեհաց, գինի-ա-գործ՝ գինեգործ,
գինետուն, զօտի-ա-պինեդ գօտեպինդ, զօտեմարտ, հոգի-ա-
զաւակ հոգեզաւակ, հոգեհմայ, հոգեզմայլ, հոգեթով, ոսկի-ա-
զօծ` ոսկեզօծ, ոսկեձոյլ, ոսկեհատ, ոսկեգոյն, որդի-ա-կորոյս`
որդեկորոյս, որդեգիր, դափնի-ա-պսակ դափնեպսակ, դափ-
նեկիր եւ այլն: Երկրորդ բաղադրիչը ա ձայնաւորով սկսող
ածանց մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս մռլի-ագին մոլեգին, մոլի-
ական` մոլեկան, տարի-ական` տարեկան, ագի-աւոր` ագեւոր,
ոգի-աւոր` ոգեւոր եւ այն, կամ ուրիշ բառի մը սկիզբի ա-ն՝
բարի-արար բարերար:
բ-Ա յօդակապի փոխարէն ե-ը հանդէս կու գայ իբրեւ
յօդակապ: Ասիկա զարտուղի երեւոյթ մըն է ու կրնայ բացա-
տրուիլ փոխազդեցական ու համաբանական գործօններով:
Զարտուղի ձեւ ըլլալով հանդերձ` շարք մը բարդութիւններու
մէջ արդէն կայուն է: Ունինք հետեւեալ պարագաները.
- բաժին բառէն` բաժնեգին, բաժնեթուղթ, բաժնեկից, բաժ-
նեմաս, բաժնեվձար, բաժնետէր, բաժնետիրական, բաժնե-
տոմս, առանց բացառութեան.
- հաշիւ բառէն հաշուեկշիռ, հաշունմատեան, հաշուե-
մեքենայ, հաշուեյարդար, հաշուետոմար, հաշուետու, հաշուե-
ցոյց, հաշուեցուցակ, հաշուեփակ, հաշուեքենիչ, բայց քանի մը
10
ուրիշներու մէջ ունինք ա յօդակապ` հաշուագէտ, հաշուակալ,
հաշուակցիլ, հաշուապահ: Հաշուարկ-ը անյօդակապ է:
- ծաղիկ բառէն՝ ծաղկեպսակ ու ծաղկեփունջ, իսկ միւսերը
միշտ ա յօդակապով` ծաղկադաշտ, ծաղկազարդ, ծաղկահան-
դէս, ծաղկամշակութիւն, ծաղկանկար, ծաղկաջուր, ծաղկափո-
շի, ծաղկաքաղ, ծաղկավաձառ եւ այլն:
- դպիր բառէն` դպրեվանք, միայն, իսկ միւսերը ա յօդա-
կապով դպրատուն, դպրանոց, դպրապետ:
- քար բառէն քարեդար (քարի դար) քարետախտակ (քարի
տախտակ):
- խաբ արմատի խաբեայ ձեւէն՝ խաբեպատիր, խաբեբայ:
- այց արմատէն` այցետոմս, այցեգին, բայց միւսերուն մէջ
պահել ա, ինչպէս այցագիր (վիզա), այցազգեստ, այցամատ-
եան, այցավայր, այցավձար:
- արծիւ բառի նախնական ձեւն Է արծուի, ուրկէ` արծուե-
նշան ու արծուեկիր բարդութիւնները, որոնք կանոնական
կերպով կազմուած են ի-ա կապակցութեան ձուլումով՝ ւարծուի-
ա-նշան, բայց նոր հայերէնի մէջ բառը ունի արծիւ ձեւը, հետե-
ւաբար` բարդութիւնները պէտք է կազմուին ա յօդակապով,
ինչպէս` արծուաբոյն, արծուաքիթ, արծուանշան, արծուա-
կերպ, արծուաձանկ, արծուաբեր եւ այլն: Խուսափիլ նախկին
ձեւերէն:
Ա-ի փոխարէն իբրեւ յօդակապ ե-ի գործածութիւնը տա-
րածուող, բայց մերժելի երեւոյթ մը պէտք է համարել: Այդ
բառերը իչա-ե կազմութեան համաբանութեամբ (տարի-ական`
տարեկան) սկսած են երեւիլ մանաւանդ ժամանակ ցոյց տուող
բառերու պարագային. օրական եւ ամսական բառերուն փոխա-
րէն կը հանդիպինք օրեկան եւ ամսեկան սխալ ձեւերուն:
Ոմանք կու գան մեր դասական գրողներէն (ջլապինդ եւ գլխա-
բաց բառերուն փոխարէն ջլեպինդ, գլխեբաց` Դ. Վարուժան),
կամ արեւելահայերէն ձեւէ մը` սիրեկան (սէր-ական` սիրա-
կան). հետեւաբար պէտք է միշտ ա գրել եւ ոչ ե:
11
Գրել Չգրել
ամսագլուխ ամսեգլուխ
ամսաթոշակ ամսեթոշակ
ամսական (ամիս-ական) ամսեկան
ամսավարձ ամսեվարձ
ամսավերջ ամսեվերջ
ամսավձար ամսեվձար
դարավերջ դարեվերջ
դարաւոր (դար-աւոր) դարեւոր
օրական (օր-ական) օրեկան
գլխաբաց գլխեբաց
դարաւանղդ (դար-աւանդ) դարեւանդ
թաղակից թաղեկից
միջնամատ (միջիե-ա-մատ) ` միջեեմատ
ջլապինդ ջլեպինդ
ջլաբաց ջլեբաց
սիրական սիրեկան
Վարդավառ Վարդեվառ /Վարդիվառ
4.- Ա եւ ե գիրերու երկձեւութեան այլ պարագաներ
- Իրար/իրեր. գրաբարի իւրեար դերանունը պատմական
հնչիւնափոխութեամբ տուած է իրար եւ իրեր: Բաղադրեալ ձե-
ւերուն մէջ երկուքն ալ կը գործածուին` իրերամերժ-իրարա-
մերժ, իրերահաւասար-իրարահաւասար եւ այլն, թէեւ իրար
անկախ ձեւը ունի աւելի մեծ յաճախականութիւն: Թելադրելի է
գործածել իրար ձեւը իրարանցում, իրարամերժ, իրարահա-
ւասար, իրարօգնութիւն, իրարայաջորդ իրարհասկացողու-
թիւն եւ այլն:
- Հերիսա/հարիսա. երկրորդ տարբերակը արեւելահայե-
ըրէնին յատուկ է:
- Երախայ/երեխայ. առաջինը արեւմտահայերէնի մէջ կը
նշանակէ «չմկրտուած մանուկ»: Ոմանք կը մերժեն երեխայ
տարբերակը, որ արեւելահայերէնի մէջ իմաստի ընդլայնում ու
12
լայն կիրարկութիւն ունի, «մանուկ՝ նորածինէն մինչեւ պատա-
նի հասակ. զաւակ. մանկամիտ» իմաստներով: Արեւմտահա-
յերէնի մէջ երախայ - երեխայ զոյգը կարելի է անջատել իբրեւ
տարբեր բառեր` իմաստային յստակ տարբերութեամբ:
- Տըրտնջալ/տրտնջել. ալ լծորդութեան բնաձայնական շարք
մը բայեր հանդէս կրնան գալ նաեւ եյ լծորդութեամբ՝ առանց
իմաստային տարբերակում ստեղծելու: Ասիկա հինէն եկող
երեւոյթ մըն է անկասկած. Հայկազեան բառարան կու տայ
տրտնջամ-տրտնջեմ, մռնեչամ-մռնչեմ, բայց` շշնջեմ, քրթմնջեմ,
մրմնջեմ, վրնջեմ, խրխնջեմ: Արեւելահայ բառարանները այս
բոլորը կու տան ալ լծորդութեամբ, երկրորդաբար կամ իբրեւ
հին ձեւեր` նաեւ ել լծորդութեամբ, իսկ արեւմտահայ բառա-
րանները (Գաբամաձեան, Գայայեան) ասոնք կու տան միայն ել
լծորդութեամբ. Կռանեան միայն ունի 2շնջալ: Անկախ բառա-
րաններէն` խօսակցականին մէջ թեքում կայ դէպի ալ-ը: Կրկ-
նաւոր բնաձայնները միշտ եղած են ալ լծորդութեան բայեր՝
մռմռալ, տռտռալ, խշխշալ եւ այլն:
- Ելլել/ելլալ. ել լծորդութեան ն-ով սոսկածանցաւոր բայերը
խօսակցականին մէջ յաճախ կ'երեւին ալ-ով. եյյել` ելլալ, գտնել`
գտնալ, իջնել` իջնալ, հեծնել հեծնալ, մտնել մտնալ, տեսնել`
տեսնալ: Գրականը մերժած է այս ձեւերն ու անոնցմէ կախեալ
խոնարհումը:
Կան քանի մը այլ բայեր եւս.
- երեւնալ/երեւիլ/երեւալ տեսնուիլ, յայտնուիլ. մեր բառա-
րանները երեք տարբերակներն ալ կու տան: կ՛երեւնամ... երեւ-
ցայ... երեւցի ր. կ'երեւիմ... երեւցայ...երեւի ր: Երեւիլ տարբե-
րակը առաւելաբար կը գործածուի իբրեւ վերաբերական բառ,
«կարծես» իմաստով. «Երեւի չէ վերադարձած, որ չհեռաձայնեց»
«կ'երեւի հիւանդ է»: Երեւալ տարբերակը ունի նուազ գործա-
ծութիւն:
- թուիլ, բայց ոչ թռւալ. հետեւաբար կր թուի... թուեցաւ...
թուի ր: Չշփոթել թուել ներգործական բային հետ` կր թուէ...
թուեց... թուէ :
13
- ժպտիլ, բայց ոչ ժպտալ. հետեւաբար կր ժպտի... ժպտե-
ցաւ... ժպտի ըր:
- Խենթանալ/խենթենալ. նախընտրելի է առաջին տար-
բերակը՝ դիմաւոր եւ անդէմ իր բոլոր ձեւերով:
5.- Ա-ի կորուստ
Ա-ի կորուստի պարագաները երեք խումբերու մէջ կը
մտնեն.
ա.- Պատմական հնչիւնափոխութեան հետեւանքով նա-
խաշեշտ վանկի ա-ն կորսնցուցած բառեր. բուն եւ հնչիւնա-
փոխուած ձեւերը երբեմն զուգաձեւաբար անցած են գրակա-
նին, ինպէս` անօսր-նօսը, առաջի-առջի, հարսանիք-հարսնիք,
մատանի-մատեի, ատկէ՝ մատնեմատ: Բայական միջածանցնե-
րու մէջ ա-ի կորուստ ունեցող բայեր. անցանել` անցնիլ/ան-
ցրնել, գտանել-գտնել, ելանել-ելլել (նլլլ լրիւ առնմանութ-
եամբ), հասանել հասնիլ, հարցանել հարցնել, մտանել մտնել,
տեսանել: տեսնել եւ այլն: Այսպիսի կորուստներ աւելի շատ են
արեւմտահայերէնի մէջ, քան արեւելահայերէնի. գողանալ`
գողնալ, թուլանալ` թուլնալ, լուսանալ ` լուսնալ, խելօքանալ`
խելօքնալ, կարձճանալ` կարձնալ, հնանալ` հիննալ, մոռանալ`
մոռնալ եւ այլն: Բուն եւ նոր ձեւերը կրնան զուգաձեւաբար գո-
յութիւն ունենալ, ինչպէս աղօտանալ-աղօտնալ, ծուլանալ-
ծուլնալ, պարզանալ-պարզնալ: Պարզ բայերու պարագային ին-
կած է հիմքի ա-ն, այդպիսով հակադրուելով բարդութիւններու
իբրեւ երկրորդ բաղադրիչ երեւցող մայր տարբերակին կամ
անկախ բառին՝ ինքնահաւան` հաւնիլ, ազգաձանաչ ճանչնալ,
հնակարկատ կարկտել/կարկտնել, ճերմակ Ճերմկիլ/Ճերմկ-
նալ, շալակ շալկել, ցամաք ցամքիլ, պառակ պառկիլ, պակաս`
պակսիլ, կատաղի կատղիլ եւ այլն: Բառասկիզբին ա-ը վերած-
ուած է ը-ի՝ ասել»ըսել, բայց ասուլիս, ասուն-անասուն, ասա-
ցող, տաղասաց, անելչընել եւ այլն: Ասոնք նոր լեզուի կայուն
ձեւերը կը նկատուին:
14
բ.- Ամփոփումի, այսինքն` ամբողջ հնչիւնախումբի մը կո-
րուստի հետեւանքով ա-ըր կորսնցուցած բառեր: Ասոնք, հին թէ
նոր կազմութիւններ, կայուն եւ ընդունուած ձեւեր են` ճմսնա-
պարհչձամբայ, զրահահանդերձ»զրահանդերձ, աշխարհահայ-
եացքչաշխարհայեացք, շնորհահանդէսչշնորհանդէս, վարդա-
պետչվարպետ եւ այլն:
գ.- Ա-ը տոկուն ձայնաւոր է, այսինքն` շեշտափոխութեան
պարագային չի հնչիւնափոխուիր. ծառ՝ ծառաստան, պողպատ`
պողպատեայ, բարակ բարակհալ եւ այլն, սակայն հոլովական
ձեւերու մէջ կարգ մը բառեր ունին ա-ի սղումով ստեղծուած
տարբերակներ. զաւակ զաւակի/զաւկի, զաւակէ /զաւկէ բե-
րան` բերանի/բերնի, բերանէ/բերեէ. ճակատ` ճակատի/ճակտի,
Ճճակատէ/ձճակտէ: Դժուար է ըսել, որ ասոնք սովորական զուգա-
ձեւութիւններ չեն, ունին կիրառական ու իմաստային իւրա-
յատկութիւններ` բերեք բերան լեցուիլ, բերնէն ջուր կր վազէ,
բերնին համը չի գիտեր, բերնին չափը տուր, խօսքը բերնէն
կ ելլէ. ճակտի քրտինքով ջահիլ, ճակտի գիր է, զաւկի կարօտ
մնալ, առանց սղումի ճակատին վրայ ձանձ նստաւ, զաւակին
անունը Սարգիս է, բերանէն ելածը չի գիտեր եւ այլն: Կը թուի,
թէ փոխաբերական խօսքի մէջ ա-ի անկումը աւելի հարազատ
է: Այս բառերը ուրիշ իմաստով գործածուելու պարագային ա-ի
անկում չեն ունենար՝ զինուռրը ճակատէն վերադարձաւ, ձճա-
կատին վրայ զոհեր ունինք, անդունդի բերանին կափարիչ
դրին:
6.- Ա ձայնաւորը բառավերջին՝ այ
Բազմավանկ բառերու վերջաւորութեան այ երկբարբառի
պարզացումը եւ ա-ի վերածուիլը գոյացած է պատմական
հնչիւնափոխութեան հետեւանքով. կը գրուի այ, բայց կ'ար-
տասանուի ա: Բազմավանկ բառերու վերջաւորութեան )-ն
կորսնցուցած է իր կիսաձայն արժէքը ու գրութեան մէջ հանդէս
կու գայ միայն աւանդութեան ուժով ու արտասանական արժէք
չունի:
15
Այ կը գրուի հին լեզուէն փոխանցուած բառերու հետեւեալ
խումբերու պարագային.
ա.- Մեծ մասով գոյականներու եւ ածականներու վերջաւո-
րութեան` աբեղայ, աբբայ, ագուգայ, անխնայ, արքայ, բակլայ,
գուլպայ, երեխայ, ընծայ, լումայ, խաբեբայ, կաթսայ կլիմայ,
ծառայ, ծնեծղայ, ճամբայ, մանանայ, ներկայ, շուկայ, պարագայ,
սատանայ, սպայ, սրիկայ, տղայ, փեսայ, փիլիսոփայ, քահա-
նայ, քուլայ եւ այլն:
բ.- Դիմաւոր բայերու եզակի Գ. դէմքի վերջաւորութեան.
խաղալ կը խաղայ, պիտի խաղայ, թող խաղայ. հեռանալ կր
հեռանայ, պիտի հեռանայ, թող հեռանայ, հեռացայ, մտնել
մտայ, հոսիլ՝ հոսեցայ, մեռնիլ՝ մեռայ, փախչիլ` փախայ:
գ.- Միավանկ բայերու ներկայ ձեւերու եզակի Գ. դէմքին
վերջաւորութիւնը, ինչպէս կայ (կամ բայի), լալ կու լայ, պիտի
լայ, լայ գալ կու գայ, պիտի գայ, գայ, տալ կու տայ, պիտի
տայ, տայ: Ասոնք նոյն ձեւով կ՛արտասանուին նաեւ բարդու-
թիւններու մէջ երկրորդ բաղադրիչի դերով հանդէս գալու պա-
րագային` հեռակայ, մօտակայ, մերձակայ, բացակայ, յետագայ,
ապազայ եւ այլն:
դ- Այ հոլովումի համապատասխան ձեւերու վերջաւո-
րութեան. կեիկ կնեկայ, աղջիկ աղջկայ. նաեւ կարգ մը յատուկ
անուններու հնաձեւ սեռական հոլովները Ծեւանայ լիճ (իբր
Մեւանի լիձ), Վանայ ծով, Էջմիածնայ Աթոռ, Սասնայ ծռեր,
Մծբնայ վանք, Մարութայ սարեր եւ այլն: Ասոնք գրաբար հո-
լովական ձեւեր են եւ ներկայիս կը գործածուին որոշ պարա-
գաներու միայն: Նոյն ենթախումբին մէջ կը դնենք նաեւ ժամա-
նակ ցոյց տուող բառերու ուան հոլովման ուայ տարբերակը.
գիշեր` գիրերուան/զիշերուայ, տարի` տարուան/տարուայ, օր`
օրուան/օրուայ եւ այլն:
ե.- Հին հայերէնի հոլովական ու խոնարհումի քարացած
ձեւեր, ինչպէս` վրայ, ոտելուայ, ենթամնայ, կամայ-ակամայ,
մեղայ եւ այլն:
16
զ- Յարաբերական ածականի նայ ածանցը` արծաթեայ,
ոսկեայ, բրդեայ, փայտեայ, կապուտաչեայ, անձնեայ, առժամ-
եայ, միամեայ եւ այլն: Քանի մը բառերու պարագային գոյակա-
նակերտ է` հրեայ, պաշտօնեայ, քրիստոնեայ եւ այլն: Չեայ
ածանցով կայ միայն առհաւատչեայ բառը:
Յօդեր եւ յոգնակերտ մասնիկներ առնելու պարագային ան-
ձայն յ-ն կը չքանայ. տղայ տղաս, տղաք, շուկայ` շուկան, շու-
կաներ, փեսալ՝ փեսան, փեսաներ, հրեայ հրեան, հրեաներ:
Հոլովումի եւ բառակազմութեան մէջ անձայն յ-ն կը վերած-
ուի լիարժէք հնչիւնի. արքայ արքայի-արքայէ-արքայով. լու-
մայ լումայափոխ, արքայ արքայախեձոր, գուլպայ գուլպա-
յագործ, ծառայ` ծառայասէր, տղայլ` տղայական, փիլիսոփալ`
փիլիսոփայութիւե, բայց քանի մը բառերու պարագային կը պա-
տահի այ-ի անկում. տղայ տղաբերք (տղլայ-ա-բերք), քահա-
նայ քահանացու (-ացու), փեսայ` փեսացու, մեքենայ` մեքենա-
բար (-աբար), մեքենական Ը ական), մեքենազէտ (ա-գէտ), ակ-
ռայ "՛ակռահատիկ, Ճամբալ` ճամբաբաժան, ձՃամբորդ, Ճամբոր-
դել, սեռականը՝ ճամբու: Այս օրինակներէն դուրս այ-ը կը մնայ
արմատական բաղադրիչ քահանայական, մեքենայութիւն,
տղայական:
7.- Այ-ի երկբարբառային արտասանութիւնը
Այ կապակցութիւնը իբրեւ երկհնչիւն կը հանդիպի.
ա.- Բառին սկիզբը, բառին մէջը եւ միավանկ բառերու վեր-
ջաւորութեան այգի, այլ, այրել, մայր, հայր, եղբայր, դայլայլ,
հայ, բայ, վայ, ձայ եւ այլն:
Պատմական հնչիւնափոխութեան կը վերաբերին քանի մը
բառերու մէջ անց եւ անկ կապակցութիւններու երկբարբա-
ռայնացումը՝ կանգնիլ-կայնիլ, անկանիլ-իյնալ:
Այ-ի հնչիւնափոխութեան միայն մէկ-երկու օրինակ ու-
նինք` քայլ-քալել, իսկ ցայտ արմատէն` ցատկել: Վերջայանգի
այ երկհնչիւնը ուրիշ ձայնաւորէ մը առաջ կ'երկփեղկուի. հայ`
17
հայու, հայէ, հայով. բայ` բայական, բայանուն. կայ(ք)` կայուն,
կայան, կայարան եւ այլն:
Նկատի ունենալ, որ քանի մը միավանկ բայերու վերջա-
ւորութեան այ կապակցութիւնը ունի ա արտասանութիւնը՝
կայ, գայ, լայ, տայ:
բ.- Բարբառային եւ նորամուտ բազմավանկ բառերու վեր-
ջաւորութեան անկարելի չէ եղած այ երկհնչիւնի գոյացումը:
Եթէ քահանայ բառը մենք կը կարդանք քահանա, անդին կան
այնպիսի բազմավանկ բառեր, ուր այ-ը կը կարդանք իբրեւ
երկհնչիւն, ինչպէս կը կարդանք բառին մէջ եւ միավանկ բա-
ռերու վերջաւորութեան այր, հայր, հայ, ճայ: Արդարեւ կան
այդպիսի բառեր, պիտի ըլլան ու մեր մնայուն բառապաշարին
մաս կազմեն: Անոնց գրութեան համար այլ ձեւ չկայ բացի անկէ,
որ բառամէջին եւ միավանկ բառերու վերջաւորութեան կ՛ը-
նենք: Հետեւաբար` հալայ, նանայ, օհա՛յ, օխա՛յ յ, հարայ պարա-
յին ու բացականչական կանչերը, Հաթայ, Տուպայ տեղանուն-
ները, սամուրայ, քարվանսարայ բառերը կ՛ արձանագրենք նոյն
ձեւով: Տուպայ անունը ոմանք կը տառադարձեն Տուպէյ: Կայ
նաեւ որոշ անուններու տարարտասանութիւնը՝ Արայ, Նիքոլայ
եւ այլն, որ կրնայ բազմապատկուիլ արեւելահայերէնի հետ մեր
բնական շփման հետեւանքով:
Այստեղ այ-ը երկհնչիւն է: Ինչպէ՞ս պէտք է կողմնորոշուիլ:
Բացառութիւնները անգիր ընելու կերպէն զատ միջոց չկայ: Այս
խումբի բառերը սովորաբար տարբեր գիրով մը կը զատորո-
շենք, որպէսզի հակադրուին բազմավանկ բառերուն «ա» ար-
տասանուող վերջայանգ այ-ին: Բայց ասիկա չի կրնար մնա-
յուն լուծում ըլլալ, մանաւանդ երբ լեզուի զարգացման բնական
ընթացքին մէջ այդ խումբի բառերը կրնան բազմապատկուիլ:
Դպրոցականներուն համար դիւրին յաղթահարելի պարա-
գայ մը չէ նաեւ միավանկ բառերու աւարտին այ-ը ա՛, թէ «ա»
կարդալու պարագան. կայ, տայ, լայ, գայ բառերը պարտի կար-
դալ ա, իսկ հայ, բայ, ճայ, վա՛յ բառերը` այ հնչելով:
18
8.- Բառավերջի ա հնչիւնի դիմաց ա
Ա-ով կը վերջանան հետեւեալ բառային խումբերը.
ա.- Նոր փոխառութիւնները կամ բարբառային բառերը,
ինչպէս` աղա, թամադա, հալվա, հերիսա, հինա, ղաւուրմա,
ղափամա, մամա, շոքոլա, շորպա, պապա, պախրա, տրամա,
փախլաւա, փարա, օփերա եւայլն:
բ.- Անձի եւ տեղի հին ու նոր յատուկ անունները, ինչպէս`
Արա, Եւա, Հարմա, Սեզա, Սեւադա, Սոնա (անձի), Ամերիկա,
Ատանա, Երզեկա, Մոսկուա, Ֆրանսա (տեղի) եւ այլն:
Արա անունը հին հայերէնի մէջ կը հանդիպի նաեւ յ-ով.
«Նուազ է Արայն քան զԱրուսեակն գեղեցիկ»: Կայ նաեւ Շա-
միրամի կողմէ Արայի որդի Կարդոսին տրուած Արայեան Արայ
անունը: Արայ անձնանունը ներկայիս կը գործածուի (Ծանօթ
անուններ են Արայ Կարմիրեան եւ Արայ Զարգարեան): Հա-
յաստանի մէջ կը կարդացուի, ինչպէս որ գրուած Է:
Այ ձեւով կը գրուին այն յատուկ անձնանունները, որոնք
ծագումով պարզ բառեր են, ինչպէս` Հրաչեայ (հուր-աչ(ք)-եայ՝
կրակէ աչքեր ունեցող), ընծայ` Ընծայ, կամ պարզապէս հին
սեռական հոլովաձեւեր են՝ Սեւանայ, Վանայ:
գ- Իա, էա վերջաւորութիւնը ունեցող փոխառեալ պարզ
բառերը եւ անձի ու տեղի յատուկ անունները` լուբիա, քիմիա,
ֆիզիա, մեսիա, պաքալորիա, իտէա (պարզ բառեր). Մաղաքիա,
Անանիա, Եղիա, Մարիա (անձի). Իտալիա, Սպանիա, Քորէա
(տեղի) եւ այլն:
դ.- Համարեա. (գրեթէ) վերաբերական բառը եւ տէր ողոր-
մեա բացականչական չքմեղանքի արտայայտութիւնը, երկուքն
ալ շեշտով, որովհետեւ համարել եւ ողորմել բայերու գրաբար
հրամայական ձեւերն են: Ունինք նաեւ մեկնողական իմա ըսե-
լաձեւը իբրեւ «իմացի ր»-
Տէր ողորմեա արտայայտութիւնը ներկայիս յարադրաւոր
բացականչութիւն է, հետեւաբար կորսնցուցած է կոչական-
հրամայական բայ յարաբերութիւնը (Տէ՛ր, ողորմեա ), ստորա-
կէտը աւելորդ կը դառնայ: Կրնայ, ըստ արտասանութեան,
19
շեշտ ու երկար առնել: Ի դէպ, հայաստանեան ուղղագրութեան
մէջ տեր բառով այսպիսի յարադրութինները գծիկով կը գրեն
տէր-ողորմեա , Տէր-Սարգիսեան եւ այլն: Աւանդական ուղղա-
գրութեան մէջ այսպիսի անունները կը գրուին յարադրաւոր
ձեւով՝ Տէր Պօղոսեան, Քել Սահակեան, Հաճի Մուրատեան կամ
կցական ձեւով` Թուրսարգիսեան, Գարաեագուպեաձ եւ այլն:
ե.- Ձայնանիշերու անունները` ֆա, լա:
զ.- Գիրերու անունները` դա, զա, ծա, շա:
է.- Ահա, հիմա, ապա, հապա բառերը:
Կայ նաեւ հիմայ տարբերակը, որ հազուադէպ կը հան-
դիպի արդէն: Մերժել:
ը.- Ցուցական դերանուններէն հետեւեալ շարքերը.
ասիկա, ատիկա, անիկա.
սա, դա, նա. սրա, դրա, երա (արեւելահայերէն):
թ.- Ձայնարկութիւնները. հա, վա՛ քա,պա:
ժ.- Ալ խումբի պարզ բայերու եզակի հրամայականը. խա-
ղա (խաղալ), լողա (լողալ), լուա. (լուալ), խնդա (խնդալ), պո-
ռա (պոռալ) եւ այլն:
Ա-ով վերջացող բառերը հոլովումի եւ բառակազմութեան
ատեն կ'ունենան յ-ի յաւելում. աղա` աղայի, աղայէ, աղայով.
աղայականհ, աղայութիւե:
Ա-ով վերջացող բառերը մականուններու եան մասնիկէն
առաջ կը ստանան անձայն յ. Եղիա Եղիայեան, Արա` Արայ-
եան, Թումա` Թումայեան եւ այլն:
Ոմանք հոլովական մասնիկներէն կամ յօդերէն առաջ,
յատկապէս լրիւ գլխագրուած յատուկ անուններու պարագա-
յին, յ-ի փոխարէն գծիկ կը դնեն` Սռնա-ի, Արա-ի: Ասիկա այլա-
պէս թոյլատրելի պէտքչէ ըլլայ:
Տեղանուններու ա եւ իա վերջոյթները բառակազմութեան
ատեն կ'իյնան. Ամերիկա` ամերիկեան, ամերիկացի, Ֆրանսա`
ֆրանսական (-ական), ֆրանսերէն, Քանատա` քանատաբնակ
(ա-բնակ), քանատական, Իտալիա՝ իտալական, իտալերէն,
Պուլկարիա պուլկարական, պուլկարերէն եւ այլն: Կան նաեւ
20
պահողներ. Անհցլիա` անգլիական, անգլիացի (բայց` անգլերէն.
ոմանք` անգլիերէն. մերժել), Լիպիա` լիպիական, լիպիացի եւ
այլն: Ոչ տեղանուններու պարագային նոյնպէս կը մնան. Քիմ-
իա՝ քիմիագէտ, պուտտա` պուտտայական:
9.- Ա ձայնաւորը այլ ձայնաւորներէ առաջ
Ա ձայնաւորը իրմէ ետք եկող ձայնաւորին միշտ յ կիսա-
ձայնով կը միանայ. այա, այե, այէ, այի, այը, այո, այու, ինչպէս`
կայան, կայարան, մայել, հմայել, Կայէն, նայիլ, հայ` հայր, մա-
յիւե, այո, կայուն եւ այլն:
Օտար անուններու մէջ օրինաչափական է ա-ի (նաեւ ո-ի)
եւ յաջորդ ձայնաւորի միջեւ յ-ի գրութիւնը, ինչպէս` Անայիս,
Կայէն, Միքայէլ, Ռաֆայէլ, Մայա, Նայիրի: Ասիկա հայերէն
ուղղագրելու աւանդական ու ճիշդ ձեւն է. ասոր հակառակ
գրութեան ալ կը հանդիպինք` Նաիրա, Աիտա, Սաիտ. Լաւ
կ՛ըլլայ գրել հայերէնի աւանդական գրելաձեւով Նայիրա, Այ-
տա, Սայիտ, ու չստեղծել գրութեան նոր պարագաներ:
10.- Կրկնակ ա-ի գրութիւնը օտար բառերուն մէջ
Կրկնակ ա-ի միակ պարագան հայերէնի մէջ ա-ով սկսող
ածականներու գերադրական աստիճանն է: Ամէն պարագայի՝
արեւմտահայերէնի մէջ առհասարակ չէ քաջալերուած այդ ձեւը
ձայնաւորով սկսող ածականներու պարագային. արեւելահա-
յերէնի ամենաաղի, ամենաուշ, ամենաեզակի եւ նման ձեւերը
արեւմտահայերէնի մէջ կը գործածուին ամէնէն աղի, ամէեէն
ուշ, ամէնէն եզակի յարադրաւոր եղանակով:
Արաբերէն ու թրքերէն շփական Հ հնչիւնը հայատառ թրքե-
րէնի մէջ սովորութիւն էր արտայայտել ապաթարցով: Նոյնը
օրինաչափական է հայատառ թրքերէն գրականութեան մէջ.
օրինակ` Շա Րապպ, տու՛ամը իսթիմա' էյլէ (Մէզամիր, Իսթան-
պծլ, 1911, էջ 75): Ոմանք նոյն ձեւով կը տառադարձեն ներկայիս
եւս` Ծայուլա, Տար'ա, նանա, նայաթ, Թալ 'աթ. տարածուած է
ա-ով մը զայն փոխարինելու կերպը՝ Մապլուլա, Տարաա, նաա-
21
նա, նաալաթ, Թալաաթ, Պաալպէք: Ոմանք տեղ-տեղ այլ ձայ-
նաւորով մը կ'արտայայտեն զայն` Թալաաթ` Թալէաթ, Պաալ-
պէք-Պաէլպեք: Լաւագոյնն է կրկնակ ա-ն:
11.- Է ձայնաւոր հնչիւնը եւ անոր գրութիւնը իբրեւ ե եւ է
Է հնչիւնը հին հայերէնի մէջ արտայայտուած Է միայն ե
գիրով. նոր հայերէնի նոր ուղղագրութեան մէջ բառասկիզբին
կ'արտայայտուի է (չջ` վայրէջք), իսկ բառամէջին ու բառա-
վերջին ե գիրերով (պարտեզ, ափսե) աւանդական ուղղա-
գրութեան համակարգ պահող նոր հայերէնի մէջ բառասկիզ-
բին եւ բառավերջին կ'արտայայտուի է (էջ, ափսէ), իսկ բա-
ռամէջին` ե եւ է գիրերով (պարտէզ, բեհեզ):
Ե գիրը աւանդական ուղղագրութեան մէջ ունի հնչիւ-
նական երեք արժէք. բացի բառամէջի է հնչիւնէ (ծեր, կեղեւ),
բառասկիզբին կ՛'արտայայտէ կիսաձայն-ձայնաւոր կապակ-
ցութեան (երգ, երկու), իսկ այլ ձայնաւորէ մը առաջ` կիսա-
ձայնի հնչիւնական արժէքներ (կեանք, մատեան, եօթը):
Է գիրը հին հայերէնի մէջ ունեցած է երկբարբառային
արտասանութիւն՝ «էյ». յետագային պարզացած ու նոյնացած է
ե-ին: Բացի է հնչիւնէ, ձայնաւորէ առաջ կրնայ արտասանուիլ
նաեւ իբրեւ կիսաձայն (հիտէալ իտ-էալ, եիլլէական հիւլ-
էական):
Ե եւ է գիրերը նոր հայերէնի մէջ հնչիւնապէս նոյնացած
ըլլալով հանդերձ գերազանցապէս կը պահեն իրենց հնչիւ-
նային որակը շեշտափոխական հնչիւնափոխութեան պարա-
գային: Այնտեղ ուր դիրքային, ձեւաբանական եւ արտասա-
նական գործօններով իրարու չեն հակադրուիր՝ օգնութեան կը
հասնի շեշտափոխական հնչիւնափոխութեան պարագան. է
գիրով արտայայտուած ձայնաւորը թոյլ է ու հնչիւնափոխութ-
եան կ'ենթարկուի` պարտէզ-պարտիզպան, իսկ ե-րը տոկուն
ձայնաւոր է, չի հնչիւնափոխուիը՝ բեհեզ-բեհեզեայ:
Ե-ը սեռական հոլովի ներքին մասնիկ է գրաբարի մէջ.
քանի մը բառերու պարագային տակաւին կը գործածուի իբրեւ
22
հնաբանութիւն. կայսր կայսեր (կայսրի), դուստր` դստեր
(դուստրի): Այս ե-ը կը մնայ կարգ մը բաղադրեալ բառերու
հիմքային բաղադրիչներուն մէջ, ինչպէս կայսը` կայսերական,
բայց կայսրութիւե, կայսրուհի, վազր վագերաձի, բայց վազ-
րային, եզր եզերք, եզերել, տիեզերք բայց եզրաբանութիւե,
եզրակացնել, տարր տարերային, բայց տարրական, անգղ Ան-
գեղակոթ գիւղը, բայց անգղային, անգղթեւ (բոյս մը): Ոսկր
(գրաբարի յոգնակին ռսկերք) բառը նոր հայերէնի մէջ չէ պա-
հած ե-ով հիմքը ոսկրաբոյժ, ոսկրածուծ, ոսկրաբան, ոսկը-
ախտ, ոսկրանալ: Աստղ բառէն ունինք աստեղախումբ հին ձե-
ւը, հիմա` աստղաբաշխութիւե, աստղալոյս աստղախումբ,
աստղահոյլ:
- Թատերգակ/թատրերգակ. թատր բառէն ունինք թա-
տերական, թատերախումբ, թատերաբեմ, թատերախաղ, թա-
տերասէր, թատերասրահ: Թատերերգութիւն օրինաւոր կազ-
մութեան դիմաց կրկնակ եր-ի յապաւումով ունինք թատեր-
գակ, թատերգութիւն. ոմանք` թատրերգակ ու թատրերգութիւն:
Նախընտրելի է պահել թատերգակ եւ թատերզութիւն:
- Եւ/ն. նոր ուղղագրութեան մէջ եւ կապակցութիւնը բառի
բոլոր դիրքերուն մէջ կը գրուի ն ձեւով նս. սն, սեթնեթ: Կը
նկատուի Այբուբենի 39-րդ տառը: Աւանդական ուղղագրութ-
եան կանոնակարգին մէջ չի մտներ գրութեան այս ձեւը. Այբու-
բենին մէջ կը մտնէ իբրեւ շաղկապ, օ/Օ եւ ֆՏՖ գիրերը
աւելցնելով Այբուբենին վրայ:
12.- Ե եւ է գիրերը իբրեւ կիսաձայն
Արդի հայերէնի մէջ ե-ի կիսաձայն արտասանութիւնը կը
հանդիպի միայն ձայնաւոր գիրերէ առաջ: Այսպէս՝
ա. Հայերէնի եա, եայ, եօ երկհնչիւններուն մէջ, բառա-
սկիզբին ու բաղաձայնէ ետք իրենց դիրքին մէջ` կեանք, սեն-
եակ, պատեան, հրեայ, արծաթեայ, ոսկեայ, պաշտօնեայ, եօթը,
արդեօք եւ այլն:
23
բ.-- Օտար բառերու սկիզբը, ձայնաւորէ առաջ` եար, եա-
ման, Եռրկի, Եռհան, Եուկրո, Եունէս, Եուսէֆ եւ այլն: «Եէ»
երկհնչիւնը կը գրենք միայն ե-ով՝Շնռվա, Ելցին, Շլվախ, ինչ-
պէս բնիկ հայերէն բառերը կամ հին փոխառութիւնները` եղ-
բայր, երես, Երեմիա, Եւրոպա եւ այլն:
Է գիրը հին փոխառեալ բառերու էա, էո կապակցութիւն-
ներուն մէջ, բաղաձայնէ մը ետք՝ արդի հայերէնի խօսակցա-
կանին մէջ կորսնցուցած է իր ինքնուրոյնութիւնը ու կ՛'ար-
տայայտէ կիսաձայնի արժէք` Անդրէաս, Քորէա, Զաքէոս, լեզ-
էոն, պանթէոն, Նափոլէոն ու կը մասնակցի ԷՇ ձայնաւորի կազ-
մութեան` Էօժենի, Մէօլէօզ, Թէօլէօլեան եւ այլն (տե՛ս էջ 87):
13.- Ե եւ է գիրերուն բառասկիզբի հնչիւնական
հակադրութիւնը
Ե եւ է գիրերը հնչիւնապէս իրարու կը հակադրուին միայն
բառասկիզբին:
Բառասկիզբին ե-ը երկենչիւն Է «եէ», իսկ էն պարզ
ձայնաւոր՝ Է:
Եր իբրեւ երկհնչիւն կու գայ միայն բառին սկիզբը, բա-
ղաձայնէ մը առաջ, կիսաձայն եւ ձայնաւոր միացութիւն Է «եէ»,
ինչպէս Եգիպտոս, եդեմ, եզակի, եթեր, ելք, եկեղեցի, եղբայր,
եղնիկ, եպիսկոպոս, եռանդ, ետ, երազ, երկու, եփիլ եւ այլն:
Այս երկհնչիւնը բարդութեան կամ ածանցումի մէջ մտնելով
կը վերածուի պարզ ձայնաւորի. ելք վերելք, վերելակ, եղբայր
հօրեղբայր, մօրեղբայր, երանգ նրբերանգ, երգ համերգ, մե-
ներգ, խմբերգ, երթ ողջերթ, շքերթ, ինքնեկ, երես աներես
երկերես, եղէզ` շաքարեղէգ, երակ` բազկերակ, երեւ` ակներեւ,
երէց՝ տաներէց եւ այլն:
Նոյն փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ բայերու պարագա-
յին, երբ սկիզբը կ' (կը) բայական մասնիկը ըլլայ. չենք ըսեր կր
երազեմ, այլ կ երազեմ, նոյնպէս կ նրերամ, կ երգեմ, կ երթամ,
կ՛ելլեմ, կ՛եղբայրանամ, կ՛եփեմ եւ այլն: Արեւելահայը նոյն ձե-
ւերը կը գրէ կերգեմ, բայց կ՛արտասանէ կր երգեմ:
24
Խօսքի շղթային եւ բաղադրեալ բայերուն մէջ դերբային
ընկերացող էական բայը թէեւ առանձին կը գրուի, բայց կ'ար-
տասանուի միասին՝ ես եմ, դուն ես, մենք ենք, անոնք են,
ուսուցիչներ են, աշակերտներ ենք, գրած եմ, գրած ես, գրած
ենք, գրած են, գրեր եմ, գրեր ես, գրեր ենք, գրեր են: Բառա-
շեշտը կու գայ հանգոյցին կամ դերբային վրայ (գրե րեմ,
գրա ծեմ): Այսինքն այստեղ անջատ գրուող էական բայի ձե-
ւերը ե-ով կը սկսին, բայց կ՛արտասանուին է: Ասիկա ինքնին
օրինաչափական պարագայ մըն է:
Բառաբարդումի մէջ երկրորդ բաղադրիչին ձայնաւորով
սկսելու պարագային հայերէնի բառակազմական օրէնքով |օ-
դակապ չի գործածուիր, ինչպէս շաքարեղէգ, բազկերակ, ակ-
ներեւ, խմբերգ, բայց ահա ունինք զարտուղի քանի մը պարա-
գաներ, ուր ե-ը ա յօդակապի առկայութեամբ կ'արտասանուի
բառասկզբի առոգանութեամբ.
- ինքնաեռ բառը, որ հաւանաբար մոռցուելու վրայ է.
- տեսաերիզ բառը, որուն ձիշդ ձեւը պէտք է ըլլայ տե-
սերիզ, ինչ որ շատեր կը գործածեն.
- յատկապէս երեք բաղադրիչներէ կազմուած բարդու-
թիւններու մէջ, ինչպէս` կիսաեզրափակիչ, բազմաենթակայ, ուր
ե-ը կ՛արտասանուի բառասկիզբի առոգանութեամբ:
Վերջին պարագան օրինաչափական կը դառնայ արդէն:
Նաեւ (նա` անչեւ) կցական բարդութեան մէջ նոյնն է
պարագան (անվարժները կը կիրարկեն հայեւ սխալագրու-
թիւնը):
Եւ այլն/եւայլն. եւ բառը շաղկապ է: Բառակազմական մա-
կարդակի վրայ հանդէս կու գայ կցական բարդութիւններու մէջ՝
առեւտուր, երթեւեկ, համադաս անդամները կցելու դերով` առ
եւ տուր, երթ եւ եկ: Այդ տեսակէտէն զարտուղի ձեւ մըն է եւ
այլն կապակցութեան կցումը` եւայլն: «Քաղեցինք տանձ, ծի-
րան, խնձոր եւ այլն» նախադասութեան մէջ, ինչպէս կ'երեւի,
այլն բառը համադաս անդամ է տանձ-ին, խնձոր-ին ու ծիրան-
ին եւ անոնց կը կապուի եւ շաղկապով (բնականաբար` առանց
25
ստորակէտի), այսինքն` եւ ու այլն հանդէս կու գան իբրեւ տար-
բեր բառեր, տարբեր դերերով:
Է-ն բառին սկիզբը անշփոթելի է. էակ, էգ, էշ, էջ, էրիկ եւ
այլն (միայն էական բայի կարգ մը ձեւերը խօսքի շղթային մէջ է
կը լսուին, բայց կը գրուին ե): Է ձայնաւորը բառասկզբին թոյլ
ձայնաւռը է, շեշտափոխութեամբ ի կը դառնայ. էզ իգական, էջ
իջեւան, իջնել էշ իշապան, իշուկ, բայց անփոփոխ կը մնայ
էջաթիւ, էջադրում, էջատակ, էջակալ բառերուն, նաեւ Իջմիա-
ծին (Միածինը իջաւ) կցական բարդութեան մէջ: Բարդութեան
մէջ իբրեւ երկրորդ բաղադրիչ կը մնայ անփոփոխ անէական,
անէութիւե, որձեւէգ, վայրէջք, ելեւէջ, կայքէջք:
Բաղադրեալ բառերու մէջ բաղադրիչ բառերու բառա-
սկիզբի ե եւ է գիրերը հնչիւնապէս կը նոյնանան, բայց ճանա-
չելի կը դառնան բառակազմական գործօններով (էջ` վայրէջք,
ելք վերելք):
14.- Ե եւ է գիրերուն դիրքային եւ ձեւաբանական
հակադրութիւնները
Բառամէջին եւ բառավերջին ե եւ է գիրերը նոյնահունչ
ըլլալով հանդերձ զանազանելի են դիրքային եւ ձեւաբանա-
կան հակադրութիւններով ու շփոթութեան առիթ չեն ստեղծեր:
Այսպէս՝
ա.- Արմատական բառերու նախաշեշտ դիրքերուն մէջ
միշտ ե կը գրենք, ինչպէս` բերան, գերան, գերեզման, դեղին,
Դերենիկ, դերձան, դեսպան, եկեղեցի, զեռուն, լեզու, լեղի, կե-
ռաս, կերպաս, հեռու, Ճերմակ, մեղու, շերամ, սեղան, վեղար,
ցերեկ եւ այլն: Այս օրէնքին մէջ կը մտնեն նաեւ ածանցներու
նախաշեշտ դիրքերը.
- եղէն. ձիւնեղէն, լուսեղէն, ժայռեղէն, կաթնեղէե...
- ենական. հօրենական, պապենական, մօրենական...
- ենի. դեղձենի, թթենի, թզենի... նաեւ` մայրենի լեզու, հայ-
րենի երկիր.
26
- ելի ատելի (ատել բայէն), սիրելի, բուժելի, գարշելի,
բնակելի, կասկածելի, վստահելի, համակրելի... Ընթեռնլի հին
ձեւին փոխարէն այժմ կը գործածենք ընթեռնելի.
- եցի. վանեցի, խոյեցի, ձորեցի...
- եցիկ. ընկեցիկ, բարեկեցիկ, հպանցիկ:
Նախաշեշտ դիրքերուն մէջ է-ն ի յայտ կու գայ անհնչիւ-
նափոխ բարդութիւններու մէջ` կէտադրութիւն (կէտ-ա-դրու-
թիւն), վրէժխնդիր (վրէժ-խնդիր), օրէնադիր (օրէն-ս-դիր), թէա-
կան (թէ-ական), կամ կը կազմուի շեշտափոխական հնչիւնա-
փոխութեամբ այժմէական (այժմեայ-ական), -խաբէութիւն
(խաբեայ-ութիւն, պաշտօնէութիւն (պաշտօնեայ-ութիւն),
քրիստոնէական (քրիստոնեայ-ական), հրէութիւն (երեայ-
ութիւն), անդէորդ (հովիւ. անդեայ |արջառ|-որդ): Կրնայ գոյա-
նալ բառավերջի ի-էն, եթէ բարդութեան երկրորդ բաղադրիչը
ձայնաւորով կը սկսի. հոգէառ (հոգի առ, ոսկէօղ (ոսկի օղ): Այս
պարագաներուն եւս էն ճանաչելի է ու հեշտութեամբ կը
հակադրուի նախաշեշտ ե-ին: Անշփոթելի են նաեւ բայական ել
եւ իլ խումբերու անցեալ անկատար ժամանակներու վերջաւո-
րութիւնները էի, էիր, էր, էինք, էիք, էին. գրել գրէի, գրէիր,
գրէր. գրէինք, գրէիք, գրէին. խօսիլ խօսէի, խօսիր, խօսէր.
խօսէինք, խօսէիք, խօսէին: Գոյականի բացառական հոլով
ուղիղ ձեւ յարադրութիւնները ունին մակբայական կիրարկու-
թիւն դռնէ դուռ մուրալ, տունէ տուն պտտիլ, տեղէ տեղ
դեզերիլ: Տեղ ցոյց տուող բառերէ կազմուած այսպիսի կապակ-
ցութիւնները ճիշդ չէ կցել կամ գծիկով միացնել տեղէտեղ,
տեղէ-տեղ: Կան նաեւ բայարմատէ կազմուած նման յարադրու-
թիւններ` նազէ նազ, գողէ գող, վազէ վազ (վազն ի վազ), կաղէ
կաղ (կաղնի կաղ/ կաղեիկաղ): Այս յարադրութիւնները ոմանք
կցելով կը գրեն նազէնազ, վազէվազ, կաղէկաղ:
բ- Ե կու գայ արմատական երկու բաղաձայնէ առաջ
շեշտակիր դիրքին մէջ բերդ, գեղձ դեղձ, զեղչ, թերթ, խենթ,
ծերպ, մերթ, ներկ, շերտ, չակերտ, սեղմ, վերջ, տենդ, փեղկ,
27
փեփերթ, քերծ եւ այլն: Անշուշտ այս կերպ են նաեւ ածանցա-
ւորները՝ բեղմնաւոր, կերտել, հեղձուկ, քերթել եւ այլն:
Երկու բաղաձայնէ առաջ շեշտակիր դիրքին մէջ է երբեք չի
գար: Կայ միայն քէնդ բառը, որ փոխանցուած է նաեւ քենդ
տարբերակով` ե-ով, իսկ յաւէրժ բառը է-ով սխալագրութիւն է,
պէտք է գրել յաւերժ:
Ք վերջածանցով բառերը (վէրք, խելք մեղք, արգելք եւ այլն)
վերի շարքին մէջ չեն մտներ, որովհետեւ ք-ն ածանց է ու բառա-
բարդումի ատեն կ'իյնայ: Ք ածանցով բառերը կրնան ունենալ է
կամ ե. վէրք՝ վիրաւոր, անէծք՝ անիծել, զէնք՝ զինել, շէնք՝ շինել,
բայց մեղք մեղաւոր, խելք խելացի եւ այլե:
գ.- Բառին վերջը նոյնպէս անշփոթելի է, միշտ է. ափսէ,
բազէ, եթէ, թէ, հիւլէ, մանրէ եւ այլն: Բառավերջի է-ն շեշտա-
փոխութեամբ չի հնչիւնափոխուիր. ափսէ` ափսէակիր, բազէ՝
բազէակիր, թէ` թէական, հիւլէ` հիւլլէական, մանրէ` մանրէ-
աբան, է էական, էութիւն, աշտէ` աշտէաւոր եւ այլն:
Բառավերջի է-ն այլ ձայնաւորի մը կը միանայ ուղղակի
կերպով, առանց լսուող յ կիսաձայնի գրութեան. ափսէ` ափ-
սէի, ափսէէ, ափսէով. մանրէաբան, էական, էութիւն, էակ,
բազէակիր, Բազէեան, Քելլէեան եւ այլն: Կարգ մը բառերու մէջ
այս է-ն եայ վերջաւորութեան հնչիւնափոխութեան արդիւնք է.
պաշտօնեայ` պաշտօեԼութիւե, քրիստոնեայ քրիստոնէական,
քրիստոհէութիւն, քրիստոնէից, հրեայ` հրէութիւն, հրէական,
հրէից. նոյնպիսի ծագում ունին նաեւ քաղդէական, հռո(վ)-
մէական: Հոս է գիրը կը պահէ իր արտասանական անկախու-
թիւնը, սակայն քանի մը բառերու պարագային խօսակցակա-
նին մէջ նկատելի է «եա» արտասանութիւնը՝ հիւլէական, հրէա-
կան, քրիստոնէական:
15.- Եեւ է գիրերը մէկ բաղաձայնով վերջացող փակ դիրքին մէջ
Մէկ բաղաձայնով վերջացող բառի շեշտակիր փակ դիրքին
մէջ ե եւ է գիրերը դիրքային ու ձեւաբանական հակադրու-
28
թիւններու մէջ չեն գտնուիր ու դժուար զանազանելի են` տէր-
դեր, գէտ-գետ, պէտ-պետ, սէր-սեր:
Բայց հոս եւս կան զատորոշիչ շարք մը պարագա-
ներ.այսպէս՝
ա.- է-ով կը գրենք էթ, էլ, էն, էս, էփ եւ էՃ վերջաւորու-
թիւններ ունեցող թէ հին, թէ նոր փոխառեալ յատուկ անուն-
ները` Ասանէթ, Սէթ, Եղիսաբէթ, Յաբէթ, Համլէթ, Նազարէթ,
Հանրիէթ, Բէլ, Բեթէլ, Գնէլ, Դանիէլ, Իսրայէլ, Մանուէլ, Նաթա-
նայէլ, Ռաֆայէլ, Մաղաթէլ, Աթէն(ք), Արէն, Արսէն, Բաբգէն,
Գուրզէն, Խորէն, Կայէն, Հելէն, Մարէե, Վազգէն, Արմէն, Փառէն,
Արիստակէս, Մովսէս, Յովհանեէս, Ներսէս, Վարդգէս, Վրթա-
նէս, Յովսէփ, Մանէճ եւ այլն:
բ.- Շարք մը ածանցներ.
- (այպէս. յատկապէս, վերջապէս, անմիջապէս...
- արէն, երէն. յունարէն, չինարէն, հայերէն, անգլերէն...
- եղէն. կերպասեղէե, ընդեղէն, ոսկեղէն, ամանեղէե...: Ոս-
կեղինիկ (ոսկի-եղէն-իկ) կանոնական կազմութիւնը ունի
նաեւ ոսկեղէնիկ կամ ոսկեղենիկ տարբերակները:
- աւէտ. հոտաւէտ, շահաւէտ, արդիւնաւէտ, օգտաւէտ...
- էն. ա) բացառական քարացած հոլովաձեւեր` արդէն,
նորէն, մէկէն (յանկարծ). բ) ծուէն (ծուատել, ծուիկ)...
- կէն. ծակոտկէե, հիւսկէե:
- չէք. կաղանդչէք, կարողչէք, ներկողչէք, բանողչէք...
- օրէն. մտերմօրէն, քաղցրօրէն, տխրօրէն, համօրէն...
- էց. ընկենուլ բայի ռնկէց բայաձեւով կազմուած բարդ
բառերը խորտրեկէց, տէգրեկէց, կամրջընեկէց, գահրնկէց...-
Պէտք չէ շփոթել տարեց (տարիքով մեծ) ածանցաւոր բառի վեր-
ջաւորութեան հետ:
-էք. ա) կը կազմէ ծէսերու անուններ, ինչպէս` դռնբացէք,
հիմնարկէք, նշանդրէք, ջրօրհնէք, տնօրհեէք... բ) այծէք (այծէ
մազէ հիւսուած պարեգօտ կամ բաճկոն), արժէք (արժէքաւոր),
կողպէք (կղպանք), կոճ էք (անասնոց բերանակապ, լկամ), մատ-
նէք (փոքը ակօս որեւէ բանի վրայ՝ սիւն, կահոյք), քօղէք (ձեռքի
29
ապարանջան) բառերը: Նշենք, որ եք ունին գրաբարէն մնացած
անեզական կամ յոգնակի քարացած ձեւեր՝ երեք, չորեք(շաբթի),
երբեք, ամէնուրեք, պասեք (հրէական զատիկ), մեք (գրբ.՝ մենք)
բառերը: Երբ երբեմն, երբեք, ուր` ուրեմն, ուրեք ձեւերը կու
գան գրաբարէն: Երբէք ձեւը սխալագրութիւն է:
Միւս բոլոր նախածանցներուն եւ վերջածանցներուն մէջ ե է.
- գեր(ա). գերիշխան, գերմարդ, գերադաս, գերաշնորհ...
- դեր(ա). դերանուն, դերբայ, դեր-գնդապետ...
- թեր(ա). թերակղզի, թերաձ, թերագնահատել...
- ներ. ներգաղթ, ներածել, ներշնչել, ներգործել...
- վեր(ա). վերադարձ, վերաքննել, վերընտրել...
- եղ. թիկնեղ, համեղ, հիւթեղ, հնչեղ...
- եստ. գովեստ, պահեստ, ուտեստ, արհեստ...
- կեկ. յայեկեկ, բարձրկեկ, թանձրկեկ:
Խոնջէնք. էնք ածանցով միակ բառը. գրաբարի մէջ ունինք
խոնջութիւն, խոնջանք, խոնջական, խոնջանալ: Ունինք նաեւ
օրհնանք բառին օրհնենք ձեւը: Այս երկուքը կիրառական եւ
իմաստային տարբերութիւն մը ի յայտ կը բերեն խօսքի մէջ:
Կ'ըսենք «Հայրը օրհնանք տուաւ», «Բարեգործը օրհնանք լսեց
ծերուկի շրթներէն», միւս կողմէ՝ «Քահանան օրհնենք մր կար-
դաց», «Տէր հօր օրհնենքը լսենք»: Օրենենք ձեւը հին հայերէնի
օրհնեմք բայական ձեւն է, աշխարհաբարի վերածուած, յոգ-
նակի, առաջին դէմք, եւ ստացած գոյականական իմաստ. պէտք
Է եով գրուի յԽոնջէնք-ն ալ այդ տպաւորութիւնը կը ձգէ:
Նախընտրելի է գրել խոնջենք, օրհնենք:
գ.- Հոլովական ու բայական վերջաւորութիւններու նախա-
շեշտ եւ շեշտակիր փակ դիրքին մէջ ե-ը տիրական է, բացի
հետեւեալ պարագաներէ.
- Է եւ մէ բացառական հոլովի մասնիկներ են, որ կրնան ա
դեւնյօդերով փակ դիրքի մէջ մնալ. ծառ ծառէ, ծառէս, ծառէղ,
ծառէն, քոյր քրոջմէ, քրոջմէս, քրոջմէդ, քրոջմէն:
- Դիմաւոր բայերու յոգնակի երկրորդ դէմքին մէջ, ք-էն
առաջ. կր վազէք, պիտի վազէք, վազեցէք, մի վազէք եւ, ինչ-
30
պէս տեսանք, անկատար ժամանակներու եզակի երրորդ դէմ-
քին մէջ կր վազէր, պիտի վազէր, վազէր:
դ.- Ուղղագրական ուղեցոյցներուն մէջ ընդունուած է ըսել,
որ բացի բայական դիմաւոր ձեւերէն (կր գրեն, պիտի գրեն,
գրեն) միւս պարագաներուն բառավերջը կը գրուի էն ժա-
պաւէն, ապաւէն, փոխարէն, արդէն, նորէն, շէն եւ այլն: Ասիկա
օրինաչափական է յատուկ անուններու համար, իսկ միւս բա-
ռերու պարագային է-ի գրութիւնը կը բացատրուի տարբեր գոր-
ծօններով: Ե-ով կը գրուին եա երկհնչիւնի պարզացումով գոյա-
ցած բառերը՝ գեհեն, ցորեն, ատեն, իրեն, որոնց հին ձեւերն են
գեհեն/գեհեան, ցորեան, ատեան, իւրեան:
16.- Ինչպէ՛ս որոշել շեշտակիր փակ դիրքի ե եւ է գիրերը
Միակ դիրքը, ուր ե եւ է գիրերու շփոթը չի յաղթահարուիր
վերոյիշեալ որեւէ մէկ պարագայով, կը մնայ մէկ բաղաձայնով
վերջացող բառերու շեշտակիր փակ դիրքը: Այդ դիրքի շատ
բառերու ե -ով թէ է-ով գրուելու պարագան կը ճձշդուի շեշտա-
փոխական հնչիւնափոխութեամբ: Շեշտափոխութեան, այ-
սինքն` ածանցումի եւ բարդութեան ատեն, եթէ է հնչիւնը ի-ի
վերածուի, ուրեմն բառը կը գրուի է-ով, իսկ եթէ անփոփոխ
մնաց՝ կը գրուի ե-ով, որովհետեւ ե-ը տոկուն ձայնաւոր է, չի
հնչիւնափռխուիր: Այսպէս՝
գէտ՝ գիտութիւն, գիտուն, գիտնալ գետ՝ գետակ, գետահուն
սէր՝ սիրել, սիրահար, սիրուհի սեր՝ սերունդ, սերիլ
վէր(թ)՝ վիրաւոր, վիրակապ վեր վերնալ, վերելք
պարտէզ պարտիզպան հեզ հեզասահ
վրէպ վրիպիլ, վրիպակ երես երեսանց
Ե-ով գրուող բառերէն եչի հնչիւնափոխութեան կ՛'ենթար-
կուի դեւ բառը` դիւական, դիւահար, դիւահարիլ, դիւահարու-
թիւն, դիւահմայ, դիւային: Թեկն բառէն ունինք թիկունք, թիկնիլ,
թիկնաթոռ: Ունինք նաեւ արգիլել, մինչ միւս բոլոր բաղադրու-
թիւնները ե են` արգելակ, արգելակել, արգելավայր, արգելանոց,
արգելարշաւ, արգելափակ, արգելափակել, արգելիչ, արգելք: Ե-
31
ի անկում ունի կեղեւ բառը` կեղուել բային մէջ, կրաւորականը՝
կեղուուիլ:
Էչի հնչիւնափոխութեան մէջ կը մտնեն միայն իսկական
բարդութեան ու ածանցաւոր բառերը: Կցական բարդութիւն-
ները այս խումբին մէջ չեն մտներ, որովհետեւ այստեղ բարդու-
թիւնը կը կազմուի ուղղակի կցումով, առանց հնչիւնափո-
խութեան, ինչպէս` դէպի (դէպ ի), երէցկին (երէց կին), տաներէց
(տան երէց), կէսօր (կէս օր), կէսկատար (կէս կատար), մէկզմէկ
(մէկ զ-մէկ), մէկտեղ (մէկ տեղ), մէկտեղել, մէջտեղ (մէջ տեղ),
մէջընդմէջ (մէջ ընդ մէջ, տէրտէր (տէր տէր), թէեւ (թէ եւ),
թէկուզ (եթէ կ ուզես), թէպէտեւ (թէ պէտ եւ), չէզոք (չէ զ-ոք) եւ
այլն: Ասիկա օրինաչափական կարելի է նկատել ու ասոնց բա-
ռակազմական իւրայատկութեան աշակերտը կրնայ վարժուիլ
աւելի ուշ:
Ասոնց է-ով գրուիլը հաստատելու համար կարելի է դիմել
իսկական բարդումի կամ ածանցումի փորձին. օրինակ` դէպի
բառին համար կրնանք ունենալ դիպուած, դիպուկ, իսկ երէց-
կին բառին համար` երիցական, երիցուկ, երիցագոյն, կէսօր բա-
ռին համար՝ կիսել, կիսաւարտ եւ այլն:
17.- Էի հնչիւնափոխութեան բառեր
Էչի հնչիւնափոխութեան բառերը կարելի է խմբաւորել
հետեւեալ կերպ.
ա.- Բոլոր բաղադրութիւններուն մէջ էի փոփոխութեան
ենթարկուռղ բառեր. ապաւէն ապաւինիլ, ապաքէն` ապաքի-
նիլ, ապաքինում, բուէճմ` բուիճակ, գէջ (թաց) գիջութիւն, գէս
(երկար մազի ծոպ)` գիսակ, գետ գիտակ, գիտնալ, գիտութիւն,
գիտուն, դէզ դիզել, դէմք) դիմակ, դիմաց, դիմաւոր, դէպ(թ)
դիպուած, դիպուկ, դէտ դիտակ, դիտել, դիտող, զէե(ք) զինել,
զինուոր, կէզ (հրակէզ) կիզել, կիզիչ, կէս կիսատ, կիսել, հան-
գէտ (իբրեւ, նման) հահգիտութիւե, ձէթ. ձիթապտուղ, ձիթենի,
մէջ` միջանցք, միջոց, միջուկ, միջօրէ, մէտ (հակամէտ)՝ միտում.
միտումնաւոր, մէգ` միգամած, մէզ միզապարկ, միզել, (բայց
32
մզիլ քամիլ), նուէր նուիրել, շէկ շիկահեր, շիկնիլ, շէջ (հրշէջ)
շիջիլ, պէս այսպիսի, սէգ սիգապանծ, սէր սիրել, վԷժ (ջրվէժ)
վիժիլ. վիժում, վէճ վիճիլ, վէմ՝ վիմագրութիւն, վիմափոր, վէպ
վիպասան, վիպում, վեր(ք) վիրակապ, վիրաւորել, վրէպ վրի-
պակ, վրիպիլ, վրիպում, փոխարէն փոխարինել, փոխարինում
եւ այլն:
Այս բառերը կրնան գալ բաղադրեալ բառերու իբրեւ վերջին
բաղադրիչ` աղեկէզ, սպարազէն, յաճախադէպ, անընդմէջ, հա-
կամէտ, անշէջ, կարեվէր: Բառագիտութեան դասերուն աշա-
կերտները պիտի ճանչնան այս արմատները ու կողմնորոշուին:
Ասոնք եւս նոյն հնչիւնափոխութեան կ'ենթարկուին. սպարա-
զէն` սպարազինել, ընղդէմ՝ ընդդիմութիւն, բանավէճ՝ բանավի-
Ճիլ եւ այլն:
Լէզ արմատէն (պնակալէզ, յարալէզ) ունինք լիզել, բայց՝
լզուրռտել, լեզու:
Աղէտ բառը հին բարդութիւններու մէջ կը ներկայանայ ե-
ով, է-ով եւ ի-ով աղետալի-աղէտալի, աղետեալ-աղէտեալ,
աղէտաբեր-աղիտաբեր, աղիտագոյն, աղիտազգործ, աղիտա-
րար, աղիտաւորութիւն: Հիմա երեք ձեւով ալ գրողներ կան: Է-ն
ճանչնալու նպատակայարմարութեան համար բառը մտցնել
էչի հնչիւնափոխութեան ոլորտին մաս կազմող կանոնաւոր
բառերու շարքին` աղէտչաղիտաբեր, աղիտալի, աղիտաւոր,
աղիտարար, աղիտազործ, աղիտարար եւ այլն:
բ.- Ոչ բոլոր բաղադրութիւններուն մէջ էի փոփոխութեան
ենթարկուռղ բառեր. այսինքն` կան անփոփոխութեան պարա-
գաներ: Կը բաւէ որ մէկ անգամ փոփոխութիւն տեղի ունենալ`
ուրեմն է է. գէշ գիշատիչ, բայց գէշութիւե, գէշնալ, գեր գիրուկ,
գիրնալ, նաեւ գէրնալ, գէրութիւե, երէց երիցագոյե, երիցական,
բայց` երէցութիւն, կէտ` կիտել, կիտուած, բայց` կէտադրութիւե,
շէն(ք) շինել, շինական, շինութիւն, բայց` շէնութիւն, շենշող,
շէննալ, պէտք պիտանի, պիտոյք, բայց պէտքարան, վրէժ վրի-
ժառու, բայց վրէժխնդիր, Վրէժուհի, տէր տիրել, տիրական,
տիրամայր, տիրութիւե, Տիրուհի, բայց տէրութիւն, տէրունա-
33
կան, անտէրութիւե, անտէրունչ, քէն` քինախնդիր, բայց քէնո-
տիլ, օրէն(ք) օրինակ, օրինական, օրինաւոր, օրինակելի, օրի-
նապահ, օրինագիրք, օրինագիծ, բայց. օրէնսգէտ, օրէնսգիրք,
օրէնսդիր, տեօրէն` տնօրինել, բայց տնօրէնութիւն/տեօրինու-
թիւն եւ այլն: Վերջին երկուքը իմաստով կը տարբերին. տնօրէ-
նութիւն տնօրէնի պաշտօն, տնօրինութիւն կարգադրութիւն:
Էչի հնչիւնափոխութեան ոլորտէն դուրս կը մնան բառերու
երկու խումբ` էչե տառափոխութեան ենթարկուռղ բառեր եւ
աւանդաբար է-ով գրուռղ բառեր: Ասոնք ուղղագրելու լուրջ
դժուարութիւններ կը յարուցեն: Ասոնց քննութիւնը կը կատա-
րենք յաջորդ երկու բաժիններուն մէջ:
18.- Էչե տառափոխութեան ենթարկուող բառեր
Շարք մը բառեր գրաբարի մէջ ունեցած են թէ է-ով եւ թէ ե-
ով պարզ ու բաղադրեալ բառային տարբերակներ: Այդ պարզ
բառերը աւանդական ուղղագրութեան մէջ միտում եղած է գրել
է-ով, իսկ անոնցմէ կազմուած բադադրեալ ձեւերը՝ ե-ով, ստեղ-
ծելով էե տառափոխութեան ենթարկուող բառերու շարք մը:
Ոմանք թէ պարզ բառերուն եւ թէ բաղադրեալ ձեւերուն հա-
մար գործածած են միայն Է-ն կամ ե-ը: Այս երեւոյթը ստեղծած է
ուղղագրապէս անկայուն պատկեր ունեցող բառերու շարք մը:
Այդ բառերուն քանակին ու անոնց պարզ ու բաղադրեալ ձեւերը
ե-ո՞վ թէ է-վ գրելու կապակցութեամբ միօրինակութիւն երբեք չէ
եղած նոր լեզուին մէջ: Ստորեւ այդ բառերը կը բերենք էե տա-
ռափոխութեան պատկերին համաձայն, որ ամէնէն ընթացիկն է
տակաւին:
Եղէգ եղեգիկ, եղեգնաբնակ, եղեգնաբոյս, եղեգնաձեւ,
եղեզնաշամբ, եղեզնաշէն, եղեգնեայ, եղեգնուտ եւ այլն:
Գմբէթ գմբեթազարդ, գմբեթախաչ, գմբեթածածկ, գմբե-
թակիր, գմբեթաձեւ, գմբեթարդ, գմբեթեայ եւ այլն:
Խենէշ` խենեշանամ, խենեշագոյն, խենեշաբար, խենեշիմ:
Պարէն պարենապահ, պարենաւորեմ, պարենաւորում,
պարենիկ:
34
Պարէտ` պարետային, պարետախումբ, պարետանոց, պա-
րետութիւն:
Պատճէն պատճենաբեր պատճենել, ապատճենահան,
պատճենաւորել:
Մէն` մենութիւն, մենաստան, մենաւոր, մենակ (կայ նաեւ
մինակ):
Երէկ՝ երեկոյ, երեկոյանալ, երեկոյեան:
Աղուէս` աղուեսակերպ, աղուեսադրոշմ, աղուեսուկ, բայց`
Աղուէսագիրք:
Արմէն` Արմենակ, բայց միւս կազմութիւնները է-ով՝ Արմէն-
իա, Արմէնուհի:
Ամէն: (ամէնքը), որ ունի աւելի բարդ վիճակ. այսպէս
- յօդակապով բարդութիւններու մէջ կը գրուի ե-ով ամե-
նալաւ, ամենագէշ, ամենասերտ, ամենաքաջ եւ այլն.
- անյօդակապ կազմութիւններուն մէջ կը գրուի է-ով` ամէ-
նիմաստ, ամէնընտիր, ամէնիշխան, ամէնընթաց եւ այլն.
- հինէն փոխանցուած ածանցումներուն մէջ` ե, ամենայն,
ամենեւին, այսու ամենայնիւ, յամենայնդէպս, յամենայն դէպս.
- նոր ածանցումներուն մէջ է՝ ամէնքը.
- կցական բարդութիւններուն մէջ է` ամէնուր, ամէնուրեք,
ամէնօրեայ, ամէնժամեայ, ամէնամեայ.
- հոլովական ձեւերուն մէջ աշխարհաբարը կրցած է գրեթէ
ձերբազատիլ հոլովական համակարգի մէջ էե տառափոխու-
թիւնը պահելու փորձութենէն` պարտէզ-պարտէզի-պարտէզԼ-
պարտէզով, բայց ամէն բառի պարագային միայն ոմանք կը
գրեն ե, ոմանք է՝ ամենուն-ամէնուն, ամենէն-ամէնէն, ամենով-
ամէնով-Նախընտրելի պիտի ըլլար է-ն անփոփոխ պահելը:
Աստուածաշնչական ամէն բառը ունի սեմական ծագում` «իրաւ,
ճշմարիտ, հաւաստի» իմաստով: «Ամէն ամէն ասեմ ձեզ» (Ճշմա-
րիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի): Աղօթքները կը վերջանան ամէն
բառով: Յունարէնի եւ սեմական լեզուներուն մէջ կ՛արտասանուի
ամին, ինչպէս Աթէնա անունը` Աթինա:
35
Խնդիրը նոյն հիմքի բառակազմական արտայայտութիւն-
ներուն մէջ ունեցած այսքան բազմաձեւութեամբ չի վերջանար:
Այս կամ այն պարագան նախընտրաբար գործածելու իրավի-
ձակը աւելի մեծ շփոթներու դուռ կը բանայ: Վերջերս, «Է-ով
գրուռղ քանի մը բառ պակսեցնելու միտումով» ոմանք եղէց,
գմբէթ եւ ամէն բառերը կը գրեն ե-ով. լաւ, բայց ինչո՞ւ անգի-
տանալ նոյն ոլորտի միւս բառերը, բոլորովին զերծ մնալու հա-
մար անոնց պատճառած դժուարութիւններէն եւս:
Քննութիւն էե տառափոխութեան բառերու
Էչե հնչիւնափոխութեան պարագան գրաբարի մէջ կը
կատարուէր ոչ միայն ածանցումներու եւ բարդումներու,
այլ հոլովաձեւերու մէջ եւա պատճէն` պատճենից, պատ-
Ճենիւ: Այս հնչիւնափոխութիւնը չկայ աշխարհաբարի
մէջ, քանի ռր է եւ ե գիրերը հնչիւնապէս նոյնացած են ար-
դէն: Երեւոյթը դարձած է սոսկական տառափոխութիւն:
Աշխարհաբարի կազմաւորման ատեն նոր ձեւաւորուող
ուղղագրութեան մէջ էե տառափոխութեան պարագան
վերացուած է հոլովական համակարգէն, ու հիմքի ուղ-
ղագրութիւնը գրեթէ պահպանուած է բոլոր հոլովաձեւե-
րուն մէջ պատճւն` պատձճէնի, պատճե պատճէնով.
պարտէզ պարտէզի, պարտեզէ, պարտեզով:
Այսուհանդերձ, հակառակ այն իրողութեան, որ աշ-
խարհաբարը կրցած է գրեթէ ձերբազատուիլ հոլովական
համակարգի մէջ էե տառափոխութիւնը պահելու փոր-
ձութենէն, բառակազմական մակարդակի վրայ քանի մը
հինէն եկող բառերու (եղէգ, գմբէթ եւ այլն համաբա-
նութեամբ կը շարունակուի պահպանուիլ էե տառափո-
խութիւնը ու նոր խնդիրներ յարուցել մեր ուղղագրութ-
եան մէջ: Խնդիրը պահ մը կը հասնէր հոն, որ այդ քանի մը
բառերու պարագան օրինաչափութեան վերածելով, այն-
տեղ ուր չի գործեր էչի հնչիւնափոխութիւնը՝ կը թելա-
դրուէր էչե տառափոխութիւնը. կէտ` կետադրութիւն,
36
տէր` անտերունչ, Հալէպ. հալեպահայութիւե: Ասիկա լիո-
վին մերժելի մօտեցում էր ու չտարածուեցաւ: Չհնչիւ-
նափուող է-ն կը պահենք բոլոր այն կազմութիւններուն
մէջ, որոնց առաջին բաղադրիչին է-ով գրուիլը գիտենք
ուրիշ բարդութիւններէ, ինչպէս կիտելՀկէտ» կէտադրու-
թիւն, տիրականՀտէրչանտէրունչ, վրիժառուՀվրէժ» վրէժ-
խնդիր, օրինականՀչօրէն(ք)»օրէեսգիրք, տնօրինելՀ տնօ-
ըէնչտեօրէնութիւն, քինախնդիրՀքէնչքէնոտիլ, շինութիւն
Հշէն(ք)» շէնութիւն, գիշատիչՀգէշ»գզէշութիւն եւ այլն:
Արդ, ինչպէս լուծել էչե տառափոխութեան հետ
կապուած բառերու խնդիրը:
Ամէն. բառը փոխանցուած է նաեւ ամեն տարբերա-
կով: Արեւմտահայ իրականութեան մէջ իբրեւ սկզբնաձեւ
ընդունուած է ամէն հիմքը:
Վերջերս լայն տարածում կը ստանայ ամեն հիմքի
տարածումը: Ամեն տարբերակի ընդունումը կը վերացնէ
թէ հոլովական, թէ բառակազմական մակարդակներու
վրայ ելած բոլոր բազմաձեւութիւնները, զորս երբեք չեն
կրցած մարսել մեր դպրոցականները (եւ ոչ միայն): Եթէ
ընտրենք սկզբնաձեւի ե-ով տարբերակը` վերի շարքերը
զատորոշելու հարկադրանքը կը վերանայ, տառափո-
խութեան երեւոյթը կը վերանայ, այսինքն՝ այլեւս ե-ով կը
գրենք ամեն-ը բարդ ու ածանցաւոր բոլոր կազմութիւն-
ներուն եւ հոլովաձեւերուն մէջ. ամեն, ամենալաւ, ամեն-
ընտիր, ամենեւին, ամենքը, ամենուր, ամենուն եւ այլն:
Եղէգ, գմբէթ, խենէշ բառերը փոխանցուած են նաեւ
եղեգ, գմբեթ, խենեշ սկզբնական տարբերակներով: Է-ով
գրողները բարդութիւնները կը գրեն ե-ով՝ ստեղծելով հիմ-
քի եւ բաղադրութիւններու երկուութիւն. եղէզ` եղեգնուտ,
եղեգնեայ, գմբէթ գմբեթաւոր, խենէշ՝ խենեշանալ, ոմանք
բարդութիւններն ալ է-ով կը գրեն` եղէգնուտ, գմբէթաւոր,
խենէշանալ եւ այլն:
37
Մկզբնաձեւի ե-ով տարբերակները ընդունելով մենք
նոյնացուցած կ՛ըլլանք արմատի եւ կազմութիւններուն
ուղղագրութիւնը եւ դուրս դրած առանց որեւէ օրինա-
չափութեան է-ով գրուող շարք մը բառեր. եղեգ` եղեգիկ,
եղեգնաբնակ, եղեգնաբոյս եղեգնաձեւ, եղեգնաշամբ,
եղեգնաշէն, եղեգնեայ, եղեգնուտ եւ այլն, գմբեթ` գմբե-
թազարդ, զմբեթախաչ, զմբեթածածկ, գմբեթակիր, գմբե-
թաձեւ զմբեթարդ, գմբեթեայ եւ այլն, խենեշ խենեշա-
նամ, խենեշագոյն, խենեշաբար, խենեշիմ: Այսպիսով վե-
րացած կ'ըլլան անիմաստ տառափոխութեան եւ եր-
կուութեան պարագաները:
Մփիւռքահայ իրականութեան մէջ քննարկման հան-
դիսացած այս բառերու կողքին, կան այլ բառեր եւս, որոնց
նոյնպէս է-ով տարբերակը ընդունուած է. ասոնք եւս բա-
ղադրութիւններուն մէջ երբեմն ե-ով, երբեմն է-ով հանդէս
կու գան: Այդ բառերն են.
Աշխէտ (կարմիր դեղնագոյն ձի). հին կազմութիւններ
են աշխետաձի, աշխետութիւն, աշխետանհալ, ե-ով:
Պարէտ, գրաբար սեռականը պարետի: Հին լեզուին
մէջ կայ նաեւ պարետ սկզբնական տարբերակը: Նոր բառ
է պարէտային:
Պատճէն, որմէ փոխանցուած է մեզի պատճենաբեր՝
ե-ով: Հիմքի հնագոյն ձեւերէն են պատճեան, պաճձեան, որ
պէտք է տար՝ պատճեն, ինչպէս ատեան` ատեն, գեհեան`
գեհեն, ցորեան ցորեն, իւրեան իրեն: Է-ով սկզբնաձեւը
ընդունելով` նորագոյն կազմութիւններու մէջ շփոթ կայ ե-
ո՞վ (պատճենաբեր-ի հետեւութեամբ), թէ է-ով գրելու՝
պատձէնել-պատձենել, "»պատճէնահան-պատձենահան,
պատձճէնաւորել-պատձենաւորել:
Պարէն, որմէ փոխանցուած է միայն ե-ով պարե-
նապահ, պարենաւորեմ:
Աղուէս, որմէ հին լեզուին մէջ ունինք աղուեսակերպ,
աղուեսադրոշմ, աղուեսաշարան, աղուեսուկ, աղուեսա-
38
ձուք, միշտ ե-ով: Աղուէսագիրք (է-ով) բառը միջին հա-
յերէնեան կազմութիւն է: Աճառեան եւ Ջահուկեան բառի
հին ձեւը աղուես կը նկատեն:
Մէն. բառը կազմուած է միայե-մեյն-մեն զարգացու-
մով: Իա կապակցութեան ե-ի հնչիւնափոխուիլը գրաբա-
րի մէջ լայնօրէն նկատուող երեւոյթ է՝ մի-ա-կուսի մեկու-
սի, մի-ա-կողմանի՝ մեկողմանի, մի-ա-տասան` մետա-
սան, նոյնը շարունակուող երեւոյթ մըն է նոր հայերէնի
մէջ` գինի-ա-տուն` գինիատուն գինետուն, հոգի-ա-զա-
ւակ հոգեզաւակ: Իտա կապակցութիւնը կրնայ եա տալ՝
պատանի-ակ՝ պատանեակ, ապա ե պատանեակ-իկ`
պատանեկիկ. Միայե-մեյն-մեն կառոլցով գրաբարի կազ-
մութիւնները բարդութիւններու եւ ածանցումներու մէջ
միշտ ե կու տան` մենակ, մենակեցութիւն, մենակռիւ,
մենամարտ, մենամարտիլ, մենամարտիկ, մենամարտու-
թիւն, մենանալ, մենաստան, մենաւոր, մենիշխանութիւե,
մենութիւն, բայց երբ մեն- հիմքը առանձին գործածուի՝ է-
ով կը գրուի մէն: Ասիկա գրաբարի մէջ հնչիւնական
երեւոյթ էր անկասկած, բայց նոր լեզուին մէջ պարզապէս
տառափռոխութիւն է ու անիմաստ է բազմաթիւ բաղա-
դրութիւններու մէջ ե-ով գրելէ ետք՝ հիմքային բառը է-ով
գրելը: Նկատի ունենալ նաեւ, որ նման նոր գոյացութիւն-
ները մենք ե-ով կը գրենք. ցորեան ցորեն, ատեան` ատեն,
գեհեան գեհեն: ՄԼն կազմութեան շարքին կը մտնեն նաեւ
էչի հնչիւնափոխութեան չենթարկուռղ պատճէն, պարէն,
ամէն բառերը: Կը կարծեմ, որ այս երեւոյթէն ձերբազատ-
" Արեւելահայերը ունին մենակ, մէե-մենակ` մէն ձեւէն, իսկ արեւ-
մտահայերը` մինակ, միս-մինակ մինակուկ. վերջինները է»ի
հնչիւնափոխութեան արդիւնք չեն, այլ առաջացած են մին ձեւէն,
ռր կազմուած է մի բառին վրայ ն յօդը աւելցնելով:
39
ուիլը դրական քայլ պիտի ըլլայ. գրել ամեն, մեն, պարեն,
պատճեն:
Երէկ, հին հայերէնի մէջ է-ով գրուած է զանազան-
ուելու համար երեկ մայր տարբերակէն, որ կը նշանակէր
երեկոյ, իրիկուն. նոր հայերէնի մէջ վերացած Է նոյնա-
ցումը՝ երեկ, երեկոյ, երեկոյանալ, երեկոյեան:
Պարետ, պատճեն, պարեն, աղուես, երեկ, մեն ձեւերը
եւս իբրեւ սկզբնաձեւ ընդունելով կ՛ազատինք չհնչիւնա-
փոխուող է-ն ե-ո՞վ, թէ է-ով գրելու շփոթէն. պարետ պա-
րետային, պատճեն պատճենաբեր, պատճենել, պատճե-
նահան, պատճենում, պարեն` պարենամթերք, պարենա-
տոմս, պարենաւորել, պարենաւորում, աղուես` աղուես-
դրոշմ, աղուեսենի, աղուեսագիրք, երեկ, երեկոյ, մեն՝ մե-
նաւոր, մենաստան եւ այլն:
19.- Աւանդաբար է-ով գրուող բառեր
Աւանդական ուղղագրութեան մէջ առանց դիրքային, հնչիւ-
նային ու բառակազմական պատճառի է-ով կը գրուին բառերու
երկար շարք մը` ասպարէզ, ժապաւէն, տրէզ, խէթ, խէժ, հէն
(ծովահէն), սէզ, վէս, տէզ, պատեէշ, բրէտ (իշամեղու), առնէտ,
գոմէշ, բզէզ, հէգ, վէզ (ոտքի կոճ. այդ ոսկորով խաղցուող խաղ
մը), ձրէշ (հրէշից, նոր բառ է հրէշային), մողէզ, ուղէշ, վէտ (վէտ
վէտ, նոր բառ՝ վէտվէտուն), քարտէզ (քարտէզագրել, քարտէզա-
գիր. ոմանք` քարտէս, ատկէ` քարտիսագրութիւն, լետնաբար),
քէշ (պարսից կրօնք), աղէկ (աղէկնալ, աղէկութիւն), երէկ, եր-
նէկ, թէյ, լէշ (անասունի դիակ), մէկ (մէկական, մէկնոց, մէկալ),
մէյ մէկ, մէյ մը, մէն, մէն մի, փէշ, դէս ու դէն (դի-այս, դի-այն),
կամ յետնաբար է-ով փոխանցուած բառեր են` թէժ (բորբ, տաք,
նոր բառ է թէժանալ), խլէզ, մկլէզ, փէճ (ուսին երեսը), մալէզ:
Վէզ ու վէճ յարադրութեան մէջ վէց բաղադրիչը անկախ գործա-
ծութիւն չունի: Հին լեզուին մէջ կայ ի վէց գալ (վիճիլ. կռուիլ)
արտայայտութիւնը:
40
Եւեթ (իսկոյն եւեթ). սխալագրութիւն Է բառը եւէթ` է-ով
գրելը:
Քննութիւն աւանդաբար է-ով գրուող բառերու
Առանց դիրքային, հնչիւնային ու բառակազմական
պատճառի է-ով գրուռղ բառերը ուղղագրական լուրջ
դժուարութիւններ կը ստեղծեն: Այդ բառերը ծագումով,
քերականական եւ բառակազմական յատկութիւններով
քանի մը խումբի կը պատկանին.
ա.- Հին բառեր, որոնց էչի հնչիւնափոխուած կազ-
մութիւնները նոր լեզուն չէ պահած՝ ասպարէզ, ժապաւէն,
տրէժ, խէթ, հէն (ծովահէն), սէզ, վէս, տէզ, պատեէշ, բրէտ
(իշամեղու), առնէտ, գոմէշ:
Այս բառերուն է-ով գրուած ըլլալը անառարկելի է:
բ.- Բառեր, որոնք հին հայերէնի մէջ եւս էչի հնչիւ-
նափոխուած օրինակ չունին, ինչպէս` խէժ գէթ, պար-
սէտ, քէնդ (քած՝ շուն կամ կատու), մողէզ, բզէզ: Այս բա-
ռերուն հին լեզուին մէջ Է-ով գրուած ըլլալը բացարձակ չէ:
՝ Ասպարէզ կամ ասպարէս. ատկէ` ասպարիսել` արշաւել, ասպա-
րիսական
Ժապաւէն՝ ժապաւինել
Տրէզ տրիզել
Խէթ խիթալ վախնալ, հոգ ընել. խիթել խիղճը խայթել
Հէն (ծովահէն ծովի աւազակ), հինել աւազակութիւն ընել հինա-
բար, հինահար, հինական
Սէզ՝ սիզաբոյս, սիզուտ, սիզաբերել
Վէս՝ վիսութիւն, վիսաբարոյ, վիսանալ
Տէգ՝ տիգաւոր, տիգաբուն (բայց տէգընկէց)
Վարի բառերը միայն հոլովման մէջ ունին էչի հնչիւնափոխութիւն.
Պատնէշ՝ պատնիշի,
Բրէտ՝ բրիտի (իշամեղու)
Առնէտ առնիտի
Գոմէշ՝ գոմշոյ կամ գոմիշոյ
41
Անոնց մեծ մասը հին լեզուին մէջ ունի ե-ով տարբերակ`
խէժ-խեժ, գէթ-գեթ, պարսէտ-պարսետ, (պարս, պարսա-
տիկ), քէնդ-քենդ, կամ ունին հիմքային այլ տարբերակ-
ներ մողէզ (մողոզ, մողիզ) բզէզ (բզիզ) ուղէշ (ուղե-
շարձակ, ուղիշաբերձ, ուղեշ, ուղօշ): Ասոնց ե-ով տար-
բերակը հետեւողական ձեւով չէ ընտրուած, ինչպէս եղած
է թեմ ու թէմ բառերու պարագային. վերջիններէն ընդուն-
ուած է միայն ե-ով տարբերակը: Կայ նաեւ վէզ (ոսկոր մը
ու անով խաղցուած խաղ մը):Վէգ ու վէճ յարադրութեան
մէջ ունի կռիւ իմաստը: Այստեղ ստուգաբանները ընելիք
ունին:
գ- Բարբառային բառեր` աղէկ (աղէկնալ, աղէկու-
թիւե), երեէկ, թէյ, լէշ (անասունի դիակ), մէկ (մէկական,
մէկնոց, մէկալ), մէյ մէկ, մէյ մը, մէն, մէն մի, փէշ, դէս ու
դէն (դի-այս, դի-այն), կամ լետնաբար է-ով փոխանցուած
բառեր են` թէժ (բորբ, տաք, նոր բառ է թէժանալ), խլէզ,
փէճ (ուսին երեսը), մալէզ: Ասոնց է-ով գրուիլը դասական
ուղղագրութեան հետ կապ չունի, այլ կու գայ բարբառա-
յին բառերը է-ով գրելու մեր սովորութենէն: Մէկ բառը կու
գայ միակ-էն, որ պէտք է տայ ե՝ մեկ (հմմտ. պատանի-ակ՝
պատանեկիկ). մէյ (մէյ մը, մէյ-մէկ) ու մէն առաջացած են
միայն (մի-այն)-մեյե-մեն-մել զարգացումով: Նոյն օրինա-
չափութեամբ կազմուած են դէս ու դէն բառերը (դի-այս՝
դես, դի-այն՝ դեն): Աղէկ-ը առաջացած Է աղու-եակ կազ-
մէն, որ նոր լեզուին մէջ պէտք է տար աղեկ (հմմտ. ցոր-
եան` ցորեն, ատեան` ատեն): Երնէկ-ը ունի երան-երա-
նիկ-երեիկ-երնեկ զարգացումը:
Երբ յետին փոխառութիւնները եւ բարբառային բա-
ռերը ե-ով գրելու միտում կայ (տե՛ս յաջորդ բաժինը)՝
ասոնք եւս պիտի մտնեն նոյն խումբին մէջ: Առանց
դիրքային, հնչիւնային-հնչիւնափոխական, բառակազմա-
կան ու ձեւաբանական պատճառի գրուող է-երը ե-ով
42
գրելով մեծապէս կանոնակարգուած պիտի ըլլայ բա-
ռամէջի է-ի գրութիւնը:
20.- Է եւ ե գիրերը օտար եւ բարբառային բառերու մէջ
Օտար բառերուն սկիզբն ու վերջը է-ն անշփոթելի է, ինչ-
պէս` Իլիզապէթ, Էլսի, Էլպիս, Բերսափէ, Բելէ:
Բառասկիզբին «եէ» երկհնչիւնը օտար բառերուն մէջ եւս կը
գրուի ե, ինչպէս` Ենիգոմուշեան, Ենգիպարեան, Եկատերինա,
Ենովա եւ այլն, բայց ե կիսաձայնէն ետք եկող միւս ձայնա-
ւորները կը գրենք, ինչպէս` եար, համան, Շարալեան, Եորկի,
Եռհանեէս, Եունէս եւ այլն:
Շրջան մը տարածուած էր բառին մէջ ամէն տեղ է-ի գրու-
թիւնը, ինչպէս` զէնիթ, թէզ, խէր, քէրմէս փէնէսէլին, քոլէրա,
Սէմէրճեան, Թէքէեան, Պէրպէրեան, Պոշկէզէնեան եւ այլն: Սա-
կայն այս գրութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկուի հին հայե-
րէնի օրինակներուն հիման վրայ: Հին հայերէնի մէջ նախաշեշտ
դիրքերուն միշտ ե է, ինչպէս` մեքենայ, վեղար, եկեղեցի, Կե-
սարիա, Եդեսիա եւ այլն, իսկ շեշտակիր փակ դիրքին երկուքն
ալ կը հանդիպին, ինչպէս Աթէե(ք), Սաղէմ, Երուսաղէմ, կրկէս,
պարէտ, քարտէզ, Եղիսաբէթ, Յաբէթ, Յովսէփ, բայց` Սեպտեմ-
բեր, Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր, կանթեղ, Բարսեղ,
Կիւրեղ եւ այլն:
Այս աւանդութիւններուն հիման վրայ ներկայիս տիրապե-
տող կը դառնայ բառի նախաշեշտ ու շեշտակիր փակ դիր-
քերուն մէջ ե գրելը, ինչպէս զենիթ, քոլերա, օփերա, փենեսե-
լին, աթլեթ, քասեթ, օմլեթ, քերմես, թեզ, խեր եւ այլն, որովհետեւ
այստեղ դիրքային որեւէ սահմանափակում կարելի չէ գտնել ե-
ի համար, բացի հետեւեալ պարագաներէն.
ա.- Մականուններուն հիմքի վերջինը գրել է` Թեքէեան, Տե-
տէեան, Քելլէեան եւ այլն:
բ.- Էլ, էն, էթ եւ էս, էփ, էճ վերջաւորութեամբ օտար յատուկ
անուններու հետեւութեամբ յատուկ անունները շարունակել
գրել է-ով` Անժէլ, Ժիզէլ, Մանէն, Քարէն, Մարիէթ, Նենէթ, Փե-
43
րէս, Մարթիեէս, իսկ միւսերը ե-ով, ինչպէս Ռոպեր, Ռոպերթ,
Ալպեր, Ալպերթ, Եսթեր, Լուտեր, Ժոզեֆ, Թերեզ, Արտեմ, Կիւլ-
պենկ, Կրեկ(ուար), Ֆրենք, Ֆրետ, Ալեք, Քեպեք: Նոյնը ընել
մականուններու պարագային Կէռվշքննան, Պոշկեզէնեան,
Քիւփէլեան, Հերկէլեան, Հասէսեան, Հանէսեան, բայց Սեմերճ-
եան, Պերպերեան, Չելեպեան եւ այլն:
գ.- Էյ եւ իէ կապակցութիւնները պահել, ինչպէս` Շէյքըս-
փիր, ՄՍրի, Ժիւլիէթ, Ուիլիէմ, Մարիւէթ եւ այլն: Օտար բառե-
րուն մէջ իէ-ն իե ձեւռվ տառադարձողներ ալ կան (Վիեննա):
Նախընտրելի է իէ-ն՝ նախ չհակադրուելու համար Ծարիէթ,
Ժիւլիէթ եւ նման օրինական պարագաներու:
Քննութիւն յատուկ անուններու է-ի գրութեան
Ուղղագրելու վերի վերջին երկու պարագաները զերծ
չեն հակասութենէ: Այստեղ է-ի մնալը պայմանաւորուած
է հին հայերէնէն եկող յատուկ անուններու էյ, էն, էթ, էս,
էփ, էճ (Գեէլ, Արսէն, Նազարէթ, Յովհաննէս) վերջաւորու-
թիւններով եւ իէ կապակցութեամբ (Գաբրիէլ, Դանիէլ,
Եզեկիէլ): Կարելի՛ է զանոնք եւս փոխարինել ե-ով, մա-
նաւանդ որ հայերէնի մէջ արդէն գոյացած են անուն-
ներու գրութեան հին ու նոր ձեւեր (Հռովմ` Հռոմ, Քերով-
բէ-Քերոբ, Սերովբէ` Սերոբ, Սիմէոն-Սիմոն): Կը կարծեմ,
որ կարելի է: Աթէնք անեզական անունէն ունինք աթենա-
ցի՝ ե-ով. միւս կողմէ Արմէն անձնանունը Արմենակ
անունէն յետին անջատում է: Անկէ կազմուած Արմէնիա
եւ Արմէնուհի անունները ոմանք Աթէնք-աթենացի ձեւին
համաբանութեամբ կը գրեն Արմենիա, Արմենուհի, ինչ-
պէս` Արմենակ-ը: Սա տառափոխութիւնը իրօք գլխացա-
ւանք է: Էչի հնչիւնափոխութեան չենթարկուող անուննե-
րը եւս ե գրելով է-ի գրութեան բոլոր պարագաները կը
մտնեն կանոնակարգի մէջ:
Անձի ու տեղի որոշ անուններու եւ մականուններու
գրութեան կանոնակարգման յաջորդ խոչընդոտը աւան-
44
դութիւնն է. մարդիկ կառչած կը մնան անոնց գրութեան
նախկին նուիրականացած ձեւերուն (Քէսապ, Հալէպ,
Պէրպէրեան, Մելգոնեան, փոխան` Քեսապ, Հալեպ, Պեր-
պերեան, Մելքոնեան կանոնաւոր ձեւերուն):
21.- Է եւ ե գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԳԷՏ (՞հաշուագէտ. գիտուն ԳԵՏ (՞գետակ, գետահուն)
ԳԷՐ (գիրուկ) ԳԵՐ(ադաս), ԳԵՐ(մարդ)
ԳՆԷԼ (յատուկ անձնանուն) ԳՆԵԼ (դրամով առնել. » գնում)
ՔՆՆԵԼ (զննել. » քննիչ)
ԴԷՄ (շդիմաց, դիմանալ) ԹԵՄ/(շրջան.»թեմական)
ՀԷԳ (խեղձ) ՀԵԳել (վանկարկել)
ՀԵԳնել (ծաղրել. հեգնական)
ՄԵԷԶ (շմիզել, միզապարկ) ՄԵԶ (մենք դերանունին հայց-ը)
ՄԷԳ (մշուշ.միգամած) ՄԵՔ (մենք՝ գրաբարը)
ՄԷԿ (առաջին թիւը. մէկական)
ՊԷՏ(ք) (պիտանի, պիտոյք ՊԵՏ (գլխաւոր. » պետական,
սպարապետ, խմբապետ)
ՍԷՐ (- սիրել, սիրուհի) ՍԵՌ (տեսակ. սեռական)
ՍԵՐ (» սերունդ)
ՏԷՐ (» տիրել, տիրութիւն) ՏԵՌ (լաթի կտոր)
ՎԷՐ(ջ) (-վիրաւոր, կարեվէր) ՎԵՐ (հականիշը՝ վար. » վերեւ)
22.- Ը հնչիւնը եւ անոր գրութիւնը
Ը ձայնաւոր հնչիւնը հին հայերէնի մէջ արտայայտուած է
միայն ր գիրով: Նոյնն է նաեւ նոր հայերէնի մէջ:
Ը ձայնաւորը վանկարար է ու կը հանդիպի բառի բոլոր
դիրքերուն մէջ, բայց կայ գրուող ը եւ չգրուող ը. վերջինը կ'ար-
տասանուի, բայց չի գրուիր: Նոյնն է գրաբարի եւ արեւելահա-
յերէնի մէջ: Նկատելի է, որ բառասկզբին չգրուող ը-ը աւելի թոյլ
կ'արտասանուի արեւելահայերէնի մէջ՝ (ը)ստա-նալ- ստանալ,
(ը)շտապել շտապել, իսկ շարք մը բառերու մէջ անոր արտա-
բերութեան տեղը տարբեր է բռնկիլ-բռնոկ-ուել, բզոկտել-
բզկտել եւ այլն:
45
Լսուող, բայց չգրուռղ այս ձայնաւորը կը կոչուի գաղտ-
նավանկ ը կամ սուղ ը:
Ը ձայնաւորը հայերէնի ամէնէն թոյլ ձայնաւորն է եւ այդ
պատճառով ալ շեշտ չի ստանար: Բառաշեշտը միշտ կ՛իյնայ
նախորդող ձայնաւորին վրայ, ինչպէս յօդառութեան պարա-
գային գի րքը, գի րքս, գի րքդ, գիրքե րս, գիրքե րդ, այդպէս ալ
բառերու ուղիղ ձեւին մէջ Աղեքսա նդր, կարծր, սա նտր,
թա նձր, վա գր, ա ստղ, կայսր, դո ւստը եւ այլն:
Ը ձայնաւորը տոկուն է ձայնարկութիւններու եւ օտար
բառերու մէջ, ուր կը ստանայ շեշտ ու երկար, ինչպէս` փր ստ,
փը թ, մը րթ, ճը՛ռռ, սր սս, քը՛շշ եւ այլն:
23.- Ը հնչիւնը բառին սկիզբը
ա.- Չի գրուիր բառին սկիզբը՝ ստորեւ դրուած բաղաձայն-
ներու կապակցութիւններէն առաջ.
- (զդ), ստ, սթ» ստոյգ, ստրուկ. սթափիլ, սթափ.
- զգ, սկ, սք» զգալ, զգոյշ, զգեստ, զգօն. սկսիլ, սկիզբ, սքան-
չելի, սքօղել.
- զբ, սպ, սփ» զբաղիլ, զբօսանք. սպասել, սպանդ, սպի,
սպունգ. սփոփել.
- սֆ» Սֆէյր, Սֆահանի, սֆինքս.
- շտ» շտապել, շտապ, շտեմարան.
- զմ» զմայլիլ, զմելի:
Վերի օրինաչափութեամբ գրել չՄպանիա, Սթանպուլ,
Սկովտիա: Մերժել Իսպանիա, Իսթանպուլ ձեւերը:
Քանի մը բառեր ը-ը կ'արտասանեն բառին մէջ, ինչպէս`
սկիհ, զճմռսել, սքեմ:
Վերի բառերը բարդութեան մէջ բաղաձայնէ մը ետք գալու
պարագային գաղտնավանկ ը-ը կը հնչուի, ինչպէս` վմերոստա-
նալ, վեր"ստուգել, գերճզգայուն, անճսկիզբ, հապշտապ եւ այլն,
իսկ ձայնաւորէ մը ետք գալով չի հնչուիր, ինչպէս` բազմազբաղ,
հիասքանչ, դարասկիզբ եւ այլն:
46
Ը-ը կը գրուի բառասկիզբի միւս բոլոր պարագաներուն,
գլխաւորաբար մ եւ ն բաղաձայններէն առաջ, ինչպէս` ըմբիշ,
ըմբոշխնել, ըմբոստ, ըմբռնել, ըմպել, ընել, ընթացք, ընթերցել,
ընթրել, ընծայ, ընկալել, ընկեր, ընկեցիկ, ընկլուզիլ, ընկղմիլ,
ընկոյզ, ընձուղտ, ընտանի, ընտիր եւ այլն: Միւս բաղաձայն-
ներէն առաջ ունինք րլլալ, ըղձալ, ըսել եւ այլն: Ասոնք բար-
դութեան մէջ մտնելով ը-ը կը պահեն. դասընթացք, նախրե-
թրիք. նախրետրութիւե, վերընծայել, դասընկեր, հնդրեկոյզ/
հնդկըեկոյզ, վերընտրել, հատընտիր, նորընտիր եւ այլն:
Ը ունինք միավանկ երկու նախդիրներու սկիզբը` ընդ եւ
ըստ: Ասոնք գրաբարի մէջ գոյականին հետ կապական դար-
ձուածքներ կը կազմէին, իսկ արդի հայերէնի մէջ մեծ մասով
կցուելով գոյականին ածանցի դեր կը կատարեն: Ընդ-ով ու-
նինք ընդառաջ, ընդառաջել, ընդարձակ, ընդարձակել, ըն-
դարմանալ, ընդգծել, ընդգրկել, ընդդէմ, ընդդիմանալ, ընդդի-
մաբանել, ընդդիմադիր, ընդդիմախօս, ընդդիմակից, ընդելու-
զել, ընդերկար, ընդերկրեայ, ընդերք, ընդլայնել, ընդծովեայ,
ընդհակառակն, ընդհանուր, ընդմիջել, ընդյատակեայ, ընդո-
ծին, ընդոստ, ընդունակ, ընդունիլ, ընդվզիլ, ընդօրինակել,
մէջընդմէջ, անընդհատ, մէկընեդմիշտ, անընդմէջ եւ այլն:
Ըեդ եւ ըստ նախդիրներով գրաբարեան արտայայտու-
թիւններ տակաւին կը գործածուին մեր լեզուին մէջ, ակն ընդ
ական, ատամն ընդ ատաման, ըստ արժանեւոյն, ըստ ամե-
նայնի, ըստ սռվորութեան, ըստ օրէնքի, օրըստօրէ:
Բառասկիզբի ը-ը կրնայ գոյանալ բառասկիզբի ձայնաւոր-
ներու շեշտափոխական հնչիւնափոխութեան հետեւանքով.
իղձ՝ ըղձալ, ըղձալի, ըղձանք, ինձ ընձուղտ, ընձառիւծ, ինչ րե-
չաքաղց, ընչազուրկ, ընչասէր, ումպ ըմպել, ըմպելի, ըմպա-
նակ, ունդ ընդեղէե, ընդաբոյս, ընդաբուտ, ունչ ըեչացք (պեխ):
24.- Ը հնչիւնը բառին մէջ
Չի գրուիր բառամէջի երկու բաղաձայններու միջեւ, ինչ-
պէս` բազմացբնել, թորթոռալ, կռուիլ, կոխկ"ռտել պոռպոռալ,
47
պոտճտիլ, վազփզել, փոնտոռել եւ այլն: Հայերէնի յատուկ են
յաջորդական գաղտնավանկեր ունեցող բառերը. բուռն բ--
ռունցք, բռ"նկիլ, բռոնկցնել:
Բառամէջին լսուող, բայց չգրուող ը հնչիւնը շատ անգամ
այլ ձայնաւորի մը կամ երկհնչիւնի մը սղումէն յառաջացած Է,
ինչպէս սկիզբ սկսիլ, գիր գրատուն. սուգ սգալ, սուր.
տրածայր. պտոյտ պտոտիլ, քոյր. ք'րոջ եւ այլն:
Ո՞ւր կը գրուի բառամէջի ը-ը:
ա.- Բառամէջի ու (վ) բաղաձայնէն ետք ինկած դիրքին.
- Բազմապատկական ուրտ, ուրռտ ածանցներուն մէջ, ինչ-
պէս` պահուրտիլ, կռուրտիլ, գզուրռտիլ, լզուրռտել, հոտուր-
տալ:
Թռվռալ (թրռ-վըռ), պվլալ (սիլ-վըլ) բայերը կրկնաւորներ
են հիմքի մէկ բաղաձայնի փոփոխութեամբ:
- Ուան հոլովումի բացառական հոլովին մէջ. իրիկուն`
իրիկուան-իրիկուրնէ առտու` առտուան-առտուրնէ, այդպէս
նաեւ՝ վաղուրեէ, այսօրուրեէ, երբուրհէ եւ այլն:
- Ուրներ բարբառային յոգնակերտին մէջ, զոր կ'առնեն
կարգ մը բառեր միայն, ինչպէս` աչուրներ, ձեռուրներ, ոտուր-
ներ, ծնկուրներ, մատուրներ:
բ.- Այլ անհրաժեշտ պարագաներու.
- անցնիլ-անցընել. ոմանք ահցնել ներգործական բայը կը
գրեն անցրնել որպէսզի հակադրուի անցնիլ չէզոք բային կան-
ցրեէի-կ անցեէի, կ՛'անցրեեմ-կ անցեիմ. Թէեւ խօսքի շղթային
մէջ բային գաղտնավանկի արտասանութիւնը անհրաժեշտ կը
զգացուի, բայց ը-ին գրութիւնը կը դիւրացնէ ընթերցանութիւ-
նը:
Ընդունիլ ներգործական անցընել բային ը-ով գրութիւնը,
ընդունելով հանդերձ անոր զարտուղի ըլլալը:
- Պտրտի լ, թէ պտտիլ. պէտք է գրել պտտիլ ու մերժել ը-ով
ձեւը, որովհետեւ հայերէնի մէջ բառամէջին հնչիւնափոխութ-
եամբ գոյացած ը-ը երբեք չենք գրեր. գիր գրել, սուր սրել, բոյժ
բժիշկ, բոյն բնաւեր, սոյր սուրալ, բայց` սրարշաւ, այդպէս՝
48
պտտիլ: Ուրեմն պտտիլ, պտտցնել, ինչպէս փթթիլ, պլլուիլ։
բռեկցնել, կրկնուիլ եւ այլն:
- Առնչութի՞ւն, թէ առընչութիւն. ը-ով գրողները նկատի
ունին, որ ինչ բաղադրիչը բառասկզբին օրինաչափօրէն ունի
գրուողը ընչազուրկ, ընչաքաղց, ընչասէր, ընչեղ, ինչպէս իղձ
ըղձալ, ըղձալի, ինձ ընձառիւծ, ընձուղտ կամ ունդ ընդեղէն,
ումպ. ըմպել, ունչ` ընչացք, ուր ը-ի գրութիւնը անհրաժեշտ է
ընթերցանութեան համար: Ը-ը չգրողները կը շարժին այն ընդ-
հանուր տրամաբանութենէն, որ ձայնաւորներու հնչիւնափո-
խութենէն առաջացած ը-ը բառամէջին միշտ անգիր է ու ընթեր-
ցանութեան դժուարութիւն չի ստեղծեր, անոնք իբրեւ ապացոյց
կու տան նաեւ ռչինչ կցական բարդութենէն կազմուած բարդու-
թիւնները, ուր ոչ-ինչ-ը ճիշդ առ-ինչ-ին կազմութիւնը ունի՝ ու
կ՛ըլլայ ոչնչանալ, ոչնչութիւն, ոչնչապաշտ, ոչնչական, ոչնչա-
բան: Նոյնին համաբանութեամբ ալ գրել առնչուիլ, առնչութիւն,
առնչակից, առեչակցիլ:
գ.- Տուեալ, տուչութիւն, տուընջեան կամ ի տուընջեան
(առաւօտեան, ցերեկով) բառերը գրութեան եւ արտասանութ-
եան հակադրութիւն ունենալով հանդերձ կը պահեն գրութեան
աւանդական ձեւը:
25.- Ը հնչիւնը վերջին փակ ու բաց վանկերուն մէջ
Չի գրուիր բառի վերջին փակ դիրքին մէջ, ինչպէս անգղ,
աստղ, բարձր, գողտը, դուստրը, թանձր, վագր, ծանր, կայսր,
կարծը, մանը, մեղը, ուստը, բուռն, դառն, խառն, խուռն, եղեռն:
Այս բառերուն մէջ սուղ ը-ով կազմուած վանկը լիարժէք չի
նկատուիր, կը կոչուի «կէս վանկ», իսկ այդ բառերը՝ «մէկուկէս
վանկանի բառեր»:
Սուղ ը կ'չառաջանայ նաեւ ս եւ դ յօդերէն առաջ, ինչպէս`
գիրքս, գիրքդ, մատիտս, մատիտդ:
Սուղ ը կայ նաեւ ծագումով օտար բառերու վերջավանկին
մէջ, ինչպէս Աղեքսանդը, լիտր, կղմիետը, կուպր, մեթր, օշինդր
եւ այլն:
49
Ը-ը կը գրուի. ՏՐ յ յ յ
- բնաձայններուն մէջ ճր ռ, վը զգ, խը ռռ, քր շշ, քր շտ,
մը ռռ, փը թ, փը րթ, թը րթ, մը րթ, ճը րթ, խը րթ եւ այլն:
- իբրեւ յօդ. ծառ` ծառը, անտառ` անտառը, դասարան
դասարանը:
- սահմանական եղանակի ներկայ եւ անցեալ անկատար
ժամանակներու բայերը կը կազմուին կր (կ' եւ կու) ցուցիչով,
որ բաղաձայնով սկսող բայերէն առաջ առանձին կը գրուի.
կր վազեմ կը վազես, կը վազէ. կր վազենք, կը վազէք, կը
վազեն:
կր վազէի, կր վազէիր, կր վազէր. կր վազէինք, կը վազէիք,
կը վազէին:
Կր մասնիկը ձայնաւորով սկսող բայերէն առաջ կը կոր-
սնցնէ ր հնչիւնը, որուն զեղչումին ի նշան ապաթարց կը դրուի՝
կ:Կ' արտասանուի ու կը գրուի բային հետ. արդուկել կ'արդու-
կեմ, ափսոսալ կ ափսոսամ, ըսել կրսեմ, ըմպել կ ըմպեմ,
իմացնել կ իմացնեմ, իջնել կ իջնեմ, ուշանալ կ՛ուշանամ, ու-
զել` կ՛ուզեմ, օրօրել՝ կ օրօրեմ, օրհնել` կ օրինեմ: Բառասկիզբի
ե եւ ո գիրերը կ' առնելով փակ դիրքին մէջ կը մտնեն ու կը
կորսնցնեն բառասկիզբի իրենց յատուկ արտասանութիւնը՝
վերածուելով պարզ ձայնաւորներու. երթալ կ'երթամ երգել`
կերգեմ, երազել կ'երազեմ. որոշել կ'որոշեմ, որոնել կ՛որոնեմ
եւ այլն: Արեւմտահայերէնի համար խորթ են կր երգեմ, կը որո-
շեմ արտասանութիւնները:
Գաղտնավանկով սկսող բայերու պարագային կր մաս-
նիկը նոյնպէս առանձին կը գրուի, բայց կ՛արտասանուի բային
հետ, ճիշդ ը ունեցող բայերուն պէս: Համեմատե լ.
զբաղիլ կըզբաղիմ 6 -բըսել կրսեմ
սպասել կրսպասեմ -րնել կրնեմ
սթափիլ կըսթափիմ -ընթրել կ ընթրեմ
շտապել կըր շտապեմ -ընկերանալ կ՛րնկերանամ
Մերժելի են կ զբաղիմ, կ սպասեմ եւ նման ձեւերը:
50
Կը մասնիկին փոխարէն կու մասնիկը կ'առնեն միայն երեք
միավանկ բայեր՝ գալ, տալ, լալ կու գամ. կու գաս, կու գայ...
կու գայի, կու գայիր, կու գար եւ այլն: Ոմանք կը կցեն՝ կուգամ.
կուգաս, կուգայ: Երբ կր մասնիկը կը գրենք առանձին` կու
մասնիկին կցուած գրելը անյարիր կը դառնայ: Պէտք Է առան-
ձին գրել:
- Անորոշ լօդերը մր եւ մըն, որոնք առանձին կը գրուին.
աշակերտ մը, նկարիչ մը, ծառ մը. ես աշակերտ մըն եմ. դուն
նկարիչ մըն ես. կաղնին ծառ մրն է:
Մ' յապաւումը մերժուած է նորերուն կողմէ: Ես նկարիչ
մեմ, դուն նկարիչ մես, ան եկարիչ մ'է ձեւերը չեն արտօնուած
գրաւոր հայերէնին մէջ:
- Քանի մը բառերու վերջայանգին խօսակցականին մէջ
ոմանք կը գրեն ը՝ ընդհակառակը, խառը, սառը, դառը, ինչպէս
արեւելահայերէնին մէջ: Մերժել` թելադրելով ընդհակառակն,
խառն, սառն (վերաբերմունքի), դառն: Կան նաեւ այսինքն եւ
ուրեմն բառերու ուրեմս, այսինքը սխալախօսութիւնները:
26.- Ը հնչիւնը թուականներու մէջ
Ը-ը կը գրենք եօթը, ութը, ինը, տասը միաւորներու վերջա-
ւորութեան: Ասոնցմէ եօթը, ինը եւ տասը թուականներու գրա-
բարեան ձեւերն են եօթն, ինն, տասն: Պատմական հնչիւնափո-
խութեան հետեւանքով վերջավանկի ն-ի անկումը համատա-
րած է նախորդող գաղտնավանկին հետ՝ մուկն՝ մուկ, եզն եզ,
լեռն` լեռ. այս թուականներու պարագային վերջայանգ ն-ն կռր-
սուած է, բայց անգիր ը-ը մնացած բառավերջին եւ գրուելու
պարտաւորուած՝ եօթը, ինը, տասը:
Ոմանք կը մերժեն հայերէնի (գրաբարի) այս խորթ ձեւը ու
կը գրեն եօթ, ութ, ինն, տաս, ն-ն միայն ինը թուականին
վերապահելով, թէեւ բոլորն ալ կ՛արտասանեն ը-ով: Ներկայիս
մեծամասնութիւնը կը գրեն ը-ով կամ խառնիխուռն:
Ութ միաւոր թուականը չունէր վերջայանգի ն-ն: Բայց աշ-
խարհաբարի եօթը, ինը, տասը թուականներու շարքին կ'իյնայ
51
համաբանութեան տակ ու կ՛արտասանուի ութը: Հոս եւս տա-
րածուած է ռւթ-ութը գրութեան երկձեւութիւն: Ութր ձեւը ար-
դարացուած պէտք է նկատել, որովհետեւ լեզուական հակա-
ռակ երեւոյթով մըն ալ ան կը հաստատուի, ածանցաւոր կազ-
մութիւններուն մէջ ն-ն հոս ալ հանդէս կու գայ, ինչպէս իհնոց,
իննեակ, իններորդ, այդպէս ալ ութնեակ, ութնոց: Բռնազբօսիկ
ճիգը պիտի չկարենայ պահել ութ ձեւը:
Ընդունիլ եօթը, ութը, ինը, տասը իբրեւ ուղիղ ձեւեր, չմեր-
ժելով նաեւ եօթ, ութ, տաս ձեւերը: Ասոնց տասնաւորները
կ՛ըլլան եօթանասուն, ութսուն, իսկ ինը միաւորին տասնաւորը
ունի կրկնակ ձեւ` իննսուն/ինիսուն:
Մէյ մը որ այս թուականները դարձան ը-ով ձայնաւորա-
յանգ՝ կը ծագի յօդառութեան պարագան, երբ թուականը իբրեւ
փոխանուն գոյականաբար գործածելու ըլլանք: Ը-ը ձայնաւռը է,
հետեւաբար պէտք է ն յօդը առնէ փոխանուանաբար գործած-
ուելու պարագային` եօթրն, ութրըն, ինըն, տասրն, բայց սովո-
րութիւն եղած է գրել եօթն, ութն, ինն, տասն:
Համեմատել.
Տասը մատիտ ունէի, եօթըն տուի քրոջս:
Կը գրեն՝ «Եօթն տուի քրոջս»:
Տասը մատիտ ունէի, տասըն ալ տուի քրոջս:
Կը գրեն՝ «Տասն ալ տուի քրոջս»:
Սակայն սա փոխանուն եօթն, ութն, ինն եւ տասն ձեւերը
նոր շփոթութիւն կ՛'առաջացնեն՝ զանոնք կապելով իրենց գրա-
բարեան նախատիպին հետ: Այդ պատճառով ալ շատեր կը
նախընտրեն այդ թուականներու փոխանուան (գոյականաբար
գործածուած թուականին) փոխարէն գործածել թուական որո-
շիչ-որոշեալ կապակցութիւններ, այսպէս՝
Տասը մատիտ ունէի, եօթն տուի քրոջս:
Տասը մատիտ ունէի, եօթը հատը տուի քրոջս:
Տասը աշակերտէն եօթն բացակայ էր:
Տասը աշակերտէն եօթը հոգին բացակայ էր:
52
Փոխանուն թուականները կը հոլովուին ի հոլովումով՝
եօթի, եօթէ, եօթով, տասի, տասէ, տասով, ութի, ութէ, ութով,
միայն ինը թուականը կը վերականգնէ ն-ն՝ իննի, ինեէ, իննով:
Կցական բարդութեան թուականներուն վերջաւորութեան
ը-ը կը մնայ, ինչպէս` տասնեօթը, տասնութը, տասնինը, քսան-
եօթը, քսանութը, քսանինը, այսպէս՝ մինչեւ ինիսունեօթը, ինի-
սունութը, ինիսունիեր:
Այս տասնաւոր-միաւոր թուականներուն մէջ տասը թուա-
կանի ն-ն կը վերականգնի` տասնմէկ, տասներկու տասներեք
տասնչորս տասեհիեզ, տասնեօթը, տասնութը, տասնինը:
Տասն բաղադրիչէն ետք բոլոր միաւորներէն առաջ կը լսուի ը:
Ոմանք կը գրեն տասերմէկ, տասերերկու, տասերերեք, տասեր-
չորս եւ այլն: Նախընտրելի է ը-ը չգրել, այսպէս` տասնմէկ,
տասներկու, տասներեք, տասնչորս եւ այլն:
27.- Ը հնչիւնը օտար բառերու մէջ
Ը հնչիւնի գրութեան նոյն օրէնքները կը գործեն հին փոխա-
ռութիւններուն մէջ: Բառին սկիզբը, ինչպէս տեսանք, չի գրուիր
Սկովտիա, Սպանիա, Սպահան, սպունգ, սֆինքս եւ այլն: Չի
գրուիր նաեւ երկու բաղաձայններու միջեւ ինկած դիրքին մէջ,
ինչպէս կրամ, կլիմա, դրամ, տրամա, կլայ, քրոմ, քրոնիկ,
րաո Աղեքսանդր, լիտր, կղմինտը, կուպր, մեթր, օշինդրը եւ
այլն:
Նոր փոխառութիւններու մէջ, հակառակ վերի օրինաչա-
փութեան, կը գրուի հետեւեալ պարագաներուն.
- երբ բաղաձայններու կուտակում կայ եւ ըստ իմաստի՝
ուղղախօսութեան համար ը-ը գրելը անհրաժեշտ կը նկատուի,
օրինակ` Գյը ճեան, թէ Գլճնան, Ճղը լեան, թէ Ճղլեան, Գրը զ-
եան, թէ Գրգեան. Ասոնք իմաստային տարբերութիւններ ի յայտ
կը բերեն:
- օտար բառերու վերջին վանկին մէջ, ուր կը թուի, թէ
աւելորդ է եւ ընթերցանութեան դժուարութիւն չի յարուցեր,
ինչպէս` Սարթր եւ Փարքր (հմմտ. գամփռ), Պոսթն եւ Ճոնսն
53
(եմմտ. Վահագն), բայց բառի աճման պարագային հայերէն բա-
ռերու (նաեւ հին փոխառութիւններու) գաղտնավանկը կ՛անհե-
տի. գամփ(ր)ռ՝ գամփռի, Վահագլ(ր)ն` Վահագնի, մեթ(ր)ր` մեթ-
րի, թանձ(ր)ը՝ թանձրութիւե, բարձր` բարձրութիւն, սակայն նոր
փոխառութիւններու մէջ ը-ը լիարժէք վանկարար կը դառնայ.
Սարթըր` Սարթրըրի, Պոսթըն` Պոսթընի, Ճոնսըն` Ճոնսրնի, եւ
այդ պատճառով ալ պայման է, որ ուղիղ ձեւին մէջ ը գրուի՝
Սարթըը, Փարքըը, Պոսթըն, Ճոնսըն եւ այլն:
Օտար անձնանուններու եւ տեղանուններու ո-ո՞վ, օ-ո՞վ թէ
ը-ով տառադարձումը բազմաձեւութիւն կը ստեղծէ նոր լեզուին
մէջ` Պոսթոն-Պոսթօն-Պոսթըն, Լոս Անճելոս-Լոս Անճելօս-Լոս
Անճելըս: Հնագոյնները կը պահենք ո-ով` Կիպրոս, Եգիպտոս,
Լոնտոն: Օ-ն չգործածելու արդի միտումը նուազեցուցած է
անոր ներկայութիւնը, բայց ը-ը եւ ո-ն կը գործեն: Բառին ար-
տասանութիւնը ելակէտային համարելով՝ մեր մէջ աւելի տա-
րածուն է ը-ը:
- Միավանկ մականուններու մէջ ը-ը չի գրուիր` Լնդեան,
Մխչեան: Մերժելի է երկու յաջորդական գաղտնավանկերը ը-
ով գրելը, որպէսզի տարբերութիւն չգոյանայ հայերէն բառերու
դիմաց. գրել Քրմզեան, Թրթռեան, Տլտլեան, Ճիշդ ինչպէս կը
գրենք սկզբնական, քրքրել, մկրտիչ Մակայն աւելի գաղտ-
նավանկ ունենալու պարագային ընթերցանութիւնը դիւրա-
ցնելու համար թելադրելի է գրել վերջին երկուքը. Շխրտմեան`
Շխրրտրմեան, Գրշքեան` Գրըշրքեան եւ այլն:
28.- Ի հնչիւնը եւ անոր գրութիւնը
Ի ձանաւոր հնչիւնը հին հայերէնի մէջ արտայայտուած է
միայն ի գիրով: Նոյնն է նաեւ նոր հայերէնի մէջ:
Ի գիրը նոր հայերէնի մէջ այլ ձայնաւորէ առաջ կրնայ
պահել իր ինքնուրոյնութիւնը գինի-գինիի, գինիէ, գինիով,
սակայն գլխաւորաբար օտար ծագումով բառերու պարագային
ունի կիսաձայնի արժէք՝ Բենիամին, Կիլիկիա, Ղանիէլ:
54
Իւ կապակցութիւնը կ'՛արտայայտէ հնչիւնական երեք ար-
ժէք՝ ձճայնաւորչբաղաձայն կապակցութիւն (թիւ, հիւանդ), երկ-
հնչիւն (ռւթիւն ածանցին մէջ), ձայնաւոր (սիւն, արիւն):
29.- Ի ձայնաւորին դիրքերը
ա.- Ի ձայնաւորը հայերէնի մէջ կը լսուի բառի բոլոր դիր-
քերուն մէջ, կը գրուի ի-ով եւ ուղղագրական դժուարութիւն չի
պատճառեր, ինչպէս իղձ, իրիկուն, իմանալ, իժ. միս, կիրթ,
սրբիչ, անկողին, գեղանի, գինի, ձի, թի եւ այլն:
Ի գիրը այլ ձայնաւոր գիրի մը կը միանայ ուղղակի, առանց
կիսաձայն յ-ի գրութեան. գինի գինիի, գինիէն, գինիով. ձիուկ,
միակ, միութիւն:
բ.- Իա, իայ, իո, իոյ եւ իջ կապակցութիւններուն մէջ ի-ն
հանդէս կու գայ կիսաձայնի արժէքով: Այսօր ոչ ոք կ՛արտա-
սանէ Մարի-ամ, Բենի-ամին, Իտալի-ա, կրի-այ, Իտալի-ոյ, Օն-
թարի-օ, այլ Մար-իամ, Բեն-իամին, Իտալ-իա, Կր-իայ, Իտալ-
իոյ, Օեթար-իօ, որոնց մէջ ի-ն հանդէս կու գայ բառամէեջի յ-ի
(կայան) կամ կիսաձայն ե-ի (եար, Եռհան) հնչիւնով:
30.- Ի ձայնաւորին հնչիւնափոխութիւնները
Ածանցումի եւ բարդումի ատեն շեշտակիր դիրքի ի-ն հե-
տեւեալ փոփոխութիւնները կը կրէ.
ա.- Բազմավանկ բառերու փակ դիրքին մէջ կը կորսուի
կամ կը վերածուի անգիր ը-ի. գրիչ` գրչաման, մահիճ` մահ-
Ճճակալ, ամուսին ամուսնական, անկողին անկողնոց, դեղին
դեղնուց, ծաղիկ ծաղկաման, տիկին տիկնայք, ուսուցիչ ու-
սուցչութիւե, կարմիր կարմրիլ, իսկ միավանկ բառերու պա-
րագային կը վերածուի չգրուող ը-ի. դիրք դրութիւն, միս մսե-
դէն, քիթ քթածակ, զիր գրել, բիրտ բրտութիւե, միրգ մրգաս-
տան, խիղճ խղճահարութիւն եւ այլն:
բ.- Բառասկիզբին կարգ մը բառերու մէջ կը վերածուի ը-ի.
ինչ ընչազուրկ, ընչասէր, ընչաքաղց, իղձ ըղձալ, ըղձալի, ինձ
ընձառիւծ, ընձուղտ եւ այլն: Կարգ մը բառերու մէջ ալ կը մնայ
59
նոյնը. իր իրեղէն, ինք ինքնակալ, ինքնութիւն, իսկ իսկապես,
իսկական, իսկութիւն եւ այլն:
Գ- Միավանկ բառերու բաց դիրքին մէջ անփոփոխ կը մնայ.
թի թիակ, թիավարել, դի դիակ, դիահերձում, լի լիութիւե,
լիիրաւ, լիաթոք, մի միակ, միայն, միասին, ձի ձիաւոր, ձիար-
շաւ, ձիաբոյծ եւ այլն:
Մի բառէն ունինք միակ, միայն, միութիւն, միանալ, միա-
տեղ, միասեռ, բայց երբ երկրորդ բաղադրիչը բաղաձայնով կը
սկսի՝ կ՛ըլլայ մե- ինչպէս` մեկուսի (մի-կոյս-ի), մեկուսանալ,
մեկին (պարզ, յստակ, կին ածանցով), հին բառեր են մեկող-
մանի, մետասան, մետասաներորդ: Բարբառային կազմութիւն-
ներ են մէն մի, մէկ, մէլ մը եւ դէս ու դէե (տե ս էջ 42):
դ.- Բազմավանկ բառերու բաց դիրքին մէջ ունի քանի մը
տեսակ փոփոխութիւններ.
- Ա յօդակապին կամ յաջորդ բաղադրիչի սկիզբի ա-ին
միանալով կը դառնայ ե. գարեջուր (գարի-ա-ջուր), գինեմոլ
(գինի-ա-մոլ), գօտեպինդ (գօտի-պինդ), մատնեմատ (մատնի-
ա-մատ), ռսկեգոյն (ոսկի-ա-գոյն), տարեկան (տարի-ական)
հոգեկան (հոգի-ական) եւ այլն:
- Ակ փաղաքշական մասնիկը ի-ին միանալով կը կազմուի
եա երկբարբառը. որդի որդեակ, հոգի` հոգեակ, պատանի պա-
տանեակ եւ այլն:
- Ութիւն ածանցէն առաջ կ'իյնայ. վայրենի` վայրենութիւե,
ընտանի ` ընտանութիւն, բարի ` բարութիւն, խելացի` խելացու-
թիւն, կատաղի` կատաղութիւն, անօթի` անօթութիւն եւ այլն:
Նոր կազմութիւններու մէջ անփոփոխ կը մնայ. կծծի` կծծիու-
թիւն, փեթի՝ փնթիութիւե, լկտի լկտիութիւե: Գինարբուք բառին
մէջ կայ բառավերջի իի ամբողջական սղում: Եթէ երկրորդ
բաղադրիչը ե-ով սկսի բառավերջի ի-ն կ՛իյնայ, ինչպէս ոգի-
եղէն ոգեղէն, մոլի-եռանդ մոլեռանդ:
56
31.- Ի հնչիւնը հոլովական համակարգին մէջ
Ի ձայնաւորը նաեւ հոլովական մասնիկ է: Ի հոլովումին
կ'ենթարկուի գոյականներու մեծամասնութիւնը, այդ պատ-
ճառով ալ ան կը կոչուի ընդհանրական կամ հասարակ հո-
լովում. մատ` մատի, սեղան` սեղանի, Արա` Արայի, Ֆրանսա`
Ֆրանսայի, սատանայ` սատանայի, բազէ բազէի, մատանի`
մատանիի, կատու կատուի, առու` առուի, Ղրօ` Դրոյի, հաւա-
քածոյ՝ հաւաքածոյի եւ այլն:
Արեւմտահայերէնի ուղղախօսական յատուկ պարագայ
մըն է ոււով վերջացող բառերու հոլովական ձեւերու արտա-
սանութիւնը: Հոն ձայնաւորէ առաջ ինկած դիրքերուն մէջ ու-ն
«ֆ» չարտասանուիր ինչպէս բառակազմական պարագանե-
րուն մէջ առուակ (առվակ), մեղուաբոյն (մեղվաբոյն), թթու
թթուաշ, լեզու` լեզուակ, լեզուանի, կծու կծուիլ, այլ կը մնայ
ձայնաւորի արտասանութեամբ` մեղուի, մեղուէն, մեղուով,
առուի, առուէն, առուով: Շատ քիչ կը լսենք «հեռվէ հեռու», այլ`
«հեռուէն հեռու»:
Ի-ով վերջացող կարգ մը գոյականներ երկրորդաբար
կ՛'ենթարկուին նաեւ ոյ հոլովումին: Այդ պարագային ի-ն ւ կը
դառնայ եկեղեցի-եկեղեցիի-եկեղեցտյ, հոգի հոգիի-հոգւոյ,
մատանի ` մատանիի-մատահւոլ (մատանիին): Թեքէեան ունի
նաեւ «հաց ու գինւով կենսառողջ»: Յօդառութեան պարագային
հոլովական վերջաւորութեան արտասանութիւնը կը փոխուի:
եկեղեցի` եկեղեցւոլ-եկեղեցւոյս, հոգի` հոզւոյ-հոգւոյն:
Հոլովումի մէջ ի-ն փակ դիրքի մէջ չի հնչիւնափոխուիր.
գիրք գիրքի, գիրքէ, գիրքով, լիճ լիճի, լիճ լիճով, մատիտ
մատիտի, մատիտէ, մատիտով. կաւիճմ կաւիճի, կաւիճէ,
կաւիձով... Սակայն այս անցումը արեւմտահայերէնի մէջ տա-
կաւին չէ ամբողջացած. ոմանք կը գործածեն հին ձեւը. գիր գրի,
փոխանակ գիրի, ուսուցիչ` ուսուցչի, փոխանակ ՝ ուսուցիչի:
Թելադրելի է գործածել անփոփոխ ձեւը, երբ մանաւանդ ի
հնչիւնի սղումը բոլորովին խորթ կրնայ հնչել բացառական եւ
57
գործիական հոլովներուն մէջ: Տիրական ձեւեր են գիրէն, գիրով,
ուսուցիչէե, ուսուցիչով, ուրեմն՝ գիրի, ուսուցիչի:
Այսուհանդերձ ի-ի անկում կ՛ունենան շարք մը բառեր մի-
այն. երկիր երկրի, երկրէ երկրով երկինք երկնի (սովորա-
կան երկինքի), լուսին լուսնի, մարմին մարմեի/մարմինի,
պատիւ պատուի/ատիւի, հաշիւ` հաշուի/հաշիւի եւ այլն:
Ասիկա մասնակի երեւոյթ է ու կարելի չէ ընդհանրացնել: Ին
վերջայանգով քանի մը բառերու ոյ գրաբարաձեւ հոլովման
պարագային ի-ն կը սղի, ինչպէս` ամուսին ամուսնոյն, ան-
կողին անկողնոյն, մարմին` մարմնոյն, իսկ իւ վերջայանգով
բառերու պարագային իւ-ը կը դառնայ ու բաղաձայն. պատիւ`
պատիւի-պատուի-պատուոյ, հաշիւ` հաշիւի-հաշուի-հաշուոլն,
թիւ թիւի-թուին, հովիւ՝ հովիւի-հովուի (տե՛ս էջ 63):
Ներ մասնիկով յոգնակի բառերուն մէջ ի-ի սղում չի նկատ-
ուիր. մատիտ` մատիտներ, ուսուցիչ` ուսուցիչներ, երկիր` եր-
կիրներ, երկինք՝ երկինքներ, անմիտ, անմիտներ, նամակագիր`
նամակագիրներ. Եր մասնիկով յոգնակի շարք մը բառեր կը շա-
րունակեն գործածուիլ ի հնչիւնի անկումով. գիր գրեր, գիրք`
գրքեր, սիրտ սրտեր, բայց ամէն պարագայի նախընտրելի է
անփոփոխ պահելը, ինչպէս գիրեր, գիրքեր, սիրտեր, միրգեր,
լինտեր: Նոյնն է պարագան այն բարդ բառերուն, որոնց երկ-
րորդ բաղադրիչը միավանկ բառ մըն է, ինչպէս պատմագիրեր
(պատմական գիրեր), պատմագիրներ (պատմութիւն գրողներ):
32.- Ի նախդիրը
Ի ձայնաւորը հին հայերէնի մէջ նախդիր էր, ինչպէս «ի
տուէ եւ ի գիշերի, ի ննջել եւ ի յառնել»: Ի նախդիրը ձայնաւորէ
առաջ կը դառնար |՝` յանուն հօր, յառաջ, յամենայն եւ այլն:
Ասոնցմէ ոմանք նոր հայերէնի մէջ քարացած ձեւեր են, ինչպէս`
ի վեր, ի վար, ի գին, ի խնդիր, ի նպաստ, ի ծնէ, ի սկզբանԼ, ի
հեճուկս, յանուն, լառաջ, յաւարտ եւ այլն:
Ոմանք առաջին վերի երկու յարադրութիւնները կը գրեն
միասին իվեր, իվար, ինչպէս րեդ նախդիրի պարագային կ՛ը-
58
նենք՝ ընդմիշտ, ընդերկար, իսկ միւսերը տակաւին կը պահեն
իրենց անկախութիւնը ի խնդիր, ի նպաստ:
Ի նախդիրը կայ նաեւ կցական բարդութիններու մէջ, ինչ-
պէս՝ զառիթափ, զառիվար, զառիվեր, խառնիխուռն, հեւիհեւ:
Շարք մը ի նախդրաւոր ասոյթներ սխալ կը գործածուին
բանաւոր թէ գրաւոր խօսքի մէջ: Ոմանք կը մէջբերենք սխալ
ձեւը փակագիծի մէջ առնելով.
Այսուհետեւ (յետայսու): Կարելի է ըսել յետ այսր կամ յետ
այսորիկ
Ափ ի բերան մնալ (ափը բերանը մնալ)
Ի զարմանս (ի զարմանք)
Ի զուր (ի զուր տեղ)
Ի ժամու եւ տարաժամու (ի ժամուն եւ տարաժամուն)
Ի կատար ածել (կատար ածել)
Ի հաշիւ, հաշուոյն (ի հաշուոյն, ի հաշւոյն)
Ի հետեւանս (ի հետեւանք)
Ի յայտ գալ (յայտ գալ, յայտնի գալ)
Ի պահանջել հարկին (ի պահանջեալ հարկին)
Ի պէտս եւ յանպէտս (ի պէտքս եւ անպէտքս)
Ի սպաս դնել (սպաս դնել)
Ի ցոյց մարդկան (ցոյց մարդկան, ցոյց մարդոց)
Մասին (ի մասին)
Յականէ-յանուանէ (ականէ-անուանէ)
Յանձին՝ տեօրէեին (յանձինս տնօրէնին)
Յանձիես տեօրէններուն (յանձին տնօրէններուն)
Յաւուր պատշաձի (աւուր պատշաճի)
Յոտեկայս (ոտնկայս)
Յուրախութիւն (ի ուրախութիւն, ուրախութիւն)
Յօգուտ (ի օգուտ)
Շնորհիւ (ի շնորհիւ)
Ումպէտս (յումպէտս)
Յետ կապը կը պահանջէ տրական հոլովով խնդիր` յետ
պատերազմի, լետ մահու, լետ միամեայ տառապանքի, լետ եր-
59
կարատեւ բանակութեանց, բայց կապակցութիւնը որոշիչի դե-
րով գործածելու պարագային կը կցուի խնդիրին յետեղեռնի
մեր սերունդը, լետեղեռնեան հայ գրականութիւեր, լետպատե-
րազմեան իրադրութիւեր. այստեղ արդէն հանդէս կու գայ իբրեւ
նախածանց. յետ գրութիւն` յետգրութիւն, լետադաս, լետագայ,
յետամնաց եւ այլն:
33.- Իւ կապակցութեան երեք արժէքները
Իւ կապակցութիւնը ունի երեք արժէք` ձայնաւոր-բաղա-
ձայն կապակցութիւն, երկհնչիւն եւ ձայնաւոր ՝ թիւ - քաջու-
թիւն - սիւն: Ասոնք կը զանազանուին իրենց դիրքերով:
ա.- Իբրեւ ձայնաւոր-բաղաձայն կապակցութիւն` կու գայ
բառավերջին եւ ձայնաւորէ առաջ` թիւ, անիւ, հովիւ, հիւանդ,
դիւան, տիւան:
բ.- Իբրեւ երկհնչիւն` անոր ամէնէն զօրաւոր դիրքը ութիւն
ածանցն է (քաջութիւն «քաջութեուն», նոր ուղղագրութեամբ
քաջություն): Նոյնը կայ բառասկիզբին, մանաւանդ իւղ բառին
մէջ` «եուղ», իսկ միւս բառերուն սկիզբը կայ արտասանական
երկձեւութիւն՝ երկհնչիւն եւ ձայնաւոր. իւրացում` «հուրացում-
հուրացուտ, իւրաքանչիւր՝ «եուրաքանչիւր«ուրաքանչիւլր»,
իւրեանց` «եուրեանց-ուրեանց»): Նշենք, որ ի գիրը ձայնաւորէ
մը առաջ ինկած իր դիրքին մէջ կիսաձայն է: Մարիամ, Բենիա-
մին, Անտիոք, Իտալիա-Իտալիոյ եւ նման դիրքերուն մէջ կ'ար-
տասանուի սոսկ իբրեւ կիսաձայն (եա, եռ` «յա», «յո»), այսինքն`
այդ դիրքերուն մէջ ի-ն կորսնցուցած է իր ինքնուրոյն ձայնա-
ւռորի արժէքը: Նոյնը եղած է իւ կապակցութեան պարագային՝
բառասկիզբին եւ ութիւն ածանցին մէջ, ուր կիսաձայնի եւ ու
ձանաւորի միացութիւն է:
գ.- Իբրեւ ձայնաւոր կայ բաղաձայնէ մը առաջ ինկած իր
դիրքին մէջ (բացի ռւթիւե ածանցի մէջի դիրքէն եւ մասամբ
բառասկիզբէն), ինչպէս` այիւը, առիւծ, անկիւն, արիւե, բիւր,
գիւղ, դիւր, դիւրին, թիւր, խիւս, ծիւրիլ, կնիւե, կորիւե, հիւր,
հիւս, հիւսիս, հերիւն, ձիւն, ճիւղ, միւս, նիւս, սիւե, սկիւռ, իւն
60
ածանցին մէջ` մյաւիւն, սօսափիւե, կարկաչիւե, հնչիւն, գոչիւե,
այբուբենի երեք տառերու անուններուն մէջ լիւն, տիւն, վիւե,
փիւր: Այս ձայնաւորը սովորական ու-էն կը տարբերի իր
քմայնութեամբ եւ իմաստազատիչ դեր ունի անոր հակադրութ-
եամբ` հուր-հիւր, թուր-թիւր, դուր-դիւր, հնչուն-հնչիւն, սօսա-
փուն-սօսափիւե, կարկաչուն-կարկաչիւն, խոխոջուն-խոխո-
ջիւն եւ այլն:
Խօսակցական լեզուին մէջ կարգ մը բառերու մէջ այս
ձայնաւոր իւ-ն ունի արտասանական այլ երանգներ: Այսպէս՝
կայ «ու» արտաբերումը. սիւն` «սույն», ձիւն` «ձույն», միւս՝
«մույս»: Վը պատահի նաեւ «առեուծ», «ալեուր» (նոր ուղղ.` առ-
յուծ, ալյուր): Այս զարտուղութիւնը այս բառերէն դուրս չ'ել-լեր,
հետեւաբար չունի տեսակարար արժէք: «Իւ» ձայնաւորը եւ «ույ»
երկենչիւնը կը հակադրուին իրարու իրենց իմաստազատիչ
դերերով` սիւն-սոյն, բիւր-բոյր, թիւր-թոյր, հիւս-յոյս:
Արեւմտահայ գրական լեզուին մէջ իւ ձայնաւորին գոյու-
թիւնը ու ընկալումը աներկբայ են, անշփոթելի: Իւ ձանաւորը
յստակ կերպով կը հակադրուի իւ երկհնչիւնին. համեմատել
քաջութիւն «քաջութ-եուն» (նոր ուղղ.` քաջութ-յուն) եւ ալիւր:
Համեմատել իւրաքանչիւր բառի երկու իւ-երը` «եուրաքան-
չուր»: Իւ-ի երկհնչիւն եւ ձայնաւոր արժէքները կրնան միայն
նոյն հնչոյթին դիրքային տարբերակները նկատուիլ, որովհե-
տեւ անոնք իմաստազատիչ հակադրութիւններ կազմող եզրեր
չունին ու չեն հանդիպիր իրարու: Կարգ մը քերականներ կը
մերժեն անոր գոյութիւնը, իսկ ոմանք ալ կ'ընդունին զայն՝
տարբերակելով իւ երկհնչիւնէն:
Ու եւ իւ ձայնաւորները արեւմտահայ քերականներու կող-
մէ կը կոչուին ձոյլ ձայնաւորներ, որովհետեւ անոնց կազմութ-
եան մասնակից ո եւ ի ձայնաւորները ւ-ին հետ, բառի որոշ դիր-
քերուն մէջ, կ՛արտաբերեն իրենցմէ անկախ ձայնաւոր պարզ
հնչիւններ:
Միւռոն բառը ունի մեռոն եւ միռոն տարբերակները: Տա-
րածուած է առաջինը: Բաղադրութիւններուն մէջ այդ տարբե-
61
րակը պահպանել` միւռոնակիր, միւռոնել, միւռոնաբոյր, միւ-
ռոնօրհնէք:
Ա յօդակապի ներկայութեամբ պայմանաւորուած է ձիթա-
իւղ (ձէթ-ա-իւղ) բարդութեան մէջ իւ-ին երկհնչիւնային արտա-
սանութիւնը:
Իւ երկբարբառն ու ձայնաւորը նոր ուղղագրութեամբ ար-
ձանագրելու ատեն կայ մէկ միջոց` յուղ, սյուն, արյուն, ինչ որ
կ'աղաւաղէ ձայնաւորին արտաբերութիւնը. ընթերցողը բնա-
կանաբար կը կարդայ գրուածքին թելադրութիւնը՝ ար-յուն, առ-
յուծ, կն-յուն, հոր-յուն, կոր-յուն, մինչդեռ իւ-ի գրութեան պա-
րագային նման շփոթ չի կրնար պատահիլ:
34.- Իւ կապակցութեան հնչիւնափոխութեան պարագաները
ա.- Իւ-ը, իբրեւ ձայնաւոր եւ երկհնչիւն, տոկուն է եւ բացի
քանի մը մասնակի պարագաներէ` հնչիւնափոխութեան չ'են-
թարկուիր. իւր` իւրացում, իւղ` Իւղաբեր, իւղոտել, ձիւն` ձիւ-
նամրրիկ, ձիւնհածածկ (բայց` ձնծաղիկ), սիւե` սիւնազարղդ,
բիւր` բիւրապատիկ, թիւր` թիւրիմացութիւն, դիւր դիւրին,
հիւր` հիւրանոց, հարիւր` հարիւրամեայ, արիւն` արիւնեաթա-
թախ (Չարենցը ունի` արնանման) եւ այլն: Իւ-ե փոփոխութիւն
ունինք եղջիւր եղջերաւոր, եղջերափող բառերուն մէջ:
Մփիւռ(ք) եւ մրջիւն բառերու պարագային կ՛իյնայ՝ սփռել,
սփռոց, մրջիւն՝ մրջնիկ, մրջնանոց: Ճիւղ բառէն ունինք ճիւ-
ղաւորիլ, ճիւղագրութիւե, ձճիւղաւորում, բայց` ճղակոտոր, երկ-
ձղիլ, երկձճղի (երկճիւղ):
Իւն ածանցով կազմուած բնաձայնական գոյականները
ածականի կը վերածուին ուն եւ ան ածանցներով, ինչպէս`
հնչիւն - հնչուն, զեգիւն - զեզուն, զռեգիւն - զռեգուն, շառաչիւն -
շառաչուն, սօսափիւն - սօսափուն, մլաւիւն - մլաւան, հաջիւն -
հաջան, կչկչիւն - կչկչան եւ այլն: Ասոնք բառակազմական երե-
ւոյթներ են:
Ութիւն ածանցով բառերու (քաջութիւն, բարեկամութիւն,
եղբայրութիւն, գրականութիւն, քերականութիւն) հոլովական
62
ձեւերու կազմութեան մէջ կայ իւչ-եա հնչիւնափոխութիւն.
քաջութիւն՝ քաջութեան, քաջութենէ, քաջութեամբ: Ութիւն
ածանցով քանի մը բառերու սեռական հիմքով կազմուած նոր
բաղադրութիւններուն մէջ տեղի կ՛ունենայ եաչե հնչիւնափո-
խութիւն. բնութիւն` բնութեան-բնութենապաշտ, միութիւն՝ մի-
ութեան-միութենական, ինչպէս` թաղում` թաղման-թաղմանա-
կան, հայր` հօր-հիօրենական, մայր` մօր-մօրաքոյր:
Ի հոլովումին ենթարկուող արիւն, անկիւե, սիւն, ձիւն բա-
ռերը եւս կրնան հոլովուիլ իւչեա ներքին հոլովումով. արիւն`
արեան, արեամբ, անկիւն` անկեան, սիւե` սեան, ձիւն` ձեան:
Արեւմտահայերէնի մէջ ունին հազուադէպ գործածութիւն:
բ.- Իւ-ը, իբրեւ ձայնաւորչբաղաձայն կապակցութիւն, շեշ-
տակիր դիրքին մէջ կ՛ունենայ հետեւեալ փոփոխութիւնները.
- Կը վերածուի ու-ի, որ կ՛արտասանուի իբրեւ «վ» բա-
ղաձայն. թիւ` թուական, թուարկել, հովիւ` հովուական, հով-
ուերգակ, պատիւ` պատուական, պատուաբեր, արծիւ` ար-
ծուենի, արծուաշէն եւ այլն Ի հասարակ հոլովումի ատեն
հնչիւնափոխութիւն տեղի չ'ունենար, ինչպէս քիւ` քիւի, անիւ`
անիւի, թիւ` թիւի, հովիւ` հովիւի, արծիւ` արծիւի: Արդէն դուրս
ձգուած են կամ սահմանափակ գործածողներ ունին ի-ի սղու-
մով կազմուած հոլովական ձեւերը` թուի, հովուի, արծուի: Ու-
նինք ոյ հոլովման եւս ենթարկուող քանի մը բառեր, ինչպէս՝
պատիւ` պատիւի-պատուի-պատուոյ, հաշիւ` հաշիւի-հաշուի-
հաշուոյն: Այս բազմաձեւութիւնները ի յայտ կը բերեն կիրա-
ռական տարբերութիւններ. կ'ըսուի «Հաշիւին նայեցէ ք», «Հաշ-
ուի առէ ք», «Հաշուոյն չի գար»:
- Իւ կամ ըւ ձայնաւոր-բաղաձայն կապակցութեամբ կը
վերջանան որոշ բնաձայնութիւններ՝ ծի ւ, ճի ւ, նը 1, սը ւ: Ասոնք
բառակազմական մակարդակի վրայ ունին պարզ ու կրկնաւոր
ձեւեր: Բառարանները պարզ ձեւին համար կու տան հուալ,
իսկ կրկնաւորի պարագային նվեվալ տիպարները: Առօրեային
մէջ ասոնք ունին գրութեան երեակ ձեւեր նուալ, եււալ, նվվալ,
իսկ կրկնաւորները կրկնակ ձեւեր` հւեւալ, նվեվալ:
63
Սա բնաձայն հիմքով բառերու դասական ձեւով գրելու
կերպը կը խանգարուի կրկնաւորի պարագային նուալ-նվեվալ:
Դասական ձեւին մէջ խամրած է բնաձայնական գործօնը: Այս
պատճառով նախընտրուած է այդ պարզ բառերը կրկնակ վ-ով
գրելու կերպը նվվալ, ծվվալ, ճվվալ, որ կրկնաւորներուն մէջ
բնականաբար կը վերածուի մէկի նվեվալ, ծվծվալ, Ճճվճվալ,
սվսվալ, բայց որովհետեւ բնաձայնները կ'արձանագրուին ւ-ով՝
ծիւ, ձի՛ւ, եր՛, սրւ, հիմքի գիրը անփոփոխ պահելու միտումն
ալ ստեղծած է երրորդ աւելի տրամաբանական ձեւը` եււալ,
ծււալ, ճււալ, ապա՝ հւնւալ, ծւծւալ, ձւձւալ, ասւալ:
Պէտք է տարբերել վյվլալ, վլվլուք, վլվլոց (վըլ-վըլ), թռվռալ,
թռվռան (թըռ-վըռ), սյմլալ, պվլոց (սըլ-վըլ): Ասոնք կա մ սովո-
րական կրկնաւորներ են (ինչպէս` գոռգոռալ), կամ հնչիւնա-
փոխուած կրկնաւորներ (ինչպէս` գծմծել):
35.- Օ հնչիւնը եւ անոր գրութիւնը իբրեւ օ, ո, ոյ
Օ հնչիւնը նոր հայերէնի մէջ կ՛արտայայտուի ռ եւ օ գի-
րերով եւ ոյ կապակցութեամբ:
Ռ գիրը կը հանդիպի բառին երեք դիրքերուն ոզեի, ով, եոր,
այո, ուր կ'՛արտայայտէ հնչիւնական երկու արժէք Օօ եւ վօ:
Օ գիրը բառի բոլոր դիրքերուն մէջ կ'՛արտայայտէ օ հնչիւնը:
Կը հանդիպի բառի բոլոր դիրքերուն՝ օղ, տօն, Կարօ:
Ոյ կապակցութիւնը օ հնչիւնով հանդէս կու գայ միայն
բազմավանկ բառերու վերջը` բրածոյ, հաւաքածոյ, Դշխոյ (Այ
կապակցութեան միւս արժէքները տե ս Էջ 73):
Հետեւաբար` բառին բոլոր դիրքերուն մէջ օ հնչիւնը գրութ-
եան խաչաձեւումներ ունի:
Ո եւ օ ձայնաւորները տոկուն են, այսինքն` բառի վերջին
վանկին մէջ ածանցումի կամ բարդումի պարագային չեն
հնչիւնափոխուիր. նոր նորովի, խոր խորանալ, բոլոր բոլո-
րովին, տօն՝ տօնական, աղօթք. աղօթել եւ այլն:
Ո-ն չ'արտասանուիր Սողոմոն լատուկ անուան մէջտեղի
դիրքին մէջ:
64
Ոսկր հին ձեւը կը գործածուի ո-ի յաւելումով` ռսկոր, բայց
կազմութիւններուն մէջ կը պահէ հին ձեւը` ռսկրաբեկ, ոսկրա-
բոյժ, ոսկրախտ, ոսկրանալ, ոսկրուտ-
36.- Ո եւօ գիրերը բառին սկիզբը
Բառին սկիզբը ո գիրը կ՛արտայայտէ վօ եւ 0 հնչիւնները: Օ
հնչիւնը վ բաղաձայնէն առաջ միշտ ռ կը գրուի, իսկ միւս բոլոր
պարագաներուն՝ օ. հետեւաբար այս դիրքին մէջ ո եւ օ գիրերու
շփոթ չի կրնար պատահիլ: Այսպէս
ա.- Բառին սկիզբը ո-ն միշտ վօ կը հնչուի, բացի վ գիրէն
առաջ ինկած դիրքէն ոգի, ոզնի, ոլոր, ոխ, ողբ, ողե, ողորկ, ոճ,
ոճիր, ոմե, ոչ, ոսպ, ոտք, որդի, որս, որ, ոք եւ այլն:
- Վոհմակ, միակ բացառութիւնը, թէեւ աւանդուած է նաեւ
ոհմակ. Կայ նաեւ յռհմակ ձեւը: Վոնհմակ բացառութիւնը վե-
րացնելու շատերու փորձն ու առաջարկը ընդունիլ՝ ռհմակ:
- Հին փոխառութիւնները ո-ով կը մնան` Ռրմիզդ, Ողիմ-
պոս, Ողիմպիական, Ոդիսեւս, իսկ նորերը: վո-ով. Վոլկա, վոլ-
թեր, վոլկոկրատ, վոլթ:
Բառին սկիզբի ո-ն (վօ) կը կորսնցնէ իր «վ» բաղադրիչը ու
կը վերածուի պարզ ձայնաւորի բառը բարդութեան մէջ մտնե-
լու կամ նախածանց մը առնելու պարագային. ռխ՝ անոխակալ,
ողորմ` անողորմ, ողոք` անողոք, ողջ` առողջ, ոջիլ` փայտոջիլ,
ոսկոր` կրծոսկը, որակ անորակ, ոտն` չորքոտանի, քառսուն-
ոտեի, որդ՝ երիզորդ, որոշ՝ բացորոշ, որս ձկնորս եւ այլն:
Նոյն փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ բայերու պարա-
գային, երբ սկիզբը կ' (կը) բայական մասնիկը ըլլայ. չենք ըսեր
կր որոշեմ, այլ կ որոշեմ, նոյնպէս կ ողորմիմ, կ ողբամ, կ ող-
ջննամ, կ որսամ եւ այլն:
Ո-ի «վօ» արտասանութիւնը չի սահմանափակուիր բառա-
սկիզբի դիրքով: Կան բառամէջի հետեւեալ պարագաները.
- Վօ կը հնչուի հնաոճ եւ նորաոճ ա |օդակապով բարդու-
թիւններուն մէջ:
65
- ԳԼորգ անունը: Ոմանք կը գրեն Գեւորգ, ինչպէս որ կը
գրեն արեւելահայոց Մաթեւոսեան (Մատթէոսեան) Թադե-
ւոսեան (Թադէոսեան) մականունները: Այս հնչիւնափոխու-
թիւնը չ՛ընդգրկեր էռ կապակցութեան ոլորտի բոլոր բառերը
Բարթողիմէոս, Զաքէոս:
- Քաոս բառը խօսակցականին մէջ կը լսուի քաւոս:
բ.- Բառին սկիզբը (նաեւ ամէն տեղ) վ բաղաձայնէն առաջ օ
կը լսենք, բայց ո կը գրենք ռվ, Ովսաննա, ովկիանոս, ովկիանհ,
ովասիս, Ովսիա: Ինչպէս նկատելի Է բերուած օրինակներէն՝
այս օրինաչափութիւնը տարածուած է նաեւ ծագումով օտար
բառերուն վրայ:
գ.- Վերի պարագայէն դուրս` օ հնչիւնը բառին սկիզբը միշտ
օ կը գրուի` օգնել, օգուտ, օդ, օթեակ, օժիտ, օծել, օծ, օղ, օղի,
օճառ, օշարակ, օշինդրը, օտար, օր, օրիորդ, օրհնել եւ այլն: Բար-
դութեան մէջ մտնելով կը մնայ անփոփոխ, ինչպէս` ականջօղ,
նորօծ, անօգուտ, գիշերօթիկ, ոսկեզօծ, ընդօրինակել, տնօրէն,
վառօդ եւ այլն:
Վերջերս մամուլին մէջ նկատեցինք նռրաօծ բառը` լօդա-
կապով: Բառակազմական առումով սխալ կառուցուած այս
բառը ո՛չ իմաստային, ոչ ալ կիրառական տարբերութիւններ
ունի նորօծ բառին դիմաց:
37.- Ո եւ օ գիրերը բառին մէջ
Բառին մէջ ռ եւ օ գիրերը հնչիւնապէս կը նոյնանան եւ ուղ-
ղագրական դժուարութիւններ կը ստեղծեն` նոր -- տօն, փոր -
արօտ, գորտ - աղօտ, հորթ - աղօթք, հոտ - հօտ եւ այլն: Ո-ի եւ
օ-ի գրութեան պարագաները զատորոշելու որեւէ հնարք չկայ,
բացի ստուգաբանական պարագայէն: Օ գիրը բառին մէջ շատ
աւելի քիչ կը հանդիպի, քան ո-ն. հետեւաբար պէտք է գիտնալ,
թէ ի նչ բառերու մէջ կը գրուի օ: Օ-ով գրուռղ բառերը կարելի է
խմբաւռորել հետեւեալ ձեւով.
ա.- Գրաբարի աւ երկբարբառին դիմաց գոյացած օ-ով
բառեր. ակօս, աղօթք, աղօտ, աղօրի(ք) (ջաղացք), ամօթ, անօթ
66
(աման), (ա)նօթի, (ա)եօսըր, ապառօշ, առաւօտ, արտօնել, ար-
տօսր (արցունք), արօս (չհերկուած արտ), արօտ, արօր (հերկե-
լու գործիք), աւօտ (լուսածագ), բարօր, բօթ (գէշ լուր), գօս, գօտի,
դրօշ, եօթը, զբօսանք (զբօսնել, բռնազբօսիկ), զգօե, զօդ, զօր(ջ),
զօրութիւն, թափօր, թօթուել, թօթափել, թօն (տեղատարափ
անձրեւ), թօշնիլ, ժօռատ (ժուռատ, ակռաները թափած), խօթ
(հիւանդ), խօլ, խօսիլ, ծանօթ, ծղօտ, ծնօտ, կարօտ, կօշիկ,
համառօտ (կարձառօտ), հետազօտել, հօտ, ձօն (նուէր, ուղերձ),
ղօղանջ, ղօղիլ (պահուրտիլ), 464(ք) (օրօրոց), մօտ, մօր/մօրտ
(ցեխ), մօրուք, յօդ (կապ), յօդուած, յօտել, յօշել (մանրել` միսը),
յօժար, յօրանջել, յօրինել, լօնք, նարօտ, շօշափել, պաշտօն,
պռօշ, Սօս, սօսի, սօսաւիւն (տերեւներու ձայն, սօսափիւն), սօ-
սափիլ (խշրտալ՝ տերեւները), տօթ, տօն, տօսախ (կարծը փայտ
տուող թուփ), ցօղ, ցօղուն, քօշ (արու այծ), քօղէք (ապարան-
ջան), օրօր:
- Վառօդ բառը կու գայ օտար բարութ բառէն. ըստ
Աճառեանի` կեղծ ստուգաբանութեամբ մը գրուած է վառօդ,
իբրեւ վառ օդ: Օտար բառերուն մէջ օ-ն անտեղի կը դառնայ,
բայց այդպէս նուիրականացած է:
բ.- Այ»օ (Հաւ) ներքին հոլովման մէջ, որով սեռական հոլով
կը կազմեն հայր հօր, մայր` մօր, եղբայր` եղբօր բառերը եւ
ասոնցմով կազմուած բարդութիւնները, ինչպէս` կնքահայր`
կնքանօր, կնքամայր ` կնքամօր, հօրեղբայր՝ հօրեղբօր, մօրեղ-
բայր` մօրեղբօր: Բացառական հոլովը կը կազմուի սեռականի
հիմքի վրայ` հօրմէ, մօրմէ, եղբօրմէ: Գործիական հոլովը ներ-
կայիս դէն ձգած է սեռականի հիմքը` հօրմով, մօրմով, եղբօր-
մով, ու կը կազմուի ուղղականի հիմքի վրայ հայրով, եղբայրով,
մայրով:
Սեռականի հիմքի վրայ կը կազմուին նաեւ շարք մը ածան-
ցաւոր ու բարդ բառեր` հօրաքոյր, հօրեղբայր, հօրեղբօրորդի,
հօրենական, հօրու (խորթ հայր), մօրաքոյր, մօրեղբայր, մօրեղ-
բօրորդի, մօրենական, մօրու (խորթ մայր):
67
գ.- Հետեւեալ ածանցներուն մէջ, որոնք կու գան աւ»օ ոլոր-
տէն.
- առօտ. կարձառօտ, համառօտ:
- օն(ք). գեղօն, գործօն, զարթօնք, զգօն, թափօն, թերթօն,
ծամօն, կտրօն, կրծօն, կրօն, կրօնք եւ այլն: Թատրոն եւ կեդրոն
բառերուն վերջայանգը չշփոթել ածանցին հետ:
- օք. գրաբարի յոգնակի գործիական հոլովի քարացած
ձեւերուն մէջ. արդեօք, ատենօք, առօք-փառօք, ընտանեօք, կա-
մօք, ցաւօք, օրօք, խելօք: Բարւոք բառը բարի բառի (ոյ հոլովում)
յոգնակի գործիական քարացած ձեւն է: Անկէ ունինք բարւո-
քում, բարւոքիլ:
- օրէն, մակբայակերտ` ազնուօրէն, վեհօրէն, հպարտօրէն,
սաստկօրէն եւ այլն:
- օրայք/որայք երկձեւ յոգնակերտը դեղորայք, գիւղորայք,
վանորայք հնաձեւ յոգնակիներուն մէջ: Նախընտրելի է ռրայք
տարբերակը:
Ող ենթակայական կամ ներկայ դերբայի վերջաւորութիւ-
նը, որ գրաբարի մէջ կը գրուէր աւղ, որ յետոյ տուաւ օղ, ապա
աւ-ի միայն այս պարագան դարձաւ ռ` տեսանաւղ-տեսնօղ-
տեսնող: Մեր բայերու ել, իլ, ալ խումբերուն ներկայ դերբայը կը
կազմուի ող կամ ացող, եցող, ցող մասնիկով. գրել` գրող, հե-
ռանալ հեռացող, մօտենալ մօտեցող, ձանչնալ: Ճճանչցող: Հնա-
տիպ գիրքերու մէջ ասոնց կը հանդիպինք օ-ով:
Աւ»օ ոլորտէն դուրս եւս քանի մը շարք բառեր օ-ով գրելու
ոչ կայուն սովորութիւն մըն կայ. Այդ խումբերն են.
ա.- Միջին հայերէնեան եւ բարբառային բառեր, ինչպէս`
դօղօշ (ցամաքային գորտ), թօշ (շատ լայն կօշիկ կամ հա-
գուստ), լօթի (խման, մսխող), լօշ (նկանակ), լօրիկ (կարճա-
հասակ ու կլորիկ անձ, լօփիկ (գիրուկ), հօփալ (հաւփալ,
հոբալ, հովբալ), նօնօշիկ, ձճօշան (մորթէ պատրաստուած վա-
հան), Ճօշալ (բամբասել), տկռօշ (գէր, ուռած): Ոմանք այս շար-
քի բառերը ո-ով գրելու նախընտրութիւն ունին: Ստուգաբան-
ները այստեղ ընելիք ունին:
68
բ.- Բառեր, որոնք հին հայերէնի մէջ ունին նաեւ ո-ով
տարբերակ, ինչպէս նօթ-նոթ (կարմիր ներկ մը), նօտար-նո-
տար (պետական քարտուղար), հօտը, նօտրագիր (նոտր), սքօ-
ղել, քօղ (քող, քողարկել), լօռ-լոռ (ջրային մամուռ), գօշ-գոշ, սօլ-
սոլ, լօդիկ-լոդիկ (կարճ վերարկու): Կայ միտում ո-ով տարբե-
րակը ընդհանրացնելու, քող. քողազերծել, քողածածկել, քողա-
ծածուկ, քողարկել, քողրեկէց, քողք, քողազարդ եւ այլն, նոյնպէս
սքողել, անսքող: Միտումը օ-ով գրուող վիձելի բառերէն մէկը
շարքէ դուրս դնելն է: Այս մօտեցումով պէտք է ո-ով գրել նաեւ
նոթ (հետեւողական ըլլալու համար` նռտ), նոտար, նոտը, լոռ
(ջրային մամուռ):
զ- Օտար բառերը` փօլիս, Սօնիա, ռօմանթիզմ, փարա-
տօքս, Ճօնի, քօլէճ օտար ծագումով մականունները Պօշկե-
զէնեան, Խօշեան, Չօպանեան, Պօյաճեան եւ այլն:
Հին հայերէնի մէջ «ո-օ» պարզ ձայնաւորը միշտ տառա-
դարձուած է ո, ինչպէս` կաթողիկոս, եպիսկոպոս, Օգոստոս,
Նեղոս, Հոկտեմբեր, Եգիպտոս, հռետոր, Սողոմոն եւ այլն: Այս
կանոնակարգին կը հակադրուի նոր լեզուի մէջ օտար բառերը
օ-ով գրելու ընդհանուր երեւոյթը: Միշտ ալ եղած են ո-ով տա-
ռադարձելու միտումներ, բայց չեն յաջողած: Վերջին տասնամ-
եակներուն կը նկատուին լուրջ տեղաշարժեր: Բառին մէջ ո-ն
աւելի տիրական ըլլալ կը դառնայ լոպի, կոլ, ռոմանթիզմ,
Սոնիա, Փոլ, փարատոքս, փոլիս, ֆութպոլ, Ճոնի, քոլէճ եւ այլն:
Լաւ քայլ է: Նոյնը անցած է օտար ծագումով մականուններուն՝
Պոշկեզէնեան, Խոշեան, Չոպանեան, Պոյաձեան եւ այլն:
ՅՑ.-Օ հնչիւնին գրութիւնը բառին վերջը՝ ռ, օ, ոյ
Բառերու վերջաւորութեան օ հնչիւնը կը գրուի երեք ձեւով՝
ո, օ, ոյ:
ա.- Ո-ով կը գրուի միայն այռ բառը:
բ.- Օ-ով կը գրուին
69
- օտարամուտ բոլոր յատուկ թէ հասարակ բառերը` քիյօ,
մեթրօ, օթօ, մայօ, ֆոթօ, չելլօ, Շիքակօ, Օնթարիօ, Թորոնթօ եւ
այլն.
- հայերէն յատուկ անուններու փաղաքշական ձեւերը. Ծա-
թենիկ` Սաթօ, Վարսենիկ` Վարսօ, Կարապետ` Կարօ, Գրիգոր`
Գոզօ, Մանուէլ Մանօ, Սաղաթէլ` Սաղօ եւ այլն.
- ձայնարկութիւնները՝ տօ. ծօ. լօ, հօ՛ եւ այլն.
- կարգ մը ձայնանիշերու անունները` տօ, սօ.
- հայերէն կարգ մը գիրերու անունները՝ թօ, հօ, ցօ:
Այս բառերը ս, դ, ն յօդերը եւ եր/ներ յոգնակերտը ստա-
նալու պարագային օ-ն կը պահեն նոյնութեամբ, ինչպէս` Կա-
րօն, Սարօն, Մարծե, իմ օթօս, քու օթօդ, օթօներ:
Սակայն հոլովումի ատեն բառավերջի օ գիրը կը դառնայ ո
եւ յաջորդ ձայնաւորին կը միանայ յ-ով.
Մարօ. Մարոյին, Մարոլյէն, Մարոյով.
օթօ: օթոյին, օթոյէն, օթոյով:
Օ-ով վերջացող յատուկ անունները մականուն դառնալու
ատեն օ-ն կ՛ըլլայ ոյ. Շառօ՝ Շառոյեան, Թամօ՝ Թամոյեան:
Աշակերտէն մեծ Ճիգ կը պահանջուի նախ գիտնալ, թէ այս
բառերը ո -ով, ոյ-ով թէ օ-ով պէտք է գրել, գիտնալ, թէ այդ
բառերը օ-ն կը պահեն յօդառութեան եւ յոգնակերտի առման
պարագային, իսկ հոլովումի ու բառակազմութեան ատեն կը
վերածեն ոյ-ի՝ Մանօ, Մանօն, Մանօներ, Մանոյի. Մանոյէ, Մա-
նոյով, Մանոյեան: Իրօք աճպարարութիւն է:
Այս բոլոր դժուարութիւնները կը ծագին բառավերջին օ
գրելու սովորութենէն, մինչ բառավերջի օ-ն բոլորովին խորթ
երեւոյթ մըն է մեր լեզուին մէջ: Գրաբարի աւ-ը օ-ի վերածուած
է միայն բաղաձայնէ առաջ իր դիրքին մէջ՝ տաւե-տօն, աւր-օր,
ակաւս-ակօս, մինչ ձայնաւորէ մը առաջ եւ բառավերջին դար-
ձած է ձայնաւոր-բաղաձայն կապակցութիւն` սաւան, նաւ եւ
այլն: Հետեւաբար բառավերջը օ գիրին տեղը չէ: Մփիւռքահայ
իրականութեան մէջ միշտ ալ եղած են զայն ո-ով կամ ոյ-ով
փոխարինելու առաջարկներ ու փորձեր: Վերջայանգ ո-ն շատ
70
աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար եւ հայերէնի բնական
զարգացման յարիր, որովհետեւ հին հայերէնի մէջ բառավերջին
ո-ն գոյութիւն ունի: Պատճառական բայերու բուն հրամայա-
կանի եզակին ունի ո վերջաւորութիւնը (կեցցո, հեռացո, ջե-
ռուցո, լիշեցո ): Աշխարհաբարին փոխանցուած է այո բառը:
Հետեւաբար ճիշդ կ՛ըլլայ գրել քիլո, զերո, Սագո, Աբո, Օսլո,
Ժանո, Հիւկո եւ այլն: Այդ պարագային որոշեալը, յոգնակին եւ
եզակի հոլովաձեւերը կր կազմուին բնական ձեւով. մեթրո`
մեթրոն, մեթրոներ, ապա մեթրոյի, մեթրոյէն, մեթրոյով: Ա եւ ո
ձայնաւորներէն ետք | ձայնակապի յաւելումը օրինաչափական
է հայերէնի համար: Այս խնդիրը վերջին արծարծողներէն մէկն
է Արմենակ Եղիայեանը: «Նման մօտեցում մը նախ եւ առաջ
հայեցի է,- կը գրէ ան,- եւ վերջ կու տայ անբաղաձայնայանգ օ-ի
հակականոնական երեւոյթին: Միւս կողմէ՝ յօդառութեան եւ
թեք հոլովներու պարագային, այլեւս սխալելու բացարձակա-
պէս տեղիք չի մնար» (Եղիայեան, էջ 85):
գ-Ոյ կը գրուի հայերէն բազմավանկ բառերու վերջաւո-
րութեան. այդ բառերը կարելի է խմբաւորել հետեւեալ ձեւով.
1.-Ածոյ ածանցով բառեր, ինչպէս` պահածոյ, դրածոյ, չա-
փածոյ, հաւաքածոյ, ժողովածոյ, բրածոյ, հանածոյ եւ այլն:
Այս շարքի բառերը յօդառութեան ու յոգնակերտ մասնիկ
առնելու պարագային կը կորսնցնեն իրենց անձայն յ-ն՝ պահա-
ծոս, պահածոդ, պահածոն, պահածոներ, մինչ հոլովման ատեն
կը պահեն՝ պահածոյի, պահածոյէ, պահածոլով:
2.- Ոյ-ն նաեւ հոլովում է, որով կը հոլովուին
- Իա-ով վերջացող տեղի յատուկ անունները. Իտալիա`
Իտալիոյ, Ռուսիա "Ռուսիոյ եւ այլն:
- Սէր` սիրոյ, Աստուած` Աստուծոյ, Կ. Պոլիս՝ Կ. Պոլսոյ բա-
ռերը:
- Ի հոլովման ենթարկուող որոշ բառեր, ոճական նպա-
տակներով պայմանաւորուած, նոյնպէս ոյ հոլովման կրնան
ենթարկուիլ, ինչպէս մամլոյ, յուսոյ, սգոյ, նաեւ տեղանուններ,
ինչպէս Ծուշ՝ Մշոյ, Սասուն Սասնոյ, Կարին՝ Կարնոյ:
71
- Ի, իւ, ին վերջայանգով շարք մը բառեր, ինչպէս եկեղեցի
եկեղեցւոյ, պատիւ պատուոյ, անկողին անկողնոյ: Ասոնք )օ-
դեր ստանալու պարագային կ՛'ենթարկուին նաեւ արտասանա-
կան փոփոխութեան. հոգի` հոզւոյ-հոգւոյս, եկեղեցի` եկեղեց-
ւոյ-եկեղեցւոյս ոմանք անպայման յօդով կը գործածուին,
ինչպէս ամուսին` ամուսնոյն, մարմին` մարմնոյն, հաշիւ` հաշ-
ուոյն, վերջին` վերջնոյն, առաջին` առաջնոյն:
- Ի վերջոյ, լետոլ բառերը քարացած հոլովաձեւերով մակ-
բայներ են:
39.- Ոյ հոլովական մասնիկը կցական բարդութիւններու մէջ
Ոյ հոլովման ենթարկուռղ կարգ մը բառեր յարադրու-
թիւններ կը կազմեն այլ բառերու հետ, ինչպէս` պատուոյ ցանկ,
պատուոյ հիւր, պատուոյ գիր, ներքոյ յիշեալ, վերոյ բերեալ,
վերոյ գրեալ, վերոյ յիշեալ, վերոյ շարադրեալ եւ այլն: Ասոնք
ներկայիս կցական արտասանութիւն ունին, բայց ուղղագրելու
խնդիր. հնարաւոր չէ գրել վերոյյիշեալ, ներքոյյիշեալ, պատ-
ուոյցանկ...: Ճիշդ կ՛րնեն հոլովական մասնիկի յ-ն ջնջողները
պատուոցանկ, պատուռհիւր, պատուոգիր, ներքոլիշեալ, ներ-
քոգրեալ, վերոգրեալ, վերոյիշեալ:
Մենք բառավերջի այս անձայն յ-էն հրաժարած ենք արդէն
յօդառութեան եւ յոգնակիի պարագային. տղայ` տղաք, տղաս,
տղադ, տղան, սատանալ` սատանաներ, դշխոլ՝ դշխոն, բրածոլ՝
բրածոներ: Գրաբարի մէջ այդպէս չէր պարագան` տղայք,
տղայն, տղայս տղայդ, սատանայք, դշխոյ` դշխոյն, բրածոյ`
բրածոյք, հանածոլ՝ հանածոյք:
Ուրեմն նոր լեզուին անցման ատեն մենք հեշտութեամբ
հրաժարած ենք անկէ տեղ մը, ուր ընթերցանութեան դժուա-
րութիւն կու տայ, բայց ձգեր ենք ուղիղ ձեւին մէջ, ուր ոչ մէկ
արժէք ունի ու նոր դժուարութիւններ կը յարուցէ (տե ս էջ 18):
40.- Օ եւո գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԲՕԹ (գոյժ. բօթաբեր) ՓՈԹ (ծալք)
72
ԳՕՍ (ցամաք, չորցած) ՔՈՍ (մորթային ախտ)
ՀՕՐ (հայր՝ բառին սեռականը. » ՀՈՐ Հ ջրհոր, հորատել)
հօրեղբայր, հօրենական)
ՀՕՏ (՞շհօտաղ) ՀՈՏ (՞հոտոտալ, հոտաւէտ)
հոտաւէտ).
ՅՕԴ (յօդուած, |օդակապ, յօդացաւ) ՀՈԴ (ցուցական դերանունը)
ՔՕՂ (ջքօղարկել, սքօղել, անսքօղ) ԳՈՂ (՞-գողնալ, գողութիւն)
41.- Ոյ կապակցութեան չորս արժէքները
Ոյ կապակցութիւնը կը հանդիպի բառի բոլոր դիրքերուն եւ
ունի հնչիւնական չորս արժէք «օ» պարզ ձայնաւոր, «օյ» երկ-
հնչիւն, «ույ» երկհնչիւն եւ «ու» պարզ ձայնաւոր:
ա.- Բազմավանկ բառերուն վերջը կը կարդացուի օ-ի պէս,
ինչպէս՝ բրածոյ, դշխոյ, ի վերջոյ, հաւաքածոյ, յետոյ, պահածոյ,
տպածոյ եւ այլն:
բ.- Իբրեւ «օ» երկհնչիւն կը հանդիպի միավանկ բառերու
վերջաւորութեան՝ Նոյ, զոյ, խոյ եւ այլն:
գ- Փակ դիրքին մէջ երկհնչիւն է, կ"արտասանուի «ույ»,
ինչպէս` առոյգ, առուոյտ, արտոյտ, բոյն, բոյլ, գոյն, դոյլ, թոյլ,
թոյր, թոյն, լոյս, խոյր, խարոյկ, ծոյլ, կոյր, կոյտ, ձոյլ, ծոյլ, մոյկ,
յոյլ, նոյն, ողջոյն, պատրոյգ, Պարոյր, Վրոյր, ցոյց, քոյր եւ այլն:
դ.- Ժ եւ 2 բաղաձայններէն առաջ ինկած դիրքին մէջ նկատ-
ուած է «ույ» երկհնչիւնի պարզացում ու վերածում ու-ի: Հոս
գրութեան երկձեւութիւն գոյացած է կարգ մը բառերու պարա-
գային. այսպէս անոյշ, աշխոյժ, բոյժ, գոյժ, զգոյշ, ժոյժ, նմոյշ,
յոյժ, տոլժ բառերու շարքէն հետեւեալները ունին ու-ով տարբե-
րակ.
- Ոյժ/ուժ. ուժ տարբերակը արդարացուած է, որովհետեւ
ու-ով սկսող միւս բառերուն հետ չունի հնչիւնափոխական եւ
բառակազմական հակադրութիւն: Բառասկզբին ու-ն, բացի քա-
նի մը բառերէ, չի հնչիւնափոխուիր. ուղտ ուղտապան, ուխտ.
ուխտաւոր, ուշ` ուշանալ, ուս՝ ուսադիր, այդպէս ալ ուժ: ուժա-
նակ, ուժեղ: Իբրեւ երկրորդ բաղադրիչ ալ անպատեհութիւն-
73
ներ չունի: Այսպէս՝ ընձուղտ, անուս, այդպէս ալ` ներուժ, վատ-
ուժ, զինուժ. ասոնք իրենց կարգին բարդութեան մէջ չեն հնչիւ-
նափոխուիր:
- Նմոյշ/նմուշ. նմուշ տարբերակը նոյնպէս կարելի է ըն-
դունիլ, որովհետեւ բառակազմութեան մէջ գէթ արեւմտահա-
յերէնի մէջ հանդէս չի գար. հետեւաբար հարց չի ստեղծեր:
- Աշխոյժ/աշխուժ. ուժ բառին կապելով կը գրեն աշխուժ:
Նոր ուղղագրութեան (հայաստանեան) մէջ ասիկա չէ փոխ-
ուած. կը գրեն աշխույժ, ածանցումի մէջ աշխուժաբար, աշխու-
ժօրէն, աշխուժանալ, աշխուժացում, աշխուժութիւեն, տրամա-
բանական ույշու հնչիւնափոխութեամբ: Համոզիչ ապացոյց
չկայ, որ աշխոյժ-ը բարդ բառ է ոյժ բաղադրիչով, հետեւաբար
նախընտրելի է գործածել աշխոյժ տարբերակը:
- Բոյժ/բուժ. բաղադրութիւններու մէջ հանդէս կու գայ
ույշու օրինաչափական հնչիւնափոխութեամբ, բռյժ-բուժակ,
բուժական, բուժանիւթ, բուժարան, բուժքոյր, բուժաբոյս, բու-
ժում, բուժել (միակ բացառութիւնը բժիշկ բառն է, որմէ նոր
բարդութիւններ կը կազմուին): Անկախ գործածութիւն չունի:
Իբրեւ երկրորդ բաղադրիչ պարտ է պահել բոյժ տարբերակը՝
անասնաբոյժ, ատամնաբոյժ, հոգեբոյժ, ոսկրաբոյժ եւ այլն:
- Անոյշ/անուշ. շատ կենսունակ արմատ ըլլալով կը կազմէ
բազմաթիւ ածանցաւոր եւ բարդ բառեր՝ ոյշու օրինաչափական
հնչիւնափոխութեամբ. անոյշ-անուշեղէն, անուշնալ, անուշա-
բոյր, անուշահոտ: Ու-ով գրելու պարագային սղում պիտի չըլ-
լայ, մինչ սղումը օրինաչափական է ու-ով միւս բառերուն հա-
մար. ամուր` ամրօրէն, քնքուշ-քնքշօրէն: Միւս կողմէ, պարզ
բառը ու-ով գրողները Անոյշ անձնանունը եւ անով բաղադրեալ
միւս անձնանունները կը յամառին գրել ոյ-ով` Անոյշ, Վարդա-
նոյշ, Սիրանոյշ, Հրանոյշ, Հերանոյշ, Արենոյշ: Նախընտրելի պի-
տի ըլլար պահել միայն անոյշ ձեւը:
-Ոյշ/ ուշ ածանցը. անոյշ/անուշ բառին հետ կապուած նոր
դժուարութիւն մը կը ստեղծեն ոյշ/ուշ ածանցով կազմուած
փաղաքշական անունները, որոնք անձնանուններու բառարան-
74
ներու մէջ եւս հաւասարապէս կը հանդիպին Գեղոյշ, Թագուշ
(Կռանեան, էջ 510): Ուղղախօսօրէն ու է, բայց ոյ՛-ն կը վերա-
գրուի անոր անոյշ բառէն կրճատուած ըլլալուն: Իրօք, ասիկա
գլխաւորաբար կ'երեւի անոյշ կամ ուհի համարժէք բաղադ-
րիչներով կազմուած անուններուն մէջ. Գեղանոյշ` Գեղուշ, Թա-
գուհի Թագուշ, Հայկանոլյշ Հայկուշ, Մայրանոյշ` Մայրուշ,
Մաքրուհի` Մաքքուշ, Սիրանոյշ` Սիրուշ, Վարդանոյշ` Վար-
դուշ, տարածուած է իգական շատ անուններու վրայ` Մար-
իամ` Մարուշ, Մեղեդի` Մեղուշ, Լիլիթ. Լիլուշ, Մելինէ` Մելուշ,
Մեղրի Մեղուշ եւ այլն: Իգական անուններէն անցած է արա-
կան անուններուն` Յարութիւե` Արուշ, Աբրահամ` Աբբուշ, Ար-
տաշէս՝ Արտուշ, Գեղամ Գեղուշ, Կարապետ Կարուշ, Յով-
հաննէս` Հաննուշ եւ այլն: Ուշ-ը արդէն ածանց է, պէտք չէ
նկատուի անոյշ բառի կրճատումը եւ պէտք է գրուի ու-ով:
42.- Շեշտակիր փակ վանկի ոյ երկհնչիւնի
հնչիւնափոխութիւնը
Ածանցումի եւ բարդումի ատեն շեշտակիր փակ դիրքի ոյ
երկհնչիւնը կ'ենթարկուի հետեւեալ փոփոխութիւններուն.
ա.- Կը դառնայ ու. բոյր բուրել, բոյծ բուծանել, բոյս բուսա-
կան, բուսնիլ, գոյն` գունաւոր, գունագեղ, գոյժ՝ գուժկան, զոյգ`
զուգերգ, թոյն թունաւոր, լոյծ. լուծել, լուծում, լուծոյթ, լուծողա-
կան, լուծարք, լոյս լուսերես, լուսաւոր, խոյս` խուսափիլ, խու-
սափուկ, խուսանաւել, խոյզ` խուզարկու, խուզարկել, ծոյլ ծու-
լանալ, կոյր՝ կուրնալ, կուրութիւե, կոյտ` կուտակել, կուտա-
կում, համբոյր "համբուրել, ողջոյն ողջունել, յոյս յուսալ, յուսա-
տու, յոյլ յուլաբար, խարոյկ` խարուկահանդէս, ստոյգ` ստուգել,
փոյթ փութալ, փութաջան եւ այլն:
բ.- Կարգ մը բառերու մէջ տեղ մըկը դառնայ ու, այլ տեղ կը
սղի. բոյն՝ բունկալ, բայց բնաւեր, պտոյտ. պտուտահողմ,
պտուտակ, բայց պտտիլ, սոյր սուրալ, բայց` սրարշաւ, կա-
պոյտ կապուտաչեայ, կապուտակ, բայց՝ կապտորակ, կապտիլ:
75
գ.- Նոյն արմատը տեղ մը կու տայ ու, այլ տեղ անփոփոխ
կը մնայ. թոյլ թուլակազմ, թուլահոգի, թուլամիտ, թուլամորթ,
թուլացում, թուլցնել, թուլնալ, բայց` թոյլտուութիւն, թոյլատրել,
թոյլատու, թոյլբերան:
դ- Միայն կը սղի. բոյթ բթամատ, սառոյց` սառցակոյտ,
սառցադաշտ:
43.- «Ույ» եւ «օյ» հնչիւններու գրութիւնը օտար բառերու մէջ
Օտար բառերուն եւ ձայնարկութիւններուն մէջ «ույ» երկ-
հնչիւնին համար կը գրենք ույ ույղըր, պույրուն, խույ, թույ,
վո՞ւ, իսկ «օ» երկհնչիւնին համար կը գրենք օյ Ճօյ, թօյ, պօ),
սօյ, հօյ: Կը ստեղծուին նոյն հնչիւնին համար գրութեան տար-
բեր ձեւեր. հմմտ.՝ գոյն-պույրուն, Նոյ-Ճօյ:
Աւանդական ուղղագրութեան մէջ այս հնչիւններուն ար-
տայայտութեան համար ունինք մէկ ձեւ՝ ռյ, որ բազմավանկ բա-
ռերու վերջը պիտի կարդացուի «օ» (բրածոյ, հանածոլ), բառին
մէջ` «ու» (գոյն, կոյր), իսկ միավանկ բառերու վերջաւորութ-
եան պիտի կարդացուի «օյ» (խոյ, գոյ): Հետեւաբար անխուսա-
փելի կը դառնայ օտար ե՛ւ բազմավանկ, ե՛ւ միավանկ բառերու
եւ ձայնարկութիւններու մէջ ույ եւ օյ գրելը` խույ, թույ, սույ,
վո՞ւյ, պօյ Ճօյ եօյ: Ասիկա երկուութիւն ստեղծելով հանդերձ`
հարցը կը լուծէ:
Նոր ուղղագրութեան մէջ բառամէջի ոյ երկհնչիւնը ույ
գրելով եւ բառավերջի անձայն յ-ն ջնջելով կարելի եղած է թէ
բնիկ եւ թէ օտար բառերուն միջեւ ուղղագրական նոյնացում
ստեղծել. այսպէս՝ ույ հնչիւնը ամէն տեղ ույ կը գրուի՝ ույղուր,
գույն, արտույտ, խույ, վո ւյ. իսկ օյ երկհնչինը բառասկիզբին կը
գրուի օյ օյին, օյրատերէն, իսկ բառամէջին եւ բառավերջին ոյ
Ճոյ, պոյ, Վերնոյ, Թոլսթոյ, հո ՛, Նոյ, խոյ:
44.- Ու կապակցութեան հնչիւնական արժէքները
Ու կապակցութիւնը, բառին մէջ ունեցած իր դիրքին հա-
մաձայն, ունի ձայնաւորի եւ բաղաձայնի (վ) կրկնակի ար-
76
ԺԷքներ: Անոնք կ'արտաբերուին երկու բաղադրիչներուն ամ-
բողջական ձուլումով:
ա.- Ու ձոյլ ձայնաւորը կը հանդիպի բառին սկիզբը, մէջը,
միշտ բաղաձայնէ մը առաջ, եւ բառին վերջը. ինչպէս` ռւղեղ,
ուխտ, ուր, ուրանալ, ուրիշ, ուզել, ուշ, ամուր, բուրդ, գուր-
գուրալ, մուրացիկ, նուշ, նուռ, սուղ, քնքուշ, ածու, բու, թթու,
կատու, կծու, հլու եւ այլն:
Ու ձայնաւորը բառի իր այս դիրքերուն մէջ անշփռթելի է,
կ՛'արտասանենք ու` կը գրենք ու:
Մանուշակ բառը ունի նաեւ հինէն եկող մանիշակ տար-
բերակը: Կայ աղջկայ յատուկ անուն` Մանուշակ, ունի կրճատ
ձեւ մըն ալ` Մանուշ:
բ.- Ու կապակցութիւնը ձայնաւորէ մը առաջ բաղաձայն
է եւ կ արտասանուի «վ».
ուա» Նուարդ, նուազ
ուե» ստուեր, կեղուել
ուէ» նուէր, պատուէր
ուր» կը հանդիպի երեք պարագաներու ա) ռւան
հոլովման բառերու բացառականի կազմութեան մէջ, ինչպէս`
առտու` առտուան-առտուրնէ, գիշեր` գիշերուան-գիշերուրնէ,
օր` օրուան-օրուրնէ եւ այլն. բ) ուրտ կամ ուրռտ բայական
բազմապատկական ու փոխադարձական միջածանցին մէջ,
ինչպէս` հռտուրտալ, քերուրտիլ, պահուրտիլ, սիրուրտիլ,
քսուրռտիլ, խածուրռտիլ, ծեծուրռտիլ եւ այլն. գ) ռւրներ բար-
բառային յոգնակերտին մէջ, զոր կ'առնեն կարգ մը բառեր
միայն, ինչպէս` աչուրներ, ձեռուրներ, ոտուրներ, ծնկուըներ,
մատուըներ:
ուի» ներգործական բայերը ուիլ-ով կը կազմեն կրա-
ւռորական բայեր. սիրել՝ սիրուիլ, դատել` դատուիլ, արհա-
մարհել` արհամարհուիլ, գտնել` գտնուիլ, տեսնել` տեսնուիլ,
խօսիլ` խօսուիլ, կարդալ` կարդացուիլ եւ այլն:
ուռ» աղուոր, բանուռր, զինուոր եւ այլն: Իւ վերջա-
յանգով բառերու ոյ հոլովման հին ձեւերուն մէջ` պատիւ`
77
պատուոյ, հաշիւ` հաշուոյն, թիւ` թուոյե: Նոյն հնչիւնը ի-ով
վերջացող բառերու հոլովական հին ձեւերուն մէջ կը գրուի ւ-
ով` տարի ՝ տարւոյն, հոգի ՝ հոգւոյն, բարի ` բարւոք, եկեղեցի`
եկեղեցւոյ:
ուօ» ազնուօրէն:
ուու» թուում, արժանապատուութիւե, հովուութիւն եւ
այլն:
Բացառութիւն են.
- սորվիլ, որ յաաջացած է սռվորել բայէն, երկրորդ ո-ի
կորուստով ու ը-ի դրափոխութեամբ` սոռվրիլ»սորվիլ: Սակայն
միւս բոլոր բաղադրութիւններուն մէջ սռվոր արմատը պահած է
իր կենսունակութիւնը` սովորական, սովորութիւն, սռվորոյթ,
անսռվոր եւ այլն:
- Սիրվարդ. բարդ բառ Է սէր-վարդ:
- ռահվիրայ «ճամբայ բացող», բարդ բառ է, ռահ կը նշա-
նակէ ճամբայ:
- Սիլվա, օտարամուտ անուն է: Օտար բառերու մէջ ձայ-
նաւորէ մը առաջ ինկող դիրքին «վ» հնչիւնը կը գրենք վ` հալվա,
Էլվիրա, Թրվանհտա, Մալվիեէ: Ու-ն կը վերապահենք համա-
պատասխան դիրքի ձայնաւորին` ՌՈւիլի, Ուիլիեմ, Լուիզ, Կալ-
ուին եւ այլն: Մանուէլ եւ Սամուէլ անուններուն մէջ ու կապակ-
ցութիւնը տակաւին կը պահէ ձայնաւորի իր արժէքը: Այստեղ
գրութեան եւ արտասանութեան երկուութիւն կը յառաջանայ
հայերէն եւ օտարամուտ բառերու միջեւ` Կալուին - կռուիլ,
Մանուէլ - ստուեր:
45.- Կրկնակ ու-ի պարագան
Բառակազմական որոշ պարագաներու կը պահանջուի
գրել յաջորդաբար երկու ու, առաջինը` բաղաձայնի, իսկ
երկրորդը` ձայնաւորի արժէքով: Այսպէս`
ա.- Իւ վերջայանգով բառերու ում եւ ութիւն ածանցներով
բաղադրութիւններու մէջ. թիւ` թուում, հաշիւ` հաշուում, պա-
78
տիւ` արժանապատուութիւն, հովիւ` հովուութիւն, տու` պա-
տասխանատուութիւե:
բ.- Որոշ դժուարութիւն կը յարուցեն կեղուել, հաշուել,
պատուել, հովուել, ցրուել, թօթուել, գրաւել, ժողվել, սորվիլ
ներգործական բայերուն կրաւորականները:
Կեղեւ, հաշիւ, պատիւ, հովիւ ու ցրիւ արմատներէն
կազմուած են կեղուել, հաշուել, պատուել, հովուել, ցրուել"
բայերը: Ասոնք բոլորն ալ ներգործական բայեր են: Ասոնց
կրաւորականը կրլլայ կեղուուիլ, հաշուուիլ, պատուուիլ`
կրկնակ «ուչֆ-ով: Հովուել բային կրաւորականը կիրարկու-
թիւն չունի, թէեւ, ըստ լեզուական կանոնի, ձեւր կրնայ ունե-
նալ՝ հռվուուիլ, հովուուած, հովուուող: Ցրուել բայը լծոր-
դութեան փոփոխութեամբ կը դառնայ չէզոք-կրաւորական բայ`
ցրուել-ցրուիլ, ցրուեցի-ցրուեցայ, ցրուեց-ցրուեցաւ, ճիշդ ինչ-
պէս վառել-վառիլ, մարել-մարիլ, թափել-թափիլ (արեւելահա-
յերէն` ցրել-ցրուել): Ցրուուիլ ձեւն ալ կայ, ինչպէս` թափեյ-
թափիլ այլասեռ զոյգի շարքին թափուիլ տարբերակը: Կայ նաեւ
թօթուել բայը: Հին գրչութեան մէջ օ-ով եւ ո-ով հանդիպող թօ-
թով` թոթովել բառը, ըստ Աճառեանի, իմաստներով կը նոյնա-
նայ թօթափել բառին հետ ու մեզի հասած է թօթուել ձեւով:
Ասոր ալ կրաւորականը կ'ըլլայ թօթուուիլ:
Այս շարքին մօտիկ են գրաւել, ժողվել եւ սռրվիլ բայերը,
որոնց կրաւորականները կ'ունենան «վ» բաղաձայնի կուտա-
կում` գրաւել-գրաւուիլ, ժողվել-ժողվուիլ, սորվիլ՝ սորվուիլ,
բայց տարբեր գիրերով` ւ, վ եւ ու:
գ.- Արեւելահայերէնի սահմ. եղանակի ներկայ եւ անցեալ
անկատար ժամանակի բայերուն կրաւորականը կը գրուի մի-
այն ւ-ով` պատժւում է, հեռացւում է: Կրկնակի ու-երէն առա-
ջինը` ւ-ով: Նոյնը` ու հիմքով կրաւռրականներու պարագային՝
պատււում է, հաշււում է, կեղեււում է: Ասիկա ընդունուած գրե-
Հ Ցիր հիմքէն ունինք ցրել` փարատել, հեռացնել` «կասկածներս ցրե-
ցի», չէզոքը կ'ըլլայ ցրիլ՝ «կասկածներս ցրեցան»:
79
լաձեւ է: Նշենք, որ պարսկահայ իրականութեան մէջ, ուր
հիմնական գրականը արեւելահայերէնն է, բայց ուղղագրու-
թիւնը՝ աւանդականը, ւ-ով կը փոխարինուի առհասարակ բա-
ղաձայն ու-ն բառի բոլոր դիրքերուն մէջ. նուազ նւազ, ստուեր`
ստւեր եւ այլն:
Ասիկա ալ միտում առաջացուցած է Մփիւռքի մէջ ձերբա-
զատուելու կրկնակ բաղաձայն ու-երէն, առաջինը ւ-ով գրելով.
այսպէս՝
ա.- Ածանցման միջոցով կազմուած գոյացումներու մէջ՝
թուում-թւում, արժանապատուութիւն` արժանապատւութիւե,
հովուութիւն` հովւութիւնե, պատասխանատուութիւն` պատաս-
խանատւութիւն, հաշուում՝ հաշւում:
բ.- Կրաւորական բայաձեւի մէջ կազմուած գոյացումներու
մէջ` կեղուուիլ-կեղւուիլ, պատուուիլ-պատւուիլ, թօթուուիլ-
թօթւուիլ, հաշուուիլ-հաշւուիլ եւ այլն:
Ոմանք ւ-ով կը գրեն նաեւ իւ վերջայանգով բառերու ոյ
հոլովման սեռական ձեւերուն մէջ գոյացած ու բաղաձայնը.
պատիւ պատուոյ-պատւոյ, թիւ՝ թուոյե-թւոյե, հաշիւ` հաշուոյն-
հաշւոյն:
46.- Շեշտակիր ու ձայնաւորին հնչիւնափոխութիւնը
Բառասկիզբին շեշտակիր ու ձայնաւորը տոկուն է ու շեշ-
տափոխական հնչիւնափոխութեան չ'ենթարկուիր. ուս` ուսա-
պարկ, ուսադիր, ուսնոց, ուշ` ուշանալ, ուշադիր, ուխտ` ուխ-
տաւոր, ուխտագնաց, ուխտադրուժ, ուղտ` ուտապան, ութը`
ութսուն, ութնոց, ութակի, ուլ ` ուլիկ, ուլականջ, ունկ ՝ ուկնդրել,
ունկնդիր եւ այլն:
Ուչը հնչիւնափոխութեան քանի մը մասնակի պարագա-
ներ ունինք բառասկիզբին. ումպ. ըմպել, ըմպանակ, ըմպելի,
ունդ՝ ընդեղէն, ունչ` ընչացք:
Միավանկ բառերու փակ դիրքին մէջ կը վերածուի անգիր
ը-ի. մուխ` մխալ, ծուխ` ծխարան, լուռ` լռել, լռակեաց, լուր`
լրաբեր, լրատու եւ այլն, իսկ բազմավանկ բառերու մէջ բոլո-
80
րովին կը սղի. մածուն` մածնապուր, գլուխ` գլխատել, ամուր՝
ամրանալ, ամրութիւե, մաքուր` մաքրութիւն եւ այլն: Կարգ մը
բառեր ունին նաեւ չհնչիւնափոխուած ձեւեր, ինչպէս` սուղ`
սղիլ, բայց` սուղնալ, սուղնոց, սուղութիւն, ապուշ` ապշիլ,
բայց` ապուշնալ, ապուշութիւն, որոնք երբեմն ձեռք կը բերեն
իմաստային տարբերութիւն:
Ում ածանցաւոր բառերու շարքին մէջ, բացի մէկ-երկու
պարագայէ, հնչիւնափոխութիւն չի կատարուիր. դիմում` դի-
մումեագիր, խեդում` խեդումերես, ծագում` ծագումնաբան, ու-
սում` ուսումնական, բայց թաղում` թաղմանական, երդում`
երդմնադրուժ, երդմնազանց:
Ասուն ածանցաւոր տասնաւորներէն սղման կ՛'ենթար-
կուին երեսուն, քառասուն եւ յիսուն թուականները՝` երես-
նեակ, երեսնամեայ, երեսնամեակ, երեսնապատիկ, երեսնօր-
եայ, քառասնեակ, քառասնամեայ, քառասնամեակ, քառաս-
նապատիկ, քառասնօրեայ, լիսնեակ, լիսնամեայ, լյիսնամեակ,
յիսնօրեայ, լիսնապետ, բայց երորդ եւ նոց ածանցաւորներու
պարագային չեն հնչիւնափոխուիր՝ երեսուներորդ, երեսուն-
նոց, քառասուներորդ, քառսունոտի, քառասուննոց, լիսունե-
րորդ, լիսուննոց, լիսունգլխանի: Վաթսուն, եօթանասուն, ութ-
սուն եւ ինիսուն տասնաւորները այս բաղադրութիւնները կը
կազմեն անհնչիւնափոխ կերպով:
Բառավերջին շեշտափոխութեան հետեւանքով կը վերած-
ուի «վ» բաղաձայնի, բայց կը պահէ գրութեան աւանդական իր
ձեւը. առու` առուակ, բու` բուիճակ, կատու` կատուազգի, մե-
ղու` մեղուաջան թթու` թթուաշ, կծու` կծուիլ, աղու` աղուա-
ձայն, ձու` ձուածեղ,:
Քանի մը պարագաներու անկում կ'ունենայ. հեռու՝ հե-
ռաստան, հեռատեսիլ, հեռադիտակ, արու` արական եւ այլն:
Յոգնակիի կազմութեան եւ հոլովման թեք ձեւերուն մէջ, ի
հակադրութիւն արեւելահայերէնի, կը պահուի ձայնաւորի
արտասանութիւնը. բու` բուեր, լու` լուեր, կատու` կատուներ,
կատու` կատուին, կատուէն, կատուով. ածու` ածուին, ածուէն,
81
ածուով: Այս օրինակներն ալ ցոյց կու տան, որ ու ձայնաւորը
ուրիշ ձայնաւորի մը կը միանայ ուղղակի կերպով, առանց
կիսաձայն յ-ի գրութեան:
Ի հոլովման ձեւերուն մէջ ու-ն չի կորսուիր. մածուն՝ մա-
ծունի, մածունէ, մածունով. ջուր՝ ջուրի, ջուրէ, ջուրով. դուռ`
դուռի, դուռէն, դուռով. շուն՝ շունի, շունէ, շունով, դուստը՝
դուստրի եւ այլն: Հոս պէտք է նշել, որ անկանոն հոլովումներու
ենթարկուռղ կարգ մը բառեր ուի սղում կ՛ունենան. դուռ`
դրան, դռնէն, դռնով մատուռ` մատրան, աշուն` աշնան, գա-
րուն` գարնան, մուկ՝ մկան, սկեսուր` կեսրոջ, դուստրը` դստեր:
Ում (ումե) ածանցով գոյականները ան հոլովումին ենթար-
կուելու պարագային ու-ն կը կորսնցնեն. շարժում` շարժման,
հոլովում` հոլովման, համբարձում` համբարձման եւ այլն:
47.- Ե, է, ի, Էա կապակցութիւնները
Արեւմտահայերէնի մէջ եա, (ա/ո)յա, (ա/ո)յեա, եայ, իա,
(ա)յիա, իայ, էա գերազանցապէս համահունչ կապակցութիւն-
ները ծագումով ու դիրքով իրարմէ կը տարբերին: Եա, (ա/ոյյա,
(ա/ո)լեա, եայ կր պատահին հայերէն, իսկ իա, (այյիա, իայ, էա`
ծագումով օտար բառերու մէջ: Ուղղախօսական տեսակէտէն
նոյնն են ներկայիս: Եար, կայան, հայեացք, հրեայ, Իտալիա,
Գայիանէ, կրիայ, իտէալ, Անդրէաս բառերուն մէջ խնդրոյ
առարկայ կապակցութիւններէն ոչ մէկը միւսէն տարբեր կը
հնչուի թէ առօրեայ խօսակցական եւ թէ բեմական խօսքի մէջ:
Բաղադրեալ բառերու մէջ ի եւ է գիրերը կը պահեն իրենց
անկախ արտասանութիւնը` միակ, միանալ, թիակ, էակ, աշ-
տէակիր եւ այլն: Որոշ պարագաներու ունին երկձեւ արտասա-
նութիւն` քրիստոնէ-ական եւ քրիստոն-էական, հիւլէ-ական եւ
հիւլ-էական եւ այլն:
48.- Եա, (ա/ո)յեպ, (ա/ո)յա, եայ կապակցութիւնները
Եա-ն կը գրուի հայերէն բառերու մէջ, բաղաձայնէ մը ետք,
ինչպէս` այծեամ. ատեան, Արուսեակ, ժանեակ, լեարդ, կեանք,
82
մատեան, մանեակ, ոսպնեակ, պատեան, սարեակ, սենեակ,
սպասեակ, վառեակ, օթեակ եւ այլն Արմատական բառերէն
անկախ՝ եա կայ ածանցներու մէջ.
-` եայ. փայտեայ, արծաթեայ, պաշտօնեայ, Հրաչեայ...
-` եակ. քառեակ, վեցեակ, տասնեակ, սպասեակ...
-` եան. ամերիկեան, աջակողմեան, միջնադարեան եւ այլն.
մականունները՝ Յակոբեան, Կանանեան, Թումայեան...
-` Լռելեան բառը ածական է, մակբայը կ'ըլլայ լռելեայն:
- եանց. Մալխասեանց, Ղեւոնդեանց, Արամեաեց...
- եալ. բանտարկեալ, յաւելեալ, կախեալ, երդուեալ, լիշ-
եալ, ամբաստանեալ...: Եա կրնայ գոյանալ բարդումի եւ ածան-
ցումի ատեն. պատանհի-ակ` պատանեակ, հոգի-ակ` հոգեակ:
Ան նաեւ իւչեա ներքին թեքումի հոլովում է. քաջութիւն քա-
ջութեան, արիւն արեան եւ այլն:
Եա երկհնչիւնը կը հանդիպի նաեւ համարեա եւ տէր
ողորմեա բառերու վերջաւորութեան:
Եա կը գրենք բառին սկիզբը, օտարամուտ բառերու եւ
ձայնարկութիւններու մէջ, ինչպէս` համան, եար, Շարալեան,
Եանիկեան, եատէս, եախնի, եա ՛ եա՛հ:
Յեա կը գրուի ածանցաւոր բառերու մէջ, ուր ) կիսաձայնը
արմատին մէջ կայ, բայց ածանցեալ ձեւին մէջ անձայն կը դառ-
նայ` դայեակ, Հմայեակ, հայիլ` հայեացք, դանայեան տակառ,
երեկոյ երեկոյնան, Նոյ Նոյնան: Յեա-ին մէջ |-ն յաւելուած է
այն մականուններուն մէջ, որոնք ստեղծուած են ա-ով եւ օ-ով
վերջացող օտար բառերէ ու բարբառային անուններէ, ինչպէս՝
գարա (թրք.՝ սեւ)` Գարայեան, Թումա (Թովմաս) ՝ Թումայեան,
Եղիա` Եղիայեան, Արա` Արայեան, Գաբօ (Գաբրիէլ) Գաբոյ-
եան, Համօ՝ Համոյեան եւ այլն:
Ախոյեան բառը ածանցեալ չէ. գրուած է նաեւ ախոյան
ձեւով, որ մերժուած է:
Բառամէջի յա կապակցութիւնը ունի նոյն արտասանու-
թիւնը, բայց կու գայ ա եւ ո ձայնաւորներէն ետք, սովորաբար
83
ածանցեալ բառերու մէջ, ինչպէս` կայան, տղայական, Հայաս-
տան, խոյակ, խոյանալ, գոյական եւ այլն:
Եայ կը գրուի հայերէն բառերուն վերջաւորութեան, ուր յ-ն
անձայն է, ինչպէս` հրեայ, քրիստոնեայ, պաշտօնեայ: Եայ
ածանցը գոյականներէն յարաբերական ածականներ կը կազմէ,
ինչպէս՝ գետեզերեայ, ծովափնեայ, երկօրեայ, եռօրեայ, երկամ-
եայ, պղնձեայ, բիւրեղեայ, թիթեղեայ եւ այլն: Այս ածանցով
ունինք քանի մը գոյական հրեայ, քաղդեայ, պաշտօնեայ,
քրիստոնեայ լատուկ անուն մըն ալ՝ Հրաչեայ:
Յոբելեար/յոբելիար. օտար ածանցումով բառ է: Տարած-
ուած է յոբելեար ձեւը յոբելեան-ի նմանութեամբ:
Տիար բառի սեռական եւ յոգնակի ձեւերն են տեառն,
տեարք: Տիարն, տիարք ձեւերը սխալագրութիւններ են:
49.- Եա եւ եայ երկենչիւններու հնչիւնափոխութիւնները
Եա երկհնչիւնը թոյլ է եւ բառի աճման պարագային վերջին
վանկին մէջ կ ենթարկուի հնչիւնափոխութեան եւ կը վերածուի
ե-ի. ատեան ատենապետ, ատենագրութիւե, ժանեակ ժանե-
կագործ, կեանք` կենարար, լեարդ` լերդանալ, հայեացք` հայե-
ցակէտ, հայեցակարգ, հայեցողութիւն, հայեցուածք, մանեակ`
մանեկազարդ, մատեան մատենագիր, պատեան՝ պատենաւոր,
պատանեակ պատանեկիկ, պատանեկութիւն, վայրկեան`
վայրկենական, սենեակ սենեկապետ եւ այլն: Նոյնը կը պա-
տահի ութիւն ածանցով գոյականներու սեռական-տրականի
հիմքէն բացառական հոլովի կազմութեան ատեն. քաջութիւն`
քաջութեան-քաջութենէ. լաւութիւն` լաւութեան-լաւութենէ, նա-
եւ նոր բառեր կազմելու ատեն. բնութիւն՝ բնութեան-բնութենա-
պաշտ, միութիւն՝ միութեան-միութենական եւ այլե:
Անփոփոխ մնալու պարագաներ ալ կան. ախոյնան` ախոյ-
եանալ, ախոյեանութիւն, ախոլեանական, արբանեակ` արբան-
եականաւ, արբանեակատար. Ոմանք բռնազբօսիկ ճիգով մը կը
փորձեն հնչիւնափոխուած ձեւերը տարածել: Այս բառերը
հնչիւնափոխութեան չեն ենթարկուիր:
84
Դայեակութիւն/դայեկութիւն. դայեակ բառէն. նախընտրե-
լի է հնչիւնափոխուած ձեւը, որովհետեւ հին ձեւն Է` դայեկու-
թիւն, դայեկորդի, դայեկատոհմ, դայեկաբար:
Յոբելեանական/յոբելենական/յոբելինական. յռբելեան բա-
ռէն. Հայաստան կը գործածեն անփոփոխ ձեւը՝ յռբելեանական:
Աճառեան յոբելեար գլխաբառին մէջ կը գործածէ ե՛ւ յռբելեա-
նական, ե՛ւ յոբելինաւոր: Մեր բառարանները կը փորձեն տա-
րածել յոբելենական ձեւր (Կռանեան): Վերջինը ընդունելով`
բառը օրինաչափութեան մէջ կը մտնէ:
Եայչէ շեշտափոխական հնչիւնափոխութիւն կայ հետեւ-
եալ բառերուն մէջ. հրեայ` հրէական, երէութիւն, հրէից, գոր-
ծունեայ` գործունէութիւն, պաշտօնեայ` պաշտօնԼութիւն, քրիս-
տոնեայ` քրիստոնէական, քրիստոհէութիւն, քրիստոնէից, այժ-
մեայ այժմէական, այժմէութիւե: Այս է-ն կայ այլ ածանցաւոր
բառերու մէջ եւս, ինչպէս՝ քաղդէական, արամէական, հռոմէա-
կան եւ այլն, որոնք ծագած են քաղդեայ, արամեայ, հռովմեայ
նախկին ձեւերէն: Կան նաեւ քերովբէ՝ քերովբէական, սերովբէ`
սերովբէական ածանցաւոր բառերը:
50.- Իա, (ա)յիա, իայ, էա կապակցութիւնները
Ասոնք կը գրուին փոխառեալ բառերու մէջ:
Իա կը գրուի օտար բառերու մէջը եւ վերջը, ինչպէս` Ան-
թիլիաս, Մարիամ, Բենիամին, Գողիաթ, իմփերիալիզմ, միլ-
փիառ, Անանիա, Եղիա, Մատաթիա, Սոնիա, լուբիա, քիմիա,
ֆիզիա, Իտալիա, Ռումանիա, Գերմանիա եւ այլն: Իա-ն կը
հնչիւնափռխուի միայն մէկ պարագայի՝ օտար տեղի անուննե-
րու սեռական-տրական ձեւին մէջ. Իտալիա` Իտալիոյ. Թուրքիա`
Թուրքիոյ. Ռուսիա` Ռուսիոյ:
Յիա ունինք միայն Գայիանէ անունին մէջ:
Իայ ունինք միայն կրիայ բառին վերջաւորութեան: Կրեայ
ձեւը սխալագրութիւն է:
Հեքիաթ բառը փոխառութիւն է: Հէքիաթ, հէքեաթ, հեքեաթ
տարբերակները մերժուած են:
85
Էա ունինք ֆրանսերէնէ տառադարձեալ իտէա, իտէալ
բառերուն, Քռրէա երկրանունին եւ յունարէնէ եկած Անդրէաս
անձնանունին մէջ:
51.- Ե, Է, ի, յչո (օ) կապակցութիւնները
Եօ, եռ, իո, իոյ, իօ, յո, յօ, էԷռ ուղղախօսական տեսակէտէն
նոյնն են արդի լեզուին մէջ, բայց ծագումով ու դիրքով իրարմէ
կը տարբերին. եօ եւ յռ կը հանդիպին հայերէն, իսկ եղ, իո, իոյ,
(ա)լո, (ա/ո)լօ եւ էո օտար բառերու մէջ:
Արդի հայերէնի մէջ եօ մնացած է միայն եօթր ու գրաբար-
եան յոգնակի գործիական քարացած քանի մը բառերու մէջ՝
արդեօք (արդեաւ-ք), ընտանեօք, կարծեօք:
(Այյո ունի նոյն արտասանութիւնը, բայց կու գայ ա ձայ-
նաւորէն ետք: Կայ միայն այռ բառը:
Եռ ունինք օտար բառերու սկիզբը, ինչպէս Եռհան, Եռ-
լանտ, Եռհանեէս, Եռրկի եւ այլն:
Իո ունինք օտար բառերու մէջը, ինչպէս` Անտիոք, ամ-
պիոն, շեմփիոն, միլիոն, միսիոնար, Անտիոք, Սրապիոն, Պիոն,
Սիոն, Լիոն, Դիոս, Յուլիոս, Բիւզանդիոն եւ այլն, իսկ իօ՝ բա-
ռերու վերջը, ինչպէս` Անթոնիօ, Օնթարիօ, սենարիօ:
Նախընտրելի է, բառավերջի սա իօ-ն գրել իո՝ Անթոնիո,
Օնթարիո (տե՛ս էջ 70-71):
Հայերէն օրիորդ բառը ունի այլ ծագում. օրի եւ ռրդ՝ «իշ-
խանի որդի»:
Իոյ կունենանք իա վերջաւորութեամբ տեղանուններու
սեռական-տրական հոլովին մէջ. Իտալիա Իտալիոյ, Սուրիա`
Սուրիոյ, Գերմանիա` Գերմանիոյ եւ այլն:
Էո ունինք ֆրանսերէնէ տառադարձեալ միայն լեգէոն եւ
պանթէոն բառերուն մէջ: Նաեւ յունարէնէ անցած յատուկ
անուններուն մէջ, ինչպէս` Թէոդոս, Թէոդորոս, Մատթէոս, Թա-
դէոս, Բարթողիմէոս, Զաքէոս, ՏիմիթԼոս, Կղէոպատրա, նաեւ`
Գէորգ, որ կ'արտասանուի «Գեւորգ» ձեւով: Արեւելահայերը
նոյն ձեւով կ՛արտասանեն նաեւ Թադէոս (Թադեւոս) եւ Մատ-
86
թէոս (Մաթեւոս) անունները: Վերջին անուան պարագային
ընդունուած պէտք է համարել Մաթէոս ձեւը: Սիմոն յատուկ
անուան գրութեան նախկին ձեւն է` Սիմէոն, իսկ Զաքէոս ան-
ուան Զակքէոս: Թէեւ խօսքի մէջ յաճախ ընդհանրացած է
«լեգեռն», «պանթեոն», «Մաթեոս», «Զաքեոս» արտասանութիւ-
նը, սակայն ոմանց պարագային տակաւին տիրական կը մնայ
է-ի արտասանութիւնը՝ Թէոդորոս, լեգէոն:
Յատուկ անուններու հին ձեւերը գլխաւորաբար կը վերա-
պահուին պատմական դէմքերուն ու մատենագրական քաղ-
ուածքներուն` Սիմէոն Սիւնակեցի, Ս. Գրային Զակքէոս եւ այլն:
52.-Էօ ձայնաւորը
Ունինք օտար բառերու մէջ, ինչպէս` Էօժենի, Կէօքճմնան,
ԿԼօվշէնեան, Չէօրէքճնան եւ այլն: Սա նոյնը չէ, ինչ որ Է էռ
կապակցութիւնը լեզէռն, պանթէոն, Թադէոս բառերուն մէջ: Էո-
ն կրնայ արտասանուիլ իբրեւ երկհնչիւն՝ լեգ-էոն կամ ստու-
գաբանօրէն կրնայ տրոհուիլ երկու ձայնաւորներու՝ լեգէ-ոն: Էօ
կապակցութեան մէջ բաղադրիչ ձայնաւռորները չունին ինքնու-
րոյնութիւն, այլ երկուքը ձուլուելով կու տան մէկ ձոյլ ու ան-
տրոհելի ձայնաւոր հնչիւն. հմմտ.` Սէօլէօզ -- Մաթէոս:
87
Բ.- ԲԱՂԱՁԱՅՆՆԵՐՈՒ ՈԻՂՂԱԳՐՈՒԹԻԻՆԸ
53.- Արեւմտահայերէնի բաղաձայնական համակարգը
Հայերէնի պայթական ու պայթաշփական բաղաձայնները
գրաբարի մէջ ունին ձայնեղ, խուլ եւ շնչեղ խուլ եռաստիճան
համակարգ.
ձայնեղ խուլ շնչեղ
Բ Պ Փ
Գ Կ Ք
Դ Տ Թ
Ձ Ծ Ց
Ջ Ճ Չ
Արեւելահայ բարբառները առաւելաբար պահած են այս
համակարգը նոյնութեամբ ու փոխանցած արեւելահայ գրական
լեզուին:
Արեւմտահայ բարբառները խօսակցական արեւմտահայե-
ըրէնին փոխանցած են երկու գլխաւոր փոփոխութիւններ.
ա) Գրաբարի ձայնեղները (Ա. սիւնակ) խլացած են, խուլերը
(Բ. սիւնակ) ձայնեղացած: Հին հայերէնի համեմատ` բադ (Ե89)
բառը արտասանուած է պատ (221), իսկ պատ (քէ) բառը` բադ
(Եմ): Այս պատմական հնչիւնափոխութիւնը տիրական է
գլխաւորաբար Կիլիկիոյ` Ջէյթուն, Հաճըն, Անտիռքի` Պէյլան,
Սուէտիա, Քեսապ, Արամօ-Ղնեմիէ եւ արեւմտեան հայաշ-
խարհի հարաւային շրջաններու բարբառներուն մէջ:
բ) Գրաբարի խուլերը (Բ. սիւնակ) ձայնեղացած են. հին
հայերէնի համեմատ` պատ (ք8) բառը արտասանուած է բադ
(Ե), իսկ ձայնեղները շնչեղացած, այսինքն` հին հայերէնի
համեմատ, բադ բառը շնչեղացած է (Գ. սիւնակ), ընդհուպ
շփոթուելով փաթ բնաձայնին հետ:
ա.- կիլիկեան համակարգ բ.- խլազուրկ համակարգ
խուլ ձայնեղ շնչեղ ձայնեղ շնչեղ
Բ Պ Փ պ Բ-Փ
Գ Կ Ք Կ Գ-Ք
88
Դ Տ Թ Տ Դ-Թ
Ձ Ծ Ց Ծ Ձ-«8
Ջ Ճ Չ Ճ Ջ-Չ
Ահաւասիկ այս վերջինը աւելի տիրական է արեւմտահայ
գրական լեզուին մէջ, որովհետեւ նախաեղեռնեան շրջանին
գրական լեզուի կազմաւորման ու տարածման մէջ հիմնարար
դեր ունեցան այն շրջանակները, ուր տիրական էր բաղաձայ-
նական երկաստիճան խլազուրկ համակարգը:
Այս փոփոխութիւնը հայերէն բառերու գրութեան մէջ տար-
բերութիւն չի ստեղծեր, այսինքն՝ գրաբարէն աւանդաբար մեզի
անցած բառերու գրաւոր պատկերին մէջ ոչինչ կը փոխուի. բաղ
- պատ - փաթ, դուր - տուր - թուր բառերէն իւրաքանչիւրը
տարբեր բաներ չի թելադրեր արեւմտահայուն եւ արեւելահա-
յուն համար. տարբերութիւնը երեւան կու գայ արտասանութ-
եան ու արտաբերութեան մէջ: Այսպէս` «ճանաչել զիմաստու-
թիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանձարոյ» նախադասութիւ-
նը կարդալու ատեն 4, տ, բ բաղաձայններու արտաբերութեան
մէջ յստակ տարբերութիւն մը պիտի նկատուի արեւելահայ եւ
արեւմտահայ արտասանողներու միջեւ: Այս է պատճառը, որ
արեւմտահայը հեշտութեամբ կը կարդայ ու կը հասկնայ արեւ-
մտահայ գրութիւն մը, կամ արեւելահայը` արեւմտահայ գրու-
թիւն մը, բայց նոյն հատուածը արտասանելու ատեն ունկնդիրը
պահ մը շփոթի մէջ պիտի իյնայ, թէ յստակօրէն ի նչ բառ է
արտասանուածը, օրինակ` բա դ ըսել կ'ուզէ, թէ պատ, գերի՞
ըսել կ'ուզէ, թէ քեռի:
Գլխաւորաբար նախկին ձայնեղներու շնչեղացման հետե-
ւանքով արեւմտահայ դպրոցին մէջ գիրերը իրենց հնչիւննե-
րով ճանչցնելը բաւարար չէ: Դպրոցականը նախ գիրերը կը
ճանչնայ անոնց անուններով ու բանալի բառերով, ինչպէս չա,
ջէ, ձա, ցօ, չամիչի չը, ջուրի ջը, ձուկի ձը, ցորենի ցր:
89
54.- Օտար բառերու տառադարձութեան տարբերութիւնը
Պարզ է, որ արեւելահայն ու արեւմտահայը, օրինակ,
անգլերէն կը խօսին նոյն ձեւով, այսինքն` անգլերէն բառերու
արտաբերութիւնը կամ լսողական ընկալումը երկուքի պա-
րագային ալ նոյնն է, բայց հարց կը ծագի, երբ անոնք օտար
բառերը հայերէն գիրերով արձանագրելու կը սկսին: Այսպէս
անգլերէ Եճու բառը, որ երկուքն ալ նոյն ձեւով կ՛արտասանեն,
արեւելահայր պիտի գրէ բանկ, իսկ արեւմտահայը` պանք,
որովհետեւ անգլերէնի Ե գիրին հնչիւնը արեւելահայուն համար
բ-ն, է, իսկ արեւմտահայուն համար` պ-ն, անգլերէն Բ գիրին
հնչիւնը արեւելահայուն համար կ է, իսկ արեւմտահայուն
համար` ք: Արեւելահայուն կողմէ տառադարձուած օտար բառը
անհասկնալի կը թուի արեւմտահայուն համար, եւ հակառակը.
օրինակ` արեւելահայուն տառադարձած կակտուս բառը, իսկ
արեւմտահայուն կողմէ տառադարձուած քաքթուս բառը ան-
համատեղելի պիտի ըլլան հակառակ կողմերուն համար օտար
Շ8ՇէնՏ բառին պարագային:
Ուրեմն՝ այս փոփոխութիւնը հայերէն բառերու գրութեան
մէջ տարբերութիւն չի ստեղծեր, բայց օտար բառերու արձա-
նագրութեան մէջ կը ստեղծէ: Օրինակ, մոա անունը նոյն
ձեւով կը լսենք ու կ'՛արտասանենք, բայց երբ կարգը գայ գրե-
լուն արեւելահայը առաջին հնչիւնը կ'արձանագրէ ջ-ով, իսկ
արեւմտահայը` ճ-ով, կ'ըլլայ երկուութիւն՝ Ջիմի եւ Ճիմի:
Օտար բառերը հարազատօրէն արձանագրելու կերպը հնչիւ-
նայինն է, հետեւաբար հնարաւոր չէ տառադարձութիւն կա-
տարել գիրերու պատմական համարժեքով: Այսինքն՝ կարելի չէ
սպասել, որ արեւմտահայը Ջիմի գրէ ու կարդայ մո»:
Ուրեմն՝ արեւմտահայերէնի մէջ նոյնացած են բ եւ փ, գ եւք,
դեւթ, ձեւց, ջ եւ չ բաղաձայնները: Միւս կողմէ նոյնացած են եւ
օտար բառերու մէջ զիրար կը փոխարինեն արեւելահայերէնի բ
եւ արեւմտահայերէնի պ գիրերը եւ համապատասխանաբար՝
գեւկ դեւտ,ձեւծ, ջեւ ճ: Հետեւաբար՝
90
- Հոն ուր բ տառադարձուած Է արեւելահայերէնի մէջ` կը
գրենք պ. ամբիոն ամպիռն, բանկ` պանք, բասկետբոլ պաս-
քեթպոլ, բետոն պեթոն, բենզին պենզին, իսկ ուր որ պ տառա-
դարձուած է կը գրենք փ (եւ ոչ թէ բ. պասսիվ` փասսիւ,
պանսիոն` փանսիոն, պաթետիկ` փաթեթիք, պալտո` փալթօ,
պարտիա փարթի, պարտիզան փարթիզան եւ այլն: Եւ վերջա-
պէս, ուր որ փ տառադարձուած է կը պահենք նոյնութեամբ.
փաթրոն, փախլաւա, փեհլիւան:
- Հոն ուր գ տառադարձուած է արեւելահայերէնի մէջ՝ կը
գրենք կ. գազ կազ, գազոլին կազոլին, գաբարդին կապարտին
(կտոր մը), գեստապո կեսթափօ, իսկ ուր որ կ տառադար-
ձուած Է կը գրենք ք (եւ ոչ թէ գ). կազինօ քազինօ, կալորիա՝
քալորի, կակտուս քաքթուս, Կանադա Քանատա, Կալիֆոր-
նիա` Քալիֆորնիա եւ այլն: Եւ վերջապէս, ուր որ ք տառա-
դարձուած է՝ կը պահենք նոյնութեամբ. քիմիա, քլոր, քլորոֆիլ,
քրոնիկ, քրոնիկոն:
- Հոն ուր դ տառադարձուած է արեւելահայերէնի մէջ՝ կը
գրենք տ. դամա տամա (խաղ մը), դելտա ` տելթա, դելֆին
տելֆին, դեկոր` տեքոր, դարչին` տարչին, իսկ ուր որ տ տա-
ռադարձուած է՝ կը գրենք թ (եւ ոչ թէ դ). տախտ թախթ, տակ-
տիկա թաքթիք, տաքսի թաքսի, տեկստիլ թեքսթիլ, տրակ-
տոր. թրաքթոր, տերիտորիա` թերիթորիա եւ այլն: Եւ վերջա-
պէս, ուր որ թ է՝ կը պահենք նոյնութեամբ. թենիս, թալիսման,
թէյ, թայֆա:
- Պայթա-շփականներուն մէջ հոն ուր ջ տառադարձուած է
արեւելահայերէնի մէջ՝ կը գրենք ճ. ջահէլ Ճահէլ, ջան: ման,
ջաննաթ` Ճաննաթ, ջատու` ճատու, Ջինա` Ճինա, Ջիմի "Ճիմի,
իսկ ուր որ չ է կը պահենք նոյնութեամբ. չայ, չոլ, չադր չատրը,
չալել, չերքէզ, չոբան` չոպան, չինար:
Հարցը շատ աւելի կը բարդանայ, եթէ ծագումով նոյն բառը
փոխատու տարբեր լեզուներէ կը մտնէ հայերէնի երկու ձիւ-
ղերուն մէջ: Ահաւասիկ արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն զոյ-
91
գեր. պարտիա-փարթի, կալորիա-քալորի, աքցիա-աքսիոն, պե-
լիցիլին-փենեսելին, ցիմենտ-չիմենթօ-սիմենթ:
Մեր գրական երկու լեզուներն ալ լուրջ սահմանափա-
կումներ պէտք է դնեն օտար բառերու հոսքին առջեւ եւ լայ-
նօրէն օգտուին հայերէնի բառակազմական հնարաւորութիւն-
ներէն, իսկ ծայրայեղ պարագաներու՝ պէտք է համաձայնեցնեն
փոխառութեան ձեւը: Երկու պարագայի հայ խօսքը անմատ-
չելի է միւս հատուածին համար. մէկ` ծայրահեղ բարբառայ-
նութեան եւ երկու՝ ծայրահեղ օտարաբանութեան պարագանե-
րուն: Րաֆֆիի, Աղայեանի, Տէրեանի խօսքը երբեք անմատչելի
չէ եղած արեւմտահայ ընթերցողին, ոչ ալ Պարոնեանի, Զռհրա-
պի, Մեծարենցի ու Վարուժանի լեզուն` արեւելահայուն հա-
մար: Բայց փաստ է, որ ներկայ արեւելահայ մամուլը, մեծ մա-
սով, անմարսելի կը դառնայ սփիւռքահայ այն ընթերցողին հա-
մար, որ հաճոյքով կր կարդար «Հայրենիքի ձայն» շաբաթա-
թերթը: Հոս նկատի ունինք բարբառայնութենէ, ժարկոնէ ու
օտարաբանութենէ նուազ վարակուած լեզու մը:
Աւելցնենք, որ սփիւռքահայ մամուլն ու տպագրութիւնը
արեւելահայերէն գրուածքներու մէջ օտար բառերու տառա-
դարձութիւնը երբեմն կը պահեն իր բնագրային վիճակով.
այդպէս է որ քանի մը արեւելահայ տառաղարձութեամբ բա-
ռեր մտան արեւմտահայ գրականին մէջ, ինչպէս` ակադեմիա,
ամբիոն, պանթեռե, դոկտոր եւ այլն, մտան արեւելահայ տես-
քով, բայց արեւմտահայ արտասանութեամբ: Ասոր հետեւան-
քով ալ արեւմտահայուն համար դոկտոր բառը գիտական կո-
չում է, իսկ տոքթոր բառը` բժիշկ:
55.- Գ գիրը օտար բառերու տառադարձութեան մէջ
Օտար բառերու տառադարձութեան մէջ, իբրեւ կանոն, չեն
գործածուիր այժմ շնչեղացած նախկին ձայնեղները՝ բ, գ, դ, ձ եւ
ջ: Ասոնցմէ միայն գ-ը կանոնաւորապէս գործածուած է արեւ-
մտահայ գրականին եւ հայատառ թրքերէն գրականութեան մէջ
արտայայտելով թրքերէնէ եւ արաբերէնէ եկած կոկորդային
92
պայթական 45 գիրի հնչիւնը: Ասիկա մեր մէջ երկար ատեն օրի-
նաչափական ու կայացած գրելաձեւ մըն էր: Այդ հնչիւնը շատ
կը հանդիպի մականուններու եւ տեղանուններու մէջ, ինչպէս
Գարակիւլլէեան, Գալփագեան, Գատընեան, Գալեմտէրեան,
Գարահիսար, Պարտազձեան, Գահիրէ, Անգարա, Գրըգխան եւ
այլն: Հայատառ թրքերէն գրականութեան մէջ գ-ը միշտ կը փո-
խարինէ այդ հնչիւնը, իսկ ք-ն՝ սովորական խուլ շնչեղը. «Զիրա
ինսան պէնի եութմագ իսթէյօր, Հէր կիւն ճէնք էտէրէք` պէնի
թազեիգ էտիյօր: Գօրգտրղըմ կիւետէ պէն սանա թէվէքքիւլ
էտէրիմ» (Մէզամիր, Իսթանպլ, 1914, էջ 106): Հոս լուրջ հարց
մը կը ծագի ներկայիս` երկու գլխաւոր պատճառներով. ա)
Գրական թրքերէնէն վերացած է այդ հնչիւնը, որ միշտ կը գրուի
Ճ-ով: բ) Այդ մականունները կրողները իրենք այսօր չեն հնչեր
այնպէս ինչպէս որ կայ խօսակցական թրքերէնին մէջ, այլ կը
հնչեն ք: Սակայն անոնց (մականուններու եւ տեղանուններու)
այդ ձեւի գրութիւնը աւանդաբար կը շարունակուի եւ լուրջ
դժուարութիւն կը յարուցէ անծանօթներու համար` Գարակիւլ-
եան-ը այսօր կ'արտասանուի Քարակիւլեան, բայց կը պահէ
աւանդական դարձած ձեւը: Մուսա Լերան գիւղերէն մէկը կը
տառադարձուէր Վագրֆ, իսկ ներկայիս պաշտօնապէս ձի
կամ ՄՅԺՈԼ հետեւաբար` Վաքրըֆ: Շատ յայտնի տեղանունները
տառադարձուած են օսմանեան հնչերանգով Անգարա, որ
այսօր կը գրուի ու կը հնչուի Ճոհտոճ-Անքարա, բայց հայերէնի
մէջ կը պահուի նախկին տառադարձութիւնը` Անգարա, Գա-
հիրէ, Գոնիա, Գարահիսար. Նոյնն է մականուններու պարա-
գան:
56.- Հին ու նոր տառադարձութիւններու հարցը
Անշուշտ, հոս խնդրոյ առարկայ չեն հին տառադարձու-
թիւնները, այսինքն` անոնք որ կու գան գրաբարէն` Աստուա-
ծաշունչի թարգմանութենէն ու հայ դասական մատենագրու-
թենէն: Բազմաթիւ բառեր, տեղանուններ ու անձնանուններ կը
պահուին ինչպէս որ փոխանցուած են մեզի իբրեւ գրութեան
93
պատկեր, բայց զանոնք մենք կ'արտասանենք այսօրուայ մեր
ընկալումով եւ ոչ թէ իրենց նախնական ձեւով, ինչպէս` Եւրո-
պա, Ափրիկէ, Եզիպտոս, Կիպրոս, Եգէական ծով, Վոսփորի նե-
ղուց, Բիւզանդիա, Կրետէ. այսինքն` չենք մտածեր այդ անուն-
ները գրել իրենց հարազատ հնչումով` Եուրոփ, Աֆրիքա եւ
այլն, թէեւ այդ ալ պատահած է երբեմն` Բռսփորի նեղուց-Վոս-
ֆորի նեղուց, Իկոնիա-Գոնիա, Անտիոք-Անթաքիա, Լաւոդիկէ-
Լաթաքիա: Հիմնական օրինաչափութիւնը հինին պահպանումն
է: Դամասկոս կը գրենք, այդպէս ալ հիմա կ'արտասանենք
ՕճոոտՏօսՏ անունը, թէեւ Տամասկոս գրողներ ալ կան. այդպէս է
նաեւ Լիբանան-ը (եւ ոչ Լիպանոն կամ Լիպնան). Նոյն անուան
հին ու նոր ձեւերուն կը հանդիպինք մանաւանդ անձնանուն-
ներու մէջ՝ Քերովբէ-Քերոբ, Սերովբէ-Սերոբ, Զակքէոս-Զաքէոս,
Սիմէոն-ԾՍիմոն եւ այլն: Անձնանուններու պարագային հինն ու
նորը կ'ըմբռնուին իբրեւ տարբեր անուններ` Ղեւոնդ-Լեւոն,
Եղիսաբէթ-Էլիզապէթ, Յովհաննէս-Ժան-ժոնի, Գէորզ-Ճորձ,
Յակոբ-ժաք եւ այլն:
57.- Բ, փ, պ շարքը
Բ, փ, պ շարքին մէջ պ գիրը, իբրեւ ձայնեղ, հնչիւնապէս
անշփոթելի կը մնայ բառասկիզբին, բառին մէջ ձայնաւորներէ
առաջ ու վերջ` պանիր, պարտէզ, պեղել, պահել, պահպանել,
ապա, ապերջանիկ, ապերասան, ապիկար, ապուր, կապ, կա-
րապ, կոպ, նպատակ, սեպ, բաղաձայններէ ետք՝ ամպ, ամպ-
րոպ, ըմպել, սպիտակ, սպասել, նաեւ նոր տառադարձութիւն-
ներու մէջ՝ պանք, պանան, նոպա, նոպէլեան, Պէյրութ: Հին հա-
յերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ օտարամուտ այս վերջին բա-
ռերը պիտի տառադարձուէին բ-ով:
Կիլիկեան բաղաձայնական համակարգ ժառանգած արեւ-
մտահայը կը զանազանէ բ խուլը եւ փ շնչեղը՝ բուռ - փուռ, իսկ
խլազուրկ համակարգ ժառանգածը անխուսափելի շփոթի մէջ
պիտի իյնայ, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛արտասանէ իբրեւ շնչեղ:
Կան օրինաչափական պարագաներ:
94
58.- Մբ օրէնք
Օրինաչափական Է` ամբար, ամբասիր, ամբարտակ, Ամ-
բերդ, ամբոխ, ամբարիշտ, ապստամբ, բամբասել, բամբիռ,
գմբեթ, դամբան, դամբանական, ըմբոստ, ըմբոշխնել, ըմբիշ,
թամբ, թումբ, թմբուկ, լամբակ, լամբար, խումբ, կաղամբ,
կշտամբել, համբառնալ, Համբարձում, համբուրել, համբերել,
համբաւ, ջամբել, ճամբել (արեւելահայերը` ճամփել), Մամբրէ,
շամբուտ, սմբակ, սմբուկ եւ այլն:
Հին հայերէնի մէջ բ-էն առաջ ն հնչիւնը միշտ մ հնչուած է,
այդպէս է նաեւ օտար փոխառութիւններու պարագային, ինչ-
պէս պահլաւերէնէ եւ պարսկերէնէ փոխառութիւնները. ձոծօի `
ամբոխ, ձոն ամբար, ձոեճոենմճո` ամբարտաւան, ձճոեճրնի` ամ-
բարտակ, ատիկա նոյնիսկ ներգրաւած Է ան ժխտական մասնի-
կով բառերը, ինչպէս` ամբարիշտ (ան-բարիշտ), նաեւ ութիւն
ածանցով բառերու սեռականի հիմքով բ-ով գործիականը, ուր բ
հոլովամասնիկէն առաջ տեղի կ'ունենայ ն»մ հնչիւնափոխու-
թիւն. քաջութիւն ՝ քաջութեան քաջութեամբ, այդպէս նաեւ լա-
ւութիւե աւութեան-լաւութեամբ, արիւե արեան-արեամբ, ծա-
գում` ծագման-ծագմամբ, հոլովում հոլովման-հոլովմամբ եւ
այլն: Գործիական հոլովի քարացած ձեւեր են մասամբ, հի-
մամբ, դիտմամբ, ձեռամբ, սխալմամբ, իրաւամբ, նկատմամբ եւ
այլն:
Նոյն երեւոյթը հասած է աշխարհաբարին, ուր յատկապէս
քանի մը բառերու պարագատային ան-ը ամ գրողներ կան: Չշփո-
թելու համար պէտք է ճանչնալ ան ժխտական նախածանցը, ուր
ն բաղաձայնը կրնայ բ,պեւփ բաղաձայններէն առաջ շփոթուիլ
մ-ին հետ. բիծ. անբիծ, բան (գործ)՝ անբան, բաւ` անբաւ, բախտ
անբախտ, բնակելի անբնակ, անբարբառ (անխօս), անբարոյ,
անբաժան, անպատիւ, անպէտք, անփառունակ եւ այլն: Պէտք է
քիչ մը ստուգաբանել:
- Անբասիր/ամբասիր բառը մ-ով գրողները կը պատ-
ճառաբանեն, որ բասիր (պարսաւելի, անարգելի արմատը
անկախ գործածութիւն չունի. հետեւաբար պէտք է գրել ամ-
95
բասիր, ինչպէս ամբարիշտ կր գրենք: Անբասիր-ը սխալա-
գրութիւն համարել:
- Բամբակ/բամպակ բառը կու գայ պահլաւերէնէ` քճեցե:
Միշտ հարց եղած է մ՛բ, թէ մպ գրել: Երկու ձեւերն ալ կը գոր-
ծածուին: Նախընտրելի է բամբակ գրել, թէ մբ օրէնքը յարգելու
եւ թէ արեւելահայոց հետ բառը նոյնացնելու մտադրութեամբ:
Աշխարհագրական Փամբակ անունը չշփոթել այս բառին հետ:
- Բամբասանք/բանբասանք (բամ-բաս՝ կը խօսիմ-կը խօ-
սիս). Գրաբարի մէջ բամ բայը պակասաւոր էր՝ եզակի ներկայ
ժամանակի ձեւերն են բամ, բաս, բայ՛ Բառը կազմուած է առա-
ջին երկու դէմքերու կցումով` բամբասել: Բանբասանք-ը սխա-
լագրութիւն համարել:
- Ամպիոն/ամբիոն նոր փոխառութիւն է: Արեւելահայ տա-
ռադարձութեամբ ամբիոն ձեւը տարածուած է մեր մամուլին
մէջ ու անով՝ արդարացուած:
- Մ-էն ետք փ ունինք քանի մը բառերու մէջ՝ ամփոփ (ամ-
փոփել, ամփոփում) շամփուր (շամփրել) փամփուշտ (փամ-
փշտակալ, միզափամփուշտ), խռմփալ:
- Գամփռ, ատկէ՝ գամփռիկ ու գամփռել (շան յարձակիլը)
ոմանք յետնաբար կը գրեն գամբռ: Գամփր ձեւը սխալագրու-
թիւե է:
59.- Ղբ օրէնք
Օրինաչափական է աղբ (աղբակոյտ, աղբաման, աղբա-
նոց, աղբահաւաք եւ այլն), Աղբակ, աղբերակ, աղբիւս, աղբիւր,
բողբոջ, եղբայր (եղբայրանալ, եղբայրութիւե, հօրեղբայր), Կողբ,
ողբ (ողբալ, ողբերգակ, ողբագին), Սեղբոս եւ այլն:
Բացառութիւններ կը մնան աղփուն (տկար), ճողփել (ձող-
փիւն), յղփիանալ, շաղփաղփել (շատախօսել), փաղփուն, փաղ-
փիլ, փողփողիլ:
96
60.- Զբ օրէնք
Օրինաչափական է` զբաղ (զբաղիլ, զբաղում, զբաղմունք,
բազմազբաղ, մտազբաղ), զբօս (զբօսանք, զբօսարան, զբօսայգի,
զբօսաշրջիկ, զբօսապտոյտ, զբօսավայր), սկիզբ (սկզբնական,
սկզբունք, անսկիզբ), մինչ ս կու գայ պ եւ փ բաղաձայններէն
առաջ, ինչպէս` սպասել, սպանդ, սպեղանի, սպիտակ, ասպետ,
ասպանհդակ, ասպնջական, սպունգ, սփոփել, սփիւռք եւ այլն,
ուր սփ եւ սպ կապակցութիւնները հնչիւնապէս անշփոթելի են:
61.- Րբ օրէնք
Օրինաչափական է՝ արբենալ, արբունք, արբանեակ, բոր-
բոքիլ, դարբին, լիրբ Խարբերդ, հարբիլ, հարբուխ, ներբան,
նուրբ, Ուրբաթ, որբ, որբութիւն, սուրբ, սրբան, քարբ եւ այլն:
Բացառութիւններ են` Արփի/արփի, Արփիար, երփն (երփ-
ներանգ, երփնագիր) թարփ (ցանց ձկնորսի), փրփուր տար-
փանք եւ ասոնցմով կազմուած բառերը:
62.- Փ եւ բ գիրերը ձայնաւորներէ ետք
Փ եւ բ գիրերը կը շփոթուին ձայնաւորներէ ետք ինկած
իրենց դիրքին մէջ եւս, ուր զանազանելի կ՛ըրլլան գլխաւորա-
բար ստուգաբանական գործօններով. այսպէս`
Օրինաչափական է փ-ը բնիկ հայերէն բառերու եւ ոչ սեմա-
կան լեզուներէ փոխառութիւններու մէջ.
- Ա-Էէն ետք՝ ափ (ափկից, յափշտակել), ափսէ, ափսոս, գա-
ղափար, դափ, դափնի (դափնեպսակ), թափ (թափահարել),
թարթափել, թափառիլ, թափուր, թափօր, լափել (լափլիզել),
խարխափիլ, ծափ, կառափ (գլուխ, գագաթ կառափնատուն),
կափարիչ, կափկափել, մրափել, շօշափել, չափ (չափչփել, չա-
փաւոր), սարսափ, սափոր, սթափիլ, սօսափ, տարափ, տափ,
փափուկ, փափաք եւ այլն:
- Ո-էն ետք՝ ամփոփ, դոփել (ղոփիւն), խոփ, Ծոփք, կոփել,
Շոփէն, շորշոփ, սփոփել, տրոփել, ցոփ (ցոփութիւն) եւ այլն:
97
- Են ետք՝ եփել, Եփեսոս, Եփրեմ, Եփրատ, Եփրաքսիա,
ծեվ, թեվ, շերեփ, սեփական, ցով: եւ այլն:
-Ու-էն ետք` թուփ, խուփ, տուփ եւ այլն:
-Է-ն ետք՝ Յովսէփ ս. գրային անունը, ուր փ-ը սեմական ֆ-ի
տառադարձութիւնն է եւ ոչ թէ բ-ի:
- Դափնի. սխալագրութիւն է դաբնի բառը: Յունարէն դաֆ-
նի բառն է, որ հայերէնի մէջ կը տառադարձուէր փ-ով` դափնի,
ինչպէս` փիղ. փիլիսոփայ, փուռ, սփինքս եւ այլն:
- Փոփոխութիւն փոփոխել. փոփոխակի, անփոփոխ բա-
ռերը փոխել բայի կրկնաւորներն են, առաջինին մէջ խ-ի ան-
կումով:
- Փով կը գրուի կրկնաւոր բառերուն առաջին բաղադրիչը,
որ առանձին գոյութիւն չունի, ինչպէս սեփ-սեւ, ճեփ-ճերմակ,
դեփ-դեղին, կափ-կանաչ եւ այլն:
- Շրջափակ, որ բակ բառին հետ ունեցած իմաստի մեր-
ձաւորութեան ու նմանաձայնութեան պատճառով ոմանք թիւ-
րիմացաբար կը գրեն շրջաբակ: Շրջափակը տան կամ որեւէ
կառոյցի շուրջ գտնուող փակ տարածութիւնն է:
Բ է սեմական ծագում ունեցող հին փոխառութիւններուն
մէջ, գլխաւորաբար ասորերէն, եբրայերէն, հին եգիպտերէն,
արաբերէն. Աբամելիք, Աբաս, աբեթ, Աբէլ, աբբայ, արաբ, Աբ-
գար, Աբիսողոմ, Աբրահամ, Բաբգէն, խաբել (խաբեբայ, խաբու-
սիկ, խաբէութիւն), շաբաթ, եբենոս (յունարէնի միջոցով` կարծր
ռւ սեւ փայտ) Յակոբ, Յոբ, Զենոբ, Սերոբ, Քերոբ ս. գրային
անունները, գուբ (փոս, հոր, բանտ) եւ այլն:
Նոր փոխառութիւններու տառադարձութեանց մէջ կ'ա-
ռաջնորդուինք արեւմտահայերնէի արդի բաղաձայնական հա-
մակարգի օրէնքով, ուր պ-ն կը փոխարինէ նախկին բ ձայնեղը՝
ապու Մարգիս, ապունա, Պէյրութ, Հալէպ, Պանիաս եւ այլն.
- Բաբախել բառը կազմուած է բախ արմատի կրկնութ-
եամբ ու առաջին խ-ի անկումով:
- Տաբատ բառը կը հանդիպի նաեւ տափատ սխալա-
գրութեամբ:
98
- Ձաբռտուք, ձաբռտոց, ձաբռտել: Ըստ Աճառեանի` ռտ-ը
բազմապատկական ածանց է, ինչպէս` ճճսթռտուք, սեղմռտել,
քաշքռտել:
- Բշտիկ կու գայ բուշտ արմատէն` «ջրալից ուռեցք, պա-
լար»: Նոյն արմատէն կայ նաեւ սաստկական ածանցով բշտռկիլ
(մարմինը բշտիկներով ծածկուիլ) բառը, ինչպէս` արվռկիլ, մա-
Լռկիլ, ջրվռկիլ, բարբառային բառերը: Նոյն արմատը փ-ով կայ
փամփուշտ բաղադրութեան մէջ, որմէ ունինք փամփշտաւոր,
փամփշտակալ, միզափամփուշտ:
- Բոպիկ. արեւելահայերը բոբիկ:
- Թփռտալ հոգեվարքի պահուն ցնցումներ, կատարել,
փրկութեան թափահարումներ ընել: Աղայեան թփռտալ, թփրը-
տալ, թպռտալ, թրպրտալ ու թռպռտալ գլխաբառերուն համար
կը թելադրէ տեսնել թպրտալ բառը, որուն ծագման մասին տե-
ղեկութիւն չկայ: Կրնայ ըլլալ, որ միեւնոյն ծագմամբ բարբա-
ռային տարբերակներ են բոլորը: Ճիզմէճեան, Տէր Խաչատուր-
եան, Կռանեան կու տան թփռտալ: Նկատել տանք, որ Աճառ-
եան թափ գլխաբառին բարբառային ձեւերուն մէջ կու տայ թափ
տալ` «թօթուել», «թափվիս ու ազատվիս», ուր թափվիլ բառը
«նշանակում է ազատուիթ, իսկ թափթափել գլխաբառը՝ սիրտը
բաբախել: Կը համարէ բնաձայնական բառ, կու տայ թփթփալ
ու թվռտալ գաւառական օրինակները: Կը կարծեմ, թէ երկու
պարագան ալ կը բացատրէ մեր բառը, որուն արմատն է կա մ
թափ արմատը, կամ թափ բնաձայնը` սաստկական-բազմա-
պատկական ռտ ածանցով:
63.- Բ եւ փ (մասամբ՝ պ) գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԲԱԲԱԽ(Ել) (շ-բաբախուն) ՓԱՓԱԽ (մուշտակէ գլխարկ)
ԲԱԽԻԼ (» բախել, ակնբախ)րլ) ՓԱխԽ(Չ)յԻԼ (՞շ-փախուստ,
փախէփախ, փախստական)
ԲԱԿ (շրջափակ) ՓԱԿ Րփակել, փակում, շրջափակ)
ԲԱԳԱՐԱՆ (պատմ. քաղաք 35ՓԱԿԱՐԱՆ (դռնփակ տեղ)
ԲԱՍՏ (բախտ. » բարեբաստիկ, ՓԱՍՏ (շ-փաստել, փաստացի,
99
չարաբաստիկ) փաստարկ, փաստաթուղթ)
ԲԱՐԻ (- բարութիւն, բարիք) (կը) ՓԱՐԻ (կը լծուի)
ԲԱՐԲԱՌ (շ-գաւառաբարբառ) ՓԱՐՓԱՌ (անուշ աչքով)
ԲԱՐԴ (կնձճռոտ.»բարդութիւն) ՓԱՐԹ (փորի ճարպ)
ԲԱՐՔ (-բարոյական) ՓԱՌՔ (» փառաւոր, փառահեղ)
ԲԵՐԴ (ամրոց) ՓԵՐԹ (կտոր)
ԲՈՒՃ (կարճ գուլպայ) ՓՈՒՃ (պարապ. » փձանալ)
ԲՈԿ (բոպիկ. բոկոտն) ՓՈԿ (կաշիէ կապ)
ԲՈՅԹ (հաստ մատը) ՓՈՅԹ (» փութալ, փութաջան)
ԲՈՒԹ (բթանալ) ՓՈՒՏ (փուձ.» փտիլ, փտախտ)
ԲՈՌ (խոշոր ձանձ) ՓՈՐ (որովայն. » փորոտիք,
փորել, փորիչ)
ԲՈՒՌ (ափ.» բռնել, բռունցք 39ՓՈՒՌ (» փռապան)
ԲՈՒՔ (ձիւնախառն հով) ՓՈղՒՔ (քամի. » փքոց, փքուն)
ԲՐԴԵԼ (-բրդօն, բրդուճ) ՓՐԹԻԼ (քակուիլ, անջատուիլ)
ԲՕԹ (գոլժ. բօթաբեր) ՓՈԹ (ծալք)
ԵՐԲ (երբ որ) ԵՐՓ (գոյն. » երփնագիր)
64.- Գ, ք, կ շարքը
Գ, ք, կ շարքին մէջ կ գիրը, իբրեւ ձայնեղ, հնչիւնապէս ան-
շփոթելի կը մնայ բառասկզբին, բառին մէջ ձայնաւորներէ
առաջ ու վերջ՝ կակուղ, կաղին, կուտ, կէս, Կիրակոս, ական,
իրիկուն, մահակ, ագարակ, աղմուկ, մլուկ, բաղաձայններէ
ետք` ուռկան, լերկ, մերկ, սկսնակ, հսկայ. նաեւ նոր տառա-
դարձութիւններու մէջ՝ կազ, կաթօ, կարսոն, պէեկ (Ֆին), կալոն,
տիալոկ: Հին հայերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ օտարամուտ
այս վերջին բառերը պիտի տառադարձուէին գ-ով:
Կիլիկեան բաղաձայնական համակարգ ժառանգած արեւ-
մտահայը կը զանազանէ գ խուլը եւ ք շնչեղը՝ գերել - քերել, իսկ
խլազուրկ համակարգ ժառանգածը անխուսափելի շփոթի մէջ
պիտի իյնայ, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛արտասանէ իբրեւ շնչեղ:
Կան օրինաչափական պարագաներ:
100
65.- Նգ օրէնք
Օրինաչափական է` անգամ, անզղ, Անգինէ, արձագանգ,
գանգատ, եղունգ, երանգ, զանգ, զանգակ, թանգարան, ժանզ,
ժառանզ, հանգանակել, հանգիստ, հանգոյց, հանգչիլ, հիեզ,
հրահանգ, մանգաղ, լյանգիլ, նահանգ, նենզ, սրինգ, վարուեգ եւ
այլն: Կարգ մը բառերու մէջ ն-էն ետք եկող ք-ն ածանց է. զէնք՝
զինել, լայնք՝ լայնութիւն, կեանք՝ կենարար, հանք՝ հանել, ջանք`
ջանալ, վանք՝ վանական:
- Ընկճել. յառաջացած է ընդ գճիլ «չոքիլ» յարադրութենէն,
ապա ունեցած է ընցզճել-րեկձել «Փունկի բերել, յաղթել, նուաճել»
զարգացումը: Գուձճ-ը ծունկի ծալքն է, ծնկոսկրը:
- Արձագանգ, ոմանք եւ արեւելահայերը կը գրեն ք-ով՝
արձագանք, որ Աճառեանը կը համարէ սխալագրութիւն, որով-
հետեւ այս բարդ բառին երկրորդ բաղադրիչը գանգր(իւե)
(հնչիւն) բառն է: Ն-էն ետք արմատական ք չի գար:
- Թանգ եւ թանկ ծագումով նոյն բառերն են` «մեծագին,
սուղ»: Գ-ով տարբերակը անկախ չի գործածուիր, անկէ ունինք
թանգարան (գանձարան), թանգարանազէտ, թանգարանային,
թանգարանապետ: Թանկ-ը անկախ կը գործածուի ու բազ-
մաթիւ բաղադրութիւններու մէջ կը մտնէ թանկագին, թան-
կարժէք, թանկանալ, թանկութիւն: Վերջին երկու բառերը արե-
ւելահայերէնին յատուկ են: Արեւմտահայերէնը ունի սուղնալ,
սուղութիւե, սուղնոց, առանց ու-ի կորուստի:
- Յանգերգ (փոխան՝ յանկերգ-ի). առաջին բաղադրիչը յանգ
բառն է, որ հին լեզուին մէջ հանդէս կու գայ նաեւ յանկ ձեւով եւ
բոլոր բաղադրութիւններուն մէջ զուգաձեւաբար: Արդ, նոր
հայերէնի մէջ կը գործածուի յանգ հնագոյն տարբերակը` նաեւ
հանդէս գալով բոլոր բաղադրութիւններուն մէջ` յանգիլ, յան-
գաւոր, լյանգաբան, լյանգաբանութիւե, լյանգակից, անլյանգ եւ
այլն, միակ բացառութիւնը կը մնայ յանկերգզ բառը: Թելադրելի է
յանգերգ ձեւը:
101
66.- Զգ օրէնք
Օրինաչափական է` ազգ (ազգութիւն, ազգային, ազգակից,
բազմազգ), զգալ (զգայուն, զգայարան, զգաստ, զգօն, անզգամ),
զգեստ (զգեստաւորել, համազգեստ), զգոյշ (զգուշանալ, ան-
զգոյշ), լեզգի, Վազգէն եւ այլն, մինչ ս կու գայ կ եւ ք գիրերէն
առաջ, ինչպէս` սկսիլ, սկիզբ, սկիւռ, հսկայ. հսկիչ, սքանչելի,
սքօղել, սքեմ (սքեմաւոր, սքեմաթող, սքեմազուրկ) եւ այլն, ուր
սք եւ սկ կապակցութիւնները հնչիւնապէս անշփոթելի են:
- Զգետնել (գետնել, գետին զարնել) բառը ունի այլ կազ-
մութիւն՝ զ-գետնել:
67.- Րգ օրէնք
Օրինաչափական է՝ անարգ, արգանդ, արգահատանք, ար-
գասիք, արգաւանդ, արգելք, բուրգ, գիրգ, Գուրգէն, դուրգ (բրու-
տի չարխ), երգ, թարգման, կարգ (կարգաթիւ, կարգել, կարգա-
վիճակ), մարզ (մարգագետին, սիրամարգ), միրգ (մրգաստան,
մրգատու), յարգ (յարգել, յարգելի, յարգանք, անարգ), նարգիս,
Սարգիս, վարգզել եւ այլն:
-Նարգիս. գրուած է նաեւ նարգէս, նարկիս, նարգիզ:
Բացառութիւններ են արքայ, արքեպիսկոպոս, թուրք, հեր-
քել, հետաքրքիր, քրքիջ: Ընդերք եւ սարք (սարքել) ք-ով ածան-
ցաւոր բառեր են:
68.- Ղգ օրէնք եւ գէն կապակցութիւնը
Ղգ ունինք հեղգ (հեղգամիտ, հեղգանալ), շողգամ, իսկ ղք՝
աղքատ (աղքատանալ, աղքատութիւն), ճեղք (ճեղքել, ձճեղ-
քուածք, ճեղքռտուիլ): Բառավերջի ք-ն ածանց է` խաղք (խա-
ղալ), մեղք (մեղքնալ, բայց. մեղաւոր, մեղայ), տաղք (տաղա-
րան, տաղերգու):
Կայ գէն վերջաւորութիւնը անձնանուններու մէջ` Վազգէն,
Վիգէն, Գուրգէն:
- Բաբգէն. արեւելահայերը՝ Բաբկէն:
102
- Հասարակակարգ բարդ բառը կը գործածուի կա կա-
պակցութեան ամփոփումով՝ հասարակարգ:
69.- Ք եւ գ գիրերը ձայնաւորներէ ետք
Ա-էն ետք գ կը գրուի բաւական երկար շարք մը բառերու
մէջ` ագի, ագահ, ագարակ, ագուգայ, անագ (անագապղինձ),
արաց (արազօրէն, արագութիւն), աւազ (աւագանի, աւագերէց),
ագռաւ, Բագարան, բագին, գագաթ, դրուագ, թագ (թագադիր,
թագաւոր, թագուհի), ծագ (ծագիլ, արեւածագ), կարագ, հազ-
(հագնիլ, հագուստ), ձագ, ձագար, Ճագար, ձրազ, մագաղաթ,
մարազ, յագ- (յագենալ, յագուրդ, անյագ) պագ (պագնել, եր-
կրպագել) սագ, վագր, վայրագ (վայրագութիւն), Վարագ եւ
այլն:
Ագ-ը կարելի չէ օրինաչափական նկատել, որովհետեւ ան-
դին կան աք ունեցող բազմաթիւ բառեր, ինչպէս` աքացի, աք-
սոր, աքցան, աքլոր, աքաղաղ, առաքինի, առաքեալ, մաքի, թա-
նաք, կաքաւ, հաւաքել, մաքառիլ, մետաքս, մաքուր, մաքս, սայ-
թաքիլ, ցամաք, քաղաք եւ այլն:
- Թաքուն (փոխան թագուն-ի), որմէ ունինք նաեւ թաքչիլ,
թաքստոց, թաքթաքուն, թաքթաքուր: Գ-ով տարբերակը դուրս
մղուած է:
- Փափագ, գրուած է նաեւ փափաք, հին հայերէնի մէջ բոլոր
բաղադրութիւնները գով փափագիլ, փափագելի: Արեւմտա-
հայերէնի բառարանները ընդհանրապէս ք-ով: Նախընտրելի է
գրել գ-ով, ինչպէս արեւելահայերը:
- Միսաք եւ Սեդրաք եբրայական անունները չշփոթել ակ-
ով վերջացող ածականէ գոյացած հայերէն յատուկ անուննե-
րուն հետ` Հրակ, Խաժակ, Սեւակ եւ այլն: Մերժել Սեդրակ ու
Միսակ ձեւերը նաեւ մականուններու մէջ:
- Բացականչել, հնագոյն ձեւը բացագանչել: Երկուքն ալ
գործածողներ կան: Իմաստային տարբերութիւններ չունին, թէ-
եւ Աղայեան կը փորձէ զատորոշել: Երբ գանչել ձեւը այս բառէն
դուրս գոյութիւն ունենալէ դադրած է, ու ամէն տեղ ներկայ է
103
կանչ-ը` կանչել, կանչռտել, աքլորականչ, ի զուր է յամառիլ բա-
ցագանչել-ուն վրայ: Կ-ով ձեւը հնչիւնապէս ալ արդարացուած
է:
- Գոչել` ձայնել, պոռալ - կոչել` կանչել, հրաւիրել, անուն
տալ, անուանել: Այս երկուքը կրկին բնաձայնութիւններ են, ինչ-
պէս գանչն ու կանչը: Բայց արդի հայերէնի մէջ ունին իմաս-
տային յստակ տարբերութիւններ: Առաջինէն ունինք գռչիւե,
բարձրագոչ, ահեղագոչ, մեծագոչ, իսկ երկրորդէն կոչում, կո-
չեցեալ, կոչունք, կոչնագիր, ինքնակոչ եւ այլն:
- Է-էն ետք գ ունինք արմատական բառերու վերջայանգին՝
եղէզ, էգ, հէզ, մէզ, սէգ, վէգ, տէզ: Կը հանդիպի նաեւ եգ` Արեց
(Արեգակ, Արեգնազան), իսկ ե-էն ետք ք ունինք թեք (թեքիլ,
թեքութիւն, թեքական, թեքում, թեքուիլ, դիւրաթեք):
- Հէգ-ը գրուած է նաեւ հէք, իբրեւ բնագրային հին տար-
բերակ: Հայերէնի մէջ արմատական բառերը էք ձեւով չեն
գրուիր:
- Ո-էն ետք ք կու գայ շատ բառերու մէջ, ինչպէս ամոքել
(ամոքում, անամոք), ատոք, բորբոք (բորբոքիլ, բորբոքում,
մշտաբորբոք), թոք (թոքատապ), մորմոք (մորմոքիլ), ոլոք, ոք
(ոչ ոք), չոքիլ (ծնկաչոք), փորոք, փոքր եւ այլն:
Այս եւս օրինաչափական չէ, որովհետեւ անդին ոգ ունեցող
բառերն ալ քիչ չեն, ինչպէս` գոգ, գոգցես «ըսես, կարծես թէ»,
լոգ (լոգանք, լոգարան, լոգնալ), հոգ, Կոգահովիտ, հոգի, մոզ,
յոգնակի, յոգեիլ, շոզ, շոգի, ոզի, ոռոգել, տոգորել եւ այլն:
- Պոպոկ «ընկոյզ», կայ նաեւ գաւառական տարբերակը
պոպոք:
- Ցոգնակի, յոգն «շատ, բազում» արմատէն: Ակի ածանցին
կը հանդիպինք քանակ ցոյց տուող բառերու վրայ բազմակի,
եռակի, կրկնակի: Արմատը գրուած է նաեւ յոքն ձեւով, որ դուրս
մղուած է: Նոյն արմատէն ունինք յռգհիլ, լոզնութիւե, լյոգնա-
տանջ.
- Ոյգ ունինք արմատական բառերու մէջ՝ առոյգ, զոյգ, նժոյգ,
պատրոյգ, ստոյգ, միւսերը ոյք ածանցաւոր բառեր են` հաճոյք,
104
խնճոյք, գահոյք, կահոյք, պիտույք: Գոյք բառին մէջ ք-ն ածանց Է՝
գոյակ, գոյութիւն, գոյական:
- Ի-էն ետք գ ունինք ձիզ, Ճիգ, նիգ արմատական բառերուն
մէջ, իսկ իք-ը իբրեւ ածանց՝ չիք, տանիք, հեծիք:
- Ու-էն ետ ք ունինք շուք, բուք, թուք, փուք, իսկ գ սուգ,
մուգ արմատական բառերուն մէջ, կան նաեւ ք յոգնակերտն ու
ուք ածանցը` դուք, մանրուք, փշրուք, փետռտուք, վլվլուք, ծեծ-
կռտուք եւ այլն:
70.- Գ եւ ք գիրերը ածանցներու եւ քարացած ձեւերու մէջ
Գ-ը ընդամէնը քանի մը ածանցի մէջ կայ.
- գեր(այ) (վեր). գերիշխան, գերմարդ, գերադաս...
- (այգին. մակբայներ սրտագին, զայրագին, լալագին,
մոլեգին եւ այլն: Ածականներ թանկագին, ահագին: Չշփոթել
աքին/քին ածանցին հետ` արտաքին, ներքին:
- (այգոյն. ածականի գերադրական աստիճանը՝ գերագոյն,
լաւագոյն, լարմարագոյն, վատազոյե, լոռեգոյն, ազնուագոյն եւ
այլն: Արմատ է կարգ մը բառերու մէջ՝ ծիրանագոյն, մոխրագոյն,
վարդազոյն, մանիշակագոյն եւ այլն:
Ածանցներու մեծամասնութեան մէջ՝ ք.
- ալիք, ելիք. ապառնի դերբայի վերջաւորութիւններ, կը
գործածուին ածականաբար, իսկ ոմանք գոյականաբար, ինչ-
պէս խաղալիք, խնդալիք, երթալիք, գալիք, լալիք...
- անք. բայահիմքերէ գոյականներ կը կազմէ. անարգել
անարգանք, տառապանք, գովասանք, զրկանք, լուտանք...
- արք. լուծարք, գործարք.
- ենք. ա) խոնջենք, օրենենք (տես էջ 30): բ) հաւաքական գո-
յականներ` Մարգիսենք, Հայրապետենք, հօրեղբայրենք...
- եք. գրաբարէն մնացած անեզական կամ յոգնակի քա-
րացած ձեւեր` երեք, չորեք(շաբթի), երբեք, ամէնուրեք, պասեք
(երէական զատիկ), մեք (գրբ. մենք) բառերը.
- էք. ա) բայահիմքով ծէսերու անուններ, ինչպէս դռնբա-
ցէք, հիմնարկէք, նշանդրէք, ջրօրհնէք, տնօրենէք եւ այլն. բ)
105
այծէք, արժէք (արժէքաւոր), կողպէք (կղպանք), կոճէք (բերա-
նակապ), մատեէք (փոքր ակօս որեւէ բանի վրայ սիւն, կահոյք),
քօղէք (ձեռքի ապարանջան) բառերը.
- իք. աւետիք, գործիք, երախայրիք, երախտիք, ընթրիք,
կարծիք, կեղծիք, տանիք, հեծիք...
- ինք. դաշինք, նախատինք, քրտինք.
- մունք. վարմունք, ցուցմունք, ասմունք, սխալմունք,
վերաբերմունք...
- ոյք. կահոյք` կահաւորել, հաձոյք` հաճելի, հաճոյասէր,
գահոյք գահակալ, պիտոյք պիտանի: Չշփոթել առոյգ, զոյգ,
նժոլգ, պատրոյզ, ստոյզ արմատական բառերու համահունչ
վերջաւորութեան հետ:
- ոտիք. հնոտիք, փորոտիք.
- որայք/օրայք. դեղորայք, գիւղորայք, վանորայք հնաձեւ
յոգնակիները՝ որայք կամ օրայք յոգնակերտներով: Նախընտրե-
լի է ռրայք:
- ուածք. ասացուածք, կառուցուածք, նայուածք, ունեց-
ուածք, պատմուածք...
- ունք. ակունք, արբունք, բարձունք, իրաւունք, լորձունք,
մասունք, շրթունք, սկզբունք...
- ուցք. այրուցք, սերուցք, մոլուցք.
- ուք. վլվլուք, փսփսուք, քաշքշուք, մանրուք, մտմտուք,
գինարբուք, սրտխառնուք եւ այլն: Վյվլուկ-ը սխալագրութիւն
պէտք է նկատել:
- չէք. վարձքի անուններ կը կազմէ կաղանդչէք, կարողչէք,
ներկողչէք, բանողչէք...
- օն(ք). զարթօնք, կրօե(ք), ցրօնք.
- օք. ատենօք, ընտանեօք, առօք-փառօք, ցաւօք, կամօք,
խելօք...
- ոք. բարւոք, բարւոքում, բարւոքել:
- Ք. դրուելով արմատներու վրայ
106
ա.- անոնց անկախ գործածութեան իրաւունք կու տայ՝
աղօթ(ք), անէծք, երկինք, խելք, կուրծք, հրաշք, ոտք, ձեռք,
փառք, քիմք եւ այլն:
բ.- ձեւական ներկայութիւն մըն է` հաւատ-հաւատք, հիմ-
հիմք, շեմ-շեմք, շող-շողք, տեսիլ-տեսիլք, կրօն-կրօեք եւ այլն:
գ- իմաստը փոխելով նոր բառ կը կազմէ գիր-գիրք, դէմ-
դէմք, պահ-պահք, խաղ-խաղք, կող-կողքեւ այլն:
դ- ածականներէ գոյականներ կը կազմէ արժանի-ար-
ժանիք, բարի-բարիք, լայե-լայնք, հայրենի-հայրենիք եւ այլն:
ե.- բայահիմքերէ գոյականներ կը կազմէ գռվք, ելք, խօսք,
վաճառք, վազք, տեսք եւ այլն:
Ք ածանցը կը ճանչցուի անկումով. գիրք գրակալ, բարք.
բարոյական, վարք վարուիլ, շարք շարել, բերք բերել, խորք
խորունկ, ձիրք ձրի, չարք չարութիւն եւ այլն:
Բառավերջին, բաղաձայնէ մը ետք ինկած դիրքին, բա-
ռածանցումով եւ բառաբարդումով կարելի է որոշել, թէ տառը գ"
է, թէ ք: Գ-ը կը մնայ իբրեւ արմատական հնչիւն, իսկ քն կը
կորսուի իբրեւ ածանց.
միրգ մրգաստան - դիրք դրութիւն
կարգ կարգապահ - աչք աչազուրկ
այգ այգաբաց - ձեռք ձեռնոց
հեղզ՝ հեղգութիւն - երեք երեսուն
յանգ անգաւոր - հիմք Պիմնել
զանգ զանգակ -հանք հանել, հանածոյ
Այս օրինաչափութիւնը շահեկան է բաղաձայնէ մը ետք
եկող դիրքին համար միայն, որովհետեւ ք-ն ձայնաւորէ ետք,
կրնայ արմատական ըլլալ, ինչպէս թանաք, հանաք, հաւաք,
քաղաք, ցամաք, ամոք(ել), բորբոք, թոք, մորմոք, ոք, շուք, թուք
եւ այլն:
Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ վերի օրինաչափութիւնը բա-
ցարձակ չէ. ք ածանցը կրնայ չիյնալ կարգ մը ածանցումներու
եւ բարդութիւններու մէջ. մեղք մեղաւոր, բայց մեղքնալ,
կուրծք` կրծկալ, բայց կրծքավանդակ, դիրք` դրութիւն, բայց
107
դիրքորոշում, աչք աչալուրջ, բայց` աչքառու, վարք՝ վարմունք,
բայց` վարքագիծ, վարքաբանութիւե, ձեռք` ձեռնոց, ձեռնածալ,
բայց՝ ձեռքբերում:
Գրաբարի թ յոգնակերտը իբրեւ յոգնակերտ մնացած է
տղայ տղաք, նաեւ, իբրեւ հնաբանութիւն, տիար` տեարք, բա-
ռերուն մէջ: Դարձեալ, իբրեւ հնաբանութիւն, այք յլոգնակերտով
ունինք տիկին` տիկնայք, կին` կանայք եւ պարոն` պարոնայք
բառերը: Տեղացիութիւն նշող բառերը ներ յոգնակերտը կրնան
փոխարինել ք-ով. տեղացի տեղացիք, քաղաքացի` քաղաքա-
ցիք, հալէպցի հալէպցիք եւ այլն:
Ք յոգնակերտը կայ նաեւ
- հաւաքական անուններ կազմող անք, եանք, ենք եւ ոնք
ածանցներուն մէջ` Վարդանանք, Ղեւոնդեանք, Սարգիսենք,
մերոնք, ձերոնք եւ այլն:
- դերանուններու յոգնակիի վերջաւորութիւններուն մէջ.
ես` մենք, դուն դուք, ան` անոնք, իր. իրենք, որ` որոնք, ամէն`
ամէնքը եւ այլն: Ով դերանունի յոգնակին՝ ռվքեր, ունի զար-
տուղի կազմութիւն:
- բայի Ա. եւ Բ. դէմքերու վերջաւորութեան, ուր յոգնակիի
իմաստ կ՛'արտայայտէ.
կր գրենք, կը գրէք, կր խօսինք, կը խօսիք, կը կարդանք, կը
կարդաք.
կր գրէինք, կր գրէիք, կր խօսինք, կր խօսէիք, կր կար-
դայինք, կը կարդայիք.
գրեցինք, գրեցիք, խօսեցանք, խօսեցաք, կարդացինք. կար-
դացիք. ՛ ՛ ՛ ՛ ՛ ՛
գրեցէք, խօսեց ք, կարդացեք. մի գրէք, մի խօսիք, մի
կարդաք...
- Ցատկել/ցատքել - ցայտ արմատէն ունինք հրացայտ,
ցայտաղբիւր: Նոյնէն ունինք նաեւ ցատք եւ ցատկ: Այդ հիմ-
քերով կան շարք մը բաղադրութիւններ, որոնց մէջ կ-ը տի-
րական Է ցատկռտել, ցատկռտուք, ցատկորդ, հեռացատկ:
108
71.- Գեւ ք ((մասամբ՝ կ) գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԳԱՄ (բեւեռ) արիւնաջԱՄ
ԳԱՄԵԼ (բեւեռ զարնել) ՔԱՄԵԼ (չորցնել. » քամոց)
ԳԱՅԼ Ը գայլաշուն) ՔԱՅԼ (ոտքի մէկ շարժում.
»քայլարշաւ, մեծաքալլ)
ԳԱՆ|ակռծել) (ծեծել) ՔԱՆ (ջքանի, որքան, քանակ)
ԳԱՌ (ոչխարի ձագ) ՔԱՌանկիւն, ՔԱՌակուսի
ցաւաԳԱՐ, խելաԳԱՐ ՔԱՐ (ժայռ.-խաչքար. քարայր)
ԳԱՐՇելի (-գարշահոտ) գետնաՔԱՐՇ (»քարշել քաշել)
ԳԵՏ (ջուրի առատ հոսանքիրք) 32ԳԷՏ (չհաշուագէտ. գիտուն)
ԳԵՐադաս, ԳԵՐմարդ ԳԷՐ (հականիշը՝ նիհար)
ԳԵՐԵԼ (գերի բռնել) ՔԵՐԵԼ (սուր իրով մը շփել)
ԳԵՐԻ (ստրուկ) ՔԵՌԻ (մօրեղբայր)
ԳԷՇ (վատ. չ գիշատիչ) ՔԷՇ (պարսից կրօն)
ԳԻՆ (արժէք. » թանկագին) արտաքԻՆ, ներՔԻՆ
ԳԻՐԳ (փափուկ. » գրգանք) ԳԻՐՔ (մատեան)
ԳԻՐԿ (ծոց.» գրկաբաց)
ԳՆԵԼ (դրամով առնել) ԳՆԷԼ (մարդու յատուկ անուն)
ՔՆՆԵԼ (զննել. » քննիչ)
ԳՐԱԿԱՆ ՔԵՐԱԿԱՆ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒԻՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԳՈՀ (բաւարարուած) ԳՈՅ (գոյութիւն ունեցող)
ՔՈՅ/ՔՈ (քու)
ԳՈՂ (աւազակ. » գողութիւն) 39ՔՕՂ (շղարշ. » քօղարկել)
ԳՈՉՆլ) (կանչել) ՔՈՉ (գաղթ Հքոչուոր, քոչարի)
ԳՈՌ (Հգորգոռալ) ՔՈՐ (քերուրտուք)
ԳՈՎ() (՞-գովասանք, գովեստ) ՔՈՎ (մօտ)
ԳՈՒՌ (քարէ փոքր աւազան) ՔՈՅՐ (արականը՝ եղբայր)
ՔՈՒՌԱԿ (իշու ձագ)
ԳՐԳԻՌ (դրդում. » ջղագրգիռ) հետաՔՐՔԻՐ
ԳՐԳՌԵԼ (դրդել.» գրգռութիւն) ՔՐՔՐԵԼ (փորփրել, պրպտել)
ԳՈՇ (ցանցառ մօրուք ունեցող) ՔՕՇ (արու այծ)
ԳՕՍ (ցամաք, չորցած) ՔՈՍ (մորթային հիւանդութիւն)
ԵՂԷԳ (չեղեզնուտ, եղեգնեայ) ԵՂԷ Ք(ըլլալ բային հրմ.ը)
ԷԳ (Հիգական, որձեւէգ) ԷՔ (ենք, Էք, են...)
ՈԳԻ (Հ ոգեւորել, ոգելից) ՈՔԻ (ռք դերանունին սեռ.ը)
109
72.- Տ, թ, դշարքը
Տ, թ, դ շարքին մէջ տ գիրը, իբրեւ ձայնեղ, հնչիւնապէս ան-
շփոթելի կը մնայ բառասկզբին, բառին մէջ ձայնաւորներէ
առաջ ու վերջ տակ, տաք, տատասկ, տէր, տուրք, Տիրան,
ատակ, մատ, կուտ, մօտ, մատիտ. բաղաձայններէ ետք` արտ,
Մարտ, գորտ, նաեւ նոր տառադարձութիւններու մէջ` տրամա,
տուտուկ, տումա, տիալոկ: Հին հայերէնի եւ արեւելահայերէնի
մէջ օտարամուտ այս վերջին բառերը պիտի տառադարձուէին
դ-ով:
Կիլիկեան բաղաձայնական համակարգ ժառանգած արեւ-
մտահայը կը զանազանէ դ խուլը եւ թ շնչեղը` դուր - թուր, իսկ
խլազուրկ համակարգ ժառանգածը անխուսափելի շփոթի մէջ
պիտի իյնայ, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛արտասանէ իբրեւ շնչեղ:
Կան օրինաչափական պարագաներ:
73.- Նդ օրէնք
Օրինաչափական է` ադամանդ, անդ (անդենական), ան-
դամ, անդաստան, անդորը, անդունդ, անդրանիկ, աւանդ, բո-
վանդակ, գերանդի, գնդակ, դանդաղ, եռանդ, ընդ (ընդհանուր,
ընդգրկել, ընդմիջում), թունդ (թնդալ, թնդանօթ, թնդիւն), թոնդ-
րակեցի, խանդ, խինդ (խնդալ, խնդուք, խնդում), խնդիր, կար-
կանդակ, կենդանի, հանդէպ (հանդիպիլ, հանդիպում), հանդէս
(հանդիսութիւն), հանդարտ, հնազանդ, ճարմանդ, մանաւանդ,
մարմանդ, յանդուգն (յանդգնիլ, լյանդիմանել, պանդուխտ,
սնդիկ, սուրհանդակ, տաղանդ, տենդ, ցեդիլ, քանդակ, քանդել,
օժանդակ եւ այլն: Անշուշտ ասոր հետ պէտք չէ շփոթել թ-ով
սկսող բառերէն առաջ եկող ան նախածանցը` անթառամ, ան-
թափանց, անթարթ, անթոյլատրելի, անթիւ եւ այլն:
Նդ օրէնքին մէջ կը մտնեն.
- ունդ վերջածանցը՝ ծնունդ, սերունդ, սնունդ.
- անդր նախածանցը` անդրադարձ, անդրաշխարհ, անդր-
շիրիմեան, Անդրկովկաս.
110
- ընդ նախդիրը նոր հայերէնի մէջ իբրեւ ածանց կը գի-
տակցուի ու կցուած կը գրուի ընդամէնը, ընդառաջ, ընդար-
ձակ, ընդդէմ, ընդերկար, ընդհանուր, ընդմիշտ, մէկընդմիշտ,
ընդյատակ, կը կազմէ բայեր ու գոյականներ ընդգծել, ընդգրկել,
ընդդիմանալ, ընդդիմութիւե, ընդծովեայ, ընդհարուիլ, ըեդ-
հարում, ընդօրինակել եւ այլն: Ընդչըն կայ շատ բառերու մէջ
ընտանի (ընդ տուն), ընկեր (ընդ կեր), ընկճել (ընդ գձել),
ընկողմանիլ (ընդ կողմանիլ) ընկալել (ընդ կալել) եւ այլն:
Իբրեւ նախդիր կը մնայ գրաբարաձեւ կապակցութիւններու
մէջ` տէր ընդ քեզ, ընդ որում, ընդ ամենեսեան, ընդ հովանեաւ,
ընդ ձեզ եւ այլն:
Ն-էն ետք եկող բառավերջի դ-ն շարք մը բառերու պարա-
գային կը պահէ նախկին ձայնեղութիւնը. հետեւաբար կրնայ
շփոթուիլ տ-ին հետ: Նախապէս դ-ով գրուող կարգ մը բառեր
ներկայիս կը գրուին տ-ով: Այսպէս
- բանտ, բանտապահ, բանտապան, բանտարկել, բանտար-
կութիւն, բանտախուց.
- ժանտ, ժանտախտ, ժանտամահ.
- լինտ. հին ձեւն է լինդ.
- կենտ, հատուկենտ, կենտանալ.
- կղմինտը, օտար բառ, արեւելահայերը՝ կղմինդր.
- վռնտել, կը մնայ տ-ով, արեւելահայերէնը՝ վռնդել:
- սանտր/սանր բառին մէջ արմատական է. արեւելա-
հայերը՝ սանր:
Մէկուկէս վանկանի բառերու վերջայանգ նր կապակցութ-
եան մէջ եղած է տ-ի յաւելում. մահր մանտը, ծանր ծանտը.
արեւելահայերը այս աճական հնչիւնը կը գրեն դ-ով: Բարբա-
ռային կը նկատուի:
Ստորեւ դ-տ տառափոխութեան մերժելի քանի մը պարա-
գայ.
- գինդ/գինտ օղ.
- հունդ/հունտ, առաջացած է ռւնդ արմատէն, ունինք
ընդեղէն.
111
- Հրանդ/Հրանտ.
- սանդ/սանտ:
Պէտք է պահել գինդ, հունդ, Հրանդ, սանդ տարբերակները
եւ ասոնցմէ կազմուած բաղադրութիւնները:
- Գո՞ւնդ թէ գունտ: Հին հայերէնը կը զանազանէր երկու
գունդ. մէկը՝ «խումբ», իսկ միւսը՝ «կլոր մարմին» իմաստներով:
Ասոնք նոյնանուն բառեր էին, նոյնը չէին: «Խումբ» իմաստով
բառը միշտ դով կը կազմէ իր բաղադրութիւնները գնդակ
(մեղուներու խումբ), գունդագունդ, հեծելագունդ, գնդապետ,
զօրագունդ եւ այլն:Այս իմաստով երբեք տ-ով չի հանդիպիր:
Միւս` «գնդաձեւ մարմին» իմաստով բառը դարձեալ դ-ով կը
կազմէ իր բաղադրութիւնները՝ գնդակ, գնդաձեւ, նոր բառեր են
երկրագունդ, ձիւնագունդ, գեդասեղ, գնդիկ, ձիւնագնդակ, գնդա-
կահարել, գնդացիր: Աճառեան կու տայ նաեւ ցգռունտ արմա-
տական տարբերակը: «Կլոր մարմին» ընդհանուր իմաստով այս
բառերը ներկայիս եւս չունին արտասանական յստակ տարբե-
րակում, անոնցմէ քանի մը բառ կ'արտասանուին տ-ով ու այդ-
պէս ալ կը գրուին՝ գունտ (խմորի), գունտ ու կլոր, գնտել (խմո-
րը), գետլիկ (գիրուկ): Երկրագունտ/երկրագունդ բառը նախ-
ընտրելի է գրել դ-ով:
Դչտ փոփոխութեան ուրիշ մասնակի պարագայ մըն ալ
ունի այդ ցուցական դերանունը, որուն արմատն է դ ցուցական
յօդը: Գոյականաբար գործածուելու պարագային անկէ ունինք
ատ, ատի կամ ատիկա, որմէ՝ ատոր, ատկէ, ատով հոլովական
ձեւերը, ատոնք, ատոնց, ատոնցմէ, ատոնցմով լոգնակիները:
Արդէն սխալագրութիւն կը նկատուին այդկէ կամ աղկէ ձեւերը:
Ն-էն ետք թ ունին.
- Ընթացք (ընթանալ, ընթացիկ, ընթացաւարտ, ձեպրեթաց,
վայրընթաց), ընթեր (քով ընթերակայ, վերջընթեր), ընթերցում
(ընթեռնելի, ըեթերցանութիւե, ընթերցասէր, ընթերցասրահ, ըն-
թերցող, ընթերցուած), ընթրել (ընթրիք), կանթ (կաթսայի կամ
որեւէ ամանի ականջ, կոթ), կանթեղ:
112
- Ենթ նախածանցը. ենթաբաժին, ենթագիտակցութիւե, են-
թագլուխ, ենթադրել, ենթաժողով, ենթախորագիր, ենթակայ,
ենթահող, ենթամնայ, ենթասպայ, ենթարկել եւ այլն:
- Խենթ, ունի նաեւ խենդ տարբերակը: Այժմ գրեթէ ընդ-
հանրացած է թ-ով տարբերակը` խենթանալ, խենթանոց, խեն-
թութիւն, խենթուկ, խենթուլիկ: Նոյնը ըրած են արեւելահա-
յերը:
- Թաղանթ, ունի նաեւ թաղանդ տարբերակը, որ կայ նաեւ
բաղադրութիւններու մէջ: Թ-ով տարբերակը արդէն տիրական
է` կուսաթաղանթ, ակնաթաղանթ եւ այլն:
- Շանթ, գրուած է նաեւ շանդ: Թ-ով տարբերակը տիրա-
կան է՝ շանթարգել, շանթահար, շանթահարել եւ այլն:
74.- Րդ օրէնք
Օրինաչափական Է արդ (հիմա արդի, արդիական), արդ
(եւ կորնթարդ, արդուկ), արդար, բարդ, բերդ, բուրդ, դրդել,
երդիք, երդում, թակարդ, խարդախ, խլուրդ, կարդալ, մարդ,
յարդ, յորդ, ջարդ, վրդովիլ, սարդ, սրդողիլ եւ այլն:
Թակարդ. մերժել թակարթ տարբերակը:
Զե րդ թէ զերթ «պէս, նման, իբը». մեր բառարանները եր-
կուքն ալ կը հրամցնեն: Հինէն եկող զուգաձեւութիւն է: Զի արդ`
զիարդ բաղադրիչներու ձուլումը ըլլալով նախընտրելի է գոր-
ծածել զերդ բուն ձեւը:
Րդ օրէնքին մէջ կը մտնեն քանի մը վերջածանցներ.
- արդ. գմբեթարդ, խորանարդ, կորնթարդ.
- ուրդ. աճուրդ, արձակուրդ (արձակել բայէն), ժողովուրդ,
խառնուրդ, խորհուրդ, լյազուրդ.
- որդ ճամբորդ, որսորղ, վարորդ, քառորդ...
- րորդ, երորդ. երկրորդ, երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ...
Ր-էն ետք թ ունին երկար շարք մը բառեր Արթիկ, արթուն
(արթնութիւն, արթննալ, զարթնիլ, զարթօնք), երթ (երթալ, եր-
թուղի, երթեւեկ) զուարթ (զուարթուն, զուարթանալ), թարթել
(թարթիչ), թերթ (թերթատել, օրաթերթ), լուրթ, խորթ (խորթու-
113
թիւն), խրթին, կարթ, կիրթ (կրթութիւն, կրթարան, անկիրթ),
հարթ (հարթակ, հարթութիւե), հորթ, մերթ, շողոքորթ, շուրթ,
որթ, սաղարթ, փարթամ, փերթ, փարթ (փորի ճարպ) եւ այլն:
- Սաղարթ, գրուած է նաեւ սաղարդ: Բաղադրութիւնները
սաղարթախիտ, ոսկեսաղարթ, զեղասաղարթ եւ այլն:
- Քերթել, միշտ թ՝ «կաշին հանել»: Նոյնէն ունինք քերթող,
քերթուած իբրեւ բանաստեղծ եւ բանաստեղծութիւն:
- Շողոքորթ, գրուած է նաեւ շռղոքորդ: Բաղադրութիւն-
ները՝ շողոքորթել, շողոքորթութիւն:
- Խորտուբորտ. Աճառեան խորտաբորտ գլխաբառը կ'ուղղէ
խորթ արմատին «կոշտ, անհարթ» առումին, ու կու տայ խոր-
թուբորթ: Արեւելահայերը կը գրեն խորդուբորդ, խորդ «խոչ,
խութ» արմատէն: Խորտաբորտ բառի ա-ն ընկալուած է իբրեւ
յօդակապ: Խորտուբորտ բառը կը թուի կրկնաւոր ըլլալ երկ-
րորդ բաղադրիչի հնչիւնափոխութեամբ, ինչպէս ծուռումուռ:
75.- Ղթ օրէնք
Օրինաչափական է աղթարք, գաղթ (գաղթական, գաղթել,
արտագաղթ), թուղթ (թղթատար, թղթակից, թղթապանակ, ամ-
սաթերթ), մաղթել, յաղթել (յաղթանակ), շղթայ:
Բացառութիւններ են խեղդել (խեղդամահ, գայլխեղդ), յող-
դողդ (անյողդողդ):
76.- Զդ օրէնք
Օրինաչափական Է` ազդ (ազդակ, ազդարար), ազդր, կազ-
դոյր (կազդուրիլ, կազդուրիչ), Արտաւազդ, Հրազդան, Որմիզդ,
Վարազդատ եւ այլն, մինչ ս կու գայ տ եւ թ գիրերէն առաջ, ինչ-
պէս՝ ստեղծել, աստղ, լաստ, համեստ, գովեստ, Ստեփան, սթա-
փիլ եւ այլն, ուր սթ եւ ստ կապակցութիւնները հնչիւնապէս
անշփռոթելի են:
114
77.- Թ գիրը ձայնաւորներէ եւ երկհնչիւններէ ետք
Ա-էն ետք` ակաթ, արծաթ, գագաթ, գաւաթ, երկաթ, թաթ,
լաթ, կաթ, կղկաթ, շաբաթ, ուրբաթ, սաթ, փաթաթ(ել) եւ այլն: Դ
ունին քանի մը բառ Ադամ (ադամաթուզ, ադամորդի), ադա-
մանդ, բաղ, Աղդէ, Ադիկ, խադ (երկսայրի սուր):
Այ՛էն ետք գայթ, ժայթքիլ, խայթ, կայթ, հայթայթել, Ճայթ,
ճառագայթ, մայթ, պայթմ(իւն) եւ այլն: Միակ բացառութիւնը այդ
ցուցականը:
Ե-էն ետք` աբեթ, Բեթէլ, Բեթղեհեմ, Գեթսեմանի, խեթ, սե-
թեւեթ, փաթեթ, եթէ, անհեթեթ: Բացառութիւն է՝ եդեմ:
Է-էն ետք. գէթ, գմբէթ, Յաբէթ, Սէթ, Նազարէթ եւ այլն:
Ի-էն ետք առիթ, բլիթ, գաւիթ, զենիթ, Լիլիթ, խիթ, խրճիթ,
յիր կնճիթ, հիթիթ, շիթ, շիշ, սամիթ, վիթ, փթիթ, քիթ, քթիթ եւ
այլն:
Իւ-էն ետք՝ դիւթ, հիւթ, ձիւթ, նիւթ:
Ո-էն ետք՝ խոթել, կոթ, շոթ, շփոթ, չոթ, փոթ, քոթոթ եւ այլն:
Դ ունին Ոդիսեւս, ոդիսական:
ՈՒ-էն ետք՝ ակութ, անութ, բութ, գաղութ, գութ, թութ, խա-
նութ, խութ, կութ, մութ, մռութ, յուռութ, ջութ, փութ եւ այլն:
Ութիւն ածանցը՝ քաջութիւե, լաւութիւն:
Ոյ-էն ետք անքոյթ, բոյթ, ճկոյթ, մոյթ, փոյթ եւ այլն: Ոյթ
ածանցը հասոյթ, համոյթ, ճաշկերոյթ եւ այլն:
Օ-էն ետք՝ աղօթ(ք), ամօթ, անօթ, բօթ, եօթ, ծանօթ, տօթ, օթ
(օթեակ, օթոց, օթեւան) եւ այլե:Դ ունին օդ, զօղ, յօդ, վառօդ:
- Անհեթեթ, նոյնքան հին է անհեդեղ տարբերակը: Ներ-
կայիս լայն տարածում ունի անհեթեթ տարբերակը:
- Ծղրիթ, աւանդուած է նաեւ ծղրիդ, որ որդեգրած են արե-
ւելահայերը: Աղայեան ունի նաեւ ծղրիթ: Պէտք է թ մնայ, քանի
որ ձայնաւորէ մը ետք բառավերջին ընդհանրապէս թ է՝ ծղրիթ:
- Բացօթեայ/բացօդեայ. բացօթեայ բարդածանց բառ է՝ բաց-
օթ-եայ «անծածկ տեղի մէջ (իջեւանել)»: Հին հայերէնի մէջ կար
օթել «գիշերել, գիշերը մնալ», ապրող բառեր են օթեւան «գիշե-
րելու տեղ», օթեւանիլ, օթեակ, օթոց: Նոր բառեր են գիշերօթիկ
115
եւ ցերեկօթիկ: Բացօդեայ ձեւը սխալագրութիւն պէտք է հա-
մարել:
78.- Շտ օրէնք
Օրինաչափական է` ամբարիշտ, անշուշտ, աշտարակ, աշ-
տէ, գիշտ, երաժիշտ, կոշտ, հաշտ, հրաժեշտ, հրեշտակ, լա-
փշտակել, միշտ, նաժիշտ, շեշտ, պաշտպանել, պաշտել, պաշ-
տօն, պարկեշտ, վաշտ, վիշտ, տաշտ եւ այլն:
- Ճիշդ` ճշդել, ճշդապահ, ձշդում: Միակ բացառութիւնը:
Արեւելահայերը կը գրեն Ճիշտ.
79.- Ժդ օրէնք
Օրինաչափական է` Աժդահակ, աժդահայ, գժղմնելի (զազ-
րելի, նողկալի), գժդմնիլ (բարկանալ, քէն պահել), յխուժդուժ
խժղժութիւե, նժդեհ (պանդուխտ):
80.- Դ, թ (մասամբ՝ տ) գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԲԱԽՏ (շբախտաւոր) ԲԱՂԴատել( չբաղդատութիւն)
ԳՏԱԿ (՞շգիւտարար, գտնել) ԳԴԱԿ (գլխարկ)
ԴԱԴԱՐ (հանգիստ. չդադրիլ) ԹԱԹԱՐ (ժողովուրդ մը)
ԹԱԹԱՌ (պտուտահողմ)
ԴԱՆԱԿ (շդանակահար) ԹԱՆԱՔ (մելան)
ԴԱՌՆ (լեղի. » դառնութիւն: .5»ԹԱՌ (երաժշտական գործիք.
ԴԱՐ (100 տարի. » դարավերջ) չՀթառահար)
ԴԱՍ (շարք.չդասել. դասարան)ԹԱՍ (գաւաթ)
ԴԱՐՁ (» դարձնել, անդարձ ., ապաթԱՐՑ (կէԷտադրական նշան)
ԴԱԻ (» դաւաճան, դաւադիր) ԹԱԻ (հաստ՝ ձայն կամ մազ.»
թաւամազ)
ԴԱՓ (երաժշտական գործիք 3չԹԱՓ (մղիչ ուժ» թափահարել.
թափել. բեռնաթափ)
ԴԵՂ (՞դեղարան, դեղագործ) ԹԵՂ (կալի դէզ)
ԴԵՌ (տակաւին. » դեռատի) (ԹԵՐ (կողմ)
ԴԵՐ (պաշտօն. » դերասան)
ԴԵՐԻ (դեր՝ սեռական հոլով) ԹԵՐԻ (պակաս. » թերաւարտ)
116
ԴԵՒ (» դիւահար, դիւահան) .ԹԵԻ (» թեւածել, թեւաբաց)
ԴԵՌԵՒՍ (տակաւին) ԹԵՐԵՒՍ (գուցէ)
ԴԷՄ (շդիմաց, դիմակ) ԹԵՄ (եպիսկոպոսական շրջան)
ԴԵԶ (կոյտ. » դիզել) ԹԵԶ (ուսումնասիրութիւն)
ԴԺՈՒԱՐ (շդժուարանալ) ԹՇՈՒԱՌ (խեղճ. » թշուառական)
ԴԻ (կողմ. մէկդի)- դիակ. ԹԻ (գործիք մը. չթիավարել, թիակ)
չ-դիահերձում)
ԴԻԱԿ (մեռած մարմին) ԹԻԱԿ (փոքր թի)
ԴԻ՛Ր (դնել հրամայականը) .,.ԹԻՌ (թռչիլ բառին արմատը)
ԴԻԻՐ (դիւրին, դիւրահաձ) .,ԹԻԻՐ (սխալ, ծուռ.» թիւրիմացու-
թիւն)
ԴՈՂ (սարսուռ. » դողդղալ) ԹՈ՛Ղ (թողուլ բային հրմ.ը)
ԴՈՅԼ (աման մը) ԹՈՅԼ (մեղկ, ծոյլ. » թուլութիւն,
թոյլատրել)
ԴՈՅՐ (հանգիստ. Հ կազդոյր: 232 ԹՈՅՐ (գոյն. » կաթնաթոյր)
ԴՈՒՌ (շդռնապան, դրկից) ԹՈՒՐ (սուր)
ԴՈՒՐ (գործիք մը)
ԴՈՒՔ (եզակին՝ դուն) ԹՈՒՔ (լորձունք. » թքել)
81.- Ծ, ց, ձ շարքը
Ծ, ց, ձ շարքին մէջ ծ գիրը, իբրեւ ձայնեղ, հնչիւնապէս ան-
շփոթելի կը մնայ բառասկզբին, բառին մէջ` ձայնաւորներէ
առաջ ու վերջ` ծաղիկ, ծեր, ծուռ, ծոռ, ծածուկ, ածու, մածուն,
կայծ, ծածկ, կսկիծ, ծեծ, բաղաձայններէ ետք` գործ, կարծր,
արծիւ, Արծրունի, եղծել, կեղծ, ցնծութիւե-
Կիլիկեան բաղաձայնական համակարգ ժառանգած արեւ-
մտահայը կը զանազանէ 4 խուլը եւ ց շնչեղը ձիր - ցիր, իսկ
խլազուրկ համակարգ ժառանգածը անխուսափելի շփոթի մէջ
պիտի իյնայ, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛արտասանէ իբրեւ շնչեղ:
Կան օրինաչափական պարագաներ:
82.- Նձ օրէնք
Օրինաչափական է՝ անձ (անձնագիր, անձնական), անձաւ
(քարանձաւ), անձուկ (անձկութիւն), անձրեւ, բրինձ, գանձ
117
(գանձանակ), թախանձել, թանձր (թանձրանալ), ինձ (ընձա-
ռիւծ, ընձուղտ), խանձել, հունձք (հնձել), ձանձրոյթ, յանձնել
(լանձնեարարել), նախանձ պղիեձ պապանձիլ, սանձ, ստանձ-
նել, տանձ եւ այլն:
Ես դերանունին ինձմէ եւ ինձմով հոլովաձեւերուն կը հա-
կադրուի ինծի (նախկին՝ ինձ) հոլովաձեւը:
Ն-էն ետք ց ունին առանց, զանց, յանցանք, անց(նիլ) բա-
ռերը եւ անոնցմով կազմուած բաղադրութիւնները միայն:
- Զանազանել անձնագիր (անձնաթուղթ) եւ անցագիր (վի-
զա) բառերը:
83.- Րձ օրէնք
Օրինաչափական է` արձագանգ, արձան, արձակ (արձա-
կուրդ, յարձակիլ, նախայարձակ), դերձան, լորձունք, խուրձ,
հանդերձ (հանդերձարան, հանդերձանք, զրահանդերձ), ձորձ,
մարձում, մերձ, (մերձակայ), յորձանք, որձ (որձեւէզ), ուղերձ,
վարձք (վարձել, վարձու), վրձին, փորձ (փորձանք, փորձութիւն)
եւ այլն: Դառնալ չէզոք բայը կը սեռի դարձնել ներգործական
բայէն, արմատը՝ դարձ, որմէ ունինք դարձեալ, վերադարձ, հո-
գեդարձ, դարձդարձիկ եւ այլն. բառնալ (ամբառնալ, համբառ-
նալ) հին բայերուն արմատն Է բարձ, որմէ ունինք բարձունք,
համբարձում, մանկաբարձ, վերամբարձ, ամբարձիչ, հոգաբար-
ձու եւ այլն, բարձր ձեւէն՝ բարձրութիւն, բարձրանալ, բարձրա-
դիր. բերձ ձեւէն՝ բարձրաբերձ եւ այլն:
- Զանազանել քուրձ (մազէ զգեստ կամ տոպրակ) եւ քուրջ
(ցնցոտի, լաթի կտոր) բառերը:
Ր-էն ետք ց ունինք ապաթարց, Արցախ, հարց (հարցնել,
հարցում, հարցարան, հարցասէր) ուրց, մուրց (մրցանակ,
մրցիլ, մրցում, մրցանակաբաշխութիւն), պախուրց, տրցակ: Ար-
ցունք բառը արտասուք բառին ամփոփումն է արտասուք»
արտսուքչարցունք զարգացումով, ուր կայ տս»ց հնչիւնափո-
խութիւն եւ ն-ի յաւելում:
118
84.- Ղձ օրէնք
Օրինաչափական է` ակաղձուն, Աղձնիք, ատաղձ, բաղձալ
(բաղձանք), գեղձ (նշագեղձ), գուղձ, դեղձ, դեղձանիկ, իղձ (րղ-
ձալ), հեղձամահ (հեղձամղձուկ, ջրահեղձ), մաղձ, մղձաւանջ,
փղձկիլ եւ այլն:
Ղ-էն ետք ց ունին քաղց(ածութիւն), քաղցր, աղցան (աղ-
ցան), յեղց (լեցուն, առլի) եւ անոնցմով բաղադրեալ բառերը:
85.- Ցն օրէնք
Օրինաչափական է բառին սկիզբը ցեկնիլ, ցնցոտի, ցեցուղ,
ցեցել, ցնորք (ցնորիլ, ցնորական, խելացնոր), ցնդիլ, ցնծալ
(ցնծութիւն):
Ձնծաղիկ բառը այլ կառոյց ունի՝ ձիւն-ծաղիկ:
86.- Ձայնաւորներէ եւ երկհնչիւններէ ետք Ց
Օրինաչափական է այց, աքացի, բաց, բայց, բոց, գոց, երէց,
թաց, լաց, լոյց (ձրագալոյց), լուցկի, խեցի, խոց, խուց, կացու-
թիւն, կից, հաց, հայց, յեցակ, նեցուկ, վեց, տարեց, ցեց, ցից, ցոյց
եւ այլն:
Ձայնաւորէ ետք ձ կայ միայն 64 բառին մէջ:
- Գձուձ, գրուած է նաեւ գծուծ: Նոր գրական հայերէնին մէջ
լայն տարածում կը գտնէ ձ-ով տարբերակը, սակայն ներկայիս
արեւելահայերը շրջադարձ կատարած են դէպի գծուծ-ը: Կը
պահենք ձ-ով ձեւը:
- Կեղծամ (կեղծ-ծամ) բառը կազմուած է կրկնակ ծ-երէն
մէկուն զեղչումով:
87.- Ց-ն ածանցներու մէջ
Վերջածանցներու մէջ միայն ց կը գրուի (եւ ոչ ձ) ինչպէս՝
- անց. բացառականի էն մասնիկի իմաստով մակբայներ՝
սրտանց, մէկանց, հեռուաեց` սիրտէն, մէկէն, հեռուէն.
- անոց/նոց. տեղ ցոյց գոյականներ` հիւանդանոց, խենթա-
նոց, մեղուանոց, ուսուցչանոց, հաւնոց, լյարդանոց, միաւորներ
119
ցոյց տուող` մէկնոց, տասնոց, քսաննոց, հագուստեղէն` վզնոց,
գոգնոց ...
- եցի, ացի, ցի. տեղացիութիւն ցոյց տուող անուններ, Լոռի
լոռեցի, խոյեցի, զիւղացի, տեղացի, քաղաքացի, լեռնցի, քեսապ-
ցի, ածականներ ու մակբայներ բառացի, բերանացի, խելացի,
մտացի...
- ացու, ցու. փեսացու, տիրացու, հարսեցու, սերմնացու,
հագուստցու.
- ացք. հայեացք.
- եցիկ. ընկեցիկ, բարեկեցիկ, հպաեցիկ.
- էց. ընկէց բայաձեւին մէջ գահրնկէց, խորտընկէց, քա-
րընկէց.
- ոյց. գոյականներ հանգոյց, զեկոյց, մատոյց.
- ոց. բնաձայնութիւններ` բզզոց, գոռոց, շրխկոց, ծւծւոց.
տեղ դպրոց, թաքստոց, հնոց դարբնոց, ամրոց, գզրոց գոր-
ծիքներ խարտոց, յօտոց, փքոց...
- ուց. յոգնակի բացառական հոլովի իմաստով մակբայներ
հնուց (հին ժամանակներէն ի վեր), մանկուց, փոքրուց...
- ուց(ք). այրուցք, սերուցք, մոլուցք, այտուց.
Ծ-ն հանդէս կու գայ ածանցներու կազմութեան մէջ, բայց
դժուարութիւն չի յարուցեր.
- ածոյ. հաւաքածոյ, ժողովածոյ, հանածոյ, տպածոյ եւ այլն.
ասոնցմէ որոշ գոյականներ կրնան ունենալ ածու ածանցը՝
հաւաքածու, ժողովածու.
- ծու. թափծու, շինծու.
- ուածք. բայահիմքերէ գոյականներ կը կազմէ պատ-
մուածք, կոտրուածք, յօրինուածք, սանտրուածք, հագուածք...
- ած (ացած, եցած). իբրեւ յարակատար դերբայի վերջա-
ւորութիւն. գրել գրած, գրուած, խօսիլ խօսած, խօսուած, լողալ`
լողացած, մտնել մտած, հասնիլ` հասած, մօտենալ` մօտեցած,
հեռանալ հեռացած, ճանչնալ ճանչցած:
120
88.- Ց-ն քերականական մասնիկներու մէջ
Ց-ն հին հայերէնի մէջ ք յոգնակերտ մասնիկին յարացու-
ցային տարբերակն է, կը յայտնուի սեռական-տրական հոլո-
վաձեւերուն մէջ: Նոյն օրինաչափութիւնը մասամբ կը գործէ
արդի հայերէնի մէջ հետեւեալ պարագաներուն.
ա.- Դերանուններուն մէջ՝ ոնք/ոնց, ենք/ենց, անք/անց փո-
փոխութեամբ. ռրոնք որոնց, որոնցմե, որոնցմով անոնք՝
անոնց, անոնցմէ անոնցմով իրենք` իրենց, իրենցմէ, իրենց-
մով, ոմանք՝ ոմանց:
բ- Տղզաք տղոց. տղոցմէ, տղոցմով. մարդիկ մարդոց,
մարդոցմէ, մարդոցմով լյոգնակիներուն մէջ: Նոյն ձեւով կարգ
մը բառերու յոգնակի սեռականը աց, անց, ոց, ից վերջաւորու-
թիւններով կը գտնենք իբրեւ քարացած ձեւեր կամ հնաբա-
նութիւն՝ որոշ պարագաներու, ինչպէս` ծնողաց հանդէս, չար-
եաց փոքրագոյնը, տիկնանց մասնաձիւղ, արանց եւ կանանց,
աղջկանց վարժարան, օրիորդաց միութիւն, ուսուցչաց եւ պաշ-
տօնէից ժողով, թարգմանչաց տօն, կենաց (կեանքին) ծառ, հար-
սանեաց խնճոյք, լարգանաց հաւաստիքը, եպիսկոպոսաց եւ
վարդապետաց, ռուսաց եւ թրքաց, արքայից (արքաներու)
արքայ, հրէից (հրեաներու) զատիկ, քրիստոնէից (քրիստոն-
եաներու) տօն, հայոց պատմութիւն, Գիրք Ծննդոց, հնոց եւ
նորոց (հիներու եւ նորերու) եւ այլն:
գ.- Ութիւն ածանցով գոյականներու յոգնակի սեռական-
տրական ձեւին մէջ իբրեւ հնաձեւ տարբերակ. իշխանութիւն`
իշխանութիւններու/իշխանութեանց, հաստատութիւն` հաստա-
տութիւններու/հաստատութեանց, մոլութիւն` մոլութիւններու/
մոլութեանց եւ այլն:
դ- Հաւաքական անուններ կազմող անք/անց, ենք/ենց,
ոնք/ոնց վերջաւորութիւններուն մէջ. Վարդանանք Վարդա-
նանց, Սարգիսենք՝ Սարգիսենց. Մարկոսենք` Մարկոսենց,
դրացիենք դրացիենց, Ռաֆֆիենք՝ Ռաֆֆիենց մերոնք մե-
րոնց եւայլն:
Ց կայ նաեւ բայական մասնիկներու մէջ.
121
ա.- Եցնել, ացնել կամ ցնել պատճառական բայերու վերջա-
ւորութեան մէջ. քալել քալեցնել, մտնել մտցնել, խօսիլ խօ-
սեցնել, հասնիլ` հասցնել, սահիլ` սահեցնել, փախչիլ փախ-
ցնել, նստիլ` նստեցնել, լալ` լացնել, եռալ` եռացնել, քնանալ`
քնացնել, մօտենալ մօտեցնել եւ այլն:
բ.-- Բայական որոշ խումբերու խոնարհման անցեալ կա-
տարեալի ցոյական հիմքին մէջ (ց, աց, եց). հեռանալ` հեռ-աց-
ող, հեռ-աց-ած, Ճանչնալ` ճանչ-ց-ող, ճանչ-ց-ած, ձանչ-ց-է ք,
վազել վազ-եց-ի, վազ-եց-իր, վազ-եց, վազ-եց-Էք, խօսիլ խօս-
եց-այ, խօս-եց-ար, խօս-եց-աւ, խօս-եց-էք, քալեցնել քալեց-ուց-
ի, քալեց-ուց-իր, քալեց-ուց, քալեց-ուց-էք եւ այլն:
89.- Ձ եւ ց (մասամբ՝ ծ) գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԱՆՁ (ջանձնական,յանձնել) 3)3ԱՆՑ (ջանցուկ, անցնիլ, միջանցք,
անցուղի)
ԱՆՁՈՒԿ (» անձկութիւն) ԱՆՑՈՒԿ (անցած)
ԱՆՁՆԱԳԻՐ (անձնաթուղթ .ԱՆՑԱԳԻՐ (վիզա)
ՁԱԳ (նորածին. չձագուկ) ՑԱՔ (տափակցնող գործիք. » ցաքատ,
ցաքուցրիւ)
ՁԱԽ (չձախլիկ, ձախորդ) ՑԱԽ (ճիւղ. » ցախաւել, ցախապատ)
ՁԱՌ (ծուռ, խոժոռ՝ դէմք) ՑԱՐ (Ռուսիոյ կայսրը)
ՁԱՐ (իու պոչին մազը)
ՁԻ (» ձիաւոր, վագերաձի) ՑԻ (ածանց՝ լեռնցի, երեւանցի)
ՁԻՐ(ք) (շնորհք. » ձրի, ՑԻՐ (» ցրուել, ցանցիր, ցիրուցան)
շնորհաձիր) ՏԻՌ (վայրի էշ)
ՁՈՂ (բարակ երկար փայտ) .ՑՕՂ (շաղ. » ցօղուել)
ՁՈՅԼ (շձուլարան. ձուլել) ՑՈՒԼ (կենդանի մը. » ցլամարտ)
ՅԱՆՁնել (յանձնառու) ՅԱՆՑանք(ջյանցաւոր, յանցագործ)
(շնչա)ՀԵՂՁ (հեղձամահ) ՅԵՂՑ (լեցուն)
ՔՈԻՐՁ (մազէ տոպրակ) ՔՈՒՐՋ (ցնցոտի կամ լաթի կտոր)
90.- Ճ, ջ, չ շարքը
Ճ, ջ, չ շարքին մէջ ճ ձայնեղը հնչիւնապէս անշփոթելի կը
մնայ բառասկզբին, բառին մէջ՝ ձայնաւորներէ առաջ ու վերջ՝
122
ճառ, ճեմարան, ճամբայ, Ճճի, բաճկոն, մահիճ գաճ, կաւիձ,
մաճ. բաղաձայններէ ետք «ճանճ, կարճ պերճ. նաեւ նոր
տառադարձութիւններու մէջ Ճեմմա, Ճորճ Ճան, Ճիմի, Ճագ,
Ճաքարթա: Հին հայերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ վերջին
շարքի բառերը պիտի տառադարձուէին ջ-ով: Նկատել պէտք է,
որ շարք մը արեւելեան բառեր գրական արեւմտահայերէնի մէջ
տեղ գտած են արեւելահայ տառադարձութեամբ` ջլան, ջատու,
ջահել-ջիւան՝ ճան, ճատու, ձահել-ճիւան տարբերակներու կող-
քին, թէեւ այս պարագային արեւելահայերէնի հետ համեմա-
տած ստեղծուած է արտասանական տարբերութիւն, այսինքն
ջան բառը գրութեան այս ձեւով տարբեր կ'արտասանուի արե-
ւելահայու եւ արեւմտահայու կողմէ:
Կիլիկեան բաղաձայնական համակարգ ժառանգած արեւ-
մտահայը կը զանազանէ ջ խուլը եւ չ շնչեղը` ջորի - չորի (չոր-
ին սեռականը), իսկ խլազուրկ համակարգ ժառանգածը անխու-
սափելի շփոթի մէջ պիտի իյնայ, որովհետեւ երկուքն ալ կ'ար-
տասանէ իբրեւ շնչեղ: Կան օրինաչափական պարագաներ:
91.- Րջ օրէնք
Օրինաչափական է՝ անուրջ (անրջանք, անրջել), արջ, ար-
ջառ, արջասպ, բաղարջ, գաղջ, Դերջան, երջանիկ (երջանկու-
թիւն, երջանկանալ), լուրջ, կամուրջ (կամրջըեկէց), հաղարջ,
մորջ, մրջիւե, յորջորջել, շուրջ (շրջապատ, շրջակայք, շրջան),
որջ, վերջ (վերջանալ), քուրջ եւ այլն:
Ր-էն ետք չ ունին փարչ, չարչի, տարչին օտար բառերը:
Չարչարել բայը չար բառի կրկնաւորն է: Միւս պարագաները
ձայնաւորի կորուստով կը բացատրուին. վարիչ` վարչութիւն,
ոսկերիչ ոսկերչութիւե:
92.- Նջ օրէնք
Օրինաչափական Է եղինջ, երինջ, Երեջակ, լանջ, խր-
խունջ, խռնջայլ, մունջ (մեջախաղ), նինջ (ննջարան, ննջել),
123
նարինջ, ջինջ (ջնջել), տանջանք (տանջել, լոգնատանջ), փունջ
(փնջել) եւ այլն:
- Խնջոյք/խնձոյք. արեւելահայերը որդեգրած են ջ-ով տար-
բերակը: Թելադրելի է նոյնը ընել ու վերադառնալ ընդհանուր
օրինաչափութեան:
Խրխինջ (խրխնջել, խրխնջիւն), վրինջ (վրնջել, վրնջիւե),
մրմունջ (մրմնեջել, մրմեջիւն), տրտունջ (տետեջալ), շրշունջ
(շրշնջել), լօրանջ (լօրանջել) բնաձայնական բառերուն համար
օրինաչափութեան է ր եւ ջ ածանցներուն ներկայութիւնը՝ ի
հակադրութիւն միւս բնաձայնութիւններուն, որոնք ունին նչ,
միայն չ կամ ռ եւ չ միասնաբար, ինչպէս գանչ (գանչել, բացա-
գանչել) թանչել (հեւալ), կանչ (կանչել, բացականչել), շունչ
(շնչել, շնչասպառ), հունչ (հնչիւն, հնչում), գոչ (գոչել, գոչիւե),
կոչ (կոչել, կոչունք), կարկաչել (կարկաչիւն), ճիչ, շաչ, շառաչ
(շաչել, շառաչել), հաչել (հառաչել), հառաչ (հառաչանք, հա-
ռաչել), բառաչ (բառաչել), զռինչ (զռեչել, զռեչիւն), թառանչ
(ցաւի հեծեծանք), խռինչ (խռեչել, խռնչիւն), կռինչ (կռնչել,
կռչիւն), ճռինչ (ճռնչել, ճռնչիւն), մռունչ (մռեչել, մռենչիւն), շռինչ
(շռնչել, շռնչիւն), փռնչել: Միւս բնաձայնութիւններուն մէջ եւս
տիրական են չ-ն եւ ռ-ն առանձնաբար, ինչպէս՝ կչկչայ, պոռչը-
տալ, պոռալ, գոռալ, փռեգտալ, փռշտալ:
- Կարկաչ/կարկաջ. ընդհանուր օրինաչափութեան մէջ
մնալու համար պահել չ-ով տարբերակը, նաեւ` կարկաչել,
կարկաչուն:
- Ոչ բնաձայնական բառերէն ն-էն ետք չ ունին գնչու, դունչ,
մինչ, ունչ (դունչ, քիթ), ընչացք (պեխ), թանչ (աղիքի խան-
գարում), ինչ (ընչասէր, ոչինչ, ոչնչանալ), մանչ, պինչ (քիթի
ծակերը), տենչ (տենչալ, տենչանք):
- Զանազանել հաջել (շան հաջոցը) եւ հաչել (հառաչել)
բառերը:
- Զանազանել յառաջ եւ հառաչ բառերը:
- Զանազանել չնչին (ոչինչ չինչ-ին աննշան) ու ջնջան
(ջինջ-ան՝ սրբիչ) բառերը:
124
93.- Ղջ օրէնք
Օրինաչափական է աղջամուղջ, աղջիկ, բղջախոհ, գաղջ,
գեղջուկ (գեղջկական), եղջիւր (եղջերու եղջերափող, ռնգեղ-
ջիւր), զղջալ, շեղջ, ողջ (առողջ, առողջանալ, առողջութիւն,
ողջոյն), չղջիկ եւ այլն:
Ղ-էն ետք չ ունի միայն զեղչ (զեղչել, զեղչում):
94.- Չ եւ ջ գիրերը ձայնաւորներէն ետք
Ձայնաւորներէն ետք չ-ն աւելի կը հանդիպի քան ջ-ն: Չ
ունինք աչք, բառաչ, գոչ, լաչակ, խաչ, խեչափառ, խոչ (խո-
չընդոտ), կարկաչ, կաչաղակ, կանաչ, կեչի, կուչ գալ, կոչ, հա-
ռաչ, ճանաչ, ճիչ, չամիչ, չեչ (չերաքար), պաչել, պոչ, Վաչէ,
փուչիկ, քոչուոր եւ այլն. ջ ունին աջ, յառաջ, էջ, հաջել, մար-
մաջ, մէջ, ջոջ, քաջ եւ այլն:
Փուճ` «դատարկ, սին», ատկէ ունինք փճանալ, փճացում:
Աւանդուած է նաեւ փուչ ձեւով, արեւելահայերը որդեգրած են
վերջինը, նոյնացնելով փչել ու փուչիկ, փչոց բառերու արմա-
տին հետ: Այս երկու շարքերը հնչիւնապէս տարբեր են արեւ-
մտահայերէնի մէջ: Օրինական պատճառ ալ չկայ ձ-ն չ-ով փո-
խարինելու:
95.-Չեւջ գիրերը ածանցներու մէջ
Միակ պարագան, ուր ջ-ն հանդէս կու գայ իբրեւ երկրոր-
դական ձեւոյթ՝ ոջ հոլովումն է: Ոջ-ը սեռական հոլովի մասնիկ
է. անոր հիմքին վրայ կը կազմուին գոյականին յաջորդ հոլով-
ները. քոյր-քրոջ-քրոջմէ-քրոջմով (քոյրով):
Ոջ հոլովումին կ'ենթարկուին տէր, ընկեր, տագը, քոյր,
տալ, աներ, կեսուր, կին եւ ասոնցմով կազմուած բարդ բա-
ռերը. տիկին` տիկնոջ, հօրաքոյր` հօրաքրոջ, դասըեկեր` դաս-
ընկերոջ, հողատէր՝ հողատիրոջ եւ այլն:
Մնացեպլ բոլոր ածանցներուն եւ մասնիկներուն մէջ միայն
չ կը գրուի (եւ ոչ ջ):
Ածանցներն են.
125
- իչ. բայահիմքերէ կը կազմէ ածականներ ու գոյականներ՝
խանգարիչ, յուզիչ, թարգմանիչ, արդուկիչ, գրիչ...
- ուչ. վայելուչ, տեսուչ, ընկալուչ.
- չեայ. առհաւատչեայ.
- չէք (տե՛ս էջ 29).
- չ ժխտական նախածանցը. չտես, չբեր, չունեւոր, չաս-
տուած, չկամ (չուզող).
- չ սոսկածանցը. չ սռսկածանցը արեւմտահայերէնի մէջ
կորսուելու վիճակ մը ունի. ներկայ է միայն մախչիլ, թռչիլ,
մասամբ նաեւ փլյչիլ ու կպչիլ բայերուն մէջ, որոնք բայական
ներկայի հիմքով խոնարհումի մէջ կրնան պահել կամ չպահել
չն՝ կը փախչիմ/կը փախիմ կը փախչէի/կը փախէի, իսկ անց-
եալ դերբայներու, կատարեալի եւ հրամայականի մէջ անպայ-
ման կ'ունենան արմատական հիմք. փախչիլ փախած, փա-
խեր, փախայ, փախար, փախաւ, փախանք, փախաք, փախան,
փախի ր, փախէ՛ք: |
Դպչիլ բայը ունի նաեւ դպեալ տարբերակը կր դպչիմ/ կը
դպնամ. կատարեալը դպայ, դպար, դպաւ...: Արդէն արմա-
տական հնչիւն կը գիտակցուի նանգչիլ եւ խրտչիլ բառերուն
մէջ, իսկ սառչիլ եւ կորչիլ հին ձեւերը կը գործածուին սառիլ եւ
կորսուիլ ձեւերով: Ուրեմն հանգչիլ, խրտչիլ, սառիլ եւ կորսուիլ
բայերը անցեալ կատարեալի մէջ ոչ սոսկածանցաւոր, այսինքն
պարզ բայերու պէս կը խոնարհուին` հանգչեցայ, խրտչեցայ,
սառեցայ, կորսուեցայ՛
- չ ժխտական մասնիկը. չ-ն ժխտական մասնիկ է խո-
նարհումի մէջ: Ուղղակի կը կցուի բոլոր դերբայներուն եւ բա-
յական ձեւերուն սկիզբը, թէեւ, եթէ բայը բաղաձայնով սկսի՝
«չը» կամ «չի» կը լսուի. գրել չգրել, գրած չգրած, գրելու չգրե-
լու, գրելիք չգրելիք, գրող չգրող. գրեցի չգրեցի, գրեմ չգրեմ,
գրես չգրես, գրէ չգրե պիտի գրեմ պիտի չգրեմ...- Ոճական
իւրայատկութեամբ պայմանաւորուած Է չ-ի գործածութիւնը
պիտի ցուցիչին հետ չպիտի գրեմ:
126
Կր ցուցիչով ժամանակներու (սահմանական եղանակի
ներկայ եւ անցեալ անկատար) ժխտականը կը կազմուի էական
բայի ժխտականով (ներկայ` չեմ չես, չի, չենք, չէք, չեն. ան-
կատար՝ չէի, չէիր, չէր, չէինք, չէիք, չէին) եւ ժխտական դերբա-
յով, որ կը կազմուի բայի աներեւոյթի լ-ն ր-ի վերածելով. վազել
վազեր, մտնել մտներ, փախչիլ փախչիր, հեռանալ հեռանար:
Օրինակ կը վազեմ չեմ վազեր, կ երազեմ չեմ երազեր, կը
վազես չես վազեր, կ'երազես չես երազեր, կը վազէ չի վազեր,
կ'երազէ չ՛երազեր. Չ' կ՛առնեն միայն սահմանական եղանակի
ներկայ ժամանակի եզակի Գ. դէմքի ձայնաւորով սկսող բա-
յերը, ուր չի ժխտականը (կը վազէ՝ չի վազեր) կը կորսնցնէ ի
ձայնաւորը կ՛'երազէ չ՛երազեր, կ'առնէ չառներ, կ'ըսէ չ ըսեր,
կ'որոշէ՝ չ ռրոշեր, կ'ուզէ՝ չ՛ուզեր, կ'օրօրէ՝ չ օրօրեր: Մերժելի են
չի երազեր, չի որոշեր ձեւերը:
Ապաթարցի քննութիւնը սուղ ը-ով սկսող բայերէ առաջ
Յայտնի է, որ բառասկիզբին սուղ ը-ով սկսող բայերը
սահմանական եղանակի ներկայ եւ անկատար ձեւերուն մէջ կր
մասնիկը կ'առնեն անջատ կերպով` ստեղծելով գրութեան եւ
արտասանութեան հակադրութիւն` կր սկսիմ կր սկսիս, կր
սկսի...: Այս գրելաձեւը կը պատձճառաբանուի անով, որ բայը
իրողապէս բաղաձայնով կը սկսի. հմմտ.` կր գրեմ - կր սկսիմ:
Նոյնը կը պատահի եզակի Գ. դէմքի ժխտական խոնարհումի
պարագային. կր սկսի չի սկսիր, կը սթափի չի սթափիր, կը
զբաղի չի զբաղիր, կը շտապէ չի շտապեր...: Հոս եւս կը
ստեղծուի գրութեան եւ արտասանութեան հակադրութիւն: Այս
պարագան հեշտացնելու համար ոմանք ի-ն կը զեղչեն ու ապա-
թարց կը դնեն չ սկսիր, չ սթափիր, չ զբաղիր, չ շտապեր, ինչ-
պէս ձայնաւորով սկսող բայերու պարագային կ՛երգէ - չ'եր-
գեր: Մասնակի լուծում մըն է. ինչո՞վ կը տարբերին հաստա-
տական ձեւերը, եթէ անոնք եւս նոյն մօտեցումով գրուին՝
կ՛սկսիմ, կ սկսիս կսկսի եւ այլն:
127
96.- Ջ եւ ս բաղաձայններու շփման տեղը
Այս երկու բաղաձայնները չեն շփոթուիր` զարդ-սարդ,
զուր-սուր, նիզակ-Միսաք, յոլզ-յոյս, զրահ-սրահ, զրպարտել-
սրբազան, մազ-մաս, կազմ-աստղ եւ այլն:
Զ-ն ս կարտասանուի պայթականներէն առաջ ինկած դիր-
քին մէջ: Զ կու գայ բ, գ, դ բաղաձայններէն առաջ՝ զբաղիլ, զգալ,
ազդակ, իսկ ս կու գայ պ, փ, տ, թ, կ, ք բաղաձայններէն առաջ
սպասել, սփոփել, ստանալ, սթափիլ, սկսիլ, սքանչանալ:
Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ թս կապակցութիւնը բառերու մէջ
կ'արտասանուի կրկնակի ց` վաթսուն, ութսուն, կաթսայ:
Զ-ն հին հայերէնի մէջ հայցական հոլովի նախդիր էր.
ներկայիս քարացած ձեւով հանդէս կու գայ կցական բարդու-
թիւններու չէզոք (չէ զ-ոք) մէկզմէկ (մէկ զ-մէկ), հետզհետէ
(հետ զ-հետէ), ինչպէս եւ կարգ մը դերանուններու հայցական
հոլովի կազմութեան մէջ. ով զով, զիրար (իրար), այն զայն,
անոնք զանոնք, ինք զինք եւ այլն:
Մոզէզ/մողէս. արեւելահայերը կը գործածեն մողէս տար-
բերակը: Մենք կ՛արտասանենք մողէզ, խորթ է ս-ով արտասա-
նութիւնը: Բզէզ, խլէզ, պարտէզ, բեհեզ, մալէզ քարտէզ բառերու
շարքին ոչ մէկ հակադրութիւն կը ստեղծէ մողէզ-ի վերջին
հնչիւնը:
Քարտէզ/քարտէս. նախընտրելի է զ-ով տարբերակը:
97.- Ժ եւ շ բաղաձայններու շփման տեղը
Երկուքն ալ կը հանդիպին բառի բոլոր դիրքերուն. բա-
ռասկիզբին ու ձայնաւորէ առաջ ու վերջ անշփոթելի են ժուռ
գալ-շուռ գալ, մժեղ-Մուշեղ, բաժ-բաշ, բիժ-նիշ, ոյժ-ուշ, աշ-
խոյժ-անոյշ. անշփոթելի են նաեւ բաղաձայնէ առաջ եւ վերջ՝
Աշխէն, դշխոյ, բաշխել, աշխատիլ, աշտարակ, բդեշխ, Արշակ,
արշալոյս, անշուշտ, ապշիլ, խշշալ, բժժանք, բժիշկ, վարժ, ար-
ժել, դրժել, խժռել եւ այլն:
Ժ-ն կրնայ շփոթուիլ 2-ին հետ պայթական բաղաձայնէ
առաջ կամ վերջ իր դիրքին մէջ. Աժդահակ, աժդահայ, գրժ-
128
դմեիլ, դժխեմ, խուժդուժ, խժդժութիւն, նժդեհ (պանդուխտ),
ուժգին, ուժգնօրէն, պժգալ:
Դժ եւ տժ ժխտական նախածանցներուն մէջ ժ-ն նոյնպէս
կրնայ շփոթուիլ 2-ին հետ. դժգոհ, դժկամ, դժբախտ, տժգոյն: Թշ
կայ թշշալ, թշուառ (խեղճ), թշնամի բառերուն մէջ: Դժուար (ոչ
դիւրին) ու թշուառ բառերուն մէջ զանազանելի են:
98.- Խ եւ ղգիրերուն հնչիւնական իւրայատկութիւնները
Ղ գիրը բառին սկիզբը կը հանդիպի քանի մը բառերու մէջ
միայն, ինչպէս ղափամա, ղեկ, ղենջակ (գոգնոց), դրկել, ղրուշ,
ղօղանջել, ղօղիլ (պահուրտիլ):
Խ եւ ղ բաղաձայնները գրեթէ չեն շփոթուիր ձայնաւորէ մը
առաջ ու վերջ ինկած իրենց դիրքին մէջ, ինչպէս՝ աղաղակ, խա-
ղաղ, խաղող, խաղ, մեխակ, մխել, մղել, Պաղրաս, պախրա, օխ,
օղ, ա՛խ, աղ, զեխ, զեղուլ, ցեխ, ցեղ, պեխ, պեղել, սողալ, սոխ,
վախ, վաղ, վաղվաղակի, տառեխ (ձուկ մը), տառեղ (թռչուն մը)
եւ այլն:
Չեն շփոթուիր նաեւ ոչ պայթական ու պայթաշփական
բաղաձայններէն առաջ կամ վերջ՝ աղմուկ, աղմկել, սեղմ, բեղմ-
նաւոր, սաղմ, նշխար, աշխարհ, ապաշխարել, աշխատիլ, աշ-
խէտ եւ այլն:
- Սանդուղ/սանդուղք բառը կր գրուի նաեւ սահդուխ ձեւով,
արեւելահայերը` սանդուղք: Նախընտրելի է գործածել սան-
դուղք ձեւը, բաղադրութիւններու մէջ եւս պահելով ղ-ը` սան-
դղակ, սանդղակալ, սանդղաձեւ, սանդղամատ, սանդղաշար եւ
այլն:
Զանազանել ուղի (ճամբայ) եւ ուղիղ (շիտակ) բառերը:
Ուղի ուղարկել, ուղեգիծ, ուղեկից, ուղեկորոյս, ուղեկցիլ,
ուղենիշ, ուղեցոյց, ուղեւոր, ծառուղի, երկաթուղի, ճոպանուղի,
ուղարկել, յուղարկաւոր եւ այլն:
Ուղիղ ուղղել, ուղղակի, ուղղահայեաց, ուղղամիտ, ուղ-
ղանկիւե, ուղղափառ, ուղղութիւն, ուղղում, անուղղայ եւ այլն:
129
Խ-ն նոր հայերէնի մէջ հանդէս կրնայ գալ իբրեւ լծորդ
օտար բառերու բառավերջի կոկորդային գ պայթականին,
նոյնիսկ ք-ին եւ կ-ին (արեւելահայերէն)` Չինարձրգ-Չինար-
ձրխ, Չինարձրք, Չինարջըկ:
- Խի անկում կայ բախել եւ փոխել բայերու կրկնաւոր-
ներուն մէջ` բաբախել, (բախ-բախել), բաբախում, փոփոխել
(փոխ-փոխել), փոփոխութիւն, փոփոխակի, անփոփոխ:
99.- Ղ-ի պատմական հնչիւնափոխութիւնը
Հին հայերէնի մէջ ղ-ն հնչիւնապէս լ-էն կը զանազանուէր
իր կոպտութեամբ: Նոր հայերէնին անցած է պատմական հնչիւ-
նափոխութեամբ. ասիկա կ'՛երեւի օտար բառերու տառադար-
ձութեան մէջ. Քշս|՝ Պօղոս, քՈշշեծէհ՝ Եղիսաբէթ, մոտ`
Երուսաղէմ, 86էթիօո` Բեթղեհեմ: Նոր հայերէնի մէջ հին բա-
ռերը անցած են ղ-ի շփականութեամբ եւ կամ պարզ լ-ով:
Օրինակ` աղ բառէն ունինք աղջուր, աղուհաց, աղեղէն, աղել եւ
այլն, բայց անալի. ունինք նաեւ ջիղ, բայց ջիլ ու ջլապիեղ,
լինեմ-ըլլամ: եղայ Նման հնչիւնափոխութեան պարագաներ են
փաղփիլ-փայլիլ, փողփողուն-փայփլուն, պղպջակ-պլպլակ եւ
այլն: Ղ-ի այդ նախկին հնչիւեն ալ զինք կարելի կը դարձնէր
ըլլալ խ-էն առաջ բաղխել, բուղխ, զեղխ, ուղխ: Նոր հայերէնի
մէջ անկարելի է համատեղ հնչել ղխ կապակցութիւնը: Հետե-
ւաբար այդ բառերը նորին անցած են առանց ղ-ի արտասա-
նութեան բախել, բուխ, զեխ, որոնցմէ ունինք յորդաբուխ,
սրտաբուխ, բխիլ, զեխութիւն, զեխանալ, բախիլ, բախում, ակն-
բախ: Ուղխ բառը եւ անոր բաղադրութիւնները գրեթէ դուրս
մնացած են նոր գրականէն:
100.- Խ եւ ղ բաղաձայններու շփման տեղը
Ղ-ը խ-ին հետ կրնայ շփոթուիլ շնչեղ ու շնչեղացած պայ-
թականներէն առաջ. այսպէս
- Բ եւ փ բաղաձայներէն առաջ. աղբ (աղբակոյտ, աղբա-
ման, աղբանոց, աղբահաւաք), Աղբակ, աղբերակ, աղբիւս, աղ-
130
բիւր, բողբոջ, եղբայր (եղբայրանալ, եղբայրութիւն, հօրեղբայր),
Կողբ, ողբ (ողբալ, ողբերգակ, ողբագին), Սեղբոս եւ այլն: Կան
փ-ով քանի մը բառ եւս` աղփուն (տկար), ճողփել (ճողփիւն),
յղփանալ, շաղփաղփել (շատախօսել), փաղփուն, փաղփիլ,
փողփողիլ: Պ-էն առաջ ղ-ը անշփոթելի է պաղպաղակ, պա-
ղշտկիլ, պաղպաջել (փայլիլ։, պղպջակ, պաղքաշ, պղպեղ եւ
այլն:
- Գեւ ք բաղաձայներէն առաջ. հեղգ, հեղգամիտ, շողգամ,
աղքատ (աղքատանալ, աղքատութիւն), խաղք, ճեղք (ճեղքել),
մեղք (մեղքնալ), տաղք: Կ-էն առաջ ղ-ը անշփոթելի է՝ եղկ, եղ-
կելի, ծաղկիլ, մղկտալ, աղկեկ, կղկղալ, կղկղանք եւ այլն:
- Թ եւ դ բաղաձայներէն առաջ. աղթարք, գաղթ (գաղթա-
կան, գաղթել, արտագաղթ) թուղթ (թղթատար, թղթակից,
թղթապանակ), մաղթել, յաղթել (յաղթանակ), շղթայ. մէկ-երկու
բառ դով խեղդել (խեղդամահ, խեղդուկ), յողդողղդ (անյողդողդ):
Տ-էն առաջ խ եւ ղ կը հանդիպին, բայց անշփոթելի են ուղտ -
ուխտ, աղտ - ախտ: Ղտ ունինք եղտոր, գաղտնի, գաղտուկ,
խտղտել, կեղտ, ուղտ, տաղտուկ, տղտղել եւ այլն: Տ-էն առաջ խ-
ն աւելի շատ կը հանդիպի, ինչպէս` ապուխտ, բախտ, գխտոր,
դժբախտ, դրախտ, երախտիք, զմրուխտ, թախտ, ժխտել, լախտ,
հիւծախտ, խախտել, խրոխտ, մխտեր, Շահանդուխտ, ուխտ,
պանդուխտ, Սանդուխտ, սխտոր, վխտալ եւ այլն: Բախտ, բախ-
տախնդիր, բախտաւոր, բախտակից, անբախտ շարքը համե-
մատել բաղդատել, բաղդատական, բաղդատութիւն բառերուն
հետ, ուր բաղ-ը նախածանց է, ինչպէս բաղհիւսել, բաղադրել,
բաղադրեպլ եւ այլն:
5 Մխթել/մխտել. Մալխասեան կու տայ երկուքն ալ: Արտ. Տ. Խա-
չատուրեան կու տայ մխտել, ու բառը ծագած կը համարէ մախատ
բառէն, մինչ իբրեւ գլխաբառ զայն կու տայ մախաթ ձեւով, ինչպէս
ամէն տեղ: Թէեւ, ըստ արտասանութեան, բառը մխթել է, բայց
նուիրականացած է մխտել ձեւը: Արեւելահայ վերջին բառարան-
ները չունին այս բառը:
131
- Ձ եւ ց բաղաձայներէն առաջ. ակաղձուն, Աղձնիք, ա-
տաղձ, բաղձալ (բաղձանք), գեղձ (նշագեղձ), գուղձ, դեղձ, դեղ-
ձանիկ, իղձ (ըղձալ), հեղձամահ (հեղձամղձուկ, ջրահեղձ),
մաղձ, մղձաւանջ, փղձկիլ եւ այլն: Մէկ-երկու բառ ց-ով` քաղ-
ց(ածութիւն), քաղցը, աղցան (աղ-ցան), յեղց (լեցուն, առլի): Ծ-էն
առաջ խ եւ ղ անշփոթելի են՝ կեղծիք - ածխանալ:
- Ջ եւ 5 բաղաձայներէն առաջ. աղջամուղջ, աղջիկ, բղջա-
խոհ, գաղջ, գեղջուկ (գեղջկական), եղջիւր (եղջերու, եղջերա-
փող, ռնգեղջիւր), զղջալ, շեղջ, ողջ (առողջ, առողջանալ, առող-
ջութիւն, ողջոյն), չղջիկ եւ այլն: Միայն զեղչ բառը չ-ով: Ճ-էն
առաջ խ եւ ղ կը հանդիպին, բայց անշփոթելի են խեղճ, խեղ-
ձուկ, խեղճանալ, խիղճ խղձամիտ, աղճատել. Ճախձախուտ,
յախձճապակի, նախձիր, վախձան:
101.- 2 եւ յ բաղաձայնները
Հ գիրը կը պահէ իր հնչիւնը բառի գրեթէ բոլոր դիրքերուն
մէջ, ինչպէս հանգիստ, հարաւ, հրակ, հրդեհ, ահա, ահագին,
սահման, սանհմռկիլ, ան, մահ, գահ, ագահ նժդեհ եւ այլն: Հ
բաղաձայնը չ'արտասանուիր ըր-էն ետք կարգ մը բառերու մէջ,
ինչպէս` խորհուրդ (խորհրդական, խորհրդակցիլ, խորհրդակ-
ցութիւն), աշխարհ (աշխարհիկ, աշխարհական, աշխարհա-
գրութիւն, աշխարհամաս), շնորհ (շնորհել, շնորհիւ, շնորհա-
զարդ, անշնորհք): Օրհնել, (օրհնութիւն, օրհնանք) բառին մէջ
րհ կապակցութիւնը կ'արտասանուի ըրթ` «օրթնել»: Նիրհ եւ
ժպիրհ բառերուն վերջը կը հնչուի: Պայթական բաղաձայն-
ներուն յաջորդող հ-ն անոնց կու տայ շնչեղացում, ինչպէս րնդ-
հանուր (ընդհանրապէս, ընդհանրական, ընդհանրացնել) բա-
ռին մէջ. հոս կայ դհ կապակցութեան թ արտասանութիւնը՝
«ընթանուր», «ընթանրապէս» եւ այլն: Նոյն երեւոյթը ուղղա-
գրութեան մէջ կ՛արտայայտուի սեպուհ բառի բաղադրութիւն-
ներու պարագային, ինչպէս սեպուհ` սեպհականչսեփական,
սեփականութիւն, սեփականացնել:
132
Հա կապակցութեան ամփոփում ունին քանի մը բաղա-
դրութիւններ` զրահանդերձ (զրահ-ա-հանդերձ), աշխարհայ-
եացք (աշխարհ-ա-հայեացք), շնորհանդէս (շնեորհ-ա-հանդէս):
Հ հնչիւնի ոլորտը ընդարձակուած է յ գիրին շնորհիւ, որ
բառին սկիզբը հ կ՛արտասանուի: Ասիկա պատմական հնչիւ-
նափոխութեան պարագայ է:
102.- Յ գիրին երեք արժէքները
Յ գիրը ունի երեք արժէքներ.
ա.- Կիսաձայն Է
- միավանկ բառերու վերջը` հայ, ճայ, բայ, գոյ, խոյ, Նոյ եւ
այլն: Այս միավանկ բառերը եր յոգնակերտը եւ ս, դ, ը յօդերը
առնելով կիսաձայնը փոփոխութիւն չի կրեր. հայ` հայեր, այդ
հայը, իմ ձայս, իմ խոյս, խոյդ, խոյը: Ս եւդ յօդերէն առաջ անգիր
ը կը լսուի, այլապէս բառը կրնայ շփոթուիլ այլ նմանաձայ-
նութեան մը հետ` «խոյս տուի» եւ «խոյ(ը)ս զենեցի»: Ասիկա
միտքի թելադրութեամբ կը կատարուի:
- բառին մէջ ա եւ ո ձայնաւորներէն ետք` այս, այդ, այն,
բայց, դայլայլ, կայմ, հայկական, սակայն, վայնասուն, սռյն, նոյն,
գոյն, թոյլ, տմոյն եւ այլն: Բաղաձայնէ մը առաջ այս դիրքին մէջ
ան ա եւ ռ ձայնաւորներուն հետ կը կազմէ մէկական երկ-
հնչիւն: Սակայն՝ ձայնաւորէ մը առաջ դիրքին մէջ երկհնչիւնը
կ՛երփեղկուի, կիսաձայնը կ'երթայ յաջորդ վանկին, ինչպէս
կայան, Հայաստան, վայելել, հայելի, գոյական, կոյուղի, ցոյա-
կան եւ այլն: Բազմավանկ բառերու վերջաւորութեան անձայն յ-
ն բառի աճման պարագային կը վերականգեէ իր հնչիւնը սա-
տանալ սատանայական, գուլպայ` գուլպայագործ, տղայ տղա-
յութիւն, կամ կը գրուի օտար կամ բարբառային բառերու ա եւ օ
ձայնաւորներէն ետք, ինչպէս հերիսա հերիսայի, հերիսայէ,
հերիսայով, Սագօ` Սագոյի, Սագոլէ, Սազոյով:
Յ կիսաձայնը կը լսուի բոլոր երկու ձայնաւորներու կա-
պակցութիւններու միջեւ` էի, էակ, էութիւն, գինիի, գինիէ, գինի-
133
ով եւ այլն, բայց կը գրուի միայն ո եւ ա գիրերէն ետք եկող
դիրքերուն մէջ:
Յ կիսաձայնը հին հայերէնէ ժառանգութիւն է, բայց նաեւ
նոր գոյացութիւն է նկ եւ նգ կապակցութիւններու իբրեւ պատ-
մական հնչիւնափոխութիւն. անկանիմ` իյնամ, կանգնիմ` կայ-
նիմ: Ան օտար ու բարբառային բառերու եւ ձայնարկութիւն-
ներու մէջ կր հանդիպի ույ (ո՛ւ), 9 (67), էյ (հէ՛) կապակցու-
թիւններով:
Յ կիսաձայնի արտասանական ոլորտը ընդարձակուած է
եա, եայ, եօ, իա, իայ, իո, էա, էո երկհնչիւններուն մէջ ե, ի եւ է
բաղադրիչներու կիսաձայն արտասանուելուն հետեւանքով՝
մատեան, ընտանեօք, լուբիա, Մարիամ, Իտալիա, Անտիոք,
իտէալ, Անդրէաս, Զաքէոս, հիւլէական եւ այլն: Բառասկիզբի յ-
ն պատմական հնչիւնափոխութեան հետեւանքով հ կարդաց-
ուելուն համար` Յակոբ, յակինթ, յետոյ, յամառ եւ այն, կի-
սաձայնը կը գրենք ե-ով՝ եար, եաման, եարա եւ այլն:
բ.- Անձայն, որ կը հանդիպի բազմավանկ բառերու վեր-
ջաւորութեան՝ այ եւ ոյ ձեւով. վկայ, բացակայ, վրայ, յետոյ, ի
վերջոյ, դշխոյ, հաւաքածոյ եւ այլն: Այս բառերը ս, դ, ն յօդերը եւ
ներ ու ք յոգնակերտները առնելով կը կորսնցնեն յ-ն. գույպայ`
իմ գուլպաս, քու գուլպադ, գուլպան, գուլպաներ. տղայ իմ
տղաս, քու տղադ, տղան, տղաք եւ այլն:
գ. Բաղաձայն, կը համապատասխանէ հ գիրին, կը հան-
դիպի միայն բառին սկիզբը ու, բացի ծագումնաբանական գոր-
ծօնէ, ոչ մէկ զատորոշիչ յատկանիշ ունի հակադրուելու համար
հ-ին, ինչպէս յամառ-համար, յենակ-հեսան, յիշել-հիւանդ, յուշ-
հուր, յոռի-հոր, յօնք-հօտ, յղկել-հնդիկ, լյստակ-եսկայ, հիեզ-
յիսուն այլն:
103.- Ինչպէ՞ս ճանչնալ բառասկիզբի յ գիրը
Որոշ պարագաներ կ'օգնեն յ-ն ճանչնալու գործին:
134
ա.- Յ կը գրուի փոխառեալ յատուկ ու հասարակ բառերուն
սկիզբը, կը համապատասխանէ օտար լեզուներու մ եւ չտ գիրե-
րուն, ինչպէս`
- Անձի յատուկ անուններ` Յաբէթ, Յակոբ, Յեսու, Յիսուս,
Յոբ, Յովակիմ, Յովան, Յովէլ, Յովհան, Յովհանեէս, Յովնաթան,
Յովնան, Յովսէփ, Յուլիոս, Յուդա, Յուսիկ եւ այլն: Պարտ է, որ
այս անուններուն փաղաքշական ձեւերն ալ գրուին յ-ով, ինչ-
պէս Յովօ, Յովիկ, Յովակ եւ այլն, թէեւ հ-ով գրողներ այդ տար-
բերակները կը կապեն հով բառին հետ:
- Տեղի յատուկ անուններ` Յունաստան, համապատաս-
խանաբար` յունական, յոյն, Յորդանան եւ այլն:
- Հասարակ բառեր` յակինթ, յասմիկ, յոբելեան, լասպիս,
յունուար, յուլիս, յունիս եւ այլն:
բ.- Յ-ն շատ բառերու սկիզբը գրաբարի իյ նախդիրն է, որ
երբեմն կարելի է ճանչնալ, ինչպէս
- անձ բառէն յանձն առնել, լանձնաժողով, յանձնախումբ,
յանձնել, լյանձնարարել, լյանձնարարագիր, լյանձնարարական,
յանձնակատար, յանձառու, լլանձնառութիւն, ցլանձնառում,
յանձնում եւ այլն:
- աջ արմատէն, աջող ու աջողակ բառերու զուգահեռ՝
յաջող, յաջողակ, յաջողութիւն, յաջողիլ, անյաջող. յաջորդ բա-
ռէն յաջորդական, լյաջորդութիւե, լաջորդել եւ այլն: Նոյն ար-
մատէն կու գայ յառաջ, ասկէ՝ յառաջագոյն, յառաջադէմ, յա-
ռաջդիմել, լառաջիկայ, լառաջխաղացք, յառաջապահ, լառաջ-
դիմական, լյառաջդիմութիւն, յառաջընթաց եւ այլն:
- առնել բայէն յարութիւն, յարուցեալ:
- արգ արմատէն յարգանք, յարգել, յարգելի, յարգի, յար-
գոյ, մեծայարգ, լյարգարժան եւ այլն: Նոյն արմատէն ունինք
նաեւ մեծարգոյ, անարգ:
- ափ բառէն՝ յափշտակել, յափշտակութիւն, յափափել:
- եղ արմատէն` եղելութիւն, եղափոխութիւն, եղափոխել,
եղանակ, բայց յեղ, յեղափոխութիւն, յեղափոխական, յեղա-
փոխել, յեղաշրջել, յեղաշրջում, յեղակարծ, յեղյեղուկ եւ այլն:
135
- ետ արմատէն` յետ, յետադաս, յետադարձ, լետադիմել,
յետաձգել, յլետամնաց, լետին, լետմիջօրէ, լետնագոյնե, լետոյ եւ
այլն: Չշփոթել հետ արմատին («ոտք, քայլ», հետք. ասկէ ունինք
հետի` «ոտքով ճամբորդող», հետիոտն, հետզհետէ «քայլ առ
քայլ, տակաւ առ տակաւ» եւ անոր բաղադրութիւններուն հետ՝
հետազօտել, հետախոյզ, հետախուզել, հետամուտ, հետամտիլ,
հետապնդել, հետապնդում, հետաքրքիր, հետաքրքրել, հետա-
քրքրութիւե. հետեւ ձեւէն` հետեւանք, հետեւիլ, հետեւորդ, հե-
տեւողական, հետեւութիւն եւ այլն:
- իրաւ բառէն՝ յիրաւի:
- ուղարկել (ուղի-արկանել` ճամբու դնել) բառէն` յուղար-
կաւորել, յուղարկաւորութիւե:
- ուշ (խելք ուշիմ) բառէն՝ յուշ, յուշագիր յուշագրել, յու-
շագրութիւն, լուշամետալ, լուշաքար, լուշատախտակ, յուշա-
նուէր, յուշարձան, յուշել, լուշամատեան, յուշարար, յուշել, նոյն
ուշ կամ յուշ արմատին հետ աղերս ունի յիշել բայը, որմէ
ունինք յիշատակ, յիշատակարան, յիշարժան, յիշաչար, յիշա-
տակելի, լիշատակութիւե, յիշեցում, յիշողութիւն, անյիշաչար եւ
այլն:
- օրէն բառէն՝ յօրինում, յօրինուած:
- աւել բառէն՝ յաւելում, յաւելուած եւ այլն:
- ոռ բառէն՝ «յետոյք, բանի մը ամենաստորին բաժինը», ատ-
կէ ունինք յոռեգոյն, յոռենիշ, յլոռետես, յոռետեսութիւե, յոռի.
Բայց միշտ չէ, որ կարելի կ՛ըլլայ հեշտութեամբ ճանչնալ
բառասկզբի յ-ն ու կապել ի նախդիրին, որովհետեւ շատերու
արմատները այլապէս ծանօթ չեն նոր լեզուին: Յ-ով գրուող բա-
ռերուն մեծամասնութիւնը պէտք է միտք պահել:
Գ- Յղ օրէնքը բացարձակ է, ինչպէս` յղանալ, յղութիւե,
յղացում, յղացք, յղել, յղի, յղում, յղկել, յղկիչ, յղկում, յղփանալ,
յղփանք, լյղփասէր, լղփուն: Բաղաձայնէ առաջ, բառասկիզբին,
ունինք նաեւ յստակ բառը (յստակութիւե, լստակատես, լստա-
կանալ): Միւս բաղաձայներէն առաջ միշտ հ է, ինչպէս` հմայել,
հպարտ, հպիլ, հսկայ, հսկում, հրաժարիլ, հրապարակ եւ այլն:
136
Բառը բարդութեան մէջ մտնելէ կամ նախածանց ստանալ է
ետք կը պահէ յ գիրը, ինչպէս՝ անյաջող, անյոյս, առյաւէտ, կեն-
սայորդ, մեծայարգ, ակեյայտ, բազմայաղթ, բարձրայարկ, սի-
րայօժար եւ այլն:
Զանազանել յետագայ` «գալիք» եւ հետագայ «հետեւող»
բառերը:
Քննութիւն յետագայ «գալիք» եւ հետագայ «հետեւող»
բառերուն:
Գրաբարը ունի լետագայ, յետակայ, հետագայ եւ հետակայ
բառերը: Արդի հայերէնի մէջ կր գործածուին լետագայ եւ
հետագայ: Աշխարհաբարի լետագայ բառը լայնօրէն կը
գործածուի իբրեւ ածական, ունինք հոլովական ձեւ մրն ալ`
յետագայի գործ, ռւ մակբայական գործածութիւն ունեցող
քարացած ձեւ մը լետագային, ռր յստակ կերպով կը նշա-
նակէ «աւելի ուշ, յետոյ», «Յետագային կրկին կր հանդի-
պինք», «Յետագային դրժեց խոստումը»: Յետագայ ածա-
կանն ալ համանման իմաստ մր ունի մեր լեզուին մէջ,
իբրեւ «յաջորդ, ետեւէն եկող» ժամանակի առումով: «Յե-
տագայ դեպքերը» իմա «պետոյ պատահած դէպքերը,
յաջորդող դէպքերը»: Կայ նաեւ հետագայ բառը, ունի «ե-
տեւէն եկող հետեւեալ» տեղի առումով իմաստը ` խօսքը,
պարբերութիւնը: Կայ իմաստի մեծ մօտիկութիւն: Կարգ մը
բառարաններ կր զանազանեն, ուրիշներ կըր լիշատակեն
համանման բացատրութեամբ: Առանձին հեղինակներ
ամէն պարագայի կը գործածեն մէկը միայն` միւսը համա-
րելով աւելորդ երկձեւութիւն: Ոմանք բառին մէջ միայն
հետեւող, դէպքի մը տրամաբանական շարունակութիւնը
եղող արարքի մը ակնարկող իմաստը տեսնելով կըր մերժեն
յետագայ տարբերակը ու կր պնդեն գործածել միայն հե-
տագայ տարբերակը, հետեւաբար` հետագային: Կայ լեզ-
ուամտածողութիւն մը, որ առաջնահերթութիւնը կու տայ
յետագայ տարբերակին, եւ դեռ ըստ Արմենակ Եղիայեա-
137
նի, «յ-ով գրողները կը կազմեն արեւմտահայերուս 95 տո-
կոսը»: Ուրեմն` լետագայ, յետագային, ինչպէս յետոյ, յետ-
միջօրէ, յետաձգել: Սակայն ոչ ոք կը խանգարէ, եթէ մէկն ու
մէկր գործածէ հետագայ բառր իբրեւ «հետեւող գործո-
ղութեան կամ արարքի, խօսքի կամ յաջորդական երեւոյթի
մը» կամ` ամէն պարագայի:
104.- Յ եւ հ գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ՅԱԳուրդ (՞յյագենալ,անյագ, ՀԱԳուստ (՞հագնիլ, հագուելիք)
անյագուրդ)
ՅԱՄենալ (ուշանալչ»յամեցում .»ՀԱՄ(» համտես, համեղ)
ՀԱՄ(» համադաս, համակարգ)
ՅԱՄԱՌ (չամառիլ, յամառու- ՀԱՄԱՐ (ա) վասն.
թիւն) բ)թիւ. » համարակալել,
համարանիշ, համարակալ,
համարառու, համարել,
համարեա)
ՅԱՄՐ (դանդաղ.» յամրօրէն) ՀԱՄՐ (անխօս, լալ)
ՅԱՆԳ (» յանգաւոր, յանգաբան) ՀԱՆՔ (» հանքափոր, հանքային,
հանածոյ)
ՅԱՆԳԻԼ (եզրակացնել) ՀԱՆԳԻԼ (մարիլ. մեռնիլ)
ՅԱՋՈՂ (» յաջողիլ, յաջողակ) ՀԱՋՈՂ (շան)
ՅԱՌԱՋ (դէպի առաջ) ՀԱՌԱՉ (հեծեծանք.չհառաչել
հառաչանք)
ՅԱՏԵԼ (յօտել) ՀԱՏԵԼ (կտրել.» փայտահատ)
ՅԱՐ (միշտ. » յարատեւ, յարա- ՀԱՐ(չհարուած, հարուածել,
շարժ, յարաբերիլ) կաթուածահար)
ՅԱՐԴ (մանր չոր խոտ.» ՀԱՐԹ (տափարակ. » հարթել,
Յարդգողի Ճանապարհ) հարթակ)
ՅԱՐԴարել (զարդարել) ՀԱՐԹել (մաքրել)
ՅԱՐԿ (յարկաբաժին, երկյարկ, ՀԱՐԿ (տուրք. » հարկահաւաք,
բազմայարկ) հարկային)
ՅԱԻակնիլ (հպարտանալ. չ յա ՀԱԻնիլ (հաճելի գտնել.» հաւա-
ւակնոտ) նութիւն, ինքնահաւան)
138
ՅԵՂ (փոփոխութիւն. » յեղափո- ՀԵՂ (անգամ)
խական, յեղյեղուկ)
ԽելաՅԵՂ (խել-ա-յեղ) ՓառԱՀԵՂ (փառ-ահեղ)
ՅԵՂՑ (լեցուն) ՀԵՂՁ (խեղդուկ. » շնչահեղձ)
ՅԵՏ (յետոյ, յետ այսորիկ, յետա- ՀԵՏ (միասին. » հետիոտն, հե-
ձգել, յետադաս) տեւիլ)
ՅՈԳնակի (շատ. Հ յոգնիլ) ՀՈԳ (» հոգալ, մտահոգ)
ՅՈՅՑԶ ( յուզական, յուզակա- ՀՈՅԶ (հիւթ)
նութիւն, յուզել, յուզիչ)
ՅՈՅԼ (թոյլ, ծոյլ. » յուլանալ), ՀՈՅԼ (խումբ. » աստղահոլյլ)
յուլութիւն, յուլօրէն)
ՅՈԼՈՎԵԼ (շատցնել՝ խօսքը) ՀՈԼՈՎԵԼ (» հոլով, հոլովում)
ՅՈՌԻ (ցած. » յոռետես, յոռեգոյն ՀՈՌԻ (հայկական ամսանուն)
յոռենիշ
ՅՈՐԴ (չջյորդիլ, յորդաբուխ, յոր- ՀՈՐԹ (կովու ձագ)
դահոս, կենսայորդ)
ՅՕԴ (» յօդակապ, յօդացաւ, յօդ- ՀՈԴ (քիչ մը անդին)
ուած)
ՅՕՏել (ոստերը կտրել. Հյօտոց ՀՈՏ (բոյր.» հռտաւէտ, հոտոտ)
պարտէզի մկրատ) ՀՕՏ (ոչխարի խումբ.» հօտաղ)
105.- Մ եւ ն գիրերու իւրաայատկութիւնները
Երկուքն ալ կը հանդիպին բառի բոլոր դիրքերուն. բա-
ռասկիզբին ու ձայնաւորէ առաջ ու վերջ անշփոթելի են մուր,
նուռ, միս, նիշ, միրգ, ներկ, լման, նման, աման, անուն, ամօթ,
անօթ. անշփոթելի են նաեւ բաղաձայնէ առաջ եւ վերջ՝ ամլա-
նալ, ամրանալ, անդամ, անդորը:
Մ-ի եւ ն-ի շփոթ կ առաջանայ բ, պ եւ փ բաղաձայններէն
առաջ, ուր միշտ մ է ամբասիր, համբերել, քաջութեամբ,
փամփուշտ, ամփոփել, ամպ, ամպրոպ եւ այլն (տե՛ս 95):
Կրկնակ ն ունին Աննա, Աննիկ, Ովսաննա, Սուսաննա
անունները:
Կրկնակ մ ունին Էմմանուէլ, Էմմա, Ճեմմա անունները:
Ն-ի սոսկական կրկնութեան հետ կապ չունին, այսինքն
արմատական են խորաքննել, խորազննել բառերու երկրորդ
139
ն-երը, որոնք կու գան զնեին (զննել, զնենութիւն, զննական,
զենիչ) եւ քնին (քննել, քննութիւն, քննական, քենիչ) արմատ-
ներու ի ձայնաւորի սղումի հետեւանքով: Կրկնակ ն-ի պարա-
գաներ կրնան ստեղծուիլ ն վերջայանգով բազմավանկ գոյա-
կաններու յոգնակիի կազմութեամբ` սողուններ, գերաններ,
կամ բառակազմական-հնչիւնափոխութեան այլ երեւոյթնե-
րու հետեւանքով` հիննալ, սպանեել եւ այլն:
Նեւը որոշիչ յօդեր են. ն-ն կը դրուի ձայնաւորայանգ
բառերուն վրայ (գօտի` գօտին, կատու` կատուն), իսկ ը-ը՝ բա-
ղաձայնայանգ (ծառ. ծառը, շուն` շունը), բայց էական բայէն
կամ ու շաղկապէն առաջ՝ ը-ը կը փոխարինուի ն-ով՝ շունը »
շունն է, շունն ու կատուն:
Հին հայերէնի մէջ բաղաձայնչն վերջաւորութիւն ունեցող
մեծ թիւով բառեր կային: Այս բառերը նոր հայերէնին անցած
են առանց ն-ի եւ գաղտնավանկ ը-ի. ամառն` ամառ, ձմեռն`
ձմեռ, լեռն` լեռ, դուռն` դուռ, մուկն` մուկ, թոռն թոռ, գառն`
գառ, եզն եզ, ոտն` ոտ(ք), ձեռն` ձեռ(ք) եւ այլն: Եօթը, ինը,
տասը թուականներու վերջայանգի ը-ը յառաջացած Է ն-էն
առաջ գտնուող գաղնավանկ ը-էն (եօթն, ինն, տասն): Ասոնց
համաբանութեամբ ալ` ութը: Քանի մը բառեր կը պահեն ար-
մատական ն հնչիւնը` բուռն (սաստիկ, կայ նաեւ բուռ՝ ափ),
դառն, խառն, խուռն, Եղեռն, ընդհակառակն, լիսեռն, ոլոռե,
սառն (ածական վարմունքի, կայ նաեւ սառ` սառոյց), Վա-
հագն: Ընդհակառակն ներհակական վերաբերական բառը
գործածել միշտ ն-ով` Ընդհակառակն, շատ համեստ աղջիկ
մըն է ան:
Կարգ մը միավանկ բառեր յոգնակին կը կազմեն ներ
մասնիկով (փոխան եր-ի), ուր ն-ն արմատական հնչիւն էր
գրաբարի մէջ. լեռ(ն)՝ լեռներ, թոռ(ն)՝ թոռներ, ծոռ(ն)՝ ծոռներ,
գառ(ն)՝ գառներ: Արմատական ն ունեցող կարգ մը բառեր ալ
յոգնակին կրնան կազմել երկու ձեւով. հարս` հարսներ/ հար-
սեր, դուռ` դռներ/դուռեր, մատ` մատներ/մատեր, եզ եզներ/
140
եզեր, միւս միւսներ/միւսեր, բեռ՝ բեռներ/բեռեր եւ այլն: Ն-ով
ձեւերէն կարելի է խուսափիլ:
Բարդ եւ ածանցաւոր բառեր կազմելու ատեն արմատա-
կան ն-ն շատ անգամ երեւան կու գայ. լեռ՝ լեռնալանջ (լեռե-
ա-լանջ), դուռ` դռնփակ (դուռն-փակ), ձուկ ձկնորս (ձուկն-
որս), մուկ` մկնիկ (մուկն-իկ), մկնդեղ (մուկն-դեղ), ակնաբոլժ
(ակե-ա-բոյժ), ոտնաման (ոտե-աման), ձեռնածալ (ձեռն-ա-
ծալ), մատնանշել (մատե-ա-նշել), ողնեայար (ողե-ա-յար),
ամառնային (ամառե-ային), ձմեռնային (ձմեռե-ային), սառ-
նարան (սառե-արան), գառնուկ (գառե-ուկ) եւ այլն:
Ն-ն (ն, ան, են) նաեւ սոսկածանց է շարք մը բայերու մէջ՝
տես-ե-ել, հաս-ե-իլ, գտ-ե-ել, մտ-ե-ել, մեռ-ե-իլ, հատ-ե-իլ,
գիր-ն-ալ, ճանչ-ե-ալ, երկե-ե-ալ, արթե-նե-ալ, հեռ-ան-ալ,
խոստ-ան-ալ, ընկեր-ան-ալ, հիւանդ-ան-ալ, մօտ-են-ալ եւ
այլն: Անցեալ կատարեալի հիմքով բայական ձեւերուն մէջ ն
սոսկածանցը կը կորսուի. գտնել` գտած, հեռանալ հեռացած
(յարակատար դերբայ), գտեր, հեռացեր (վաղակատար դեր-
բայ), գտայ, գտար, գտաւ. հեռացայ, հեռացար, հեռացաւ
(անցեալ կատարեալ), զտիր, գտէք, հեռացիր, հեռացէք
(հրամայական): Լն»լլ| լրիւ առնմանութեան պարագաներ
ունին եյանել»ելլել, լինելչրլլալ բայերը:
Սպաննել/սպանել բայը դերբայական ու դիմաւոր ձե-
ւերուն մէջ կը գրուի հետեւեալ տարբերակներով.
ա.- իբրեւ սոսկածանց` երկրորդ ն-ն կը պահուի բայա-
կան ներկայ ձեւերուն մէջ, իսկ կատարեալի հիմքին մէջ
կանհետի՝ կը սպաննեմ, կը սպանեէի, սպաննող, բայց սպա-
նեցի, սպանէ, սպանած, սպաներ.
բ.- բոլոր ձեւերուն մէջ ալ կրկնակ ն-ն կը պահուի իբրեւ
սոսկական կրկնութիւն` կր սպաննեմ` սպաննեցի, սպանեէ.
նաեւ սպաննիչ, բայց՝ սպանութիւն:
գ.- բոլոր ձեւերուն մէջ կը պահենք մէկ ն՝ կը սպանեմ,
սպանեցի, սպանած, սպաներ, սպանիչ, այդպէս նաեւ սպա-
նութիւն, սպանիչ, մարդասպան եւ այլն:
141
Նախընտրելի է գրել սպանել (տե ս յաջորդ հատուածը):
106.- Լ գիրը
Կրկնակ լ գոյացած է եյլել եւ ըրյլալ բայերուն մէջ: Ելլել
բային մէջ երկրորդ լ-ն իբրեւ սոսկածանց կը գիտակցուի, հե-
տեւաբար կ'իյնայ բայի կատարեալ հիմքի ձեւերուն մէջ՝
կ'ելլեմ, բայց ելած, ելեր, ելայ, ելար, ելաւ, ել/ ելի՛ր: Ըյլալ
բայը չունի անկման պարագայ, որովհետեւ անցեալ կատար-
եալը տարահիմք է՝ եղայ, եղիր, եղէք, եղած, եղող, եղեր, եղի ր:
Ծալել բային մէջ սոսկական կրկնութիւն է` «Փալլել»:
Կրկնուած տարբերակը կ՛երեւնայ բայի բոլոր ձեւերուն մէջ՝
Չի կրկնուիր բառակազմական մակարդակի վրայ` ծայք,
ծալովի, բազմածալ:
«Կլլել» բայի մէկ լ-ն կրնայ գիտակցուիլ իբրեւ սոսկա-
ծանց, գոյացած ըլլալով կյանել հին ձեւէն լն»լլ լրիւ առնմա-
նութեամբ՝ կլանել»կլլել: Սակայն հոս լ-ն կը կրկնուի բայա-
կան բոլոր ձեւերուն մէջ` կլյող, կլլած, կլլեցի, կլլէ : Կրկնակ է
նաեւ պատճառական ձեւին մէջ կլլեցնել: Ծալել-ուն պէս բարդ
բառերու մէջ կը մնայ մէկ լ-ն՝ համայնակուլ, մարդակուլ:
Նոյն կացութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ սպաննել/ սպա-
նել բայը: Կը թուի, որ այս կյլել, ծալել եւ սպանել բայերու
հարցերը առանձին լուծելը հակասութիւնները չի վերացներ:
Արեւելահայերէնը այս բայերը կրկնակ չի գրեր՝ ծալել, սպա-
նել: Չունի կլել բայը, այլ կը գործածէ կուլ տալ յարադրու-
թիւնը: Սոսկական կրկնութենէ պէտք Է խուսափիլ, որովհե-
տեւ այլ պարագաներ ալ կրնան շարքի մէջ մտնել: Նուազա-
գոյն անպատեհութիւն պիտի ներկայացնեն ծալել, կլել, կլե-
ցնել, սպանել ձեւերը:
107.-Ռեւր
Ռ եւ ը գիրերը հին հայերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ
յստակօրէն տարբեր ենչիւններ են, բայց արեւմահայերէնի մէջ
կորսնցուցած են իրենց զատորոշիչ հնչոյթային արժէքը, զա-
142
նազանելի չեն եւ ուղղագրական դժուարութիւններ կը պատ-
ձառեն:
Ռ եւր գիրերը կը հանդիպին բառի բոլոր դիրքերուն մէջ:
Միայն որոշ պարագաներ օրէնքներով կարելի է որոշել, իսկ
մեծ մասը պէտք է սերտողութեամբ իւրացնել: Օրինական
պարագաներ կարելի է համարել հետեւեալները.
ա.- Բառին սկիզբը միշտ ռ կը գրենք, ինչպէս` ռազմիկ,
ռազմաճակատ, ռահվիրայ, ռեհան, ռամիկ, ռետին, ռոճիկ,
ռումբ, ռմբարկու, ռունգ, ռուպ, Ռումանիա, Ռուսաստան,
Ռաֆֆի, Ռաֆայէլ, Ռոպէր եւ այլն: Ոմանք յետին փոխառու-
թիւնները ր-ով կը գրեն. թելադրելի է պահել աւանդական
գրելակերպը:
Բացառութիւններ են րոպէ, րոք (մանելիք) եւ հայ վի-
պասան` Րաֆֆի:
բ.- Արմատական բառերու մէջ ն բաղաձայնէն առաջ
միշտ ռ կը գրուի: Այսպէս՝
1.- Առնէտ, խռնջայլ, հռեդիւն, առնել, բեռնակիր, խառն,
խուռն, բուռն, դառն, սառն (պաղ` վերաբերմունքի), եղեռն,
լիսեռե, ոլոռն եւ այլն, ինչպէս նաեւ ասոնցմէ կազմուած բարդ
ու ածանցաւոր բառեր, ինչպէս` բուռն (սաստիկ)` բռնի, բռեօ-
րէն, բռնաբարել, բռնադատել, դառն` դառնանալ, դառնահամ,
դառնութիւն, դառնաղի, խառն խառնել, խառնիճաղանճ
խառնակիչ, խառնիխուռն, խուռներամ, եղեռն` եղեռնագործ,
եղեռնադատ, եղեռնական, եղեռնապատում եւ այլն:
2.- Բառավերջի ն-ն կորսնցուցած արմատական բառեր.
ամառ, բուռ (կայ նաեւ բուռն ածականը), բեռ, գառ, դուռ, թոռ,
լեռ, ձեռ(ք), ձմեռ, ոտ(ք), նուռ, սառ (կայ նաեւ սառն (պաղ՝
վերաբերմունքի)) եւ այլն, բայց այս բառերը ածանցումի կամ
բարդումի ենթարկելու ատեն ն-ն մէջտեղ կշելլէ. ամառ՝
ամառնային (ամառե-ային), ա՛ռ՝ առնել (առե-ել), բեռ՝ բեռնալ,
բեռնակիր (բեռե-ալ, բեռե-ա-կիր), գառ՝ գառնուկ, գառնարած
(գառե-ուկ, գառե-արած), դուռ դռնապան (դուռե-ա-պան),
թոռ. թոռնիկ, թոռնուհի (թոռե-իկ, թոռն-ուհի), լեռ` լեռնային
143
(լեռե-ային), ձեռք՝ ձեռնածալ (ձեռն-ա-ծալ), ձմեռ ձմեռնային
(ձմեռե-ային), նուռ նռնենի (նուռե-ենի), սառ` սառնարան
(սառե-արան) եւ այլն: Այս շարքի արմատներէն ոմանք կրնան
առանձին չգործածուիլ, բայց կրնան դառնալ բարդութեան
երկրորդ բաղադրիչը. մեռնիլ անմեռ, անմեռուկ, մոռեալ`
անմոռ, անմոռանալի եւ այլն: Առնել բային արմատը առու,
առուչ, առոց եւ առիկ ձեւերով կայ շարք մը բարդութիւններու
մէջ` փորձառու, ակնառու, սրտառուչ, արտառոց, բացառիկ,
ապառիկ, անառիկ:
Կարգ մը բառերու մէջ ն-էն առաջ ր կու գայ, որովհետեւ
անոնք ծագումով այլ կազմութիւն ունին, ինչպէս զարնել
(զարկանել), կրնալ (կարենալ), վերեալ (վերանալ), վերնա-
տուն (վերին տուն) գիրնալ (գիրանալ), վրեջել (վրինջ) եւ
այլն:
գ- Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ բնաձայնական բառերու
վերջաւորութեան կը գրուի ռ՝ ճո՛ ռռ, մը՛՛ ռռ, խր՛ ռռ, իսկ մէջը ր
Ճիրթ, խր րթ. մը րթ: Ասիկա բառակազմութեան մէջ ալ կը
պահպանուի. այսպէս
ձը ռռ ձռռոց ձռռալ ձռձռալ ձռձռոց
մը ռռ մռռոց մռռալ մռմռալ մռմռոց
մբրթ մրթալ մրթոց մրթմրթալ մրթմրթոց
քը րթ քրթալ քրթոց քրթքրթալ քրթքրթոց
Ռ հնչիւնը շփական ձայնորդ է, բնաձայնին վերջաւո-
րութեան կ'երկարի ու արմատի մէկ գործածութիւնը միշտ
կրկնակի ռ-ով կ՛ըլլայ` ճռռալ, մռռալ, իսկ երկու անգամ գոր-
ծածուելու պարագային մէկ՝ ճռճռալ, մռմռալ, ճիշդ միւս շփա-
կաններուն պէս` խշշիւն, խշխշիւե, նււալ, նւեւալ եւ այն:
Բնաձայնութիւններէն ոմանք ունին միայն կրկնաւոր ձեւը՝
փսփսալ, մզմզալ եւ այլն:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ բնաձայնական բառերու մէջ
շփականներու կրկնակ գրութիւնը աշխարհաբարեան երեւոյթ
է. գրական հին լեզուէն փոխանցուած բնաձայնական բառերը
144
այլ տեսք եւ արտասանութիւն ունին` պոռալ, գոռալ, զռինչ,
զռալ, զռոց:
- Մրթալ, մրթմրթալ. ոմանք նկատել կու տան, թէ մրթալ,
մրթմրթալ բայերը առաջացած են մռութ բառէն, հետեւաբար
ռ- ով պէտք է գրուին: Անկախ անկէ, թէ մռութը ինչ ծագում
ունի՝ ըսուածը համոզիչ կրնայ թուիլ, բայց երբ նկատել տանք
նոյնպիսի կազմութեամբ բնաձայնները՝ քորթ քրթալ, փը րթ.
փրթիլ, ճը րթ. Ճրթան (հասուն պտուղը), այլեւս աւելորդ կ'ըլ-
լայ մտածել մռութ-ի մասին: Դեռ կան գրական լեզուին մէջ
մուտք չգործած ուրիշներ եւս ճռրթ-պրրթ, խը րթ-փըրթ,
քըրրթ-փըըթ եւ այլն: Սրթալ-ը այս համակարգին հարազատ
ձեւ Է:
- Մրմռալ (ցաւիլ) - մռմռալ (կատուի ձայն հանել). յա-
ձախ կը շփոթուին իրարու հետ: Մրմռալ բառը կը ծագի
մրմուռ բառէն, մռմռալ բառը` մը՛ռռ բնաձայնէն: Վէրքը կը
մրմռայ, կատուն կը մռմռայ, վէրքին մրմռոցը, կատուին
մռմռոցը:
Գրաբարի բառարանները տարբերակներ կը նկա-
տեն մշմռալ եւ մրմռալ բառերը: Վերջինին համար կը
նշեն առաջինը ու կու տան միայն մէկ իմաստ՝ «գազանի
մռնչելը, կատաղի, սպառնական ձայներ հանելը»: Այս
իմաստին համար տարօրինակ է ր-ով տարբերակը,
որովհետեւ ռ-ով վերջացող բնաձայն կրկնաւորները ռ»ը
տառափոխութեան երբեք չեն ենթարկուիր` գոռգոռալ,
պոռպռալ, ձռճռալ: Բառարանները համապատասխա-
նաբար կու տան մշմռել, մրմռել, մռմռումե, մրմռումն
տարբերակներն ալ` միշտ նոյն իմաստով (Նոր Բառ-
գիրք, Արմատական, Ղազարեան): Գրաբարի բառարան-
ները չունին նաեւ մրմուռ (խոր, սուր, մնայուն ցաւ)
բառը, որ նոր հայերէնին շատ հարազատ բառ է (Ճեր-
մակ Մասիս՝ սիրտը մրմուռ): Բառը շատ հաւանաբար
եղած է հին հայերէնի մէջ, վկայ վերի մրմռալ (ել) եւ
մրմռումն ձեւերը (թէեւ քաղուած իմաստները, ինչպէս
145
բառարանագիրներն ալ ցոյց կու տան, պատշաձ են
մռմռալ, մռմռումն ձեւերուն): Աղայեան եւ ուրիշներ
արդէն կը զանազանեն մշմռալ-ն ու մրմռալ-ը: Առաջինը
«մռլտալ, մռմռոց հանել, քթի տակից անորոշ ձայներ
հանել, քրթմնջալ», երկրորդը «կսկծալ, մրմուռ զգաց-
ուել, մորմոքուել» իմաստներով, իսկ մրմուռ-ր կը բա-
ցատրէ իբրեւ «մարմնական ցաւ, կսկիծ, ապա վիշտ,
տառապանք, հոգեկան ցաւ»: Կայ նաեւ այս կրկնաւոր
գոյականին պարզ ձեւը: Քեսապի բարբառով կ՛ըսեն
մըռռը թիշիլ, իբրեւ ցաւը տանիլ, ցաւին արժանի ըլլալ:
Արեւելահայ բառարանագիրները կու տան գաւառական
մուռ բառը «քէն, ոխ, վրէժ» իմաստներով` մուռր հանել.
վրէժ լուծել: Ուրիշ հարց է, որ գրաբարի բառարանա-
գիրները հայ հին մատենագրութեան մէջ չեն գտած
մրմուռ բառը (բայց կայ մռրմ-ն ու մռրմոք-ը): Բնաձայն
կրկնաւորներուն մէջ չկայ ռջչը հնչիւնափոխութիւն
(պոռպռալ, գորգոռալ), իսկ մրմուռր, գրգիռին ու
թրթիռ-ին պէս, զգացում կ'արտայայէ եւ ոչ ձայն:
դ- Ռ կը գրուի չ, անչ, աչ, ինչ, եչիւն ածանցաւոր
բնաձայնութիւններուն մէջ, ինչպէս` բառաչ (բառաչել), զռինչ
(զռեչել, զռնչիւն), թառանչ (ցաւի հեծեծանք), խռինչ (խռնչել,
խռնչիւն), խռչակ (խռչափող, խռպոտ, խռկալ, խռմբալ), կա-
ռաչ (կառաչել, կռինչ (կռնչել կռչիւն, կառանչ (ագրաւի
ձայն), կառանչել), հառաչ (հառաչանք, հառաչել), հռչակ,
ճռինչ (ճռնչել, ճռեչիւն), մռունչ (մռեչել, մռնչիւն), շռինչ` (շռե-
չել, շռեչիւն), պոռչտուք, փռնչել:
Կարգ մը բնաձայնութիւններ միայն ռ կ՛ունենան վեր-
ջայանգին, ձայնաւորէ ետք պոռ(ալ) պոռպռալ, պոռչտուք,
գոռ(ալ), գորզոռալ, գոռգոռոց: Ջ-ով եւ ր-ով կը գրուին բնա-
ձայնական շարք մը բառեր, ինչպէս` մրինջ (մրնջել, վրնջիւն),
յօրանջ (յօրանջել), մրմունջ (մրմնջել), տրտունջ (տրտնջալ) եւ
այլն:
146
ե- Առ նախածանցով ունինք բազմաթիւ ածանցաւոր
բառեր. առանձին, (անձ` առանձնութիւե, առանձնայատուկ,
առանձնանալ, առանձնաշնորհեալ, առանձնատիպ), առանցք
(անցք), առաջ (աջ` առաջադէմ, առաջադրանք, առաջադրել,
առաջարկ, առաջարկել, առաջաւոր, առաջին, առաջնակարգ,
առաջնորդ), առարկել (արկել առարկայ առարկութիւն),
առաւել (աւել` առաւելութիւն, առաւելաբար), առերես, առէջ,
առընթեր, առնչութիւե, առեչուիլ (ինչ), առժամեայ, առլի, առ-
կախ, առկայ, առկայծ, առհաշիւ, առհաւատչեայ, առյաւէտ,
առնուազե, առողջ, առձեռն, առօրեայ, առտեին եւ այլն:
Կարգ մը պարագաներու առ-ը նախադաս կապ կը մնալ՝
առ այսօր, առ այժմ, առ յաւէտ, առ ի գիտութիւն, առ ի
քննութիւե, առ ի զգուշացում եւ այլն:
զ.- Բազմապատկական-սաստկական ածանցներուն մէջ
միշտ ռ կայ եւ ոչ ր.
-կռտ. կոխել` կոխկռտել.
- ռտ. ցատկել ցատկռտել, Ճանկել` Ճանկռտել, ձՃեղքել`
Ճեղքռտել. սեղմել ռեղմռտել, նաեւ թփռտալ, ձաբռտել.
- ուրռտ. լիզել լզուրռտել, քսուիլ` քսուրռտուիլ, կոխել`
կոխուրռտել.
-ռթկ. ճմռթկել (ճմլել/ճմռել՝ սաստկականով):
Արմատական ն բաղաձայնի նախորդող դիրքէն դուրս,
միւս բոլոր բաղաձայններէն առաջ ընդհանրապէս ը կը գրուի,
ինչպէս` արդիւնք, արժան, արծիւ, արհեստ, արձան, արտ,
արցունք (արտասուք) արփի, արքայ, բարկ (բարկութիւն),
բուրգ, գիրկ, երբ, երգ, երդիկ, Երզեկա, երթ (երթուդարձ),
զարմ (զարմիկ), զուրկ (զրկանք), թարմ, լերկ, ջերմ, յարգի եւ
այլն: Ր-ի կորուստ կայ քարշել քաշել, խարշել խաշել բայե-
րուն մէջ: Կը պահպանուի գետնաքարշ, աղեխարշ բառերուն
մէջ: Րա կապակցութեամբ ամփոփուած բառեր են Ճճարտա-
սան (ճարտարասան), մարմաշէն (մարմարաշէն), տաւարած
(տաւարարած):
147
Սակայն ռ-ն եւ ր-ն կրնան հանդիպիլ ե՛ւ ձայնաւորներէ
առաջ, ե՛ւ բառավերջին, ուր ոչ մէկ օրինաչափութեամբ կա-
րելի է զանազանել զանոնք: Ըստ յաճախականութեան` ը-ն
աւելի շատ կը հանդիպի: Ստորեւ կու տանք հիմնական շարք
մը ռ ունեցող բառերու, որոնք վերի օրինաչափական պարա-
գաներէն դուրս կը մնան. աթոռ, ախոռ, ահռելի, անառակ,
անտառ, ապառաժ, առագաստ, առած (առածանի, բայց Արա-
ծանի գետը), առակ (առակագիր), առանց, առասպել, առաս-
տաղ, առատ, առաւօտ, առաքել, առաքինի, առեղծուած,
առիթ, առիւծ, առիք (առաստաղի սենեակ), առինքնել, առոյգ,
առու, առուոյտ, առտու, աստառ, արբշիռ, բառ, բեւեռ, գա-
ռագեղ, գաւառ, գոռոզ, գուռ, գռին, գռուզ, դեռ, դռի (կէսեփ),
եռալ (եռանդ, զառամ, զառանցանք, զառիթափ, զգայռել
(փսխել), զեփիւռ, զկեռ, զմուռս, թառ, թառամիլ, թոռմիլ,
թափառիլ, թիռ (թռչուն, թռչիլ), թշուառ, թռուցիկ, ժայռ, ժան-
գառ, ժառանգ, ժուռ գալ, լառ (հաւազգի մը), լուռ (լռել, լռին,
լռութիւն, լռակեաց), խեռ (ըմբոստ), խռիւ, խռնջայլ (խխունջ),
խռով (խռովք, խռովիլ, խռովարար), ծառ, ծառայ, ծուռ (ծռիլ,
ծռմռել, ծուռումուռ), կանկառ, կառք (կառատուն, կառաշար,
կառավարել, կառավարիչ), կառափ (գլուխ, գագաթ` կառափ-
նարան, կառափնատուն), կառոյց (կառուցել), կառչիլ, կար-
կառ (բարձունք), կարկառել (երկարել), կեռ (ճանկաձեւ ծայրը
ունեցող երկաթ), կիտուռ (մարախ), կեռաս, կնճիռ (կնճռոտ,
կնճռոտիլ), կշիռ (կշռել, կշռաքար), կոռ (ձրի աշխատանք),
կուռ (սեղմ, ամուր ամրակուռ), կուռք (կռապաշտ), կռահել
(գուշակել), կռան (մուրճ կռանել) կռիւ, կռթեիլ, կռունկ,
կռուփ, հեռու, Հոռի (հայկական ամսանուն), հոռռվել, հուռա ,
հռետոր, ձառ (ծուռ), խոժոռ, ձգեռտ (ստամոքսի կազ), ձգրռ-
տալ, ճառ, ճառախօս, ճառընտիր, Ճճապուռ (ճանկ), մառա-
գայթ, ճիռ (ողկոյզի մաս), ճռաքաղ, ճոռ (կիսախողովակ), ճռ-
ռոմ, ճպուռ, մամուռ, մաճառ (չորցուած ձուկ), մատուռ, մա-
տռուակ (գինի հրամցնող, սպասեակ` մատռուակել), մացառ
(մացառուտ), մաքառիլ, մեռել (մեռելաթաղ, մեռելատուն),
148
միւռոն, միլիառ, մոռ (մանիշակագոյն), մռայլ, մռութ, յամառ
(լամառիլ, լյամառութիւն), լառել (սեւեռել), լյուռթի, նառն (կո-
ճակի օղակ, լամբակ՝ զարդի), նեռ (սատանայ) նուռ (նռնենի,
նռնակ), շառ (վառ կարմիր` շառագունիլ), շառայլ (ցոլք), շա-
ռատ (թուխ կարմիր` ձի), շառաւիղ (սերունդ, ճառագայթ),
շառափ (շող), շառտել (մորթը ճեղքել), շեռ (մէզ), շուռ գալ,
շռայլ, ոռք (լետոյք յոռեգոյն, լոռետես, յոռի), ուռիլ (ուռեցք,
ուռուցք, ուռուցքաբան), ուռենի, ուռկան, ուռճանալ, չուառ
(թշուառ), չռել (լայն բանալ` աչքերը), պայծառ (պայծառա-
տես, պայծառամիտ, պայծառիլ), պառակտել (պառակտուիլ),
պառաւ, պառկիլ (պառակիլ) պատառ (պատառաքաղ, պա-
տառոտուն, պատռտել), պատկառիլ (անպատկառ, պատկա-
ռիլ, պատկառանք, պատկառելի, պատկառազդու), պատճառ
(պատճառաբանել, պատճառել, անպատճառ) պոռթկալ,
պռոյգ (հարսի դրամօժիտ), պռունկ, պռստել, ջեռիլ (սաստիկ
տաքնալ), սակառ, սեռ (սեռական, երկսեռ) սեւեռել (սեւե-
ռուն), սիսեռ, սկիւռ, սպառիլ (անսպառ, սպառողական, սպա-
ռիչ), սփիւռք, (սփռել, համասփիւռ), վաճառք, (վաճառական,
վաձառել, վաձառորդ), վառ (վառել, վառվռուն, վառօդ), վճիռ
(վճռել, վճռակամ), վտառ, տակառ, տառ (տառանշան), տա-
ռեխ (ձուկ մը), տառեղ (արագիլի տեսակ), տառփալ (ցանկալ`
կնոջ), տեռ (բարակ լաթ), ցանցառ, ցիռ (վայրի էշ), փառակ
(ընկոյզին միջուկին կէսը), փառք (փառաւոր, փառաբանել,
փառահեղ, փառատենչ, անփառունակ, սնափառ), փեռեկտել
(երկպառակել) քառասուն (քառեակ, քառակուսի, քառան-
կիւե, քառսունոտեխ), օճառ եւ այլն:
- Փնտռել/փնտրել. արեւելահայերը կը գրեն ը-ով՝
փնտրել: Ըստ Աճառեանի` բառի արմատն է պտիռ, որմէ՝
պտռել, ապա` փնտռել: Ունինք նաեւ փետռտել, փնտռտուք:
Սխալագրութիւն է փնտըրռել ձեւը:
- Տռամ/տրամա. բառարաններուն մէջ կայ առաջինը
իբրեւ փոխառութիւն մժ/ոոճ բառի: Կը նշանակէ «թատերա-
խաղ» եւ «ողբերգական դէպք»: Առօրեայի մէջ կայ միայն
149
տրամա՝ նոյն իմաստներով: Առաջին իմաստով կը նոյնանայ
տրամախօսութիւն հայերէն բառին: Տրամա-ն աւելի կենսու-
նակ է ու հայահունչ քան տռամ-ը:
108.- Ռ»ր տառափոխութեան պարագաներ
Գրաբարի մէջ կար ռ»ը հնչիւնափոխական երեւոյթ է, որ
չի գործեր արեւմտահայերէնի մէջ, բայց երեւոյթը կը պահ-
պանուի աւանդական ուղղագրութեան կանոնակարգին մէջ
ոչ թէ իբրեւ հնչիւնափոխութիւն, այլ իբրեւ տառափոխութիւն:
Ռ»ը տառափոխութեան հետեւեալ պարագաները կը գո-
յատեւեն աւանդական ուղղագրութեան մէջ.
ա.- ընթերցելի - ընթեռնլի/ընթեռնելի. գրաբարի ըհթեռ-
նուլ բառի կատարեալն է ընթերցայ: Ց-ն կատարեալի հիմքն է:
Կար նաեւ ընթերցանել տարբերակը: Ատկէ ունինք ընթերցել
(առանց ան սոսկածանցի) արդէն իբրեւ պարզ բայ գիտակ-
ցուող բայը` ընթերցեցի, ընթերցուիլ. նաեւ այղ հիմքէն կազ-
մուած այլ բառեր ընթերցուած, ընթերցում, ընթերցարան,
ընթերցասէր, ընթերցասրահ: Ընթերցանել հին ձեւէն ունինք
ընթերցանութիւե:
Գրաբարի ուլ լծորդութեան բայերը մեծաւ մասամբ դար-
ձած են ել լծորդութեան բայեր, ինչպէս արգելուլ արգիլել, առ-
նուլ առնել, դիզուլ դիզել, զենուլ զենել, կիզուլ կիզել, հեղուլ
հեղել, հերձուլ` հերձել, յենուլ յենել: Ընթեռնուլ-ն ալ բնակա-
նաբար պիտի դառնար ըրնթեռնել, որ թէեւ կայ մեր նոր բառա-
րաններուն մէջ, բայց ընթերցել տարբերակը աւելի կը գոր-
ծածուի:
Ընթեռնուլ եւ յեղուլ հին ձեւերէն ունինք ընթեռելի եւ ան-
յեղլի ածականները: երկրորդը խնդիր չունի, բայց առաջինը
ստեղծած է տարբերակ ընթեռնելի, անընթեռնելի (ընթեռնել
բայէն), ինչպէս` պիտի ըսէինք կիզելի, հեղելի, հերձելի: Ըն-
թեռնելի, անընթեռնելի ձեւերը արդէն կը գործածուին: Ընթեր-
ցել բայէն կայ նաեւ ընթերցելի ապառնի դերբայը իբրեւ «կար-
դացուելիք»: Ընթեռնելի բառը ունի իմաստային տարբեր
150
երանգ. բառը կը գործածենք ձեռագիրի մը համար, որ յստակ
է ու կարելի է սահուն կարդալ, հականիշը՝ անընթեռնելի:
բ.- դառնալ -- դարձնել, բառնալ -- բարձ, յառնել - յարու-
թիւն. գրաբարի մէջ կար նաեւ րչռ հնչիւնափոխութիւն: Այս-
պէս դառնալ չէզոք բայը կը սերի դարձնել ներգործական բա-
յէն, արմատը դարձ, որմէ ունինք դարձեալ, վերադարձ, հոգե-
դարձ, դարձդարձիկ եւ այլն, բառնալ (ամբառնալ, համբառ-
նալ) հին բայերուն արմատն է բարձ, որմէ ունինք բարձունք,
համբարձում, մանկաբարձ, վերամբարձ, ամբարձիչ, հոզա-
բարձու եւ այլն բարձր ձեւէն` բարձրութիւն, բարձրանալ,
բարձրադիր, բերձ ձեւէն՝ բարձրաբերձ եւ այլն: Յառնել՝ «ոտքի
ելլել» հին բայի արմատն Է ար, որմէ ունինք արի՛ (արեւ.՝
եկուր), յարութիւն, Քրիստոս յարեաւ, լարուցեալ, լյարուցիչ,
յարուցել, վիճայարոյց եւ այլն:
գ.- դուռ՝ դրան/դռան. ն վերջայանգով քանի մը բառեր
գրաբարի ներքին հոլովման ենթարկուելով սեռական հոլովի
մէջ նախորդող ռ-ն կը վերածէին ը-ի: Այդ բառերն են լնռն՝
լերին, դուռն դրան, ամառն ամրան, ձմեռն ձմրան, մա-
տուռն` մատրան: Աշխարհաբարի մէջ ոմանք կը շարունա-
կեն նոյն սովորութիւնը՝ գրելով դրան, լերան, ամրան, ձմրան,
մատրան, ոմանք մերժելով կը գրեն լեռան, դռան, ամռան,
ձմռան, մատռան: Արեւելահայերը որդեգրած են այս վերջին
ձեւը:
Բառակազմական մակարդակով նոյն երկձեւութիւնը կը
շարունակուի այս բառերուն պարագային ձմերոց, ձմերանոց,
ձմերել, ամարոց, ամարանոց (ոմանք եւ արեւելահայիերը՝ ռ),
մինչ ն-ի գոյութեան պարագային միշտ ռ՝ ձմեռնային (ձմե-
ռային), ձմեռնաքուն, ամառնամուտ, ամառնային (ամառա-
յին):
Ռչր հնչիւնափոխութիւնը վերի հինգ բառերէն դուրս
գրաբարի մէջ գոյութիւն չունի. բուռն` բռին կամ բռան, կուռն`
կռան, նուռն` նռան, սիսեռն` սիսեռան, նեռն` նեռին, դառն`
դառին, լիսեռն՝ լիսռան եւ այլն: Որոշ բառեր ունին երկու ձե-
151
ւերն ալ. ոլոռն` ոլոռան-ոլորան, ոլոռանց-ոլորանց, ձեռն`
ձեռին, բայց ձեռամբ գործիականի կողքին նաեւ ձերբ տարբե-
րակը, որ ըստ Աճառեանի՝ «երեւան է հանում նախաւռոր ՁԵՐ
ուղղականը»: Այս բոլոր բառերը միշտ ռ-ով կը գրուին թէ
հոլովական եւ թէ բառակազմական մակարդակներու վրայ,
վերջայանգի ն-ն մնայ կամ ոչ` ձեռնաթափ-ձեռագործ, ձեռ-
նասիւե-ձեռակերտ, ձեռնառումբ-րնձեռել (ընձեռնել սխալ ձեւ
է), ձեռնածալ-ձեռային, ձեռեամուխ-ձեռատետր եւ այլն: Խնդ-
րոյ առարկայ բառերուն ռ»ը հնչիւնափոխութեան մասնայա-
տուկ պարագան պահելով իսկապէս խառնակ վիճակ մը կը
ստեղծուի աւանդական ուղղագրութեան մէջ ու անխուսա-
փելի հակասութիւններ կը ստեղծէ, եթէ ձմրան-ը ը է, ինչո՞ւ
ձմեռուան, ձմեռէն ու ձմեռով ձեւերը ռ են, քանի ձմերոց, ձմե-
րանոց եւ ձմերել-ը ը են՝ ինչո՞ւ ձմեռային-ը ռ պահել: Իւրա-
քանչիւր գրաձանաչէ լեզուի պատմութեան հմտութիւն կարե-
լի չէ պահանջել: Հին ու նոր կազմութիւններ ու ձեւեր ըլլալը
ինչպէ՛ս ըմբռնէ աշակերտը:
Այս խառնակ վիճակէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցը ռ-ն
անփոփոխ պահելն է.
ուրեմն՝
- ձմեռ՝ ձմռան, ձմեռուան, ձմեռոց, ձմեռանոց, ձմեռել,
ինչպէս` ձմեռնամուտ, ձմեռնաքուն, ձմեռուան:
- ամառ՝ ամռան, ամառուան, ամառոց, ամառանոց, ինչ-
պէս՝ ամառնամուտ, ամառնային (ամառային):
- լեռ՝ լեռան, (ինչպէս՝ լեռէն կամ լեռնէն):
- դուռ դռան (ինչպէս՝ դուռին, դռեէն կամ դուռէն):
- մատուռ՝ մատռան (ինչպէս՝ մատուռի):
Ռչը հնչիւնափոխութեան ոլորտի մնացեալ բառերն են
դրկից, դրացի, ձմերուկ եւ ձերբազատել:
- Արեւելահայ բառարանները դրկից եւ դրացի բառերը
գաւառական կը նկատեն, որովհետեւ իրենց յատուկ է հարե-
ւան բառը: Ունին նաեւ դռկից (ռ-ով՝ դրան կից):
152
- Ձմերուկ բառը որքան ալ ստուգաբանօրէն կը կապուի
ձմեռ բառին, ունի իմաստային հակադրութիւն մը:
- Ձերբակալել բային ձերբ բաղադրիչը ձեռն բառին
գործիական հոլովն է հին հայերէնի մէջ:
դ- Ռ»ը տառափոխութիւնը կրկնաւորներու մէջ. ռ»չը
փոփոխութիւն ունինք նաեւ քանի մը կրկնաւոր բառերու մէջ,
ուր ռ-ն առաջին բաղադրիչին մէջ ը կը դառնայ.
- բարբառ. բառ արմատէն բարբառիլ, բարբառախօս,
անբարբառ, մեծաբարբառ, բարձրաբարբառ, բարբառագէտ-
- գրգիռ. անկախ գործածութիւն չունեցող գիռ արմատէն՝
«հակառակութիւն, դրդում» գրգռել, գրգռիչ, գրգռութիւե, ջղա-
գրգիռ:
- թրթիռ. թիռ արմատէն` թրթռալ, թրթռոց, թրթռացում-
- կարկառ. կառ արմատէն կարկառուն, կարկառիլ:
- մրմուռ. մուռ անգործածելի արմատէն` մրմռալ, մրմր-
ռացնել:
- սարսուռ. սառ արմատէն՝ սարսռալ, սարսռազդեցիկ:
Ռ»րը հնչիւնափոխութիւնը մասնակի երեւոյթ է ու չ՛ընդ-
գրկեր ռ վերջայանգ ունեցող միւս կրկնաւորները` եռուզեռ,
ծռմռել, ծուռումուռ, շուռումուռ, վառվռուն, վառվռիլ, թռվռալ,
գոռգոռալ, պոռպռալ, հռեռալ, ճռձճռալ, խռխռալ եւ այլն:
Ի հակադրութիւն ռ-ի մասնակի պարագաներուն ր-ի
կրկնութիւնը ոչ մէկ պարագայի տառափոխութեան կը տանի:
Ր-ի կրկնութեան քանի մը պարագաներ կան. ա) կրկնաւոր-
ներ՝ կերկեր, թրթուր, հուրերալ, մարմրիլ, սորստրալ, ծործոր,
չարաչար, չարչարել, փորփրել, քարքարոտ, քրքրել (հետա-
քրքիր) եւ այլն: բ) Բառի բաղադիչներու քովէ քով գալով եր-
րորդ, չորրորդ, բերրի (րի ածանց), գ) սղումով մրուր մրրիկ,
օրօրան օրրան, դ) հիմքային տարը, անդորը:
ե.- Այր-առն. հակառակ երեւոյթը, այսինքն` ր»ռ փոփո-
խութիւն ունինք քանի մը բառերու մէջ. այսպէս՝
- այր գոյականը գրաբարի մէջ ունի զարտուղի հոլովում,
սեռականը կ՛ըլլայ առն, որմէ ունինք առնական, առնակա-
153
նութիւն, առնացի, առնանդամ, իսկ այր արմատէն` արական,
արամբի (կայ նաեւ առնակին), ունինք հնաձեւ արանց ու կա-
նանց, արանց ու տղայոց բառաձեւերը:
- երեք թուականէն ունինք երեքամեայ, երեքթեւեան,
երեքգլխանի, երեքշաբթի, իսկ երի ձեւէն` երեակ (երի-ակ),
երեսուն (երի-ասուն), որմէ երեսնամեակ, երեսնամեայ, երե-
սուննոց, եր ձեւէն՝ ունինք երրորդ, երրորդութիւն, երրորդա-
կան, բայց բարդութիւններու մէջ եռ` եռագոյն, եռաբլուր, եռան-
կիւն, եռայարկ, եռահատոր, եռապատիկ, եռաստիձան, եռամ-
եայ, եռամսեակ, եռավանկ, եռոտանի եւ այլն: Եռ տարբերակը
երեք-ին հետ կրնայ նոյնանիշ բառեր ալ կազմել` երեքթեւեան-
եռաթեւ, երեքյարկանի-եռայարկ, երեքգլխանի-եռագլուխ, երեք-
ամեայ-եռամեայ եւ այլն:
- եռեակ բառի կողքին երեակ եւ երրեակ գրողներ ալ կան:
Լաւ կ'ըլլար, որ որդեգրուէր երեակ ձեւը, որ բառը հարազա-
տօրէն մտնէր քառեակ, հեգեակ, վեցեակ, եօթնեակ, ութնեակ,
իննեակ եւ տասնեակ ածանցաւոր թուականներու շարքին ու
դուրս գար ռ-ով գրուող բարդութիւններու շարքէն:
- չորս թուականը կազմուած է չռրք անեզականին հայցա-
կանէն իբրեւ ուղղական: Բարդութիւններու մէջ կը մտնեն
չորս, չորք, չորեք ու քառ տարբերակներով` չռրսմատնի,
չորսգլխանի, չորսնոց, Ձորք Մարզպան, չորքոտանի, չորեք-
թաթ, չորեքշաբթի, իսկ քառ արմատէն` քառասուն, քառան-
կիւն, քառամեակ, քառապատիկ, քառասմբակ, քառակուսի եւ
այլն:
Ստուգաբանօրէն ունեցած իրենց կապէն անկախ` եղեռն
(ոճիր) եւ եղեր (սուգ, լաց, կոծ) զոյգը շփոթութիւններ կրնայ
ստեղծել. առաջինէն ունինք եղեռնական, եղեռնագործ, եղեռ-
նադատ, եղեռնապատում, եղեռնափորձ Մեծ Եղեռն, իսկ
երկրորդէն եղերական, եղերամայր, եղերերգ, եղերերգակ,
եղերերգութիւն եւ այլն:
Նոյն արմատի տարբերակներն են ջեռ, ջեր եւ ջերմ:
Իւրաքանչիւրով կազմուած բազմաթիւ բաղադրութիւններ
154
կան հին լեզուին մէջ ու ներկայիս ալ մեր լեզուին մէջ կը
գործեն: Ջեռ հիմքէն ունինք ջեռիլ` «սաստիկ տաքնալ» (հին՝
ջեռնուլ), ջեռացում կամ ջեռուցում (տաքացում), ջեռուցիչ
(տաքցնող գործիք), ջեր՝ որմէ ունինք ջերանոց (ջերմոց):
109.- Ր գիրը ածանցներու եւ մասնիկներու մէջ
Ռ-ն, բացի առ նախդիրէն, երբեք հանդէս չի գար ածանց-
ներու եւ մասնիկներու մէջ: Այդ դերը կը կատարէ միայն ը-ն:
Ր-ն նախածանցներու մէջ.
- անդր(ա). անդրադարձ, անդրաշխարհ, անդրշիրիմեան..
- գեր(ա). գերիշխան, գերմարդ, գերադաս, գերաշնորձ...
- դեր(ա). դերանուն, դերբայ, դեր-գնդապետ...
- թեր(ա). թերակղզի, թերաձ, թերաւարտ...
- յար(ա). յարադիր, յանանուն, լյարացոլյց, յարաշարժ...
- ներ. ներգաղթ, ներաշխարհ, ներկայ, ներածել...
- շար(ա). շարադրել, շարասել, շարադասութիւն...
- պար(ա). պարբերութիւն, պարագլուխ, պարագիծ...
- ստոր(ա). ստորակէտ, ստորադաս, ստորագրել...
- վեր(ա). վերադարձ, վերաքննել, վերահսկիչ...
- տար(ա). տարաշխարհիկ, տարակարծիք, տարհանում...
- տրամա. տրամաբան, տրամաբանական, տրամադրել...
Ր-ն վերջածանցներու մէջ.
- աբար. քաջաբար, հայրաբար, գրաբար, աշխարհաբար..
- ագար. ցաւագար, խելագար, ջղագար.
- ավարի. մեծավարի, քաղաքավարի, արջավարի.
- արան. ննջարան, ուսուցչարան, ընթերցարան...
- արար. յուշարար, ներկարար, գիւտարար...
- արդ. խորանարդ, կորնթարդ, գմբեթարդ...
- արէն, երէն. յունարէն, հայերէն, անգլերէն, սերպերէն...
- աւոր. թագաւոր, իշխանաւոր, մեծաւոր, հեռաւոր...
- որակ. սեւորակ, դեղնորակ, սառնորակ...
- արք. լուծարք, գործարք.
- որդ. ճամբորդ, որսորդ, յաձախորղ, քառորդ...
155
- ուռր. զինուոր, բանուոր, աղուոր...
- ուրդ. յագուրդ, արձակուրդ, աճուրդ, ժողովուրդ...
- րորդ, երրորդ. երկրորդ, երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ...
- օրէն. խստօրէն, համեստօրէն, ազնուօրէն, քնքշօրէն...:
Ր-ն քերանականական մասնիկներու մէջ.
ա.- Եր եւ ներ յոգնակերտ մասնիկները. տուն` տուներ,
պատ պատեր, քաղաք` քաղաքներ, պարտէզ` պարտէզներ:
բ.- Վաղակատար դերբային մէջ. վազել վազեր, խօսիլ
խօսեր, ճանչնալ ձանչցեր: Ասով կը կազմուին վաղակատար
ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակները՝ վազեր եմ, վա-
զեր ես, վազեր է. վազեր էի, վազեր էիր, վազեր էր:
գ.- ժխտական դերբային մէջ, որ կը կազմէ սահմանական
եղանակի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակներու
ժխտականը եւ հրամայականի արգելականը` չեմ գրեր, չէի
գրեր, մի գրեր, չեմ խօսիր, չէի խօսեր, մի խօսիր, չեմ խաղար,
չէի խաղար, մի խաղար:
դ.- Բայի անցեալ անկատար եւ կատարեալ ժամանակ-
ներու եզակի Բ. եւ Գ. դէմքերու կազմութեան մէջ՝ կր վազէիր,
կր վազէր, վազեցիր, կր խօսէիր, կը խօսէր, խօսեցար, կր խա-
ղայիր, կր խաղար, խաղացիր եւ այլն:
110.- Ռ եւ ր գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ
ԱՌԱծ (՞առածանի) ԱՐԱԾիլ (ճարակել. -կովարած)
ԱՌԱԾԱՆԻ (առածներու գիրք) ԱՐԱԾԱՆԻ՝ գետը
ԱՌԻՔ (առաստաղի սենեակ) ԱՐԻՔ (կաշիէ կապ)
ԲԱՌ (բառարան, բառախաղ) ԲԱՐ (պտուղ)
ԲԵՌ (»չբեռնալ, բեռնակիր) ԲԵՐ (բերել բայի հրմ.ը» բարեբեր, բ
բերրի)
ԲՈՌ (խոշոր ճանձ) ՓՈՐ (» փորոտիք,փորել, փորփրել)
ԳԱՌ (գառնուկ, գառնարած) ցաւաԳԱՐ, խելաԳԱՐ
ԳՈՌ (ահեղաձայն. գոռալ) :ՔՈՐ(քերուրտուք)
ԳՈՒՌ (քարէ փոքրը աւազան) ՔՈՅՐ (արականը՝ եղբայր. » քրոջ,
ՔՈՒՌաԱկ (իշու ձագ. չքուռկիկ) քրոջական)
վարաԳՈՅՐ
156
ԳՐԳԻՌ (» ջղագրգիռ, գրգռել) հետաՔՐՔԻՐ (հետաքրքրութիւն)
ԳՐԳՌԵԼ (դրդել.»գրգռութիւն) ՔՐՔՐԵԼ (փորփրել, պրպտել)
ԹԱԹԱՌ (պտուտահողմ) ԴԱԴԱՐ (հանգիստ. » դադրիլ)
ԹԱԹԱՐ (ժողովուրդ մը)
ԴԱՌՆ (լեղի. » դառնութիւն) ԴԱՐ (100 տարի. դարավերջ)
ԹԱՌ (թառահար)
ԴԵՌ (տակաւին. » դեռատի)| ԴԵՐ (պաշտօն. » դերասան)
ԹԵՐ (կողմ)
ԹԵՐԻ (չթերութիւն, թերանալ)
ԴԵՌԵՒՍ (տակաւին) ԹԵՐԵՒՍ (գուցէ)
ԴՈՒՌ (դռնապան) ԴՈՒՐ (գործիք մը)
ԹՈՒՐ (սուր)
ԵՂԵՌՆ(ոձիր.եղեռնագործ ԵՂԵՐ (սուգ. » եղերական,
եղեռնադատ) եղերերգ)
ԵՌալ (ջեռ գալ, եռեւեփիլ) ԵՐերալ (ջերերուն, աներեր)
ԹԻ՛Ռ (թռչիլ բառին արմատը) ԴԻ՛Ր (դնել՝ հրամայականը)
ԹՇՈՒՍՌ (չթշուառական) ԴԺՈՒԱՐ (դժուարանալ, դժուար)
ԹՈՌ (թոռնիկ, թոռնուհի) ԹՈՐ (կաթիլ. » թորիլ, քրտնաթոր)
ԹՌՉԻԼ (թռիլ. թռչուն) ԹՐՋԻԼ (թացանալ)
ԼԱՌ (հաւազգի մը) ԼԱՐ (թել.» լարային. լարախաղ)
ԼԵՌ (չլեռնային, լեռնանցք) ԼԵ՛Ր(եղի՛ր. ուրախ լե՛ր)
ԼՈՒՌ (»լռին, լռակեաց ԼՈՒՐ (համբաւ). » լրատու, լրագիր,
լռելեայն) լրտես, անլուր)
ԽՌՈՎԱԾ (շխռովիլ, խռովք 25, ԽՈՐՈՎԱԾ (շխորովել՝ միսը)
ԿԱՌՔ (սայլ. » կառավարել, ԿԱՐԳ (» կարգապահ, կարգաթիւ)
կառատուն)
ԿԱՌԱՏՈՒՆ (կայարան) ԿԱՐԱՏՈՒՆ (կարի գործարան)
ԿԵՌ (կարթաձեւ մետաղ) ԿԵ՛Ր (ուտել` բային հրմ.ը)
ԿԵՐ (անասնակեր)
ԿՈՌ (ձրի աշխատանք) ԿՈՐ (ծուռ. կորնթարդ, կորանալ)
ԿՈՒՌ (ամուր. » ամրակուռ 3ԿՈՒՐ (գետ մը)
ԿՌՈՒՆԿ (թռչուն մը) ԿՐՈՒՆԿ (ոտքի յետնամաս)
ԿՌԵԼ (կոփել) ԿՐԵԼ (փոխադրել. բեռնակիր)
ՀԵՌՈՒ (հեռանալ, հեռաղեկ, ՀԵՐՈՒ (անցեալ տարի)
հեռաստան)
ՀԵՌ (կռիւ) ՀԵՐ (մազ, հերարձակ, հերաթափ)
ՁԱՌ(ուռ) ՁԱՐ (ձիու պոչին մազը)
157
ՑԱՐ (Ռուսիոյ կայսրը)
ՁԵՌԼք) (ձեռագործ), ձեռնոց) ՁԵՐ(դուք՝ սեռականը)
ՃԱՌ (շճառախօս, ճառընտիր) ՃԱՐ (հնար, » ճարել, անճար)
մրՄՈՒՌ (ցաւ) ՄՈՒՐ (աղտ)
ՄՌՄՌԱԼ (մը՞ռռ ձայն հանել) ՄՐՄՌԱԼ (այրուցքով ցաւիլ,)
ՄՈՌնալ (Հմոռռացկոտ) ՄՕՐ (մայր բառին սեռականը)
ՄՈՐ (պտուղ մը)
ՅԱՄԱՌԾ (յամառիլ) ՀԱՄԱՐ (ա) վասն. բ) թիւ)
համարակալել, համարա-
նիշ, համարակալութիւն, հա-
մարել, համարեա՛
ՅԱՄԱՌԻԼ (պնդել) ՀԱՄԱՐԵԼ (սեպել)
ՅԱՌԵԼ (սեւեռել) ՅԱՐԵԼ (ըսել)
ՆԵՌ (հակա-Քրիստոս) ՆԵՐ (տագերկին)
ՇԱՌ (կարմիր. » շառագունիլ) ՇԱՐ(ջ) (շշարել, շարան, շարունակ)
ՎՃԻՌ (վճռել, վճռակամ) ՈՃԻՐ (սպանութիւն.չոձճրագործ)
ՈՌ(ջ) (յատակ. »յոռի, յոռեգոյն) ՈՐ (յարաբերական դերանուն)
ՈՒՌ (չջուռեցք) ՈՒՐ (տեղական մակբայ)
ՉԱՌԻ (չստացայ) ՉԱՐԻ (չար բառին սեռականը)
ՊԱՏՌԵԼ (՞պատառոտուն) ՊԱՏՐԵԼ(խաբել. պատրանք)
ՋԵՌԼ/իլ)( տաքնալ.»ջեռուցում) ՋԵՐ (ջերմ. » ջերանաոց),
ՍԱՌ (ջշսառոյց, սառնարան) ՍԱՐ (լեռ)
ՍԵՌ (սեռական, երկսեռ) ՍԵՐ (» սերունդ)
ՍԷՐ Հ սիրել, սիրուհի)
սարՍՈՒՌ (դող.» սարսռալ) ՍՈՒՐ (հատու. չսրել, սրիչ)
ՍՈՅՐ (ացք. » սուրալ)
ՎԱՌ (կրակոտ. » վառվռուն .ՎԱՐ(հականիշը՝ վեր. » վայրէջք,
զառիվար, դարվար)
ՎԱՌԵԼ (այրել.» վառելանիւթ) ՎԱՐԵԼ(գործի մղել.չվարիչ,
վարելահող, կառավարել)
ՎԱՃԱՌԵԼ (ծախել. » վաձառք) ՎՃԱՐԵԼ (տալ. » անվձար)
ՎՏԱՌ (ձուկերու խումբ) ՎՏԱՐել (վռնտել. Հ վտարում)
ՏԱՌ (գիր. » տառատեսակ) ՏԱ՛Ր (տանիլ բային հրմ.ը)
ՏԱՐ (օտար. » տարբեր, տարագիր,
տարաշխարհիկ)
ՏԱՐՐ (նիւթ. » տարրական,
տարրալուծել)
158
ՏԵՌ (լաթի կտոր) ՏԷՐ (» տիրել, տիրութիւն)
ՏԻՌ (վայրի էշ) ՁԻՐ(ք) (շնորհք. ձրի, շնորհաձիր)
ՑԻՐ (ցրուել բային արմատը.»
ցանցիր, ցիրուցան)
ՔԱՌանկիւն, ՔԱՌակուսի ՔԱՐ (շխաչքար. քարայր, քարեղէն)
ՔԵՌԻ (մօրեղբայր. չքեռկին) 323ԳԵՐԻ (ստրուկ. չգերել, գերութիւն)
ՓԱՌՔ (» փառաւոր, փառա- .ԲԱՐՔ (սովորոյթ. » բարոյական)
հեղ)
111.- Վհնչիւնի վ, ո, ւ, ու գրութիւնները
Վ բաղաձայն հնչիւնը արդի հայերէնի մէջ կ՛արտայայ-
տուի վ, ո, ւ գիրերով եւ ու կապակցութեամբ:
- Ո-ն բառին սկիզբը կ'արտայայտէ բաղաձայնչձայնաւոր
կապակցութիւն մը «վօ», ինչպէս ոզնի, ոլորել, ոխ, ողբալ,
ոչխար, որդի եւ այլն: Ան նոյն հնչիւնը բառամէջին կ'ար-
տայայտէ Գէռրգ բառին մէջ: Միայն վռնհմակ բառն է, որ կը
գրուի վ-ով:
- Ու-ն վ բաղաձայն հնչիւնը կ՛արտայայտէ ձայնաւորէ ա-
ռաջ իր դիրքին մէջ` նուազ, ստուեր, նուէր, կռուիլ, պահուր-
տիլ, աղուոր, ազնուօրէն, արժանապատուութիւե:
- Ի գիրը բաղաձայն «վ» կ՛արտասանուի.
ա- աեւ ե ձայնաւորներէն ետք՝ բաւ, կտաւ, կարաւան,
մօտաւոր, հաւնիլ, սեւ, կեղեւ, բեւեռ, Սեւան, սեւնալ եւ այլն, եւ
ի ձայնաւորէն ետք բառավերջին եւ ձայնաւորէ մը առաջ
ինկած դիրքին մէջ՝ թիւ, անիւ, հովիւ, հիւանդ, դիւան եւ այլն:
Աւ եւ իւ իբրեւ գրաբարի գործիական հոլովի քարացած
ձեւեր՝ կան կարգ մը բառերու մէջ, ինչպէս՝ պատճառաւ, պայ-
մանաւ, իրաւ, շնորհիւ, մեղմիւ, բանիւ եւ այլն:
բ.- իւ վերջայանգ ունեցող բնաձայնով կազմուած բառե-
րուն մէջ չուալ, եււալ, ճճալ, ձւնոց, եւեւալ, եւեւոց (տե՛ս էջ
63-64):
գ- ի վերջայանգով բառերու ոյ հոլովումին մէջ. հոգի`
հոզւոյն, եկեղեցի` եկեղեցւոյ (տե՛՛ս էջ 57):
159
դ- ւ կը գրուի նաեւ (ոււի փոխան) արեւելահայերէնի
կրաւորական բայերու սահմանական եղանակի ներկայ եւ
անկատար ժամանակներու ձեւերուն մէջ` տանջւում է, գնա-
հատւում էր եւ այլն (տե ս էջ 79-80):
իջեւան, իջեւանել, օթեւան, օթեւանել, բարձրաւանդակ
բառերը յաճախ սխալմամբ վ-ով գրողներ կան:
Հայաստանի մէջ Այբուբենի վերջին երկու գիրերը շարքին
շաղկապող եւ շաղկապը կը գրուի փակագիրով (ն) եւ կը
համարուի առանձին տառ: Նոր ուղղագրութեամբ, օրինակ,
Երեվան բառը անդ կը գրուի Երնան ձեւով: Աւանդական
ուղղագրութեան մէջ եւ-ը իբրեւ բառ շաղկապ է, իսկ բառին
մէջ՝ բաղաձայն-ձայնաւոր կապակցութիւն՝ սեւ:
- Վկը գրուի.
ա.- բառին սկիզբը, բացի ո-ին վերապահուած պարա-
գայէն, վագր, վազել, վառ, վարազ, վերջ, վեց, վէզ, վէճ, վիճակ,
վիրապ. վճիտ, վճիռ, վրան, վտակ, վկայ, վո՞ւշ, վո՞՞ւյ եւ այլն:
բ.- բառին մէջ եւ վերջը, ռո ձայնաւորէն ետք, ռվկիան,
ովկիանոս, Ովսիա, Ովսաննա, գովասանք, գորով, զովանալ,
թոթով, ծով, ծովեզերք, կողով, կով, հով, հովիւ եւ այլն:
գ.- բարդութիւններու մէջ, ուր երկրորդ բաղադրիչը վ-ով
կը սկսի, ինչպէս անվհատ, բանավէձ խանդավառ եւ այլն,
կրկնաւորներու մէջ՝ վազվզել, վառվռուն, վլվլուք եւ այլն:
Հին հայերէնի մէջ վ ունէին Հռովմ, Սերովբէ եւ Քերովբէ
բառերը: Ներկայիս առաջինը կը գրուի Հռոմ, իսկ վերջին
երկուքը Ծերոբ եւ Քերոբ ձեւով:
112.- Վ հնչիւնի գրութիւնը օտար բառերու մէջ
Նոր փոխառութիւններու եւ բարբառային բառերու մէջ վ
հնչիւնի գրութիւնը կը ներկայացնէ խառն պատկեր մը.
-Բառասկիզբին վ` Վարշաւա, վիլիս. Վիլեիւս, վուլկար...
Բառասկիզբին վօ հնչիւնը ատենին կը տառադարձուէր
ո-ով, հայերէն բառերու համաբանութեամբ՝ ռտըւիլ, ոլթ, Ոլ-
թեր, ոլթարէն, որոնք ձեւով ու գրութեամբ կը համապատաս-
160
խանէին հիներուն` Որմիզդ, Ոդիսեւս, բայց վերջերս նորերը
կը գրուին վ-ով` Վոյկա, Վոլվօ, Վոլքան, հակադրութիւն մը
ստեղծելով հինի եւ նորի միջեւ:
- Ձայնաւորէ առաջ իր դիրքին մէջ վ` Նիրվանա, Սիլվա,
Սելվեր, Սիլվեսթեր, Կալվին, որպէսզի հակադրուի օտար բա-
ռերու ու-ին՝ Մենուա, Սամուէլ:
- Ձայնաւորներէ ետք կը տառադարձուի ւ-ով, հայերէն
բառերու համաբանութեամբ՝` Վարշաւա, լաւա, թաւա, Մաւ-
եան, տիւան, Նեւատա...
113.- Ֆ գիրը
Ֆ գիրը ուղղագրական դժուարութիւններ չունի:
Պէտք է գիտնալ, որ Այբուբենին մէջ ֆ գիրին մուտք
գործելէն առաջ համարժէք օտար հնչիւնը կը տառադարձուէր
փ գիրով, ինչպէս փակեղ, փաղանգ, փարաւոն, փարիսեցի,
փարսախ, փերուզ. փիլիսոփայ, փիլոն, Փիլիպպոս, փիղ, փիւ-
նիկ, Փիւնիկէ, փուռ, փոսփոր, դելփին, սատափ, Ափրիկէ, ամ-
փիթատրոն, Յովսէփ եւ այլն: Արեւմտահայերէնի մէջ հին փո-
խառութիւնները պահուած են նոյն ձեւով: Անձի յատուկ
անուններու պարագային նոր տաադարձութիւնը կը գիտակ-
ցուի իբրեւ նոր անուն Փիլիպպոս-Ֆիլիփ, Փերուզ-Ֆերուզ,
Ռափայէլ-Ռաֆայէլ: Կարգ մը բառեր կը գործածուին հին ու
նոր ձեւերով՝ փրանգ-ֆրանկ: Կարգ մը տեղանուններ փոխա-
րինուած են նորով Տփղիս-Թիֆլիս, սփինքս-սֆինքս, Բոս-
փոր-Վոսֆոր, Ափամիա-Աֆամիա:
Նոր հայերէնի մէջ ֆ գիրը առկայ է օտարամուտ բառերու
մէջ, ինչպես` ֆետայի, ֆիզիքական, ֆիլմ ֆոնտ, ֆութպոլ
ֆոլքլոր եւ այլն, յատուկ անուններու Ռաֆֆի, Ֆիմի, կամ
բնաձայնական բառերու մէջ` ֆշշալ, ֆռռալ, ֆռֆռիկ, օֆ եւ
այլն:
161
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԱԾ ԲԱՌԱՐԱՆՆԵՐ
Աւետիքեան հայր Գաբրիէլ, Սիւրմէլեան հայր Խաչատուր,
Աւգերեան հայր Մկրտիչ, Նոր բառգիրք հայկազեան
լեզուի, 1836-1867:
Գաբամաձեան Միմոն, Նոր բառգիրք հայերէն լեզուի, 1910, Կ.
Պօլիս:
Մալխասեանց Ստեփան, Հայերէն բացատրական բառարան,
Երեւան, 1944-1945:
Ճիզմէճեան Պետրոս վարդ., Հայերէն աշխարհաբար լեզուի
լիակատար բառարան, Հալէպ, 1954-1957:
Գայայան 8. Թ. (Մխիթար Պոնտացի), Բառարան գանձարան
հայերէն լեզուի, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1967:
Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս, Գանգրունի Հրանդ, Տօնիկեան
Փարամազ Կ., Հայոց լեզուի նոր բառարան, Պէյրութ, 1968:
Աղայան Էդուարդ Բագրատի, Արդի հայերենի բացատրական
բառարան, Երեւան, 1976:
ՃԷրէձեան Գնէլ արքեպիսկոպոս, Տօնիկեան Փարամազ Կ.,
Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս. Հայոց լեզուի նոր բառա-
րան, Պէյրութ, 1992:
Կռանեան Անդրանիկ վրդ., Բառգիրք հայերէն լեզուի, Պէյ-
րութ, 1998:
Հրաչյա Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտ, Ժամանա-
կակից հայոց լեզվի բացատրական բառարան, Երնան,
1969-1980:
Աճառյան Հրաչյա, Հայերեն արմատական բառարան, 1971-
1979, Երնան:
Ղազարյան Ռ. Ս., Ավետիսյան Հ. Մ., Միջին հայերենի բա-
ռարան, Երնան, 2009:
Ղազարյան Ռուբեն Սերոբի, Գրաբարի բառարան, Երնան,
2000:
162
Ջահուկյան Գնորգ, Հայերեն ստուգաբանական բառարան,
Երնան, 2010:
Եղիայեան Արմենակ, Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղ-
ղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց, ձեռնարկ` Արեւ-
մտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի, Պէյ-
րութ-Լիբանան (Մեր տրամադրութեան տակ կայ պատ-
ձենեալ օրինակ մը. ՀՀ ԳԱԱ Հր. Աճառեանի անուան լեզ-
ուի ինստիտուտ, արեւմտահայերէնի բաժին):
163
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒԻՆ
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻԻՆ. ե աաա աննա մասնական նմանա 3
Ա.- ՁԱՅՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԿԲԱՐԲԱՌՆԵՐՈՒ
ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻԻՆԸ
1.- Ա ձայնաւորը եւ անոր գրութիւնը իբրեւա եւ այ........................ 9
2.- Ա ձայնաւորը բառին սկիզբը եւ մէջը.......................................... 9
Յ.- Այօդակապին տեղ` Ծո աաա ա անաաաաաադաթաաաա, 10
4.- Ա եւ ե գիրերու երկձեւութեան այլ պարագաներ..................... 12
5.- Ա-ի ԱՌ ՌԱՄԱ. աաա աաա ակամա մանա 14
6.- Ա ձայնաւորը բառավերջին՝ յ ղոս, 15
7.- Այ-ի երկբարբառային արտասանութիւնը ա 17
8.- Բառավերջի ա հնչիւնի դիմաց Ա ե. աաա 19
9.- Ա ձայնաւորը այլ ձայնաւռրներէ Առաջ... աա 21
10.- Կրկնակ ա-ի գրութիւնը օտար բառերու մէջ........................... 21
11.- Է ձայնաւռր հնչիւնը եւ անոր գրութիւնը իբրեւ ե եւ է........... .22
12.- Ե եւ է գիրերը իբրեւ կիաաձայն մ. աաաաաան 23
13.- Ե եւ է գիրերուն բառասկիզբի հնչիւնական հակադրու-
թիւը... աաա աաա աաա աաա ամանն 24
14.- Ե եւ է գիրերուն դիրքային եւ ձեւաբանական հակա-
դրութիւնները աա աաա աաա անա 26
15.- Ե եւ է գիրերը մէկ բաղաձայնով վերջացող բառերու
փակ դիրքին Մէջ աաա աաա աաա 28
16.- Ինչպէ ս որոշել շեշտակիր փակ դիրքի ե եւ է գիրերը ........... 31
17.- Է»ի հնչիւնափոխութեան բառեր Լ... աաա 32
18.- Էչե տառափոխութեան ենթարկուող բառեր.......................... 34
19.-Աւանդաբար է-ով գրուռղ բառել աաա 40
20.- Է եւ ե գիրերը օտար եւ բարբառային բառերու մէջ................ 43
Չ1- Է եւ ե գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ ........................... 45
22.- Ը հնչիւնը եւ անոր գրութիւնը աաա 45
28.- Ը հնչիւնը բառին Աակխզբբըն ւե. աաա աան 46
24.- Ը հնչիւնը բառին ՄԷջ. աաա, 47
25.- Ը հնչիւնը վերջին փակ ու բաց վանկերուն մէջ....................... 49
26.- Ը հնչիւնը թուականներու մեջ... աաա 51
164
27.- Ը հնչիւնը օտար բառերու մէջ.........
28.- Ի հնչիւնը եւ անոր գրութիւեր.........
29.- Ի ձայնաւորին դիրքերը ...................
30.- Ի ձայնաւորին հնչիւնափոխութիւնները
31.- Ի հնչիւնը հոլովական համակարգին մէջ
32.- Ի նախդիրը .......................................
33.- Իւ կապակցութեան երեք արժէքները
34.- Իւ կապակցութեան հնչիւնափոխութեան պարագա-
37.- Ո եւ օգիրերը բառին մէջ................
Յ8.- Օ հնչիւնին գրութիւնը բառին վերջը` ո, օ, ոյ
39.ղ- Ոյ հոլովական մասնիկը կցական բարդութիւններու
43.- «ույ» եւ «օյ» հնչիւններու գրութիւնը օտար բառերու մէջ
44.- Ու կապակցութեան եհնչիւնական արժէքները
45.- Կրկնակ ու-ի պարագան.................
46.- Շեշտակիր ու ձայնաւռրին հնչիւնափոխութիւնը
47.- Ե, ի, է, յա կապակցութիւնները....
48.- Եա, (ա/ո)լեա, (ա/ո)յա, եայ կապակցութիւնները
49.- Եա եւ եայ երկհնչիւններու հնչիւնափոխութիւնները
50.- Իա, (ա)յիա, իայ, Էա կապակցութիւնները
51.- Ե, ի, է, | չո(օ) կապակցութիւնները
56.- ԷՕ ձայնաւորը ...................................
Բ.- ԲԱՂԱՁԱՅՆՆԵՐՈՒ ՈՂԻՂՂԱԳՐՈՒԹԻԻՆԸ
53.- Արեւմտահայերէնի բաղաձայնական համակարգը
54.- Օտար բառերու տառադարձութեան տարբերութիւնը
55.- Գ գիրը օտար բառերու տառադարձութեան մէջ
56.- Հին ու նոր տառադարձութիւններու հարցը
57.- Բ, փ, պ շարքը..................................
58.- Մբ օրէնք...........................................
59.- Ղբ Փր Էնքան 96
60.- Զբ Փր նեք ւ... աաա կական, 97
61.- Րբ օրԷնք Լեւ... աաա կանական 97
62.- Փ եւ բ գիրերը ձայնաւորներԷ եմք... աաաաաջաան 97
63.- Փ եւ բ (մասամբ՝ պ) գիրերը նմանաձայնութիւններու
Մէջ. աաա աաա աաա աաա աաա աաա աաա, 99
64.- Գ, ք, կ Չաբքը. ւ... աաա 100
65.- Նգ Օք նք... աաա աաա, 101
66.- Զգ Օլ էնք... աաա աաա 102
67.- Ըգ ՕԷնք Լե... աաա աաա աաա, 102
68.-Ղգ օրէնք եւ գէն կապակցութիւնը եա 102
69.- Ք եւ գ գիրերը ձայնաւորներէ ետք. աաա 103
70.- Գ եւ ք գիրերը ածանցներու եւ քարացած ձեւերու մէջ.......... 105
71.- Ք եւ գ (մասամբ՝ կ) գիրերը նմանաձայնութիւններու
ՄԷջ... 109
72.- Տ, թ, դ շավըքը աաա աաա աաա մական 110
73.- Նդ ՕլԷնք ե... աաա կաա կաա կաա աաա, 110
74.- Ըդ օրէն. աաա կական, 113
75.- Ղթ Օքնքե...ն.... աաա 114
76.- Զդ օրէնք... աաա աաա 114
77.- Թ գիրը ձայնաւորներէ եւ երկհնչիւններէ ետք...................... 115
78.- Շտ Օք ենք. ա աաա 116
79.- Ժդ քէն... աաա 116
80.- Դ, թ (մասամբ՝ տ) գիրերը նմանաձայնութիւններու մէջ......116
81.- Օ, գ, ձՃ շապիքը. ւ... աաա աաա ավակ 117
82.- Նձ Օլ նք... աաա աաա աաա աաա, 117
83.- Ըձ օրէնք... աաա 118
84.- Ղձ Օքէնքե. աաա աաա աաա աաա աաա, 119
85.- Ցն Օբ էնք ե... աաա 119
86.- Ձայնաւորներէ եւ երկհնչիւններէ ետք: ցեա, 119
87.- Ց-ն ածանցներու մէջ Լ. աաա 119
88.- Ց-ն քերականական մասնիկներու մէջ... ա... 121
89.- Ց եւ ձ (մասամբ` ծ) գիրերը նմանաձայնութիւններու
ՄԷջ... 122
90.- Ճ, ջ, 9 շԱպըքը. եե... աաա աաա ականա 122
91.- Ըջ Օք էնք Լ... աաա 123
92.- Նջ Օն... 123
93.- Ղջ Օք նքնե աաա աաա
94.- Չ եւ ջ գիրերը ձայնաւորներէ ետք աաա
95.- Չ եւ ջ գիրերը ածանցներու մէջ... աման
96.- Ջ եւ ս բաղաձայններու շփման եղը... աա,
97.- Ժ եւ 2 բաղաձայններու շփման եղը... աաա,
98.- Խեւղ գիրերու հնչիւնական իւրայատկութիւնները.............
99.- Ղ-ի պատմական հնչիւնափոխութիւեր..................................
100.- Խ եւ ղ բաղաձայններու շփման տեղը...
101.- 2 եւ յ բաղաձայննելը Լ... աաա աաա
102.- Յ գիրին երեք արժէքները եա
103.- Ինչպէ՞ս ճանչնալ բառասկիզբի ) գիրը.................................
167
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԱԻՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻԻՆ
(կանոնակարգ եւ խնդիրներ)
«Հայկարլի ՍՊԸ տպարան»
Հեռ. 091 206 115
Չափ՝ 60484 1/6: Թուղթ՝ օֆսեթ:
Երեւան -- 2016