Բանաստեղծություններ Սիամանթո

Բանաստեղծություններ Սիամանթո

Язык:
Армянский
Предмет:
Литература
Год:
2026
≈ %d мин чтения:
≈ 42 мин чтения

Սիամանթ ո (1878 - 1915) Արևմտահայ բանաստեղծ, բանասեր։

Սիամանթոն(Ատոմ Յարճանյան) (1878 - 1915) ― արևմտահայ բանաստեղծ, բանասեր։ Սիամանթոն ծնվել է 1878 թ. հունվարի 1-ին Արևմտյան Հայաստանի Ակն քաղաքում։ Սկզբնական կրթությունը ստանում է ծննդավայրի Ներսիսյան վարժարանում։ 1892 թ. Նրանց ընտանիքը տեղափոխվում է Պոլիս, այնտեղ նա երկու տարի սովորում է Միրիճանյան դպրոցում, իսկ այնուհետև Պերպերյան վարժարանում։ 1896 թ. Հայկական արյունալի ջարդերից հարկադրված փախչում է Եգիպտոս՝ դպրոցը չավարտած։ 1897 թ. Սիամանթոն մեկնում է Եվրոպա ժնևի կոլեջի ծաղկաբուծական բաժնում սովորելու։ Մի քանի ամիս քոլեջում սովորելուծ հետո Սիամոնթո մեկնում է Պոլիս, որտեղ երեք տարի հաճախում է Սորբոնի համալսարանի բանասիրական բաժին։ Այնտեղ նա ուսումնասիրում է Եվրոպական գրականությունը և բավականին ընդլայնում է իր մտահորիզոնը։ 1898 թ. նա լինում է Ավստրիայում և Շվեյցարիայում։ 1902թ. լույս է տեսնում Սիամանթոի բանաստեղծությունը «Անդրանիկ» ժողովածում։ (Դյուցազնորեն) վերնագրով։ Գրական քնադատության դվատանքով է խոսում երիտասարդ բանաստեղցի ստեղծագործական բացարիկ կարողությունների մասին։ 1909 թ. Սիամանթոն մեկնում է Ամերիկա, տարագրուտյան այս սրտամաշ տարիներին մասին գրված «Հայրենի հրավեր» հայրենաբաղձ երգերի շարքը։ 1910 թ. հրատարակվում է առաջարվար հատորը "Ամբողջական գործ "վերնագրով:

1913 թ. Սիամանթոն այցելում է Անդրկովկաս, լինում է Թիֆլիսում և Էջմիածնում։ 1914 թ. վերադառնում է Պոլիս., 1915 թ. այլ արևմտհայ մտավորականների հետ վայրենաբար սպանվել է թուրքերի ձեռքից։

Բանաստեղծութ յու ններ Անդրանիկ Արիւն Արշալոյսները Արցունքներս Ափ մը մոխիր՝ Հայրենի տուն Դարերու վրեժ Ես երգելով կ՚ուզիմ մեռնիլ Խեղդամահ Կովկաս Մահուան տեսիլ Նաւասարդեան աղօթք առ Դիցուհին Ահանհիտ Մահուան տեսիլ Յոյսին ճամբան Հայ դաշտերուն պաղատանքը Որդին իր հորը Չարչարանքի երազ Սուրբ Մեսրոպ

Անդրանիկ հեղինակ՝ Սիամանթո

Ինքն էր, որ Երազիս մարմարեայ եզերքներուն վրայ, այս գիշեր, Ապառաժի մը նման անյաղթելիօրէն ոտքի, Իր ըմբոստացողի հրեղէն գլուխն աստղերուն մէջ մխրճելէն, Ու իր ձեռքը ատելութեան սուրերովը զինած, Հողին փրկութեան սիրովը հրաշացած եղբօր մը նման, Որ եղբօր մը օտարացումէն իր հոգին կ’արիւնէ, Խօսեցաւ ինծի ան, եւ իր բառերը իրարու ետեւէ, եւ կարգ առ կարգ, Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինայոյզ եւ առնական... «Եւ ահաւասիկ ես եմ, ո՜վ մեղկութեան ու անշարժութեան զաւակ, Որ աղմկայոյզօրէն՝ այս իրիկուն հեռուներէն կու գամ, Քու երազուն եւ անտարբեր ու անգործօն ու եսական ու տկար Երիտասարդի մարմինդ ու էութիւնդ ու հոգիդ, Բազուկիս հարուածովը ու սուրերուս շառաչին հետ, Կռիւներու հարկադրիչ ժամերուն համար, վերջնականապէս ցնցելու... Ունկնդրէ՛ իմ ձայնիս, որ այս վճռականութեան օրերուն Մեր ցեղին, մեր վրէժին ու մեր արիւնին աղաղակն է ահարկու, Ու խառնուէ՛, ընկերացի՛ր, եղբայրացի՛ր սա՛ մեր հզօրաքայլ ամբոխին հետ՝ Եթէ դեռ քու հոգիիդ մէջ ազատութեան որեւէ կայծ վառ մնաց, Եթէ դեռ քու բազուկներդ քաջութիւնը ունին թշնամիներ հարուածելու, Եթէ սիրտդ գէթ անգամ մը խոցոտուեցաւ մեր մայր-հողին մահացումէն, Եթէ ցեղիդ տառապանքէն ու անմեղներու կոտորածին մղձաւանջէն Քու ներսիդիդ ատելութեան ու բարկութեան անտառները բարձրացան... Եթէ դուն դեռ կեանքիդ մէջը պիտի կրնաս նպատակի մը փաթթուիլ, Եթէ դեռ քու աչուըներդ այս անօգուտ արցունքներէն չկուրցան... Եթէ դուն քու աղօթքներդ Ատելութեան գոռումներու փոխեցիր, Եթէ ցեղիդ ռազմական ու արեգակէ արիւնին Երակներուդ եւ գլխուդ մէջ բորբոքուիլը դեռ կը զգաս, Եթէ դեռ Արամին, Տիգրանին, Արտաշէսին եւ Վարդանին Յաղթանակող զօրութենէն քու մէջդ շունչ մը մնաց, Դիւցազնական քայլերէն քու երազողի նայուածքներուդ առջեւ Անձնուիրութեան, վրէժի եւ ազատութեան ճանապարհ մը բացուեցաւ, Ոտքի՛ կեցիր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկուէ՛ անոնց հետ, Որովհետեւ, գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն...»:

Յանկարծ խումբերը հեռացան արեւածագին կրակներուն մէջէն, Ու իրենց կամաւորի գիտակից ու վճռական քայլերուն հնչիւնը երկաթեայ Մարմարակոյտեր փշրող անհամար կռաններու հնչիւնը ունէր... Մինչդեռ թշնամիներէն անջատուած գլուխներ ջահերու պէս կը բոցավառէին՝ Իրենց ուսերուն վրայ բարձրացուցած սուրերուն կատարներէն... Եւ ես այն ատեն՝ նախանձութեամբ ու տարփանքով հողին վրայ ծնրադիր՝ Իրենց հերոսի քայլերուն հետքը երկիւղածօրէն համբուրեցի... 1903 Փարիզ

Արիւն հեղինակ՝ Սիամանթո

Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան, Օրերուն անգթութեանը մարմարներէն ի վար, ՄահագուԺօրէն եւ անդադար. Եւ արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին, Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար, Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ, Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց. Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ, Տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի, Մեր բոլորին անմխիթար որբութեանը վրայ Եւ կարծեմ արհաւրալից ու քինայոյզ ջուլհակներ, Հեռաւոր ու մթին արուարձանի մը մէջ այսօր, Աճապարանքով, բոլորը մէկէն, Մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն... Մինչդեռ անագորոյն եւ անարեւ հոկտեմբերներ, Սառած լուսնկային հետ մինակ, Տարիներէ ի վեր, ամէ՜ն գիշեր, ամէ՜ն գիշեր, Կեանքին յուսահատութիւնը կ'անձրեւեն մեր վրայ։ Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ քաղցրութեամբ կը ծագէր, Եւ իմ յաւիտենական երազս երջանկօրէն Անկէց ինծի՝ մտածումիս համար ծաղկադաշտեր կը յօրինէր՝

Եւ պսակներ իմ բաց ճակտիս եւ քնարիս մանկական, Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ բուրաստանի մը նման կը ծաղկէր, Երբ անմեղութեան աւազանը հայելին էր իմ հոգիիս, Երբ լիճերուն եղէգները իմ շունչիս մէջէն խաղաղութիւնը կ'երգէին... Երբ մայրական Յոյսին ստինքները յափրացումն էին շրթունքներուս, Երբ ադամանդէ լուսնական առաքեալս էր եւ մտածումս ահագին։ Եւ կապոյտ խորութիւնը անրջային ջուրերուն Աստուածային ապարանքն էր իմ դողդոջուն եւ պատանի ստուերիս... Բայց այսօ՜ր, բայց այսօ՜ր, ես այս ամէնուն առջեւէն, Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ... Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները Նուիրական հողին. Տարիներէ՜ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր...

Արշալոյսները հեղինակ՝ Սիամանթո

Ու արհաւիրքով լեցուն Մեռելները այն ապառաԺուտ բլուրներուն տակէն, Որոնց վրայ ըմբոստացումի մեր կարաւանը կը լեռնաւորուէր, Յանկարծ իրենց մերկ բազուկները դէպի մեզի տարածելէն, Նորէն կեանքը վերագտածի իրենց երգերը ցնորաբեր, Ամէնքը մէկ, անշարԺ ու երկիւղած ու գիշերախառնօրէն մղձաւանջային, Տարօրինակ երջանկութիւնով մը երգեցին...։ «Օ՜, կա՛նգ առէք ձեր վերելքին վրայ, ո՜վ դիւցազունները վաղուան, Ու մտիկ ըրէ՛ք անոնց որոնք փառքի օր մը մահը

անարգեցին Ձեզի ու մեր ամէնուն համար... Մենք, մեռելներս, ձեզի հետ ենք այս առաւօտ, Այլեւս մեր բազուկի ոսկորներուն ճարճատիւնները, գիտե՜նք, դիւային, Սրունքներնուս երկայնքն ի վար ու ձեր ականջին, ՄահագուԺօրէն պիտի չի հնչեն...։ Քանզի, մեր կմախքները ՝ ալ դագաղներէն ու աւերակներէն դուրս, Սա՛ ծաղիկներուն նման, վերէն յորդող լոյսերուն տակ, Օ՜, աւետի՛ս ձեզի, ալ կը սկսին պայծառօրէն մսաւորուիլ...։ «Ու նորէն մեր այսչափ ատեն, Խաւարով ու հողով ու յուսահատութիւնով լեփլեցուն Կոպերնուս տակը, այս պահուն, Մեր նայուածքները լիճերու նման կը բացուին։ Ու մեր խեղճ շրթունքները մահէն տրորուած, Օ՜, գթացէ՛ք, մայրականօրէն, ձեր հրավառ ճակատներուն պէտք ունին...։ «Մեր գերեզմանի քարերն ու խաչերն արիւնլուայ, Որոնք մեր մահը ու այս կեանքը մեզի հետ ապրեցան, Սպասեցէք որ ձեր դիւցազնի գլուխներն անոնց վրայ Գէթ վայրկեան մը զարհուրանքէն իրենց խոնջէնքը հանգչեցնեն...։ «Նորէն կ'ըսենք, մենք անոնք ենք որոնք օր մը փրկանքի Իրենց կեանքը ձեզի համար Եղեռնին տուին... Ու անոնք դարձեալ որոնք դուք ձեր այսօրուան երգերովն ամեհի, Աւերակներու ծանրութեանը տակ ուր ցաւին հետ վատաբար կը կըքէինք, Ձեր արարչագործ շունչովը մեզի կեանքը տուիք։ «Ուրեմն ձեր երգերը մեր երգերը թո՛ղ ըլլան, Բայց թոյլ տուէք որ ձեր ամէն մէկուն պատեանէն մերկացած սուրը պողպատէ Սա՛ մեր քարուտ, ու դաԺան, ու մութ ու անողորմ ճամբան, Ծիածանի մը հանգոյն[1] մինչեւ Նպատակը լուսաւորէ...»։ Ու ես բլուրներուն վերէն ու դաշտավայրին վրայ,

Անսահմանօրէն ոտքի՛, ինչպէս աշտարակ մը կռանիդէ, Տեսայ որ, բիւրաւո՜ր ու բիւրաւո՜ր ծննդաբեր մայրերը սեւահեր Իրենց նորածին զաւակները ձեռքերնուն մէջ ու խելայեղօրէն դէպի վե՜ր Արիւնոտած հորիզոններուն ամբարձուցին, Զանոնք առաւօտին ճառագայթներուն խորը մխրճելով, Յաւիտենականօրէն մկրտելու համար...։ Ու բոլորը մէկ իրենց ջինջ ու ծանր ու լուսաւոր ձայնովը երգեցին... «Ո՜վ դո՛ւք որ մեր մարմարէ կողերուն մայրութենէն ստեղծուեցաք, Ձեր կեանքին առջեւ փակ աչուըները սա լոյսերովը ոռոգելէն ՝ Խմեցէ՛ք նախ այդ արիւնէն որ արիւնն է ձեր փառաւոր հայրերուն, Ու յետոյ ամէն օր մեր առոյգ ստինքներուն կաթը աստուածային Ձեր ամէն մէկը պիտի ընէ այնպէս ինչպէս որ ձեր հայրերը մեզի համար Սա դաշտերուն մէջը անձնուրացօրէն եղան... Ուրեմն Ովսաննա՜յ ձեզի, դո՜ւք՝ մեր միսը, ու դո՜ւք՝ մեր հոգին, Ու Ովսաննա՜յ անոնց որոնք ձեզի մեր մէջը փառքի օր մը կերտեցին...» Երգերը դադրեցան, մինչդեռ յանկարծ յայտնուեցաւ որ, Անդին, անծայրածիր ու հեռաւոր արտերուն վրայ, Բոլոր երիտասարդ ու լայն ու հուԺկու հերկողները մեր վաղնջական հողերուն, Իրենց խելայեղ եզները երկաթներուն լծած, ու յամառօրէն, Ադամանդէ ու յակինթէ արգասաւոր Արշալոյսները կ'արօրեն...

Տողատակեր ↑ հանգոյն ― նման, համանման

Արցունքներս հեղինակ՝ Սիամանթո

«Եւ ասէին. Զի՜ քերթողին այսքան սուգ...»

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՆԱՐՊԷՅ

Ու մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի, հովիտներուն մէջ իմ գիւղիս, Քայլերս էին թեթեւ ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին, Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով, Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն... Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ, Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ'ընծայէր, Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն, Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի... Կ'երգէի... Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն արփիագեղ. Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում. Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու այնչափ նման, Այս բոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին... Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՜վ քաղցրախօս Սրինգ, Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու, Բայց շունչս՝ յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ, Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար...

Ափ մը մոխիր՝ Հայրենի տուն հեղինակ՝ Սիամանթո

ԱԿՆԱՅ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ա Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ, Ու ես երդիքներուդ սպիտակ կատարէն, Աստղածորան գիշերներու յոյսին հետ, Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ'ունկնդրէի...։ Բ Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ, Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին, Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի... Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։ Գ Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ, Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ, Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր, Եւ կեանքս կ'աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ'առնէր... Դ Փշրեցա՞ւ, ուրե՛մն, այն հայելին ոսկեծիր, Որուն եթերային խորութեանը մէջ, Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր, Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին... Ե Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ, Ու կոտրտեցա՞ն պարտէզիս ուռին եւ թթենին. Եւ այն առուակը որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր, Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ... Զ Օ՜, այն վանդակին կ'երազեմ յաճախ, Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն, Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց, Զարթնումի Ժամուս ՝ յստակօրէն կը կարգճէր...։

Է Հայրենի՜ տուն, հաւատա՜ որ մահէս յետոյ Քու աւերակներուդ սեւին վրայ, իմ հոգիս, Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր, Իր դԺբախտի երգը եւ արցունքը լալու...։ Ը Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛, Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր, Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ, Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու... Թ Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի տուն, Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ, Քու յիշատակէ՛դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՛դ, Ափ մը մոխիր... իմ սրտիս վրան ցանելու...

Դարերու վրեժ հեղինակ՝ Սիամանթո

Յոյսերու երկաթէ սանդուխին կատարներէն է որ աւետիսս կ'արձակեմ, Մոխիրներու, դիակներու եւ վշտերու հովիտներէն է որ հասայ ի քեզ, Եւ, աւա՜ղ, քղամիդիս թեզանիքներէն իմ շքեղ ցեղիս արիւնը ահաւասի՛կ դեռ կը թորայ... Բայց քայլերս անխոնջ են եւ կամքս գերազօր եւ ձայնս դաԺանօրէն ամեհի... Գլուխս սուգերէն եւ վրէԺէն եւ ճակատագրէն թէեւ ալեհեր, Բայց, տե՛ս, աչքերս դիւցազնի մը աչքերուն չափ

կարմիր եւ կերպարանքս է սոսկատեսիլ։ Իմաստութեանս եւ ցասումիս արեգակին տակ իմ հուԺկու իրանս անկիւնաքար, Այլեւս չ'ուզեր այդ սնոտի փառքը յաւերԺօրէն իր վրայ կրել Եւ պաղատանքի, աղօթքի, լաց ու կոծի եւ ողբի այն մատեաններուն մէջ, Ուր դար առ դար իմ սերունդներս իրենց արիւնը եւ տառապանքն են լացեր, Մէկ կողմ նետեցի ես զանոնք, պարտութենէ ստրկացում եւ աղաչանքէ արցունք չերթալու համար... Եւ մտածումովս եւ զայրոյթովս ձեր ցաւերուն ամենախոր արմատները չափեցի. Տեսա՛յ որ ձեր փրկութիւն մուրացողի բոպիկ ոտքերն աւերակներու մոխիրներէն այրեցան... Տեսա՛յ որ դուք արցունքին մէջ երջանիկ էիք եւ կենսաբեր կռիւին դէմ ահաբեկ... Տեսա՛յ որ արդարութիւնը ստեղծել պէտք էր եւ ազատութիւնը մոլեգնաբար յափշտակել։ Եւ այսօր, ահաւասի՛կ, իմ անկշռելի բարկութիւնս իր բոլոր հուրերը վառեց... «Ահա՛ քեզ ալ կը դիմեմ, եկո՛ւ եւ ճամբուս վրայ ոտքի ՝ երգէ՛ որ արձակե՛մ, Ճամբուս վրայ ռազմերգէ՛ որ քինայոյզօրէն եւ առյաւէտ արձակե՛մ Իմ հաւատքի զաւկըներուս վայրենալանջ երիվարները փոթորկապար... Ըսէ՛, որ գաղափարիս փարոսները հրդեհեմ չորս ծագերուն դիմաց, Ըսէ՛, որ թաւալե՛մ ապառաԺներուս կոյտերը անիրաւութեան կուրծքերուն, Եւ ոտքի հանեմ հողիս հրեղէն եւ ըմբոստ մարտիկներուն հետ, Քինախնդրութեան եւ սարսափի բանակներուս արշաւանքն ալ ահեղաշար... Ըսէ՛, որ շեփորներս հինաւուրց հերոսներու հագագովը շեփորել տամ... Ըսէ՛, որ երկաթներս կռանեմ եւ պողպատներս շողացնեմ, Ըսէ՛, որ ես ալ իմ արիւնախում նԺոյգս շքեղօրէն թամբեմ, Ըսէ՛, որ անոր սմբակները ձորերէն վեր ՝ լեռնէ ի լեռ

միայն կայծեն... Երգէ՛, ահա, բոլորին արիւնը արեւ է դարձեր եւ կամքերն ու դաստակներն են պղնձուեր. Երգէ՛, Եղբայրութիւնը տօնուեցաւ եւ շունչերն ու հոգիները նոյն դարերու վրէԺովը պսակուեցան... Ահա՛ թափուող արցունքները յե՛տ դարձան եւ կուրծքերու կոծումը դադրեցաւ, Ահա՛ բոլորը մէ՛կ, բոլորը մէ՛կ, իմ Գերիշխանի թեւերուս տակ յառաջացան. Արբեցո՛ւր զանոնք դեռ, եթէ կրնաս, եւ արԺանաբար դիւցազներգէ զիս, ո՜վ քնարաւոր, Ես գիտեմ որ քու տաւիղդ Հայրենիքին ծարաւն ունի ինչպէս վրէԺն այնքա՜ն դարերու... Ուրեմն լարերդ զենիթին շանթերէն յափշտակէ, տրցակ առ տրցակ, Բարձրացո՛ւր ձեռքերդ եւ զանոնք գիշերուան կապոյտներու կամարին կարկառէ՛, Եւ փառազարդէ գլուխս առաւօտեան աստղերու բոյլով մը լուսածոր, Խնկարկէ՛ զիս եւ անմահութեան տաճարներուն էն փառակերտը կառուցո՛ւր, Ծնրադրէ՛ եւ պաշտէ՛ զի՛ս ՝ եւ երբ Ժամը հասնի ողջակիզուէ՛ ինծի համար, Եւ փշրէ՛ քու հողեղէնի ճակատդ իմ կոթողիս մարմարներուն դիմաց, Որովհետեւ. Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, իմ անունս է Պայքար եւ վախճանս Յաղթանակ»

Ես երգելով կ՚ուզիմ մեռնիլ հեղինակ՝ Սիամանթո

Ընկերոջ մը յիշատակին համար Ա

Սպասումիս եւ Յոյսիս քաղցրութեանը հետ, մինակ էի այդ իրիկուն, Եւ Փրկութեան ու Տառապանքի նԺարովը ՝ Հայրենիքին բախտը կը կշռէի... Երբ ՝ հեռակայ տանս դուռը, գիշերուան սարսափին մէջէն, ուԺգնապէս բախեցին. Եւ Ժպտուն ՝ ընկեր մը ներս մտաւ, շքեղօրէն գեղեցիկ, եղբայրադէմ եւ ահաւոր...։ Բ Երիտասարդ էր։ Աչուըներուն կայծը, երկնքի աստղերէն էր որ կը ծորէր, Եւ հասակին ձեւերը մարմարներու զօրութիւններէն էր կերտուած... Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ... Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկըներն ունէին։ Գ Մտերմաբար քովքովի, Հայրենիքին տառապանքէն կը խօսէինք, Իր ծանրախոհ գլուխը սգաւոր կիսաստուածի մը արիւնոտ սրտին կը նմանէր... Նայուածքները նայուածքներուս մէջ, նոյն ճակատագրին խորհրդանիշը փնտռեցին... Եւ մեր տրտում Ժպիտները հոգիէ հոգի մեղմօրէն ճառագայթուեցան։ Դ ժամերով լռին էր։ Լռին էի։ Յիշատակի հեծեծանքներ մեր աչքերը թրջեցին... Եւ լամբարիս կապոյտ լոյսը, սեղանիս վրան, այլեւս արիւններու նման վար կը թորար... ՏԺգունեցայ ես՝ ինչպէս երազ մը որ առաւօտին երեւումէն կ'անհետի... Բայց ինք՝ հերոսատիպ եւ հպարտ, ձեռքս ձեռքին մէջ՝ ոտքի՝ ինծի ըսաւ...։ Ե - «Այս իրիկուն՝ հաւատքի եւ հրաԺեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր, Երիվարս թամբած եմ արդէն՝ եւ կեանքի ու կռիւի տենդէն՝ դուռիդ առջեւը կը վրնջէ... Եւ տե՛ս հասակէս վար անբիծ սուրս մերկ է, մերկութեամբը գերմարդկային վճիռներուն։ Ճակատդ շրթունքիս մօտեցո՛ւր...հաւատքի եւ հրաԺեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր։ Զ «Եւ դուն սա՛ մաքրափայլ թերթերուդ վրան, ցեղին ցաւը եւ ցեղին ոյԺը բանաստեղծէ, Ապագայ սերունդներուն եւ մեր անցեալին տխրութեանն ի նուէր. Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնաս բարեա՜ւ, կորուսեալներս փնտռելո՜ւ կ'երթամ... Քու երգերէդ երգ մը տո՛ւր ինձ, երգ մը, ես երգելո՜վ կ'ուզեմ մեռնիլ»...

Խեղդամահ հեղինակ՝ Սիամանթո

Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ՝ Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս, Որ աւազահողմի հարուածներէն կը հալածուի, Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով՝ Չորս պատերուն մէջ խաւարտչին խռնուեցանք...։ Ապառի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար, Շշուկ չըկար, շնչող չըկար, շրթունքները փակ էին, Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային, Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին...։ Արեւածագէ մը մինչ արեւածագըն յաջորդ, Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերուն պէս՝ Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափն երկաթեցինք...։ Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտը կոտորելու մտածումով՝ Մեզմէ շատերն սկսան մոլէգնօրէն, իրենց մատները կրծոտե՜լ... Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մեր աչքերուն կ՚երկարէր...։ Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմ բարբարոսներ՝ Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չըյոգնած, Մեր թաքստոցը փնտռելով՝, մեր մահը դեռ կ՚ուզէին...։ Եւ գետնափորի մութերուն մէջ մահացնոր՝ Մենք սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, էր որ լսեցինք, Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու, Կայծակնապար շառաչիւնն որ արեւին տակ կը վառէր... Ու դիակնե՜ր, դիակնե՜ր մեր նկուղին երդիքներուն վրայ, Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վար կ՚իյնային,

Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝ Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կուգային մեզ ցնորել։ Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան թագաղի մը պէս կը փակուէր՝ Վէրը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն վար սուզուելով... Սկսաւ ալ կաթի՛լ կաթիլ մեր դէմքերուն վրայ ծորիլ...։ Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ. Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտի ըլլար. Որոշման մը, եղէռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կար մեզի, Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը ալ վերջապէս փսփսաց... — Աստուած մեզի թո՛ղ գթայ, ստինքներս պարապ են. Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել տուի...։ Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէք վճռեցէ՛ք... — Պէտք է խեղդե՛լ, ըսաւ մէկը իր բազուկն բարկութեամբ մը երկարելով. — Պէտք է խեղդե՛լ... փսփսացինք քառասուն անձ նոյն ատեն... — Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս ... — Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կը փորեն... — Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կը փորեն... — Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ... — Կը պաղատի՜մ, խեղդեցէ՛ք զիս. ահաւասիկ իմ կոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս... Ու հայ մայրն իր վզին հետ՝ զաւկին վիզը մութին մէջէն մեզ երկարեց... Խաւարին մէջ, երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն, Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին...։ Լռութիւնն, այս անգամ, նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։ Ես, րոպէ մը, կարծեցի որ բոլորս մէկ արժանապէս մահացանք...։

Պահ մը յետոյ՝ խաբուած մարդու հայհուչներով տղմաթաթաւ, Զգացինք որ արիւնախում խուժանը յուսահատած, կը հեռանար...։ Փրկութի՞ւնն էր մեզի հասած։ Ստրուկները կը փրկըւի՞ն։ Ա՞յսպէս պէտք է փրկըւիլ...։ Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝ ճամբաներուն վրայ կեցած, Անծանօթի՛ն, անցորդի՛ն, թշնամիի՛ն եւ օտարի՛ն Քղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէս կ՚աղաղակէ... — Սա ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կը տեսնէ՞ք սա ձեռքերս. Ես էի որ ասոնցմով նկուղին մէջ, իմ նորածինըս խեղդեցի... Հաւատացէ՛ք, ես էի որ զայն խեղդեցի, ի՜նչ անարդար մարդեր էք, Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են. Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ոյժովըս խեղդեցի... Սիրտ չունի՞ք դուք, խեղդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերը ալ ոյժ չունին...

ԿՈՎԿԱՍ հեղինակ՝ Սիամանթո

Նուէր կովկասահայ ընկերներուս Ի՜նչ ոսկեղէն դարագլուխ է այս, եւ շղթաներու ի՜նչ զայրագին փշրտում. Ի՜նչ ընդհարում ճակատ ճակատի, եւ հաւատքի ի՜նչ յաղթանակ. Ի՜նչ երկաթակուռ հարուած բռնապէտութեան անխախտելի օրէնքներուն. Ի՜նչ արիւնի հեղեղում քեզ անարԺան թշնամիիդ վայրագ շարքերէն, Եւ դիակի ու բացուած լանջքերու ի՜նչ արդարաշար մեռելակոյտ,

Մեր բոլորին վրիԺածարաւ աչուըներուն առջեւ... Կովկա՜ս, յաղթականօրէն դուն եղար, որ յայտնութիւններուն գերագոյնը ըրիր. Քու բազուկներուդ հուրին մէջն էր գետնահարող զօրութիւնը Ցեղին, Քու մտածումիդ մէջն էր որ ծնաւ կարմիր արեւը յուսահատեալ Յաղթութեան, Քու արիւնիդ մէջն էր որ վառեցաւ ճշմարիտ արիւնը երազուած Ընդվզումին. Եւ այսպէս իրիկուն մը քու զինավառ ձեռքերդ ազատութեան աստղերուն նիզակուեցան, Թշնամի երկինքներուն չարիքի կամարներէն կորզելու Քիչ մը լոյս, քիչ մը կեանք, քիչ մը սէր եւ քիչ մը երազ ՝ Քու խռովեալ սերունդիդ եւ ի քեզ ակնդէտ ու տառապող եղբայրներուդ համար։ Օ՜, փառք քեզի, եւ փառք շանթամարտ հպարտութեանը քու լեռներուդ, Կարծես անոնց ապառաԺներուն յաւիտենական տարրերէն են կառուցուած ՝ Անպարտելի հասակները քու սեւահեր ու հրաչուի որդիներուդ, Քու անտառներուդ ահագնաթափ փոթորիկը գիշերական... Անոնց զինուորեալի կուրծքերուն մէջ իր հսկայական հեւքը դրաւ. Քու հովիտներդ Անոնց քայլերուն առջեւ Յոյսին ճամբաներուն պէս կանանչացան... Եւ քու հողմերդ Անոնց շունչին մէջէն փրկութեան Ժամը շեփորեցին։ Քու ծոցիդ մէջն է, քու սրտիդ վրան է, քու արեգակիդ տակն է, Եւ հարազատ եւ անպարտելի եւ անվեհեր զանգուածը մեր հինաւուրց Ազգին, Մեր նսեմացեալ ճակատները այդտեղ է որ վերջապէս իրենց մութէն պայծառացան, Այդտե՛ղ էր, որ սկսաւ պայքարի սուրերուն ամէնէն արդարը շողալ, Այդտե՛ղ էր, որ Ժողովուրդը իր իրաւունքը իր կռուփովը պահանջեց, Այդտե՛ղ էր, որ կատաղութեամբ զարկաւ եւ հպարտօրէն զարնուեցաւ, Այդտե՛ղ էր, որ արդարութի՛ւն որոտացողի իր ճակատը փառակերտ ՝ Արեւմուտքի աշխարհներուն դիմաց ջահերու պէս ցոլացուց, Այդտե՛ղ էր, որ իր անէծքի եւ պԺգանքի թուքը թագակրին նետեց, Եւ այդտե՛ղ էր, որ վերջապէս Անիրաւութիւնը օր մը ամօթահար պարտուեցաւ, Եւ քեզի համար, այդտե՛ղ է որ այսուհետեւ կոթողները Փառքին, Մարմար առ մարմար սերունդիդ ձեռքերովը պիտի բարձրանան... Զա՛րկ, Կովկա՜ս, աւերակեալ ու արցունքոտ Հայաստանին աչքերը քեզի կը նային. Ան գիտէ, որ քու թշնամիիդ ատելութիւնը իր թշնամիներէն է որ կը բղխի, Երբ իր գերեզմանին մոխիրը իր գուԺկան հովերուն հետ եկաւ ճամբաներդ սգաւորել, Երբ իր արիւնը եկաւ քու եղբայրական տանդ սեմերը թրջել, Երբ իր կոտրտած բազուկը քու կտրիճի ձեռքերուդ ի խնդիր քեզի դողդոջեցաւ, Թշնամին նոյնն էր այն ատեն, այն որ այսօր, քու պաշտպանի բազուկէն զարհուրած՝ Կ'ուզէ զայն ջախջախել, կարենալ տօնելու համար վերջնական մահացումը մեր Ցեղին...

Ուրեմն զա՛րկ, Կովկա՜ս, թէեւ գիտեմ որ քու ասպետական ձեռքերուդ հարուածին անարԺան է նա՛, Զա՛րկ, թէեւ գիտեմ որ քու սուրիդ վեհութիւնը պէտք չէ՛ր արատաւորել Այդ անբաններու խուԺանին թունաւոր ու պԺգալից արիւնէն... Զա՛րկ, թէեւ գիտեմ որ հերոսները հերոսներու միայն կրնան ընդհարուիլ, Զա՛րկ, սա անարգ Ճակատագիրը ջախջախելու եւ Չարիքն ըմբերանելու համար, Զա՛րկ, որովհետեւ ամէ՛ն Յոյս զՔեզ կը յուսայ եւ ամէն Ապագայ զՔեզ կը պաղատի, Զա՛րկ, վասնզի ամէն Ազատութիւն ու ամէն Արեւ քու հարուածիդ կայծերէն պիտի ծնանին. Զա՛րկ, քու անթառամ սիրոյդ եւ ատելութեանդ չափին խորութեանը համեմատ. Զա՛րկ, զա՛րկ, ահաւասիկ հորիզոնները կը կապուտնան, ահաւասիկ Առաւօտները կը ճեղքուին, Զա՛րկ, ազատաբեր հարուածիդ շռինդը Մասիսէն ի Տաւրոս եւ մինչեւ Հայրենիքին խորերը կը թնդայ։

Մահուան տեսիլ հեղինակ՝ Սիամանթո

Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, Հայրենի քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դո՜ւրս, Եւ բարբարոսները աւարով եւ արիւնով կը դառնան, Մեռելներուն եւ ոգեվարներուն վրայէն, Ագռաւներու բազմութիւններ կ'անցնին վերերէն, Արիւնոտ բերաններով եւ գինովի քրքիջներով...։ Ցամաքահով մը կիսամեռները զայրոյթով կը խղդէ Ու պառաւներու անձայն ու ցաւակոծ կարաւաններ, Շտապով կը փախչին լայն ճամբաներէն...։ Գիշերին մէջէն արիւններուն հոտը կը բարձրանայ Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով, Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն... Փողոցներու մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ, Եւ ամփոխներ անպատմելի սրածումներէ դարձող...

Արեւադարձային տաքութիւն մը կը բարձրանայ, Հրդեհի տրուած ազնուական քաղաքներէն... Ու մարմարներու ծանրութիւնով իջնող ձիւնին տակ, Աւերակներուն եւ մեռելներուն մենութիւնը կը մսի...։ Օ՜, մտիկ ըրէք սա՛ սայլերուն ճռնչիւնը ահաւոր, Իրենց վրայ դիզուած դիակներու ծանրութեան տակ, Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ, Որ կածանէ մը, դէպի համայնափոսերը կ'երկարին... Մտիկ ըրէ՜ք հոգեվարքներուն ձայները վերջին, Հովին հարուածներուն հետ որ ծառերը կը ջարդէ... Օ՜, մի մօտենաք, մի մօտենաք, Չըլլայ որ մօտենաք գերեզմաննոցներուն ու ծովուն, Կարմիր ջուրերուն վրայ նաւեր կը նշմարեմ հեռուն, Մեռելներու կուտակումներ անոնց մէջ կան, Ու ցաւէն գալարուող աղիքներուն վրայ, Գանկեր ու սրունքներ ինծի կ'երեւան... Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, Փոթորիկին գոչը ծովուն ալիքներուն մէջ, Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ... Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն, Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող, Օ՜, պատուհանները փակեցէք ու աչքերնիդ ալ... Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ...

Նաւասարդեան աղօթք առ Դիցուհին Ահանհիտ հեղինակ՝ Սիամանթո

Ո՜վ Դիցուհի, ես մեղկութեան կրօններէն ահա իմ խիղճս լուացի Ու պերճօրէն դէպի զՔեզ կը քալեմ։ Հողաթափներս դեռ սուրբ են։ Բաց մարմար դուռը մեհեանիդ, անոր դիմաց ես ճակատդ թող արիւնեմ... Բա՛ց բագինըդ եւ տուր ինծի շէկ զօրութիւնը Արտաշիսեան նախնիքներուս...։ Լսէ՛ ինծի, Ոսկեղեն մա՛յր, Քո՛յր արգաւանդ, քո՛յր բարութեան,

Առատութեւանց պարգեւիչ եւ Տիրուհիդ հին հայոց, Նաւասարդի առաւօտով Քու նախկին ցեղդ ահաւասիկ կը ցնծա՜յ... Թոյլ տուր որ ես, ծնրադիր՛ ձեւիդ աչջեւ աղօթեմ...։ Լսէ՛ ինծի Հրաշքի՛ Վարդ, ոսկի ոտքով աստուածուհի, Գիշերային սպիտակ Հարս եւ Տարփուհիդ Արեգական Եւ լուսամարմին մերկութիւն Արամազդեան Առագաստի, Արեւն իր մէկ ճառագայթով թո՛ղ քու բագինդ դարձեալ վառէ...։ Կը հաւատամ ես ի Քեզ։ Բագրեվանդեան բլուրներուն վրայ կանգուն, Ե՛ս բազմադարեան դիցապաշտ եւ նիզակազէն քու որդիդ, Իբր առաքեալ եւ խնդրարկու Քեզի կուգամ վեհօրէն,Լսէ՛ ինծի, Հայկեան բամբիռս Գողթան հողէն է ծներ... Ուխտի կու գամ։ Քղամիտ մը հասակէս վար եւ բարսամունքի[1] դալար ոստեր ի ձեռիս, Ահավասիկ արծաթ ցնցուղ մը վարդահիւթով՛ ստինքներդ օծելու... Ահավասիկ խնկաման մը սափորաձեւ, ուր կործանոումդ իմ արցունքովս ես լացի... Ու ստուերիս հետեվող եղնիկներով նուիրական՛ Քեզ կը քալեմ...։ Բագրեւանդեան բլուրներէն հեթանոս կեանքը հոսի, Արեւորդիք գեղահասակ, բեհեզներով պարեգօտուած, Աղեղներու, նիզակներու եւ նետերու վարժէն յետոյ, զոհարանիդ սեմին վրայ Յաղթ ցուլերու պարանոցին իրենց սուրերը թող՛ սեւեռէն... Թող՛ պտղաւորեալ հայ հարսներուն ուսերէն յստակ տարմը տատրակներուն Դէպի անրդրիդ թռիչք առնեն։ Վարդավառի ջրախաղերը թող բացուի՜ն... Եւ վեցտասնամեա աղջիկներ բագինիդ շուրջ պարի ելած, Իրենց մարմինը մոգական, ո՜վ սգաստութեանց Տիրամայր, թող քե՛զ բաշխեն... Քսան դարու Քու վրէժդ թո՛ղ որ այսօր ես լուծեմ, Ո՛վ աստուածուհիդ Անահիտ։ Ահավասիկ քու բագինիդ կրակներուն մէջ նետեցի Իմ խորտակուած խաչափայտիս թեւերը թունավոր, Եւ ցնծա՛ դուն, ո՛վ Ոսկեմայր, Լուսավորչի կողերէն, ժանտ ոսկոր մը քեզ կը ծխեմ... Կը պաղատիմ ես Քեզի, ո՛վ զօրութեանց Դուն աներկրորդ Գեղեցկութիւն... Դուն քու մարմնինդ արեգակին ընծայելով՛ բեղմնաւորուէ անոր տարրէն Եւ անյաղթելի ահեղ Աստուած մը պարգեվէ դուն Հայութեան... Քու ադամանդեայ արգանդէդ, ո՛վ Դիցուհի, ահեղ Աստուած մը ծնանէ՛ մեզ... Տողատակեր ↑ Բարսամունք ― ծառի բարակ ճյուղերի խուրձ, որ մոգերը բռնում էին ձեռքներին՝ կրոնական արարողություն կատարելու ժամանակ

Յոյսին ճամբան հեղինակ՝ Սիամանթո

Ու անոնք, հսկայաձեւ ռահվիրաները մարմարեղէն Յոյսին, Ըմբոստացումներու ապառաԺներէն իրենց ճակատներն արիւնած, Բայց աչուըներնէն անասելի արհաւիրք մը արձակելով Ու իրենց փշրող ակռաներուն տակ հրաշէկ դանակներ տրորելէն ՝ Աւերակներու քառուղիի մը վրայ, այս իրիկուն ՏԺգունութեանս հետ երես երեսի, ինծի ըսին. «Ո՜վ դուն որ քու մատուըներովդ աչուըներդ փորեր ՝ Այս ընդվզումի ու խօլ երիվարումներու պահուն Վճռական փոթորկումներուն անտարբեր՝ Այսպէս շրթունքներըդ դէպի Ցաւը կարկառած՝ Ու բազուկներդ, պաղատանքի մէջ, յոգնածօրէն դէպի վեր, Առաւօտէ առաւօտ ու իրիկուընէ իրիկուն, Անշա՜րԺ, մեզի համար զոհուածներուն վրայ, եղբօր մը պէս, բայց վայրապար ՝ Քու վէրք դարձած նայուածքներուդ բոլոր արիւնը տուիր... «Օ՜ նախ քու փորուած բիբերդ անհուն, Մեր պաշտամունքի ջահերուն դարձո՛ւր, Ու մտածումովդ մեզի ունկնդրէ, Գիտենք որ դուն երազող մըն ես ու այլուրներէն սթափեցար, Ոգեւարներու աղերսող հռնդիւններէն հրաւիրուած, Ու իրենց քարուքանդ մարմիններուն գալարանքէն սարսափահար, Անոնց վրայ քու երգերուդ թաղմանական հանգիստին հետ, Ձեռուըներուդ հանգչեցնող շարԺումները տարածելու...

«Բայց նուիրական Ցաւը ինքն իր մէջը ձգէ՛, Ո՜վ դուն, ողջակիզումներու ուխտուած սպիտա՜կ տղայ։ Երբե՛ք պէտք չէ խաղաղութիւնը խռովել ինկածներուն Եթէ նոյն իսկ նայուածքներուդ արիւնին աղբիւրներովն ալ ըլլայ։ Ու դուն մտածումովդ այսուհետեւ, յաւերԺապէս Փառքերու ճակատագրին սահմանուած Աստուածային մարմարներու զանգուածներէն ՝ Քու Ձեւերուդ խենթութեանը համեմատ, Եթէ կ'ուզես, Տառապանքը, դարերուն համար, քանդակէ՛. Բայց, մի՛ մոռնար, Անոր աչուըներն ու բերանը ու հոգին, տարփօրէն, ընդվզումի ստինքներուն կարկառելու...։ «Ու յետոյ ու մանաւանդ ըլլալու համար ԱՆ ՝ որ պէտք է ըլլալ վերջապէս, Այս մաքառումի ու ակնկալութեան օրերուն, Ամբողջ երկիրը, ստուերիդ մէջէն, հոգիիդ հետ, առանձին, Հորիզոնէ հորիզոն քալէ՛ դուն, Աւաններէն, ու դաշտերէն, ու արտերէն անծայրածիր, Դէպի քաղաքներն, ու գիւղերն, ու հնձաններն հեռաւոր. Ու քայլիդ վրայ անխոնջօրէն նորէն վերադարձիր, Եւ մոլեգնաբար Մահը հոտոտէ՛, Գիտե՜ս որ պէտք է բաղխուիլ անկէ, Բանալու համար մեծ ճամբաները Յոյսին, Որպէսզի, վերջապէս, Երազին ձիերը փոթորկանման Մեր կամքին ձեռուըներէն դիւցազնաբար վարուելէն ՝ Յաղթանակին կատարները արձանանան...։ «Ու վայրկեան մը մթաստուերին մէջէն, Եթէ կրնաս, անհունօրէն ետիդ դարձիր, Ու տես մեռելներու հողէն Ժայթքումն յանկարծական Որ գերեզմաններուն ու քանդուած քաղաքներուն տակէն, Մէկէն ի մէկ փրկութեան ոգումներէն շնչաւորուած՝ Մեր ետեւէն, այս իրիկուն, տենդօրէն ոտքի ՝ Դէպի Յոյսին բացաստանները պիտի քալէն։

Ու անոնց հաւատքին հրայրքը նայէ՛ ու սիրտ ա՛ռ, Տե՛ս իրենց ծանր քարերն ու սեւ խաչերը փայտէ Հողէն յոգնած ուսերնուն վրայ, Տե՛ս իրենց պատանքներն իրարու արիւնէ կարմիր ՝ Խաւարներու հովերուն տարածած, Ու տե՛ս, տե՛ս բոլորն ալ մէկ մէկու առջեւ կարծես թէ ծնրադիր, տե՛ս, Իրարու համար անգամ մըն ալ մեռնելու երդումները կ'ընեն...։ «Ու ամէնքն ալ հոն պիտի ըլլան, այսօր, մեզի հետ, Անոնք որ կոյր են ու անոնք որ անկար, Ու անոնք որ իրենց վիզերը խելայեղօրէն Մէկ մէկու հոգիի համար Դէպի Եղեռնը երկարեցին...։ Ու անոնք ալ որ մեր վարպետներն եղան ընդվզումի, Որոնց խօսքերը մեր խօսքերն են, այս իրիկուն, Ու իրենց հոգին մեր պաշտամունքը առ յաւէտ։ «Ու տակաւին ամբոխը կայ անոնց ՝ որոնց սարսափին աղէկ որ չընդհարեցար դուն, Միայն մենք գիտենք թէ անոնց մարմինները ո՜րչափ ամեհի են, Ու իրենց աչուըներն ու շարԺումները ո՛րչափ ահարկու... Ու այն արիւնը որ եղբայրներու գլխատումէն իրենց մտքովն ըմպեցին Օ՜, անոնց գանկերուն մէջը ՝ յաղթանակներու ծարաւէն գինով արծիւներու Անսահման թեւաբախումները բացաւ...։ «Ու դեռ մայրերը կան, արգասաբեր ու հերարձակ, Որ վերը, վրաններուն մէջը դաշտավայրին, Իրենց յուռթի ու լայն ու լուսաւոր կողերուն տակ, Մեր վաղորդայնները նորէն փառաւորելու համար Մոլեգին Դիւցազներու կարմիր երկունքը կ'ապրին...։ «Բայց հիմա որ առաւօտը պայծառօրէն մօտեցաւ, Ու դուն մեր հոգիները ճանչցար, Ո՜վ երազելէն ոգեվարող եղբայր, Եկո՛ւր, որպէսզի մեր շրթունքները քու շրթունքներդ

ընդունին Վայրկեանի մը ու յաւիտենականութեան մը համար...։ Ու դեռ Արիւնին նուիրական պղծումէն չկարմըրած՝ Սա՛ փայլակէ սուրը կտրիճօրէն ձեռքդ ա՛ռ, Ու անով մեր ամէնուն սուրերը սա՛ աստղերուն մաքրութեանը տակ, Երդումներուն Երդումը ընելէն խաչաձեւէ՛... Ու գէթ անգամի մը համար ՝ ինքնիրմէդ դուրս գահավիԺելէն ՝ Եթէ կրնաս, մեզի հետ քալէ։ Ահաւասի՛կ ճամբան»։

Հայ դաշտերուն պաղատանքը հեղինակ՝ Սիամանթո

«-ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ աշխարհներէն մինչ հովիտներն Եփրատեան, Մեր ընդերքներէն բարձրացող պաղատանքն ու պարսաւը ձե՛զ կ'ուղղենք, Կեանքին հանդէպ դրուԺաններ, հեռացողնե՛ր, կամ երկչոտնե՛ր. Հալածական կամ աքսորեալ դո՛ւն վտարանդի կամ տարագիր, Ո՞ւր էք, եւ ո՞ւր են ձեր բազուկները որ մեր կողերը կ'արօրէին... Ո՞ւր էք եւ դուք հին օրերու անկաշառ եւ անկնճիռ ճակատներ, Երբ ձեր քրտինքն հուԺկու եւ վեհ հողագործի, Մարգարտի պէս կուգար հոսիլ ծալքերուն մէջը մեր ակօսին, Հին օրերու ձեռուընե՜ր, ո՞ւր էք դուք, ձեռքեր օրհնեալ, Ձեռքեր անպի՜ղծ, ձեռքեր յուռթի՛ եւ արգաւա՜նդ, Ձեռքեր բարի՜ եւ բեղմնաւոր, ձեռքեր վսե՜մ եւ վճռակա՜ն, Երբ ցորեանին սրբազան սերմը ձեր ափին մէջ, Հալած ոսկու հեղեղի պէս լայնաբուռն կը ցանէիք...։ Ու գութանին երգը կ'երգէիք... եւ ձեր եզներն յաղթամարմին, Իրենց երկաթը շանթերու պէս մեր ընդերքը մխրճելէն... Արտավարէ արտավար, հպարտօրէն բառաչելով կը հերկէին... Ու ներդաշնակ անձրեւներն եւ արեւը, մեծ օրէնքին կշիռներուն համեմատ, Կ'իջնէին ձեր հողին յանձնած հատիկները բեղմնաւորել...։ Եւ երբ ամառը կը ծնէր կամ աշունին մահէն առաջ ՝

Քաղաքներէն եւ գիւղերէն ՝ գերանդիով, մանգաղներով բեռնաւոր, Հազարներով կու գայիք, հայ դաշտերէն Մարդկութեանն իբր ընծայ, Անխտրական ցորեանին հասուն հասկերն հնձելու...։ Բայց քանի գարուն եւ աղաչաւո՜ր աշուններ եկան անցան, Եւ անծաղիկ ու անպտուղ մեր անսահմանը ձեզ կը սպասէ... Ա՜հ գթացէ՜ք հայրենական եւ հաւատարիմ ձեր հողերուն, Գթացէ՜ք այն այրիներուն եւ վարդի նման որբերուն, Որ առաւօտէն յուսաբեկ եւ իրիկունէն եղերական, Իրենց կուրծքերը կոծելով՝ մեր քարացած սե՜ւ կողերէն, Երկու բո՜ւռ հունձք, ա՜փ մը ցորեան կը պաղատին...։ Ու հայ դաշտէն կը հեռանան, կեանքին օրէնքն անիծելով՝ Եւ բնութիւնն ալ, իր բարիքն ալ, իր բերքերն ալ անմատոյց։ -Հազարաւոր տարիներու դուք անարԺան Ժառանգորդներ Օտարութեան եւ մոլութեան ճամբաներէն մեզի դարձէք, Յոյսէն խաբուած կամ աղէտէն հալածական բայց չարիքին յաղթահարող ՝ Աշխատողներ ՝ բոլորդ մէկ ձեր բարեգութ բնութեանը գրկին եկէք. Ամէն բարիք մեր լանջքերէն եւ լեռներէն կը ծնանի... Ամէն մետաղ մեր խաւին տակ հրաշանիւթ իր գանձն ունի... Մեզմէ միայն կրնաք կորզել Յոյսի ոսկին եւ գինիներն Երազին... Յաղթանակները մենք կու տանք ու պարտութիւնները մեզի են... Վերադարձէ՛ք, որդիներ, ձեր գութանին եւ արօրին Ժանգը նորէն սրբելու. Թո՛ղ նորէն ձեր հնադարեան հայրենի հողը ծաղկոտի... Թո՛ղ մեր հունձքերն հովտէ հովիտ ՝ ծովերուն պէս տարածուին... Թո՛ղ կալերն ու որաները, բլուրէն վեր, լուսնակին հետ բարձրանան, Թո՛ղ հայ հովիւն մարգերուն մէջ, իր նախահօրը նման, Իր սրինգին սարսուռներովը իր հլու հօտը հրամայէ... Ձորին վրայ, ջրաղացը խաղաղութեամբ թո՛ղ շարԺի... Ու առատութիւնը թո՛ղ նորէն գայ մեր սրտերուն վրայ լացող ՝ Հայկեան ցեղի պղտոր աչքերը լուսավառել... Ամէն բարիք եւ մարդկային չարիքներու ամէն դարման, Մեր խորհուրդէն, մեր խաւերէն, մեր օրէնքէն պէտք է յուսալ... Ու այսպէս ՝ Ձիթենիին ոստերուն հետ աստուածաբոյս, Սուրն ալ մեզմէ կը ծնանի, սրբութիւնն ալ Ցորեանին...»։

Որդին իր հորը հեղինակ՝ Սիամանթո

«Հայր իմ, դեռ մինչև որ արեգակդ ես՝ քու որդիդ՝ քեզ՝ անծանոթ, Եվ դուն իբրև օտարական պիտի ապրինք... Եվ քու արյունդ երակներուս մեջ թող եռա, Թո՛ղ աչքերուս մեջն ես՝ մինչև այսօր ցոլացնեմ Իշատակն աչքերուդ, Թո՛ղ իմ սիրտս քու սիրույդ համար ողողվի... Թո՛ղ հասակս սկսի քու հասակիդ հարու նման Պարմանիի պայծառությամբս ուռճանալ... Թո՛ղ երազներս քեզմով լեցվին, Թո՛ղ իմ միտքս իր թևերովն, վայրապար, Թռիչ առնե, իր ստեղծիչը որոնելու... Այս ամենը ցնորքներ են ինծի համար, Մինչև որ քու շրթունքներեդ հայրական՝ Չի մոտենան, իրոնց հուրովն, այս ճակատս սպիտակ, Չի մոտենան, այս ճակատս՝ երազիս մեջ համբուրելու: Հայր իմ, ես այն ճյուղն եմ զորավոր,դալարագեղ այն ծառրն, Որ հոգնությունդ օրերում քու նեցուկդ պիտի ըլլա... Ես այն ջուրն եմ, հպարտության ապառաժեն դուրս ցայտող, Որ ծառավիդ ժամանակ՝ Բաժակներուդ ադամանդեն պիտի հորդի... Եվ փեթակիդ այնժիրաժիր մեղուն եմ, Որ դառնության օրերուդ՝ Պնակի մեջ իր ոսկեղեն մեղրը պիտի հյութե... Ես դալարիքդ եմ, ծաղկաստանդ եմ, քու այգիտ եմ... Ես այն վայրն եմ, ուր հոգնած հայր մը պետք է հանգչի... Ես այն լարն եմ տիեզերքի այն տավիղին, Որ միմիայն որդին գիտե իր հորն համար հնչեցնել... Ես օվասիսդ եմ, հովանիդ եմ արևի տակ, Ես արեգակդ եմ քու հույզերու կամ մրրկի օրերուդ... Ես էությունդ եմ և սկիզբն եմ քու վախճանիդ, Իմ մեջն է որ դու ինքդ՝ կյանքեդ հետո՝ պիտի ապրիս... Ինչ առհավություն, ինչ խորհուրդ, ինչ գաղտնիք... Ինծի ըսին թե՝ աչքերուս մեջ, քու կերպարանքդ կարտացոլա... Եվ բիբերուս մեջն ես քու դեմքդ նշխարներու պես կը պահեմ, Բայց չե՛մ ուզեր իմ կարոտես, արցունքներովս պղտորել զայն,

Մինչև որ քեզ գրկելով՝ իմ սարսուռես չարտասվեմ...»:

Չարչարանքի երազ հեղինակ՝ Սիամանթո

Գարնան ու կոտորումներու իրիկուն, Հոգիս վրէժի շատրուան մըն է նորէն կատաղօրէն դեպի վեր, Ու տերեւներ յուսահատ հոգիներու նման` Աւազաններուն պայծառութեանը մէջ ու բոլորին վրայ կ'իջնան, Անդունդներու մէջէն սրածումներու ձայն, Ու դէպի հոն օգնութեան աճապարող, Արդէն մեռնող ճիչէր, արդէն մեռնող կեանքեր: Ու նորէն այս գիշեր, Տաճարներուն մէջ անմեղներու դիակներ անհամար, Ու տանիքիս վրայ տեղատարափ մը երկաթեայ, Հրդեհներու մրրիկ մը գանկիս տակ, Ու տեղափոխուող ջուղերուն վրան Խաչուած նահատակներ կ'երեւան... Ու անձրեւի ու պատուհասի իրիկունով` Վերահաս խողխողումներու արհաւիրք մը կը մրրկի... Պարապ դագաղ մը մի խեղճ ձեռներուս հպումին տակ, Ու մարմարեայ անսահման սանդուխներու կատարներէն... Օ՜, օգնութեան եկէ՜ք, գլխատուած մարմիններ դէպի զիս կ'արշաւեն... Բայց, ո՜վ դուք երեկոներու եւ չարչարանքի եղբայրական հոգիներ, Փոթորիկին եւ բարբարոսներու խուժումէն առաջ, այս գիշեր, Յամառօրէն ու արիաբար դուք ձեր ճամբան վճռեցէք...:

Սուրբ Մեսրոպ — Ներբողական հեղինակ՝ Սիամանթո

Սուրբին աղօթքը →

Օշականի ամենասուրբ գերեզման, Հանճարի հո´ղ ուրկէց այսօր, Տասնևհինգ մրրիկեան դարերու, Պատմութիւուն մը պերճաշուք, Արևելքէն Արևմուտք, երկու Հայքն բովանդակ, Դեպի զքեզ, ազատօրէ՜ն աղօթելու կը շարժէ... Օշականի անհո՜ւն մեռեալ, Դուն բիւուրաւոր ճիւղերով, Ոսկեհոս գետ գիտութեան, Մտքի փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի կեդրոն, Դուն անվախճա՜ն փոշիացեալ, Ուրկէց ուղեղս, մանկութեանս օրերուն, Ե'ս աղքատօրէն եկայ վառել... Օշականի վսեմական վարդապետ, Դուն վեհիմաստ վանական և Աստծոյ բաժակ, Դուն Յիսուսի բազմաբուրեան պատմուճան, Խօսքի´ աղբիւր, բանի բարձունք, Կարողութեանց անվե´րջ կատար, Դուն իմաստի ավազան և աղօթքի կապոյտ անձրև, Ափ մը հողէդ ամբողջ երկինք մը դեռ կը բուրէ... Օշականի դուն անկորուստ կրօնական, Անապատին մէջ մխրճւող ճգնաւոր, Դուն անբասիր և մեհեանական մենակեաց, Խունկի՜ անտառ, Կնդրուկներո՜ւ բուրաստան, Քրիստոսի ազնիվ խօսքին դուն տիրական տարածիչ Եւ գրանիտեայ ուղղափառ սիւն, Եւ մտքի գմբէթ և հոգիի անծայրածիր հորիզոն, Դո´ւն շնորհքի աշնանային շտեմարան, Քու հավատքէ´դ հավատացեա՜լ ես ալ լացի... Օշականի մէջ անմահօրէ՜ն մահացեալ, Անճառելի և անդրանիկ դաստիարակ, Ես երազային երեխայ մը վեցամեայ, Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս, Հավատա ինծ ո՜վ հայութի´ւն... Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ...

Եւ լսէ´ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի Շուշանմարմին մանուկներէն` Մինչև ծերերն հողաբոյր, Քու սուրբ անունդ կ´օրհներգեն... : Օշականի հանճարանի՜ստ հողակոյտ, Եկեղեցւոյ խորանին քով անշուքօրէ՜ն մրափող` Եւ Եհովայի պատգամախօս մեծ մատեանին Դուն սրբագիր թարգմանիչ, Ոսկեդարու ադամանդեայ՜ բանալի, Դուն հայ դպրութեանց անշրջանակ լուսամուտ, Դուն լեզւի կաճառ, գեղեցկութեան իջևան, Դուն ճեմարան մարմարային մտածումի, Ներէ´ որ քու աշակերտդ արբեցեալ, Տասնևհինգ դարեր յետոյ զքե´զ պաշտէ... Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստւած, Դուն հասողութեան հիմնաքար, Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ, Ուր մեր ուղեղը մեզ կը ժպտի... Դուն մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով, Դուն Տարօնածին հսկայ` Մովսես, Դուն անհպելի մատենագիր մայր-բարբառի, Թո´ղ իմ գանգս, վերջալոյսիս, Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն, Հուղարկավորներս` խնկատուփի մը փոխարէն Հողակոյտիդ վրայ վառեն...: Սուրբ Մեսրոպ — Սուրբին աղօթքը հեղինակ՝ Սիամանթո

Տեսիլքը →

Լո՜յս տուր ինծի, Աստուա՜ծ անհերքելի, Տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ, Ճակատագրի եւ ճանաչման ստեղծի՛չ, Շունչի՛ մրրիկ, կեդրոնական կարողութիւն, Սուրբ Սեղանիդ սարկաւագն Մեսրոպ` Իր մշուշապատ մեծ երազին` Քու ձեռքերէդ յստակութիւն կ'աղերսէ... Օգնէ՜ ինծի, մեծապարգե՜ւ իմաստութիւն, Ես` անցուպ հովիւ մեծ քարոզիդ,

Ես` եղկելի մահկանացու, ես տժգոյն տնտես` Հայկազնեան ահեղ ցեղին… Ես` տգէտ դպիր եւ անվաւեր վարդապետ, Ես` անծածան դրօշ հաւատացեալ ամբոխներուդ, Ես` անօժիտ վերածնո՛ղ եւ անանձրեւ այգեպան, Ես` կոյր աղբիւր եւ կորաքամակ ճանապարհորդ, Ես` անարժան օրհնաբան անվերջ փառքիդ, Իմ անդպիր հօտիս համար լո՜յս կ’աղերսեմ… Օգնէ՜ ինծի, Աստուա՜ծ բիւրեղ… Ես` ողորմելի որոնիչ եւ անհետեւանք խուզարկու, Ես` անքանքար քննիչ եւ անբերրի հիւլէ, Ես` անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր, Դառնաժպիտ թափառական եւ աշակերտ անբանիբուն, Երազատես մոլորեալ եւ անտաղանդ անրջող, Ես` սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ, Ես` իմ հոգիիս հանդէպ փշրող երկա՜թ ալիք, Ես` գերեզմանի՜ պահապան եւ մեռելո՜ց հաշուակալ, Ես` հրեղէն հացիդ կարօ՜տ ցորենաքաղ... Ես` աներդիք գիշերող եւ անսափոր ծարաւի, Ես` մենաւոր մշակ տատասկներու մէջ կորուսեալ, Ես` անճառագայթ աղջամուղջ. ես անլար քնար, Դեռ անբարբառ Հայկազնեաց հոգիին` Բացատրութեան Բանալի՜ մը կ’աղերսեմ… Օգնէ՜ ինծի, Տարրերու հայր, Ես` աչք աղօտ եւ տեսողութիւն անթափանց, Ունայնամիտ ունկնդիր եւ չարալուր ականջ, Աններդաշնակ երաժիշտ եւ մեղկաձայն երգիչ… Ես` անհողագործ դաշտօրայ, շտեմարան թափուր, Մեղանասպաս անհաց եւ ցամաքեալ գինեբաշխ, Ես` անկոչ հրաւիրեալ Յիսուսական հարսանիքին, Ես` անձէթ լուսարար եւ անմատեան մտածող, Եւ անգորով գգուիչ եւ սիրազուրկ սիրահար, Ես` անհրապոյր քարոզիչ եւ քարկոծեալ քրիստոնեայ, Օժիտաբեր աղքատ եւ անոսկի հարուստ… Ես` անհամբոյր շրթունք եւ հոգեզուրկ հեծեծող, Ես` սի՛րտ անսէր եւ կուսութիւն անկատար, Ես` անբեւեռ քալող եւ երերուն ուղեւոր... Քու փրկութեան փարոսներէդ կաթի՜լ մը լոյս տուր ինծի… Եւ երկնային դուռներուդ հետ հոգեկան Կեանքին դռները դրախտին պէս թող բացուին…

Օգնէ՜ ինծի, անծի՜ր Աստուած… Ես` անկարկաջ առուակ եւ խափանեալ ջրվէժ… Ես` ուսուցիչ անուս եւ վարանեալ վարդապետ, Ես` դպրութեանց դեռ անպսակ տնօրէն, Ես` խեղճերու հանդէպ ինկո՜ղ վարագոյր... Ես` որմ մթաշէն, գեհենական բանտարկեալ, Ես` շիւղ կորուսեալ, հո՜ւն անպարգեւ… Մացառապատ կածան, օձապտոյտ գետնուղի… Ես` անհիւրընկալ օթեւան եւ անբազմոց մահամերձ… Լապտերիդ լոյսը մի՛ մերժեր ինձ…: Օգնէ՜ ինծի, համագումար Սկզբունք, Մկրտութեան ես անմիւռոն աւազան, Ես` աղօթքի կիսակործան գաւիթ, Ես` անօրազուրկ հողագործ, անգերանդի հնձող, Ես` անբոյր օծանող եւ դառնահամ իւղ, Ես` անբալասան բժիշկ եւ պապակեալ պատրոյգ, Ես` հողմակոծ անտառ եւ արտասուաթոր ուռենի… Ես` անտ ատաղձ եւ բորբոսեալ գերան, Ես` հողաշէն բուրվառ եւ անծխելի խունկ, Ես` անողկոյծ որթառունկ եւ վարակեալ վարսակ, Ես` անճշմարիտ ճակատ եւ անուղիղ ձեռք, Ես` անկարող կարգաւոր եւ աննշխար քահանայ, Ես` մենութեանս մէջ մխացող անկարաւան անապատ, Այցելութիւ՜ն տուր ինձի...: Օգնէ՜ ինծի, ո՜վ անբաղդատ Օրէնք, Ես` վարանոտ մարդ եւ յուսահատ անձ… Ես` ահաբեկ անհատ եւ շուարած շնչաւոր, Ես` տարակոյսին մէջ տատանող հողմահալած, Անլսելի աղաղակ եւ անարձագանգ շեփոր… Ես` գօս տերեւ` աշուններէն վա՜ր ինկող... Ես` չորացեալ ճիւղ եւ անհոտաւէտ վարդենի, Ես` ուշիմութեան ուրուական, Ես` կարճիմաստ իմացական եւ խոնարհած խելք, Եկեղեցիիդ կամարներուն տակ հեծեծող` Քրիստոնեայ ժողովուրդիդ դէմ յանդիման Ես` Աստուածաշունչ մեծ Մատեանիդ Օդարալեզու ընթերցող եւ անհարազատ թարգմանիչ... Օգնէ՜ ինծի, անծայրածիր Ծանօթութիւն, Գերազծօր Տէր, անհուն հնարիչ, Լոյսի զենիթ, անկնճիռ իմաստ,

Ջուր երկնային, անանջրապետ հոգի, Անհաշիւ բաշխող, երազներու սահանք, Ճանաչումի դու ծածկողդ լուսեղէն Իմ կործանեալ ուսիս վրա թող ծածանի, Եւ` հսկումներու, հեծեծանքի, աղօթքներու Այս իրիկուան, քառասներորդ գիշերին` Աստուա՜ծ անհեղլի[1], Աստուա՜ծ անափունք, Արարչագործ ձեռքդ իմ ուղեղիս երկարէ, Հոն իմ գիւտս խմորելու…: Տողատակեր ↑ անհեղլի ― անփոփոխ

Ո՜Վ ՀՐԱՇԱԼԻՔ, ո՜վ հաւատքի աննիւթական հուր, Ո՜վ զարմանագործ զօրութիւն, Ո՜վ բոցեղէն բժժանք[1], ո՛վ անլոյծ խորհուրդ, Ահաւասիկ Քերովբէ մը մրափին մէջ Մեսրոպին, Իր աջ ձեռքո՛վն լուսագիծ՝ Ակնթարթ մը՝ մենաստանին որմին վրայ Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց...։ Յանկարծ՝ Սուրբը մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարԺ՝ Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի, Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին, Հրաշքին տակ արտասուելով, Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադրեց...։ Սուրբ Մեսրոպ — Գյուտին փառքը հեղինակ՝ Սիամանթո

Մեսրո'պ, հայ դարերուն դիմաց կեցող՝ Դուն ադամանդյա ապառաժ, Դուն մանուկներու մերկ ուղեղեն Մինչև հանճարը ցոլքեր ցանող,

Գիտակցությանց անգյո'ւտ փարոս... Դուն, որուն կոփյունը կռանին, Ժամերուն պես, րոպեին հետ անդադար, Իմացական թանգարանի՜ն արձանները մեզ կը ձուլե... Դուն աննինջ հսկող, դուն տիտանյան Տեսանող, Դուն Օրորոցեն մինչ գերեզման, Մեր մեն մի խոսքին մեն մի շունչին, Գեղեցկաձայն բացատրիչ... Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան, Դուն անբավ բավիղ տևողության, Դուն գոյացության արգավանդ հայր, Դուն լույսի անիվ, դուն հավատքի հրավեր, Դուն հայրենի հողին վրա մրրկին պես բարձրացող Անտա՜ռ անհուն, անտա՜ռ սրտի, Որուն մեր մի հաստատաբուն ծառերն հսկա, Մեկ մեկ քնար, մեկ մեկ փանդիռ են մեր շունչին... Մեկ մեկ շեփոր մեր հագագին ռազմական, Մեկ մեկ պատնեշճակատագրի՜ պատուհասին... Դուն անվատնելի ցորյանի դաշտ, դուն ձրի՜ հաց, Դուն հունձք հարուստ, և դուն հնձան հրաշեկ, Դուն արբեցությանց և գինիի ավազան, Որուն մեջ ե'ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր... Արևներու ծարավես խենթ...

Текст получен автоматическим распознаванием скана книги — возможны отдельные ошибки OCR.

Вернуться к книге →